Print
Category: Յուշատետր

­alt«Մա­յիս 28» պան­ծա­լի թո­ւա­կա­նը կը խորհր­դանշէ հայ ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­քայլ մուտ­քը նոր ժա­մա­նակ­ներ։ Ըստ ա­մե­նայ­նի կը խորհր­դան­շէ հայ ազ­գի վե­րա­կանգ­նու­մը՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։ ­Կը խորհր­դան­շէ մա­

նա­ւանդ նո­ւա­ճու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ու կեր­տու­մը հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան, ա­ւե­լի քան վեց դա­րե­րու շնչա­հեղձ ու խեղ­դա­մահ դարձ­նող գե­րու­թե­նէ ետք։

­Հե­տե­ւա­բար, հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան ա­կունք­նե­րուն հա­րո­ւած կը հասց­նեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ար­ժա­նին չեն մա­տու­ցա­ներ 1918 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յիս 28ի պատ­մա­կերտ քայ­լին։
28 ­Մա­յիս 1918ին հայ ժո­ղո­վուր­դին հայ­րե­նաբ­նակ վեր­ջին բե­կոր­նե­րը ի մի ե­կան, միա­կամ ու վճռա­կան մէկ ու ան­քակ­տե­լի բռունցք դար­ձան եւ ցե­ղաս­պան թրքա­կան զօր­քի թշնա­մա­կան գրո­հը ետ շպրտե­լով՝ շրջե­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ա­նի­ւը։

1920 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բեր 2ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­զատ ու ան­կախ եր­թը խա­փա­նած խորհր­դա­յին պոլ­շե­ւիկ­նե­րը, ինչ­պէս ա­մէն բռնագ­րա­ւող ուժ, ոչ մէկ ճիգ կամ մի­ջոց խնա­յե­ցին, որ­պէս­զի նսե­մաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէ­քը։

­Շուրջ եօ­թը տաս­նա­մեակ՝ խորհր­դա­հայ պաշ­տօ­նա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ ա­նոր հին­գե­րորդ շա­րա­սիւ­նը հան­դի­սա­ցած սփիւ­ռա­հայ այս­պէս կո­չո­ւած «հայ­րե­նա­սէր­ներ»ը, հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մաղ­ձոտ ար­շաւ­նե­րով, նե­րե­լի ու ան­նե­րե­լի ա­մէն ցե­խար­ձա­կու­մի դի­մե­ցին, որ­պէս­զի ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թե­նէն խլեն ու հե­ռաց­նեն «­Մա­յիս 28»ով յա­ւեր­ժու­թիւ­նը նո­ւա­ճած Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հան­գա­նա­կը, որ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն հա­յոց ցի­րու­ցան սե­րունդ­նե­րուն տո­ւաւ ինք­նա­ճա­նաչ­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման ծան­րու­թեան կեդ­րոն։

Այդ ա­ռու­մով՝ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէնս­դիր­նե­րը, հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան մե­րօ­րեայ վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, ա­նար­դա­րու­թիւն գոր­ծե­ցին ու կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց այդ վար­քագ­ծին կառ­չած մնալ, երբ իբ­րեւ «­Հան­րա­պե­տու­թեան Օր» կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րեն ­Մա­յիս 28ի ազ­գա­յին-պե­տա­կան տօ­նին նշա­նա­կու­թիւ­նը։

28 ­Մա­յի­սի տօ­նը ան­շո՛ւշտ որ կը խորհր­դան­շէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման օ­րը։ ­Բայց այդ­քա­նով չի սպա­ռիր «­Մա­յիս 28»ի քայ­լին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մէջ։

­Փաս­տօ­րէն, խորհր­դա­յին լու­ծի տակ մեր ժո­ղո­վուր­դին ապ­րած 70ա­մեայ կաշ­կան­դում­նե­րուն ժա­մա­նակ, հայ­րե­նի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ իր պատ­մու­թեան լի­ար­ժէ­քօ­րէն տէր կանգ­նե­լու։ ­Բայց ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն աս­դին նման կա­շա­կան­դում գո­յու­թիւն չու­նի եւ հասկ­նա­լի չէ, մա­նա­ւանդ ար­դա­րա­նա­լի չէ «­Մա­յիս 28»ի հա­ւա­սա­րե­ցու­մը «­Հան­րա­պե­տու­թեան Օր»ո­ւան հետ։

Ի վեր­ջոյ ­Մա­յիս 1918ի վեր­ջին տաս­նօ­րեա­կը բո­լոր ա­ռում­նե­րով շրջեց հա­յոց պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը.-
1) Թր­քա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան հարուա­ծէն մա­զա­պուրծ հա­յու­թիւ­նը, ­Մա­յիս 1918ի իր հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մով եւ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով իր մղած լի­նե­լու­թեան կռո­ւէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լով, յա­ջո­ղե­ցաւ ետ մղել ­Հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հայ­րե­նա­կան վեր­ջին բե­կո­րին վրայ ար­շա­ւող թրքա­կան զօր­քե­րը։

2) «­Մա­յիս 28»ով հայ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ, սե­փա­կան ու­ժով եւ ա­րեան գնով, փշրել ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ա­ւե­լի քան վեց դա­րե­րու ա­նա­զատ ու ան­կա­խու­թե­նէ զուրկ կեան­քի կա­պանք­նե­րը։ Ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը՝ պատ­մա­կան մեր հո­ղե­րու թէ­կուզ փոքր մէկ շեր­տին վրայ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լով։ Այդ քայ­լով նաեւ ժո­ղովր­դա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­նա­րար ՎԷ­Մը դրաւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան՝ սե­փա­կան բա­նա­կի եւ հայ­կա­կան կա­ռա­վար­ման վար­չա­կազ­մի ստեղ­ծու­մով։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով «­Հան­րա­պե­տու­թեան Օր»էն շատ ա­ւե­լի ընդգր­կուն խոր­հուրդ խտա­ցած է «­Մա­յիս 28»ին մէջ, ո­րուն յաղ­թա­կան ա­ռա­ջին մեծ քայ­լը հայ ժո­ղո­վուր­դը նե­տեց 98 տա­րի ա­ռաջ։
­Յի­շենք ու յի­շեց­նենք, որ 1918 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յիս 18էն սկսեալ, իր վեր­ջա­լոյ­սը ապ­րող Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան թրքա­կան բա­նա­կը ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին բե­կո­րին վրայ ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ձեռ­նար­կած էր դէպի Երեւան ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նի վեր­ջին հա­մախմ­բու­մին մա­հա­ցու հա­րո­ւած մը հասց­նե­լու կա­տա­ղու­թեամբ։

­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի թրքա­կան զօր­քե­րու այդ օ­րե­րու հրա­մա­նա­տար ­Վե­հիբ ­Փա­շան սրած էր ե՛ւ սուին­նե­րը, ե՛ւ ա­խոր­ժակ­նե­րը։ Ար­դէն ­Յու­նո­ւար 1918ի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն սկսեալ, թրքա­կան զօր­քը յաղ­թա­կան կ­’ար­շա­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի վրայ՝ օգ­տո­ւե­լով ­Ռու­սաս­տա­նը ցնցած 1917ի փետ­րո­ւա­րեան եւ հոկ­տեմ­բե­րեան ի­րե­րա­յա­ջորդ յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք յան­գե­ցան հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ­Ռու­սաս­տա­նը դուրս բե­րե­լու եւ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րէն ռուս զօր­քե­րը «տուն կան­չե­լու» պոլ­շե­ւի­կեան ա­նօ­րի­նակ քայ­լին։

­Կով­կա­սեան ճա­կա­տին վրայ 1916ին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ, քա­նի մը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, ոչ միայն վե­րագ­րա­ւել 1914էն ետք ռու­սա­կան բա­նա­կին եւ ա­նոր միա­ցած ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րուն ա­զա­տագ­րած հայ­կա­կան հայ­րե­նի հո­ղե­րը, այ­լեւ՝ նա­խա­պա­տե­րազ­մեան ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը հա­տե­լով, ա­րա­գըն­թաց յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սը ամ­բող­ջա­պէս թրքա­կան հա­կակշ­ռի տակ առ­նե­լու հա­մաթր­քա­կան ե­րա­զին ի­րա­գոր­ծու­մը ար­գե­լա­կող «­Հայ­կա­կան ­Սե­պը» մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ընկ­ճէ ու բնաջն­ջէ։

­Մինչ ­Ռու­սաս­տան կը գա­լա­րո­ւէր յե­ղա­փո­խու­թեան տա­րեր­քով, իսկ Անդր­կով­կա­սի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ե­րե­ւու­թա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան վա­րա­գոյ­րի ե­տին սե­փա­կան գլու­խը պահ­պա­նե­լու ել­քեր կ’ո­րո­նէին, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զէն­քով, դրա­մով ու քա­ղա­քա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ ­Կով­կա­սեան ­Ճա­կա­տի ռու­սա­կան զօր­քե­րու թի­կուն­քը հա­րո­ւա­ծող կոյր գոր­ծի­քի վե­րա­ծե­ցին ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րեալ շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին ցրո­ւած քիւրտ եւ թա­թար ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը։

Թր­քա­կան զօր­քի յար­ձա­կո­ղա­կա­նին ա­ռա­ջին թի­րա­խը ե­ղաւ Երզն­կան, ուր ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու հե­ռա­նա­լէն ետք միայն հայ­կա­կան զօրք մնա­ցած էր՝ Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։ Թր­քա­կան վե­րա­հաս գրո­հին եւ ա­նոր հե­տե­ւող խա­ղաղ բնակ­չու­թեան սպան­դին ա­ռաջքն առ­նե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ զօր. ­Նա­զար­բէ­կեան հրա­հան­գեց պար­պել Երզն­կան՝ ե՛ւ բա­նա­կով, ե՛ւ բնակ­չու­թեամբ։ ­Վե­հիբ ­Փա­շա հան­գիստ մուտք գոր­ծեց Երզն­կա ­Յու­նո­ւար 31ին։

Այդ­պէս սկսաւ եւ շատ ա­րագ թա­փով ըն­թա­ցաւ մէկ կող­մէ հայ­կա­կան զօր­քի նա­հան­ջը, իսկ միւս կող­մէ ­Վե­հիբ ­Փա­շա­յի բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը։ ­Յու­նո­ւար 1918ի վեր­ջե­րուն գրե­թէ հա­ւա­սար ռազ­մա­կան ուժ ներ­կա­յաց­նող հա­կա­մարտ զօր­քե­րուն մի­ջեւ, եր­կու ա­միս ետք, կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ ռազ­մա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ ­Կար­նոյ, ­Վա­նի, ­Կար­սի եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի յա­ջոր­դա­կան գրա­ւում­նե­րուն հետ, թրքա­կան բա­նա­կին ե՛ւ քա­նա­կա­կան, ե՛ւ ռազ­մամ­թեր­քի ու­ժը կրկնա­պա­տիկ գե­րա­զան­ցեց հայ­կա­կան զօր­քի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ Ապ­րի­լին ­Վե­հիբ ­Փա­շա ար­դէն հա­սած էր ­Ղա­րա­քի­լի­սա եւ օր­հա­սա­կան վտան­գը շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած էր հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի մի­ջո­ցաւ զի­նա­դա­դա­րի հաս­նե­լու եւ թրքա­կան ար­շա­ւան­քը սան­ձե­լու փոր­ձե­րը կեղծ էին եւ ա­պար­դիւն ան­ցան։ Ա­ւե­լի՛ն. վրա­ցիք ի­րենց փրկու­թիւ­նը տե­սան ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից գեր­մա­նա­ցի­նե­րու մէջ, մինչ թա­թար­նե­րը սկսան Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան շուրջ պա­շար­ման աք­ցա­նը սեղ­մել ­Գան­ձա­կէն ու ­Զան­գե­զու­րէն։

­Միայն հրաշ­քը կրնար փրկել հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ այ­լեւս նա­հան­ջի տեղ չու­նէր, ոչ ալ անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը կրնար զինք փրկել, ո­րով­հե­տեւ թուր­քը կը յա­ռա­ջա­նար հա­յու­թեան վեր­ջին կռո­ւա­նը եւս բնաջն­ջե­լու ո­րո­շու­մով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս ար­ժա­նա­ցաւ հրաշ­քի, երբ Ա­րա­մի ներշն­չու­մով ու ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ հա­յու­թիւ­նը։

Եւ այդ­պէ՛ս, երբ ­Ղա­րա­քի­լի­սան կրա­կի տակ ա­ռած ­Վե­հիբ ­Փա­շան իր զօր­քե­րէն մաս մը 20 ­Մա­յիս 1918ին գրո­հի մղեց միա­ժա­մա­նակ ­Սար­դա­րա­պա­տի եւ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ, իր դէմ գտաւ ռազ­մա­ճա­կատ թա­փած ան­պար­տե­լի ժո­ղո­վուրդ մը, որ մե­ծով ու պզտի­կով, հո­գե­ւո­րա­կա­նով ու ա­մէ­նով կռո­ւի ե­լած էր՝ Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ ընտ­րե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։

­Ցե­ղաս­պան թուր­քին ներ­խու­ժու­մը կա­սեց­նե­լու եւ ետ մղե­լու նման վճռա­կա­նու­թեամբ զի­նո­ւած հա­յու­թիւնն էր, ա­հա՛, որ 28 ­Մա­յիս 1918ի պատ­մա­կերտ օ­րը ընդ­հա­նուր յաղ­թա­նա­կով պսա­կեց հա­յոց հայ­րե­նա­կեր­տու­մի ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մար­տը եւ նա­հան­ջի մղեց թուրք թշնա­մին։

«­Մա­յիս 28»ի խոր­հուր­դը խտա­ցումն է օր­հա­սա­կան վտան­գի եւ գե­րա­գոյն ծա­ռա­ցու­մի, դի­մադ­րա­կան անձ­նու­րաց կռո­ւի եւ ռազ­մա­կան փայ­լուն յաղ­թա­նա­կի այ­դօ­րի­նակ պա­հե­րու, ո­րոնք ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ նոր կեան­քի՝ ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի մէջ գե­րիշ­խան ապ­րե­լու մեր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նը եւ միան­գա­մայն ան­ձեռնմ­խե­լի ե­րաշ­խի­քը կազ­մե­ցին։

Ն.