Յունիս 8ի այս օրը կը լրանայ 125րդ տարելիցը հայու երգիծական հանճարը արժանաւորապէս մարմնաւորող անմահն Յակոբ Պարոնեանի վախճանումին։
8 Յունիս 1891ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած եւ հիւծախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակուեցան աչքերը մեծ Մարդուն եւ նոյնքան մեծ Հայուն։
48 տարեկանին ապաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ հայկական երգիծանքի հիմնադիրը կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։
Իր երգիծանքով՝ Պարոնեան ժամանակներէն վեր կանգնեցաւ եւ, անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ, նաեւ հայ մտքի Հսկայ մը դարձաւ՝ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարելով։
Որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կենսայորդ եւ գունագեղ կը դառնան Պարոնեանի երգիծանքով յաւերժացած կերպարներն ու բարքերը հայ կեանքի, ինչպէս որ իրենց այժմէական իմաստն ու թելադրականութիւնը աւելիով կը շեշտեն Պարոնեանի պաշտպանած գաղափարներն ու սկզբունքները։
Համոզումի, սկզբունքայնութեան, ինքնահաւատարմութեան եւ անհաշտ Պայքարի մարդը եղաւ Յակոբ Պարոնեան։
Անխնայ ձաղկեց եւ սուր քննադատութեամբ մերկացուց 19րդ դարու երկրորդ կէսի հայ իրականութեան արատները՝ հաւասարապէս ազգային ու հասարակական, անհատական եւ ընտանեկան, քաղաքական ու հասարակական ընդգրկումով։ Դատապարտուեցաւ, հալածուեցաւ եւ ծանրագոյն թշուառութեան մատնուեցաւ, բայց երբեք չհաշտուեցաւ ազգային սնափառութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթներուն հետ, քաղաքացիական ստրկամտութեան եւ կեղծ ազգասիրութեան հետ, խաւարամտութեան, քաղքենիութեան եւ դրամապաշտութեան հետ, անհատական թէ ընտանեկան՝ հասարակական բարոյականի խաթարումներուն հետ։
Աւելի՛ն. թէեւ իր ապրած ժամանակաշրջանի շեշտակի եւ իրապաշտ կնիքը կրեցին Պարոնեանի յաւերժացուցած «Պաղտասար Աղբար»ն ու «Աբիսողոմ Աղա»ն, «Ազգային Ջոջեր»ն ու «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը, կամ «Հոսհոսի Ձեռատետր»ի եւ «Քաղաքավարութեան Վնասներ»ու հերոսներն ու բարքերը, այսուհանդերձ՝ այդ ամէնուն մէջ, իր սրատեսութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ, Յակոբ Պարոնեան գտաւ եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար իրա՛ւ ու մնայո՛ւն ճշմարտութիւններ, մանաւանդ՝ մեր թերութիւններն ու վէրքերը լացի փոխարէն ծիծաղով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու մեծագոյն ճշմարտութիւնը։
2 Նոյեմբեր 1843ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ։ Աւարտեց իր ծննդավայրի Արշակունեան վարժարանը, ուր աշակերտեց «Պօղոս վարժապետին»՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին։ 1857ին ընդունուեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք՝ իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ «յունարէնի դժուարութիւնը սորված», վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ։ 1863ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով։
Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ։ Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակագրութեան մէջ։
1872ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական «Մեղու» թերթի արտօնատէր Յ. Սվաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը։
1874ին, օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւելով, Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնուած թերթին «Մեղու» անունը փոխարինեց «Թատրոն»ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877) զուգադիպեցան ռուս-թրքական պատերազմին եւ նուիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ։
Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութիւններու ցուցաբերած դիւանագիտական նենգամտութիւնը, Սուլթանի կառավարութեան գործադրած բռնութիւններն ու ծաւալած հակահայ հալածանքները, ինչպէս նաեւ՝ հայ ազգային իշխանութեանց ղեկին կանգնած կղերական թէ աշխարհական գործիչներու կեղծաւորութիւնը, ժողովուրդէն կտրուած եւ եսապաշտ վարքուբարքը, բոլորը առաւելագոյն սրութեամբ քննադատութեան ենթարկուեցան Պարոնեանի երգիծական իրերայաջորդ գործերուն մէջ, որոնք լոյս տեսան «Թատրոն»ի յաջորդական թիւերով՝ «Կսմիթներ», «Ազգային Ջոջեր» եւ այլ անուններով։
1878ին, նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով։ Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները։
1884էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան։ Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման ձաղկումին վրայ։
Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»ի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը։ Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանուեցաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս ընդմիշտ։ Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը։ Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը։ Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը։
Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891ի Յունիս 8ին, շիջեցաւ հայ երգիծանքի անլռելի զանգակատունը հնչեցնող վարպետը՝ սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով լուսարձակի տակ բերուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։
Ահա՛ հասկաքաղ մը պարոնեանական անմոռանալի խայթոցներէն.-
- Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ’ելլեն:
-Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:
- Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ’ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՚առնուիր:
- Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնըիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:
- Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կր կռուէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ... Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս... անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր...
- Եթէ այն ատեն դրամ եղած ըլլար, Ադամ եւ Եւան դրախտէն դուրս չէին ելներ. դրախտին դուռն կայնող պահապանին քանի մը դահեկան կու տային եւ մինչեւ այսօր դրախտին մէջ կը մնային։
- Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ’ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:
- Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:
- Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:
- Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրուին շատ անգամ:
- Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:
- Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
- Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:
- Ո՜վ շողոքորթութիւն... ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:
- Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնուին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնուիր:
- Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ:
Պարոնեան արժանացաւ «ազգային յուղարկաւորութեան»՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդաց Նարպէյ Արքեպիսկոպոս, որ իր կարգին՝ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփուեցաւ Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»: Բայց նոյնիսկ տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ...
Բայց ո՛չ, գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի, Յակոբ Պարոնեան իր անկրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կ’ապրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ անմահութիւնը նուաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը։
Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ՝ ինքնահաւատարմութեան արեամբ գրուած Յակոբ Պարոնեանի գործերը։
Ն.