Print
Category: Յուշատետր

­altՄա­յիս 12ի այս օ­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ եր­գի եւ ե­րաժշտու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից վար­պետ­նե­րէն Է­դուարդ ­Միր­զո­յեա­նի, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն վաս­տակն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան դաս­տիա­րա­կի պայ­ծառ դէմ­քը կը կազ­մեն հարս­տու­թիւնն ու հպար

­տու­թիւ­նը հա­մայն հա­յու­թեան։

Ազ­գա­յինն ու հայ­րե­նա­շուն­չը ար­դիա­կան եւ նո­րա­րար մշա­կու­մով դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­ծած վար­պետն է Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեան, որ մին­չեւ 2012 ­Հոկ­տեմ­բե­րի իր վախ­ճա­նը, ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ, կան­գուն մնաց պատ­նէ­շի վրայ, ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ, մա­նա­ւանդ, իբ­րեւ ման­կա­վար­ժի՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ո­գե­ւո­րեց հայ մշա­կոյ­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան հա­րուստ ա­ւանդ­նե­րուն պաշ­տա­մուն­քով։

Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեան մին­չեւ իր ծե­րու­նա­զարդ տա­րի­քը շա­րու­նա­կեց հայ մշա­կոյ­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան պաշ­տա­մուն­քով հա­մա­կել ու հայ եր­գի ա­ւանդ­նե­րով ո­գե­ւո­րել մեր սե­րունդ­նե­րը։

­Լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն եւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած «Ա­սում են թէ» եւ «Ե­րազ տե­սայ» ռո­մանս­նե­րու օ­րի­նա­կով իր եր­գե­րէն մին­չեւ «­Լո­ռե­ցի ­Սա­քոն» եւ «­Հա­յաս­տան», «­Հայ­րե­նիքն է կան­չում» ու «­Լա­րա­յին կո­ւար­տետ», «­Սո­նա­տա ջու­թա­կի եւ դաշ­նա­կի հա­մար» ու «պոէմ դաշ­նա­կի հա­մար» երգ­չախմ­բա­յին ու նո­ւա­գախմ­բա­յին կա­տար­ման հա­մար մշա­կած իր գոր­ծե­րը, Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեան 1940ա­կան­նե­րէն սկսեալ իր ներ­կա­յու­թեամբ ու ա­րո­ւես­տով ջեր­մա­ցուց եւ ազնուա­ցուց հա­յոց հո­գի­նե­րը։

­Վար­պե­տը ծնած էր 12 ­Մա­յիս 1921ին ­Գո­րի, Վ­րաս­տան։ ­Վաղ տա­րի­քէն հե­տե­ւած էր Ե­րե­ւա­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցի դա­սըն­թացք­նե­րուն եւ 1941ին ա­ւար­տած Վ. ­Տա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան դա­սա­րա­նը։
1939ին, Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի բա­ռե­րով իր մշա­կած «Ա­սում են թէ» ռո­ման­սով, հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ Է. ­Միր­զո­յեան մուտք գոր­ծեց հայ ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հէն ներս եւ ան­մի­ջա­պէս սի­րո­ւե­ցաւ ու գնա­հատուե­ցաւ։

1946էն 1948, Է. ­Միր­զո­յեան ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շնորհ­նե­րը ­Մոս­կո­ւա­յի ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի ­Տան Ե­րաժշ­տա­կան Ա­րո­ւես­տա­նո­ցին մէջ։

­Մոս­կո­վեան այդ տա­րի­նե­րը հնարա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռե­ցին ե­րի­տա­սարդ հայ ե­րա­ժիշ­տին, որ ոչ միայն բա­ցո­ւի ժա­մա­նա­կի ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի մի­ջազ­գա­յին նո­րա­րու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ գտնէ ազ­գա­յին մեր ար­մատ­նե­րէն եւ ա­ւանդ­նե­րէն ե­կող ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ար­դիա­կա­նաց­նե­լու իր ու­րոյն ո­ճը։

­Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձէն ետք, ­Պե­տա­կան Ե­րաժշտա­նո­ցին մէջ իր ծա­ւա­լած ման­կա­վար­ժա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան կող­քին, Է. ­Միր­զո­յեան լծուե­ցաւ մշա­կու­թա­յին-հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։ 1956ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ե­րա­ժիշտ­նե­րու ­Միու­թեան նա­խա­գահ եւ մին­չեւ 1990 մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ։

Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեան ե­րաժշտա­կան իր վաս­տա­կը հարս­տա­ցուց նաեւ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հին մէջ իր մշա­կած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րով, ինչ­պի­սին են «Երբ քեզ հետ են ըն­կեր­ներդ» (1959), «Այ­սօր ա­րե­ւոտ օր է» (1971), «­Յեղ­կո­մի նա­խա­գա­հը» (1977) եւ «Աք­սո­րա­կան N 011» (1978) կի­նոն­կար­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը։

­Միր­զո­յեան ե­ղաւ դրօ­շա­կի­րը ընդ­հան­րա­պէս հայ մշա­կոյ­թի եւ յատ­կա­պէս հայ եր­գի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ազ­գա­յին յա­ռա­ջա­պահ դե­րին՝ իբ­րեւ բազ­մա­չար­չար եւ ճա­կա­տագ­րի հա­րո­ւա­ծով աշ­խար­հաս­փիւռ դար­ձած մեր ժո­ղո­վուր­դին հող­մաց­րիւ բե­կոր­նե­րը ի­րա­րու կա­պող, ջեր­մաց­նող եւ հայ­կա­կան հպար­տու­թեամբ ո­գե­ւո­րող ան­փո­խա­րի­նե­լի զէն­քի։

Ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու միա­ւոր­ման եւ հարս­տաց­ման իր այդ կո­չու­մով, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ իր բա­րե­համ­բոյր ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ ու նկա­րագ­րով՝ ­Միր­զո­յեան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ թէ՛ իր սերն­դա­կից հայ ե­րաժշտու­թեան մե­ծու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան լայն աս­պա­րէզ բա­նա­լու ա­ռու­մով, թէ՛ հայ­րե­նի եր­գով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ տա­րա­գիր հա­յու­թեան ազ­գա­պահ­պան­ման գոր­ծին սա­տա­րե­լու մար­զին մէջ։

­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք կամր­ջու­մի պատ­մու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ եւ նշա­նա­կա­լից հիմք դար­ձաւ, 1970ին, Է. ­Միր­զո­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ հայ ա­նո­ւա­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րու մե­ծա­խումբ այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Լի­բա­նան՝ ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի բա­բա­խուն սիր­տը։

Ոչ միայն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր ներ­կա­յու­թեամբ, այ­լեւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի իր լայ­նա­խո­հու­թեամբ՝ ­Միր­զո­յեան յա­ջո­ղե­ցաւ իր ըն­կեր­նե­րով ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը վեր բարձ­րաց­նել խորհր­դա­յին հա­սա­րա­կար­գի պար­տադ­րած կա­պանք­նե­րէն եւ բա­բա­խուն ներ­կա­յու­թեան վե­րա­ծել ար­տերկ­րի հա­յու­թեան կեան­քին մէջ, տա­րա­գիր հայ մար­դոց սրտերն ու հո­գի­նե­րը հայ­րե­նա­կա­նով ու հայ­կա­կա­նով ո­գե­ւո­րե­լով։

Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, հայ ե­րաժշ­տու­թեան ծե­րու­նա­զարդ վար­պե­տը լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շագ­րու­թիւ­նը՝ «Ֆ­րագ­մենտ­ներ» ա­նուն հա­տո­րով մը։ ­Բա­ռին ընդգր­կուն եւ ժա­մա­նա­կա­կի­ցի վկա­յու­թեան ի­մաս­տով՝ հայ ե­րաժշ­տու­թեան հան­րա­գի­տա­րան մըն է հա­տո­րը։

Ինչ­պէս օ­րին, յու­շագ­րա­կան այս գոր­ծը ներ­կա­յացնե­լով, Վ­լա­դի­միր ­Պետ­րո­սեան կը վկա­յէր, «Է­դուարդ ­Միր­զո­յանն ըն­թեր­ցո­ղի առ­ջեւ բա­ցում է Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի, Ա­լեք­սանդր ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Առ­նօ ­Բա­բա­ջա­նեա­նի, Ա­դամ ­Խու­դո­յեա­նի, ­Յա­րօ Ս­տե­փա­նեա­նի, Ա­նու­շա­ւան ­Տէր-­Ղե­ւոն­դեա­նի, Ար­տեմ Այ­վա­զեա­նի, ­Կա­րօ ­Զա­քա­րեա­նի, ­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեա­նի, ­Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեա­նի, Անդ­րէյ ­Բա­բա­յե­ւի, Էդ­գար ­Յով­հան­նի­սեա­նի եւ միւս­նե­րի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան «խո­հա­նո­ցը», ո­րոնք ոչ միայն պահ­պա­նել են ե­րաժշտու­թեան ազ­գա­յին ո­գին, այ­լեւ գտել են ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րում դա պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ճշմա­րիտ ու­ղին»:

Այդ­պի­սին ե­ղաւ նաեւ ու ո­րո­շա­պէ՛ս Է. ­Միր­զո­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան «խո­հա­նոց»ը։ ­Հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը թէ՛ հայ­րե­նի հա­յու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր ա­մէ­նօ­րեայ սնուն­դը դարձ­նե­լու, թէ՛ աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նաց­նե­լու եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քին կա­պող ո­գե­ղէն ան­փո­խա­րի­նե­լի կա­մուր­ջի վե­րա­ծե­լու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ ­Միր­զո­յեան հան­դի­սա­ցաւ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու մե­ծար­ժէք ամ­բողջ սե­րուն­դի մը յա­ռա­ջա­պահ դէմ­քը։

­Հայ եր­գի եւ ե­րաժշ­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր վար­պե­տը վախ­ճա­նե­ցաւ 5 ­Հոկ­տեմ­բեր 2012ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, յետ եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ար­ժա­նի շու­քով, իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դը սրտա­բուխ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ՝ ան­մա­հու­թեան յանձ­նեց իր ար­ժա­նա­ւոր վար­պե­տին։

Ինչ­պէս օ­րին ­Սօս ­Սարգ­սեան վկա­յեց՝
«­Մար­դիկ կան, ո­րոնց Աս­տո­ւած ստեղ­ծում է սե­փա­կան ձեռ­քե­րով, խնամ­քով ու սի­րով: Ս­տեղ­ծում է՝ կա­ղա­պա­րից դուրս, որ­պէս ընտ­րեալ: ­Սո­վո­րա­բար օժ­տում է յա­տուկ տա­ղան­դով, հա­զար ու մի ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով ու շռայլ, շռայլ հո­գով... Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեանն այդ ծնունդ­նե­րից է»:

Ն.