Print
Category: Յուշատետր

­altՃիշդ 75 տա­րի ա­ռաջ՝ 2 ­Յու­նիս 1941ին, ծանր թո­քա­տա­պով փա­րի­զեան հի­ւան­դա­նո­ցի մը մէկ ան­կիւ­նը, Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հը ապ­րող ողջ աշ­խար­հէն մոռ­ցո­ւած, բայց հա­մայն աշ­խար­հի եւ մարդ­կու­թեան, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ամ­բողջ հո­գը կա­մո­վին իր ու­սե­

րուն շալ­կած՝ կեան­քէն ան­դարձ մեկ­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ զա­ւակ­նե­րէն ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան։

­Միայն 39 տա­րի ապ­րե­ցաւ ­Շու­շա­նեան, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը նո­ւա­ճեց իբ­րեւ տա­ղան­դա­ւոր այն ար­ձա­կա­գիրն ու հրա­պա­րա­կա­գի­րը, որ նկա­րա­գիր եւ շունչ նե­րար­կեց մեր ժա­մա­նակ­նե­րու Ս­փիւռ­քա­հա­յու կեր­պա­րին՝ կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թեան տէր ամ­բող­ջա­կա՛ն հա­յու ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ, թէ՛ իր հա­սա­րա­կա­կան կեան­քով եւ թէ՛, մա­նա­ւա՛նդ, իր գրա­կան վաս­տա­կով։
Ա­հա՛ իր պաշ­տա­մուն­քը.

«­Հա­յո՜ց լե­զու, որ­քա՜ն կը սի­րեմ քեզ։ Ո՛չ մէկ աղ­ջիկ երկ­րի վրայ կրնայ պար­ծե­նալ, թէ այդ­քան խան­դա­ղա­տանք, այդ­քան գո­րով, այդ­քան ա­ղա­պա­տանք ստա­ցած է ինձ­մէ։ ­Հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, որ կը զգամ քե­զի հան­դէպ՝ ա­ւե­լի՛ զօ­րա­ւոր է, քան մեր այս եղ­կե­լի կեան­քը։ Կ­’ու­զէի քեզ սոր­վիլ մին­չեւ վեր­ջին վայր­կեա­նը,- քու յե­տին շեշ­տերդ ու քու յե­տին բա­ռերդ։ ­Քու ներ­քին ե­րաժշ­տու­թիւնդ ու քու գծած ճամ­բադ՝ պատ­մու­թեան մէջ։ ­Դուն, որ մեր ա­ղօթքն ես ու մեր հա­ճոյ­քը,- հա­յո՜ց լե­զու, կը սի­րե՛մ քեզ»:

1902ին ­Րո­տոս­թօ ծնած եւ ման­կու­թեան ու պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րը աք­սո­րի եւ պանդխ­տու­թեան, ա­րեան ու ար­հա­ւիր­քի ճամ­բա­նե­րուն վրայ մա­շե­ցու­ցած զգա­յուն հո­գի մըն էր ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան։ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեծ ո­ճի­րին զոհ գա­ցած իր ըն­տա­նի­քին եւ հա­րա­զատ­նե­րուն ան­դար­մա­նե­լի կո­րուս­տը ա­ւե­լիով ծան­րա­ցուց եւ խո­րա­գոյն խոց բա­ցաւ հայ­րե­նի իր բնօր­րա­նէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հայ որ­բի ­Շու­շա­նեա­նա­կան նե­րաշ­խար­հին մէջ։ Եւ ճա­կա­տա­գի­րը ո՛ւր որ տա­րաւ զինք՝ ­Հա­լէպ, ­Պո­լիս, ­Հա­յաս­տան թէ Ֆ­րան­սա, ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան ա­մէ­նուր եր­գի վե­րա­ծեց ­Հա­յուն մեծ վէր­քը՝ սփիւռ­քա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն ա­մէ­նէն հո­գե­հա­րա­զատ, փնտռո­ւած եւ սի­րո­ւած հե­ղի­նա­կը դառ­նա­լով։

Ար­բուն­քի տա­րի­քը հա­զիւ թե­ւա­կո­խած՝ ան ցմրուր ճա­շա­կեց ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը. որ­բա­ցած հա­սաւ ­Հա­լէպ եւ հա­յու սեւ ճա­կա­տագ­րէն ի­րեն բա­ժին ին­կած թշո­ւա­ռու­թիւնն ու տա­ռա­պան­քը կո­փե­ցին ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի մէջ վե­րապ­րե­լու ան­կոտ­րում կամ­քը, կեան­քի եւ սի­րոյ պաշ­տա­մուն­քը, կոր­սո­ւած ­Հա­յաս­տա­նը ա­րեան իւ­րա­քան­չիւր հիւ­լէին եւ մարմ­նի իւ­րա­քան­չիւր բջի­ջին մէջ վե­րագտ­նե­լու եւ ապ­րեց­նե­լու յե­ղա­փո­խա­կան ցա­սու­մը, բայց յատ­կա­պէս Ա­րա­րա­տի վե­հու­թեամբ հպարտ ­Հա­յը։

Այդ բո­լո­րը եւ փա­րի­զեան ա­զա­տու­թեանց մէջ իր ու­ղին հար­թող Ար­մա­տա­խիլ ­Հա­յու ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րեր­քը հայ գրա­կա­նու­թեան մա­տու­ցո­ւե­ցան բա­նաս­տեղ­ծա­կան հմա­յիչ շուն­չով՝ ­Շու­շա­նեա­նի «Մ­թին պա­տա­նու­թիւն», «Ա­ռա­ջին սէ­րը», «­Սի­րոյ եւ ար­կա­ծի տղա­քը», «­Գար­նա­նա­յին», «Օ­րե­րը գե­ղե­ցիկ չեն», «­Մարդ մը, որ Ա­րա­րատ չու­նի իր հոգ­ւոյն խո­րը» եւ միւս ան­կորն­չե­լի վի­պակ­նե­րով ու վէ­պե­րով։
­Հայ­րե­նի հո­ղին ու բնու­թեան ամ­բողջ գե­ղեց­կու­թիւ­նը ­Շու­շա­նեան բիւ­րե­ղեայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ա­ւանդ յանձ­նեց մեր սե­րունդ­նե­րուն.

­Հո­վը դեռ ցուրտ էր ե­րէկ, այլ յան­կարծ այս ա­ռա­ւօտ
­Գար­նան ջինջ շուն­չը լե­ցուց պար­տէզ, ճամ­բայ ու ան­դեր,
Ու բող­բոջ­նե­րը բո­լոր պատ­ռե­ցան ինչ­պէս վար­դեր
Ու յոր­ձան­քով պայ­թե­ցան ծիլ, շա­քիլ, ճիւղ ու ծղօտ:
Ա­հա քնքուշ ու դե­ղին հրա­նուկ­ներն ա­ռա­ջին,
Ա­հա տե­րեւք ցօ­ղա­թուրմ հա­զիւ կճե­պը խզած
Ու նո­րա­բոյս խո­տե­րուն, ճղիկ­նե­րուն վրայ թաց՝
Ա­հա համ­բոյ­րը ա­նուշ արփ­ւոյն մո­լոր ճա­ճան­չին:
Եր­կիրն յղի էր ան­շուշտ,- ո­րո­վայ­նին խո­րը սուրբ
­Գա­րունն հան­դարտ կը ննջէր՝ խմե­լով ա­ւի­շը յուռ­թի,
Որ այժմ ողջ գիւ­ղին վրայ ա­լե­կո­ծեալ կը յոր­դի:
Ող­ջո՜յն գար­նան զար­թօն­քին,- որ­քա՜ն սար­սուռն է իր նուրբ
­Մեր ա­րեան մէջ ու որ­քա՜ն բու­րա­ւէտ են իր հո­վերն
Ու ի՜նչ սի­րով կը հնչէ իր ա­ռա­ջին հրա­ւէրն:

­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան պայ­քա­րի մարդ էր եւ կրցաւ, իր ու­սում­նա­տեն­չու­թեամբ ու վե­րապ­րու­մի կամ­քով, ­Հա­լէ­պի որ­բա­նո­ցա­յին կեան­քէն վեր բարձ­րա­նալ, 1918ի զի­նա­դա­դա­րէն ետք վե­րա­դառ­նալ ­Պո­լիս, ըն­դու­նո­ւիլ Ար­մա­շի ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան վար­ժա­րա­նը եւ 1920ին, երբ ամ­բողջ դպրո­ցը իր ա­շա­կեր­տու­թեամբ ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին շրջա­նին, ­Շու­շա­նեան իր կար­գին ան­ցաւ ­Հա­յաս­տան, ուր մնաց վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ութ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին։ ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ, ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր ու­սուց­չու­թեան կող­քին աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ­Կոս­տան ­Զա­րեա­նի եւ ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի հռչա­կա­ւոր «­Մե­հեան» գրա­կան պար­բե­րա­կա­նին։

1922ին ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա՝ ­Փա­րիզ եւ ­Մար­սէյլ, ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով։ Ապ­րուստն ու կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բա­նո­ւո­րու­թիւն ը­րաւ եւ սե­փա­կան մոր­թին վրայ զգաց դրա­մա­տի­րա­կան կար­գե­րու բնո­րոշ ըն­կե­րա­յին ա­հա­ւոր ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։ Վ­կա­յո­ւե­ցաւ ­Մար­սէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն, բայց կանգ չա­ռաւ ու­սում­նա­ռու­թեան ճամ­բու կէ­սին։ ­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Փա­րի­զի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ուր­կէ 1930ին վկա­յո­ւե­ցաւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց մէջ։

Ք­սա­նա­կան­նե­րը ոչ միայն ու­սում­նա­ռու­թեան, այ­լեւ գրա­կան ար­գա­սա­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան-կու­սակ­ցա­կան բուռն գոր­ծու­նէու­թեան ե­ռուն շրջան ե­ղան ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի կեան­քին մէջ։ Հ.Յ.Դ. Ֆ­րան­սա­յի կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խոյժ գոր­ծիչ­նե­րէն ե­ղաւ, ու­սա­նող տա­րի­քին իսկ Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընտ­րո­ւե­ցաւ, 1925ին միա­ցաւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան, որ հրա­տա­րա­կու­թեան իր երկ­րորդ շրջա­նը կը սկսէր ­Փա­րի­զի մէջ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի խմբագ­րա­պե­տու­թեամբ եւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ու ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի օգ­նա­կան խմբագ­րի աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ։ ­Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան վե­րաշ­խու­ժաց­ման այդ դժո­ւա­րին շրջա­նին, ­Շու­շա­նեան հրա­պա­րա­կա­գի­րը ի յայտ ե­կաւ իր ամ­բողջ խո­րու­թեամբ եւ քննա­դա­տա­կան տա­րեր­քով։

­Յատ­կա­պէս ըն­կեր­վա­րա­կան շարժ­ման վե­րաշ­խու­ժաց­ման զու­գա­դի­պած այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ­Շու­շա­նեան ներ­կա­յա­ցուց «Դ­րօ­շակ»ն­ ու ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի մօտ՝ դառ­նա­լով ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նի։
Եւ որ­քան յա­ռա­ջա­ցաւ ինք­նա­հաս­տատ­ման այդ ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն՝ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, ըն­կե­րա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ, այն­քան խստա­պա­հանջ դար­ձաւ ­Շու­շա­նեան ե՛ւ իր ան­ձէն, ե՛ւ իր մտա­ւո­րա­կան ու կու­սակ­ցա­կան շրջա­պա­տէն։
­Հայ­րե­նի հո­ղէն պո­կո­ւած ար­մա­տա­խիլ հայն ու ֆրան­սա­կան ա­զա­տու­թեան մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած սփիւռ­քա­հա­յը ե­զա­կի դաշ­նադ­րու­թիւն մը ա­ռա­ջա­ցու­ցին ­Շու­շա­նեա­նի մտա­ծո­ղու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­րեր­քին մէջ։

- ­Նոր ­Հա­յու ինք­նա­հաս­տա­տու­մը դար­ձուց կի­զա­կէ­տը իր կեան­քին ու բո­ցա­շունչ նե­րաշ­խար­հին։
- «­Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» ապ­րող զի­նա­թափ ­Շահ­նու­րին հա­կադ­րեց «իր հոգ­ւոյն խո­րը Ա­րա­րատ ու­նե­ցող ­Մար­դու» շու­շա­նեա­նա­կան հե­րո­սա­պաշ­տու­թիւ­նը։
- ­Քաղ­քե­նիու­թեան անձ­նա­տուր եւ յա­նուն նիւ­թա­պաշ­տու­թեան «ֆրան­սա­ցի» դար­ձած հա­յուն հա­կադ­րեց աշ­խա­տա­ւոր մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին եւ ա­նոր մար­տու­նակ պայ­քա­րին մէջ իր ա­զա­տագր­ման ու­ղին փնտռող յե­ղա­փո­խա­կան հա­յը։
- ­Տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կին կանգ­նած պահ­պա­նո­ղա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հա­կադ­րեց՝ Աղ­բիւր ­Սե­րոբ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան խստա­պա­հան­ջու­թեամբ նոր ու­ղի­ներ հար­թե­լու ե­լած ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր հե­րո­սը։

­Հե­տե­ւան­քը տխուր պատ­մու­թիւն է, բայց եր­բեք ող­բա­լի։
Ամ­բողջ էու­թեամբ մխրճո­ւե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան ներ­քին պայ­քար­նե­րու մէջ։ ­Թէեւ հե­տա­գա­յին անդ­րա­դար­ձաւ եւ շատ ա­րագ ու կտրուկ սրբագ­րեց իր դե­դե­ւում­նե­րը, բայց ­Շու­շա­նեան ե­ղաւ նաեւ ա­ռա­ջին սփիւռ­քա­հայ ակ­նա­ռու զո­հը՝ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց շղթա­յա­զեր­ծած հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան պայ­քա­րին, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին պա­ռակ­տու­մը հրահ­րե­լով՝ հե­տա­մուտ էր տա­րա­գիր ողջ հա­յու­թիւ­նը հա­մայ­նա­վա­րու­թեան ձեռ­քին ար­տա­սահ­մա­նեան խա­ղա­թուղ­թի վե­րա­ծե­լու սադ­րան­քին...

­Շու­շա­նեան գլխա­ւո­րող­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն դէմ պայ­քա­րի ճա­կատ բա­ցած «­Մարտ­կո­ցա­կան» շար­ժու­մին, որ իր ա­նու­նը ստա­ցաւ 1932ին ­Փա­րի­զի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած «­Մարտ­կոց» թեր­թէն։ ­Թէեւ նոյ­նինքն «­Մարտ­կոց»ի է­ջե­րէն ­Շու­շա­նեան միշտ նա­խան­ձախն­դիր ե­ղաւ, որ­պէս­զի ղե­կա­վար դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու դէմ ուղ­ղո­ւած իր կա­տա­ղի յար­ձա­կում­նե­րը չծա­ռա­յե­ցո­ւին ընդ­հան­րա­պէս եւ նոյ­նինքն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, այ­սու­հան­դերձ՝ հե­տե­ւան­քը ճիշդ ա՛յդ ե­ղաւ։ ­Շու­շա­նեան վտա­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն։ ­Հա­մայ­նա­վա­րա­կան սադ­րան­քի զոհ գա­ցած ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը ծան­րա­գոյն հիաս­թա­փու­թեան մատ­նեց ­Շու­շա­նեա­նին։
Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Շու­շա­նեան լրիւ քա­շո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թե­նէ։

Ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն ստանձ­նեց կոր­սո­ւած շրջա­նի մը մէջ, ապ­րե­ցաւ ծայր աս­տի­ճան թշո­ւառ պայ­ման­նե­րու տակ, բայց իր հոգ­ւոյն խո­րը Ա­րա­րատ ու­նե­ցող սփիւռ­քա­հա­յու հպար­տու­թեամբ՝ շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել։ Գ­րեց մա­նա­ւանդ իր հռչա­կա­ւոր «Օ­րա­գիր»ը, որ ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րի հոս ու հոն շրջա­գա­յե­լէ ետք լոյս ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ՝ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ յանձ­նե­լու հա­մար ամ­բող­ջա­կան հա­յու եւ խրոխտ սփիւռ­քա­հա­յու ե­զա­կի կեր­պա­րին՝ մեծն ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կը։

­Թո­քա­տա­պի ա­նակն­կալ սաստ­կա­ցու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ ­Շու­շա­նեա­նի մա­հո­ւան, 1941ի ­Յու­նիս 2ին։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան բո­ցա­շունչ եր­գի­չը դժբախտ ե­ղաւ նաեւ իր մա­հով, ո­րով­հե­տեւ չու­նե­ցաւ շի­րիմ եւ թա­ղո­ւե­ցաւ հա­սա­րա­կաց գե­րեզ­մա­նա­փո­սի մը մէջ։
75 տա­րի­ներ ան­ցած են իր վա­ղա­հաս մա­հէն աս­դին եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան Ա­րա­րա­տի պէս վե­հա­շուք իր հպար­տու­թեամբ սե­րունդ­նե­րու հո­գիին խո­րը կը բարձ­րա­նայ մե­ծու­թիւ­նը ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի։
Եւ անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տան մը պէս կը ղօ­ղան­ջէ հայ­րե­նի հո­ղին պաշ­տա­մուն­քը, իբ­րեւ սրբա­զան հա­ղոր­դու­թիւն, բո­լո­րին բաշ­խող ­Շու­շա­նեա­նա­կան ­Պատ­գա­մը.

Կ’անց­նին բո­լոր վէր­քերն ու բո­լոր յու­սա­հա­տու­թիւն­նե­րը, բո­լոր նո­ւաս­տա­ցում­ներն ու բո­լոր ստրջանք­նե­րը,- ինչ որ կը մնայ հայ մա­նուկն է հայ­րե­նի հո­ղին վրայ: Ա­հա այս պէտք է ըլ­լայ մեր Ալ­ֆան ու մեր Օ­մե­ղան, մեր ճշմար­տու­թիւնն ու մեր ար­դա­րու­թիւ­նը: ­Թող այս օ­տար ե­զերք­նե­րուն վրայ մեր վեր­ջին եր­գը լռէ յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից, միայն թէ հայ շի­նա­կա­նը լու­սա­բա­ցին կա­րե­նայ իր զո­ւար­թու­թիւ­նը մրմնջել:

... Կ’անց­նին բո­լոր փո­թո­րիկ­ներն ու բո­լոր ա­հագ­նադ­ղորդ պա­տե­րազմ­նե­րը, կ­’անց­նին բո­լոր հոր­դա­ներն ու բո­լոր բար­բա­րոս­նե­րը, կ­’անց­նին բո­լոր հե­րե­տի­կոս­ներն ու բո­լոր պզտիկ պա­րոն­նե­րը՝ ի­րենց սուտ ի­մաս­տու­թեամբ: ­Հա­յոց ազգ, քայ­լերդ դուրս մի նե­տեր այս ա­ւան­դակ­նե­րէն, այս ծոր­ծոր­նե­րէն ու այս խո­պան հո­ղե­րէն։

Ե­թէ նոյ­նիսկ բա­զուկ­ներդ չկրնան հրա­ցան բռնել՝ մա­գիլ­նե­րովդ ճան­կէ ար­դա­րու­թիւնդ, ե­թէ նոյ­նիսկ ստի­պո­ւած ըլ­լաս ան­գամ մը եւս ող­նա­շարդ ծռել, ողջ հա­սա­կովդ ըն­կիր մեր կար­միր հո­ղե­րուն վրայ։ Ա­ւե­լի լաւ է սո­ղալ այս­տեղ, քան թէ գլուխ ցցել ու­րի­շին սահ­ման­նե­րուն վրայ։ Ո՛չ մէկ նոր ելք այ­լեւս այս հո­ղե­րէն: ­Ճա­կա­տա­գիրդ հո՛ս է, եւ սրբու­թիւնդ՝ հո՛ս, վասն­զի հոս­կէ է միայն, որ վա­ղը բո­լոր փառ­քե­րը կրնան արթն­նալ եւ բո­լոր ցո­րեն­նե­րը բարձ­րա­նալ գե­ղու­ղէշ, բո­լոր ա­կօս­նե­րէն...

Ն.