Հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան եւ քաղաքական մտածողութեան նոր ժամանակներու կիզակէտը կը բանաձեւէր մեծն Պարոյր Սեւակ 1968ին, երբ Մայիսեան Հերոսամարտի յիսնամեակին առիթով կը սթափեցնէր հայրենի հայութեան ազգային յիշողութիւ
նը՝ պատգամելով, որ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։
Ըստ էութեան՝ «Մայիս 28»ի պատմական նշանակութեան եւ ազգային արժէքին խորհրդային՝ տասնամեակներ տեւած ուրացման վերջ տալու կոչէն շատ աւելի՛ն էր Սեւակեան պատգամը։
Հայ ազգային լինելութեան եւ ինքնահաստատման երթին լիարժէքօրէն տէր կանգնելու կտակը յաւերժացնող պոռթկում էր։
Այո՛, հայոց նորագոյն պատմութեան Մայիս 1918ի վերջին օրերուն ուսանելի Պահերը ոգեկոչելով՝ անպայման պէտք է ընդգծել, որ «Մայիս 28»ի արժէքը կը կայանայ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դարակազմիկ դարձակէտ մը արեամբ նուաճելու եւ իրաւունքի զօրութեամբ ամրագրելու անվիճելի փաստին մէջ։
Միայն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ կենաց-մահու կռիւ մղող հայութիւնը չէր, որ «Մայիս 28»ին մէկ մարդու պէս ծառացաւ եւ յաղթանակ նուաճեց։ Հանուր հայութիւնը, Արարատեան դաշտէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Պոլիս, մինչեւ Մոսկուա եւ Փարիզ ու մինչեւ Ամերիկա, Մայիս 1918ին միասնական պայքարի տարերքը շղթայազերծեց՝ յանուն հայ ժողովուրդի եւ հայրենի հողի վերջին բեկորին պաշտպանութեան ու փրկութեան։
«Մայիս 28»ը շրջեց պատմութեան գլխիվայր անկումի ընթացքը՝ հայ ժողովուրդը կանգնեցնելով իր հաստատակամ ու ամրապինդ ոտքերուն վրայ, համաթրքական ցեղասպան հարուածին դէմ ինքնապաշտպանութեան իր կռիւը յաղթանակով պսակելով։
Բայց հակառակ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի փառահեղ յաղթանակներուն՝ Մայիս 1918ի վերջերուն հայոց հինաւուրց հայրենիքի մեծագոյն մասը տակաւին հայաթափուած ու բռնագրաւուած կը մնար՝ Հայասպանութեան կիրքով մոլեգնած թրքական պետութեան արիւնալի եաթաղանին տակ։
Աւելի՛ն. նոյնիսկ Ալեքսանդրապոլը դեռ չէր ազատագրուած անարգ թշնամիէն։
Հայոց ազգային ազատագրութեան, Հայաստանի անկախութեան նուաճման եւ հայոց պետականութեան կերտումի մեծ կռիւը նոր կը սկսէր յաղթական հերոսամարտներու աւարտին։
Մինչ Արարատեան դաշտի հայութիւնը նահանջող թրքական զօրքին հալածելու եւ հայրենի հողի ազատագրման պայքարը յառաջ մղելու ոգեւորութեան մէջ էր, անդին Թիֆլիս կեդրոնացած արեւելահայ ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնը լարուած ամէն ճիգ կը թափէր, որպէսզի Անդրկովկասի վրայ եւ Պաքուի ուղղութեամբ արշաւող թրքական զօրքին յաւելեալ գին չվճարէր հայոց արիւնէն եւ հայրենի մեր հողերէն։
Թիֆլիսէն դիտուած՝ Արարատեան դաշտի յաղթանակները հայ քաղաքական մտքին համար կարիքը ունէին քաղաքական եւ իրաւական ամրագրումի, որպէսզի ռազմական ուժերու նոր դասաւորումով՝ ցեղասպան թշնամին չփորձէր ի նպաստ իր ախորժակներուն շրջել Մայիսեան Հերոսամարտին յաղթական արդիւնքը...
Մանաւանդ որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ Սէյմի լուծարումով ու իրենց անկախութեանց հռչակումով՝ հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով, ռուս զօրքի Անդրկովկասէն հեռանալէն ետք, դարձեալ առանձին լքուած էր թրքական սպառնալիքին դիմաց։
Ռազմաքաղաքական այդ հաշուարկներուն հետեւանքը եղաւ Մայիս 30ի այս օրը, 98 տարի առաջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին հրապարակած հետեւեալ կարճ յայտարարութիւնը.
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։
Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան «պատմական» հռչակումը, որ խորքին մէջ անկախութեան յայտարարութիւն մը ըլլալէ առաջ եւ վեր՝ ռազմաճակատներու վրայ հայութեան նուաճած յաղթանակին փաստացի արձանագրութիւնն էր։
Մայիս 28ին չյայտարարուեցաւ Հայաստանի անկախութիւն, ոչ ալ Մայիս 30ի Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդի յայտարարութիւնը Հայաստանի անկախութեան հռչակումը կը կատարէր, ոչ ալ կ՚աւետէր հիմնումը Հայաստանի ժողովրդավարական Հանրապետութեան։ Նոյնիսկ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումի կոչ չէր...
Բայց Մայիս 30ի այդ յայտարարութիւնը ըստ ամենայնի հիմքը դարձաւ Հայաստանի լիարժէք անկախութեան, ժողովրդավարական Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումին եւ հայոց ազգային պետականութեան կառուցումին։
Յայտարարութեան հիման վրայ՝ Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի բաղադրութեամբ, կազմուեցաւ նոր ժամանակներու հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը։
Նոյնպէս՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը։
Մայիսի 30ին իր գագաթնակէտին հասաւ ծանր երկընտրանքը հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքին՝ շարունակե՞լ Սարդարապատեան յաղթարշաւը, թէ՞ իրատես ըլլալ, Պաթումի մէջ զիջումներու երթալ եւ, թրքանպաստ պայմանները ընդունելով, ստորագրել «հաշտութեան» խայտառակ դաշնագիրը, որպէսզի Ազգի եւ Հայրենիքի վերջին բեկորը նախ փրկուէր թրքական պատուհասէն, ապա՝ ամրանար եւ ամբողջացման իր ուղին հարթէր։
Ինչպէս Ս. Վրացեան կը նշէ, Երեւանի «Ազգային Խորհուրդն ալեկոծւում էր... ոմանք առաջարկում էին հաշտուել կացութեան եւ ընդունել Բաթումի դաշնագրի պայմանները, ուրիշները - գլխաւորապէս դաշնակցականները - պահանջում էին չեղեալ համարել զօր. Նազարբէկեանի հեռագիրը հաշտութեան մասին, զօրքերի ընդհանուր հրամանատար նշանակել զօր. Սիլիկեանին եւ շարունակել պայքարը...
«Վճիռ տալը անչափ դժուար էր. վտանգը շատ էր մեծ։ Հայկական զօրքերի ընդհանուր քանակը, այդ օրերին, հասնում էր 30 ոչ-լրիւ գումարտակների, մինչդեռ Թիւրքիան շարժման մէջ էր դրել 5 դիվիզիա (3րդ, 5րդ, 9րդ, 11րդ եւ 36րդ), այսինքն՝ 50 գումարտակ եւ ի վիճակի էր նորանոր ուժեր հասցնելու։ Հայ զինուորների թիւը 12.000ը չէր անցնում. թիւրքերն առաջ էին քաշել 35.000 կռուող։
«Ազգ. Խորհուրդը չկարողացաւ միակամութիւն երեւան բերել եւ զօր. Սիլիկեանին մնաց ենթարկուել զօր. Նազարբէգեանի հրամանին։
«Պատերազմը վերջացաւ»...
Այսուհանդերձ՝ ընթացքի մէջ գտնուող Առաջին Աշխարահմարտի եւ Պաքուի համար շարունակուող պատերազմի պայմաններուն մէջ, հակառակ Պաթումի դաշնագրին, հայկական զօրքերը բնաւ չհամակերպեցան հայրենի հողերու զիջումին եւ նպաստաւոր ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի ընդարձակեն նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 1919ի սկիզբները եւ հայոց յաղթարշաւի քայլերուն պսակումը եղաւ այն, որ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիս 28ի պետական առաջին տօնակատարութեան՝ 1919ին, արդէն համաժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրուած հայոց խորհրդարանին առջեւ, Հ.Հ. երկրորդ վարչապետ Ալ. Խատիսեան կատարեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման համար գործելու իր կառավարութեան պատմական յայտարարութիւնը։
Հետեւաբար, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի նշէր՝
«Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք է համարուէր Մայիս 30ը։ Հակառակ դրան, համարւում է Մայիս 28ը, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում։ Անուղղակի կերպով, այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թիւրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը։ Ընդունելով թիւրքերի պայմանը՝ Ազգ. Խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը»։
Այդ է «հիմնաւորում»ը Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին ուղղուած «Թուրքին նուէրը» ըլլալու անհեթեթ մեղադրանքին, որ օրին հնչեց Արամի ղեկավարութենէն դժգոհ Անդրանիկի կողմէ, եւ որ շուտով հակադաշնակցական յանկերգի վերածուեցաւ՝ խորհրդային ուրացման շուրջ 70ամեայ երկար ժամանակաշրջանին, խորհրդահայ պաշտօնական գաղափարախօսութեան եւ անոր սփիւռքեան հինգերորդ շարասիւնին քարոզչութեամբ։
Դարձեալ Վրացեանի խորհրդածութեամբ՝
«Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28ը։ Այդ օրը դարձաւ նուիրական՝ հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգային տօնացոյցի մէջ, իբրեւ սրբազան օրերից մէկը»։
Ն.