1918ի այս օրը՝ Յունիս 4ը կը խորհրդանշէ հայոց նորագոյն պատմութեան սեւ թուականներէն մէկը։
Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ Մարտ 1918ին յարձակած թրքական բանակին դէմ, Մայիս 22էն 30 հերոսաբար դիմադրելէ,
յաղթելէ, թշնամին նահանջի մղելէ եւ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակելէ ետք, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը, Մայիսի սկիզբէն Պաթում ուղարկուած Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարական պատուիրակութեան հայ մասնակիցներուն՝ այլեւս արդէն իբրեւ ինքնուրոյն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն, յանձնարարեց ստորագրել Օսմանեան Կայսրութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ «Հաշտութեան եւ Բարեկամութեան Պայմանագիր»ը, որ պատմութեան անցաւ Պաթումի Դաշնագիր անունով։
Պատմաքաղաքական տարողութեամբ ծանրակշիռ եւ բախտորոշ այդ իրադարձութիւններու ընդգրկուն խճանկարին մէջ կը տեղադրուի Պաթումի Դաշնագիրը, որ օրին իսկ եւ նոյնինքն զայն ստորագրած հայ քաղաքական գործիչներուն կողմէ որակուեցաւ «խայտառակ» ու «նուաստացուցիչ» փաստաթուղթ մը։
Աւելի՛ն. պատմութեան դառն հեգնանքով, Պաթումի Դաշնագիրը եղաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրած միջազգային առաջին փաստաթուղթը, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկրի իրաւավիճակը տուաւ Օսմանեան Կայսրութեան, միւս կողմէ սակայն նսեմացուց թէ՛ անկախ Հայաստանի պետական տարածքը, թէ՛ նոյնինքն անկախութեան որակը Հայաստանի Հանրապետութեան։
Պաթումի Դաշնագրով՝ փաստօրէն հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթրի մէջ սահմանափակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թուրքերուն զիջելով, Արեւմտահայաստանի կողքին, նաեւ Արեւելահայաստանի մեծագոյն մասը, որ իրողապէս ինկած էր ու Մայիս 28էն ետք ալ տակաւին կը գտնուէր թրքական գրաւման տակ։
Նոյնպէս սահմանափակումի ենթարկուեցաւ եւ նսեմացաւ, Դաշնագրին մէջ տեղ գտած պայմանադիր յօդուածներով, «հայկական անկախութիւնը»՝ այն առումով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու որոշ «իրաւունք» ստացան թուրքերը...
Հայկական պատուիրակութեան կողմէ «Պայմանագիր»ը ստորագրող գլխաւոր դէմքերը Ալեքսանդր Խատիսեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Մ. Պապաջանովն էին, իսկ թրքական կողմէ՝ Խալիլ ու Վեհիպ Փաշաները։
Թէեւ Պաթումի Պայմանագիրը իր ստորագրութեան պահէն իսկ իրողապէս չյարգուեցաւ եւ քաղաքական իմաստ ու կեանք չունեցաւ, բայց ինչպէս օրին, նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան խորտակումէն ետք տեւաբար չարաշահուեցաւ հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնք Հայաստանի անկախութիւնն ու Հանրապետութիւնը կերտած սերունդին եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան դէմ իրենց մղած վարկազրկման պայքարին մէջ ուզեցին կարեւոր «յաղթաթուղթի» վերածել Պայմանագրին ստորագրութիւնը։
Նաեւ մեր օրերուն կը յամենան Պաթումի Պայմանագրին չարաշահումով հակադաշնակցական արշաւը վերանորոգելու փորձեր, որոնք սակայն սնանկացած խորհրդային գաղափարական զինանոցէն դուրս հիմնաւորումներ չեն գտներ եւ իրենց կարգին դատապարտուած են... սնանկութեան։
Բայց յանուն պատմական ճշմարտութեան՝ ինչո՛ւ ստորագրուեցաւ Պաթումի Պայմանագիրը։
Պատասխանը կարեւոր է նախ հայոց նորագոյն պատմութեան հանգուցային այդ պահը ըմբռնելու եւ ճանչնալու, ապա եւ յատկապէս պատմութեան դառն ու դաժան դասերը սերտելու համար, որպէսզի այսօր կամ վաղը ազգովին չյայտնուինք միեւնոյն օրհասական վիճակին մէջ։
Ինչո՛ւ օրուան դաշնակցական ղեկավարութիւնը ստորագրեց խորքին մէջ պարտութեան, այլ ոչ թէ «հաշտութեան եւ բարեկամութեան» այդ պայմանագիրը։
Չէ՞ որ Մայիս 22էն սկսեալ, հայկական մարտունակութիւնն ու Դաշնակցութիւնը յաղթահասակ մարմնաւորող Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, Արարատեան դաշտի մէջ կծկուած հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ թրքական զօրքերու մահացու ներխուժումին դէմ եւ Ղարաքիլիսայի, Բաշ Աբարանի ու Սարդարապատի ռազմաճակատներուն վրայ պարտութեան մատնեց եւ նահանջի մղեց թրքական զօրքերը։
Չէ՞ որ Մայիս 28ին արդէն շրջուած էր թաւալգլոր անկումի պատմական անիւը. աշխարհէն լքուած եւ հայասպան Թուրքիոյ արշաւող բանակին դէմ առանձինն ծառացած՝ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը, Յունուար 1918էն սկսեալ շարունակաբար ընկրկելէ եւ մինչեւ մահուան անդունդը նահանջելէ ետք, Մայիս 1918ին կրցաւ իր մէջ գտնել հրաշազօր Կամքն ու հերոսական խոյանքը, որպէսզի վերջին կռիւը մղողի օրհասական լարումով դէպի ռազմաճակատ ուղղուի եւ քաջերու օրէնքով վերջակէտ դնէ դարաւոր ոսոխի մահասփիւռ արշաւանքին։
Անշուշտ որ յաղթարշաւի օրեր կþապրէինք Մայիս 1918ի վերջին օրերուն, բայց թրքական նահանջը չէր նշանակեր, որ թշնամին ջախջախուած էր։ Ընդհակառակն՝ թրքական զօրքը կը շարունակէր իր գրաւման տակ պահել Ալեքսանդրապոլը եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Մայիս 29ին, Սարդարապատի ռազմաճակատի հրամանատար զօր. Սիլիկեանը կոչ կþուղղէր բոլորին, որ վերջին գրոհով մը թրքական գրաւման բանակէն ազատագրեն նաեւ Ալեքսանդրապոլը։
Այդպէ՛ս էր, որ ազատագրուած Ալեքսանդրապոլով ճշդուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը Պաթումի Պայմանագրին կողմէ։
Բայց պատմական իրողութիւնները աւելի ամբողջական խորապատկերով ընկալելու համար, պէտք է տեսնել, թէ ռազմաճակատներու վրայ յաղթանակող հայութիւնը ինչո՛ւ պարտաւորուած էր ստորագրելու քաղաքական պարտութիւն խորհրդանշող Պաթումի Պայմանագիրը։ Եւ ինչպէ՞ս եղաւ, որ պատերազմը կորսնցնող Թուրքիան, այդպէ՛ս, քաղաքական յաղթաթուղթ ձեռք ձգեց...
Չմոռնանք, որ 1917ի Դեկտեմբերին պոլշեւիկեան Ռուսաստանը տուն կանչած էր իր զօրքերը՝ կովկասեան ճակատին վրայ մինչ այդ պարտութիւն կրած թրքական բանակին ընծայելով Անդրկովկասի վրայ նորովի յարձակումի ձեռնարկելու ոսկի պատեհութիւնը։ Հակառակ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ աւագ դաշնակից Գերմանիոյ միջեւ տարուող պատերազմի դադրեցման բանակցութիւններուն, որոնք Մարտ 1918ին յանգեցան Փրեսթ¬Լիթովսքի Պայմանագրի ստորագրութեան, թրքական իշխանութիւնները յարմարագոյն պահը գտած էին ի գործ դնելու Պաքու հասնելու եւ հոնկէ դէպի Կեդրոնական Ասիա բացուելու համաթրքական տիրապետութեան իրենց ծրագիրը։
Այդ ճամբուն վրայ թուրքերը իրենց թիկունքին ունէին Գերմանիոյ օրհնութիւնը, որ կը հիմնուէր Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու եւ Արեւմտեան ռազմաճակատին իր զօրքերուն պակսող վառելանիւթը ապահովելու ռազմավարական հաշուարկին վրայ։
Ա՛յդ ճամբուն վրայ մնացած վերջին պատուարը հայ ժողովուրդն էր, որովհետեւ Անդրկովկասեան Սէյմի միւս երկու ժողովուրդները՝ վրացիներն ու թաթարները, իրենց տարբեր հաշիւներով հանդերձ, թրքական յարձակումին դիմադրելու պատճառ չունէին։ Ընդհակառակն՝ թաթարներու պարագային նոյնիսկ ողջունողն էին ազգակից թուրքերու յաղթական յառաջխաղացքը դէպի Պաքու...
Ահա թէ ի՛նչ քաղաքական յաղթաթուղթի մասին է խօսքը։
Թէեւ Սարդարապատի մէջ պարտուած ռազմականօրէն, այդուհանդերձ՝ Թիֆլիսի մէջ, ուր կեդրոնացած էր Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը, թուրքերը պարարտ հող գտած էին օգտուելու Ռուսաստանի ժամանակաւոր բացակայութենէն եւ լեցնելու... պարապը։ Պատահական զուգադիպութիւն չէր, հետեւաբար, որ Յունիս 4ին Պաթումի մէջ «հաշտութեան» Պայմանագիր ստորագրող Հայաստանի դաշնակցական ղեկավարութիւնը Յունիս 7ին ամբողջ թափով եւ Ռոստոմի ղեկավարութեամբ կռուի դաշտ նետուեցաւ Պաքուի մէջ՝ թրքական արշաւանքը ձախողութեան մատնելու համար։ Բայց Պաքուի հերոսամարտին մասին՝ կþարժէ առանձի՛ն անդրադարձ։
Վերադառնալով հայաստանեան ճակատին, մինչ 1918ի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն թուրքերը իրե՛նք խաղաղութեան եւ հաշտութեան կը հրաւիրէին Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը, որ շտապելու եւ դրականօրէն ընդառաջելու պատճառ չունէր, Մարտին Պրեսթ¬Լիթովսքի Պայմանագրի կնքումէն ետք ճիշդ հակառակ ընթացքը պարզուեցաւ։ Այնուհետեւ թրքական կողմը ինք սկսաւ խուսափողական պատասխաններ տալու Սէյմի կողմէ իրեն ուղղուած բանակցութեանց հրաւէրներուն։
Աւելի՛ն. ուղղակի անձնատուութեան տանող պայմաններ սկսաւ դնել, որոնց շարքին Կովկասի տարածքին իր զօրքերուն ազատ տեղափոխութիւնը կը պահանջէր, բայց նաեւ ու յատկապէս վերջնագրի ձեւով կը պահանջէր, որ Անդրկովկասը իր անկախութիւնը յայտարարէ Ռուսաստանէն։
Եւ ճիշդ այն օրերուն, երբ Երեւանի դռներուն հայ ժողովուրդը կենաց¬մահու իր կռիւը կը մղէր թրքական զօրքերուն դէմ՝ ռազմական դիրքերու դասաւորումը ի նպաստ իրեն շրջելով, վրացիք եւ թաթարները ընդառաջեցին թրքական վերջնագրին ու հռչակեցին իրենց պետական անկախութիւնը։ Անդրկովկասեան Սէյմը քայքայուեցաւ մէկ¬երկու օրէն եւ հայ ժողովուրդը դարձեալ, եւ այս անգամ քաղաքականօրէն, առանձինն դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական վերջնագրին։
Թիֆլիս կեդրոնացած հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը պարտաւորուեցաւ, Մայիս 30ին հրապարակուած Հայոց Ազգային Խորհուրդի յայտարարութեամբ, ինքզինք հռչակելու հայկական հողերուն իշխանութիւնը։ Այդ հանգամանքով ալ իր կազմէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Ալեքսանդր Խատիսեանը ուղարկեց Բաթում, որպէսզի թուրքերուն հետ բանակցութիւններ վարեն զինադադարի եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Պաթումի բանակցութեանց սկզբնաւորումին հետ Երեւան ստացաւ նաեւ Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար զօր. Նազարբէգեանի ուղարկած եւ ռազմական գործողութեանց դադրեցման վերաբերող հրահանգը։
Շարունակութիւնը՝ պատմութեան դաժան ու դառն խաղերէն հայութեան բաժին հանուած Պաթումի նուաստացուցիչ Դաշնագիրն է։
Դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Յունիսի 4ին եւ, հեգնականօրէն, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչումը հաստատագրող միջազգային առաջին փաստաթուղթը եղաւ։
Բաթումի Դաշնագրին 14 յօդուածներն ալ կը վերաբերին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած հողային, քաղաքական եւ ռազմական զիջումներու, որոնց փոխարէն՝ Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւականութիւնը, միաժամանակ պատերազմական գործողութեանց վերջ տալու յանձնառութեան տակ մտնելով։ Բաթումի Դաշնագրի ստորագրութեան ժամանակ հայկական զօրամասերը հազիւ տասը հազար զինուոր կը հաշուէին, որոնց դիմաց թրքական բանակը շարժման մէջ դրած էր աւելի քան երեսունհինգ հազար զինուոր։
Բայց ժամանակը շատ արագ եկաւ փաստելու, որ առանց ռազմական յաղթանակի ձեռք բերուած քաղաքական յաջողութիւնները ընդհանրապէս չեն դիմանար կեանքի քննութեան։
Այդպիսին եղաւ ճակատագիրը նաեւ Բաթումի Դաշնագրին։ Սարդարապատի մէջ ռազմականօրէն պարտուած Թուրքիան չէր կրնար եւ չկրցաւ մնայուն բնոյթ տալ Բաթումի Դաշնագրով իր ձեռք բերած քաղաքական յաջողութեան։ Երբ Հոկտեմբեր 1918ին Մուտրոսի մէջ Դաշնակիցները խաղաղութեան դաշնագիր կնքեցին թուրքերուն հետ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն վերածուած էր յիսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հայոց երկրի ու պետականութեան։
Իսկ Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութեամբ եւ Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմաններով՝ Հայկական ամբողջացած Պետութիւնը միջազգային օրէնքով իրաւունք կը ստանար իր գերիշխանութիւնը հաստատելու հայրենի մեր հողերուն շուրջ 160 հազար քառակուսի քիլոմեթրին վրայ՝ դէպի Սեւ Ծով ելքով։
Ն.