Print
Category: Յուշատետր

altՄա­յիս 10ի այս օ­րը կը նշենք ծնուն­դը բրի­տա­նա­ցի քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան հռչա­կա­ւոր գոր­ծիչ՝ ի­րա­ւա­գէտ ու պատ­մա­բան դեր­կոմս ­Ճէյմս Պ­րայ­սի, որ նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­ւո­րու­մին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան

ի­րա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին։

­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին հետ ­Ճէյմս Պ­րայ­սի առն­չու­թեանց վրայ կա­րե­ւո­րու­թեամբ հա­կե­լու եւ ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մաց­նե­լու յա­տուկ պատ­ճառ­ներ ու­նինք մա­նա­ւա՛նդ մեր օ­րե­րուն, երբ ­Մեծ Ու­րաց­ման թուրք պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ոչ միայն վե­րա­նո­րոգ թա­փով յա­ռաջ կը մղո­ւի, այ­լեւ՝ ­Թուր­քիոյ նո­րա­հաս վա­րիչ­նե­րը, սուլ­թա­նա­կան օ­րե­րու փառ­քին վե­րա­դար­ձով հա­մա­կո­ւած նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, շա­րու­նակ կը պնդեն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեանց քննար­կումն ու վճռա­հա­տու­մը պատ­մա­բան­նե­րուն վե­րա­պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան - ա­ւե­լի՛ն, քա­ղա­քա­կան ի­րա­տե­սու­թեան - վրայ։

­Ճէյմս Պ­րայս այն ե­զա­կի դէմքն է, որ նախ ա­կա­նա­տես ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջն­ջու­մը պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին։ Ա­պա՝ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը - փաս­տագ­րա­կան եւ վա­ւե­րագ­րա­կան ամ­բող­ջա­կան թղթած­րա­րով մը - ի­րա­ւա­գէ­տի եւ պատ­մա­բա­նի ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ հաս­տա­տագ­րեց։

Եւ վեր­ջա­պէս, բայց կա­րե­ւո­րու­թեամբ ո՛չ վեր­ջի­նը, մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տու­մի ար­ժա­նա­ցուց գոր­ծո­ւած ո­ճի­րը՝ իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

­Ճէյմս Պ­րայս 10 ­Մա­յիս 1838ին ծնած էր ­Պել­ֆասթ (Իր­լան­տա)։ ­Պել­ֆաս­թի Ա­կա­դե­միա­յին եւ Կ­լաս­քո­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­սա­նե­լէ ետք, Պ­րայս ըն­դունուե­ցաւ Օքս­ֆոր­տի Թ­րի­նի­թի ­Գո­լէ­ճը, ուր­կէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ տի­րա­ցաւ ի­րա­ւա­բա­նի տիտ­ղո­սին եւ 1862ին ար­ժա­նա­ցաւ Օ­րիէ­լի (­Քինկ՚զ ­Գո­լէ­ճի) աշ­խա­տա­կի­ցի ար­քու­նի եւ ա­կա­դե­մա­կան բարձր կո­չու­մին։

­Քա­նի մը տա­րի փաս­տա­բան աշ­խա­տե­ցաւ ­Լոն­տո­նի մէջ, բայց 1870ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Օքս­ֆորտ, ի­րա­ւա­բա­նա­կան բա­ժան­մուն­քի մէջ ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան Օ­րէն­քի դա­սա­խօ­սի պաշ­տօն ստանձ­նե­լու հա­մար։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Ճէյմս Պ­րայս մին­չեւ 1893 շա­րու­նա­կեց իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը Օքս­ֆոր­տի մէջ։

Ի­րա­ւա­բա­նու­թեան կող­քին ­Ճէյմս Պ­րայս բարձրա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւած էր պատ­մա­գի­տու­թեան մէջ եւ 1864ին լոյս ըն­ծա­յած էր «Հ­ռով­մէա­կան Սր­բա­զան ­Կայս­րու­թիւ­նը» ա­նուն իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, որ հմուտ պատ­մա­բա­նի մի­ջազ­գա­յին հռչա­կին ար­ժա­նա­ցուց ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կա­նին։
­Ճէյմս Պ­րայս միա­ժա­մա­նակ նո­ւի­րեալ հնա­խոյզ էր։ 1872ին ան ճամ­բոր­դեց Իս­լան­տա, որ­պէս­զի գտնէ «Իս­լան­տա­կան ­Սա­կա­ներ»ու եր­կի­րը։

Իսկ 1876ին, միեւ­նոյն հնա­խոյ­զի հե­տաքրք­րու­թեամբ, ան բարձ­րա­ցաւ Ա­րա­րատ ­Լե­րան գա­գա­թը, ուր գտաւ ­Նո­յեան ­Տա­պա­նի մնա­ցորդ հնա­գի­տա­կան ի­րե­ղէն­ներ։

Հ­նա­խոյ­զի եւ պատ­մա­բա­նի իր հե­տաքրք­րու­թեամբ, այդ ժա­մա­նա­կէն սկսեալ, ­Ճէյմս Պ­րայս ոչ միայն մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ լա­ւա­պէս ծա­նօ­թա­ցաւ հայ մշա­կոյ­թի մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թեան՝ դառ­նա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ստեղ­ծած ար­ժէք­նե­րուն մեծ հիա­ցող մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ազ­գա­յին ոտ­նա­կո­խո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­ւա­տա­ւոր պաշտ­պան մը։

­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­ւի­րո­ւած Պ­րայ­սի այդ հե­տա­զօ­տու­թեանց եւ պատ­մա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ա­ռա­ջին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1877ին լոյս տե­սած ա­նոր «Անդր­կով­կասն ու Ա­րա­րա­տը» աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, որ տա­րա­ծաշրջա­նի պատ­մու­թեան ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւոր­ման մէջ՝ յա­տուկ կեդ­րո­նա­ցու­մով գնա­հա­տու­մը կա­տա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան գրա­ւած տե­ղին ու ար­ժէ­քին։

Պ­րայս ի սկզբա­նէ նպա­տակ չէ ու­նե­ցած գիր­քի վե­րա­ծե­լու իր նո­թագ­րութւն­նե­րը, սա­կայն հե­տա­գա­յին եր­կու հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով տպագ­րած է գիր­քը։ Ա­ռա­ջին պատ­ճա­ռը 1877-1878 թո­ւա­կան­նե­րու ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազմն էր, իսկ երկ­րորդ պատ­ճա­ռը՝ նոյ­նինքն Ա­րա­րատ լեռն էր, ո­րի մա­սին լսել էին բո­լո­րը, սա­կայն շատ քիչ բան էր գրո­ւած ա­նոր ար­դի վի­ճա­կին մա­սին։

1880 թո­ւա­կա­նին Պ­րայս նոր ճամ­բոր­դու­թիւն կա­տա­րեց դէ­պի ­Հա­յաս­տան, այ­ցե­լեց նաեւ Զ­միւռ­նիա ու ­Կոնս­տանդ­նու­պո­լիս (հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Մա­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի եւ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեա­նի հետ)։
1893ին ­Լոն­տո­նի մէջ ան հիմ­նադ­րեց Անգ­լօ-­Հայ­կա­կան Ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Իսկ 1894ի հա­մի­տեան ջար­դե­րու ժա­մա­նակ, Պ­րայս հան­դէս ե­կաւ հա­յանպաստ յօ­դո­ւած­նե­րով անգ­լիա­կան եւ ա­մե­րի­կեան մա­մու­լի է­ջե­րուն։

Պ­րայս ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ Անգ­լիա­յի մէջ ար­ձա­գան­գեց հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ 1915 թո­ւա­կա­նին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ բրի­տա­նա­կան-հայ­կա­կան ­Կար­միր ­Խա­չի եւ ­Գաղ­թա­կան­նե­րու ­Հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման։

1916ին Պ­րայ­սի խմբագ­րու­թեամբ եւ ըն­դար­ձակ աոա­ջա­բա­նով ­Լոն­տո­նի մէջ լոյս տե­սաւ «­Հա­յե­րու վի­ճա­կը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ, 1915-1916» խո­րագ­րով փաս­տա­թուղ­թե­րու ժո­ղո­վա­ծուն («­Կա­պոյտ ­Գիր­քը»), ուր զե­տե­ղո­ւած են բազ­մա­թիւ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­ներ եւ վկա­յու­թիւն­ներ հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րուն եւ տե­ղա­հա­նու­թեանց վե­րա­բերեալ՝ մեր­կաց­նե­լով Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քե­րու ազ­գայ­նա­մոլ, հա­յաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

­Հա­յե­րու պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րէն Պ­րայս յա­ճախ հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րով։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս 1920 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ իր ար­տա­սա­նած ճա­ռով՝ Պ­րայս մե­ղադ­րեց քե­մա­լա­կան­նե­րը՝ ­Կի­լի­կիոյ հա­յե­րուն հա­լա­ծե­լու եւ երկ­րորդ ան­գամ կո­տո­րե­լու եւ տե­ղա­հա­նե­լու հա­մար՝ միա­ժա­մա­նակ քննա­դա­տե­լով Բ­րի­տա­նիոյ յետ-պա­տե­րազ­մեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին մէջ։

­Սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է հայ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ՝ ինչ­պէս Ար­շակ ­Չո­պա­նեան եւ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա։

­Պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան փայ­լուն գոր­ծիչ էր ­Ճէյմս Պ­րայս, ա­տե­նի Բ­րի­տա­նա­կան ­Կայս­րու­թեան Ա­զա­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան հա­ւա­տա­րիմ ան­դամ մը, որ 1880ին ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր՝ Ա­զա­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ցու­ցա­կով։ ­Մին­չեւ 1907, Պ­րայս շա­րու­նա­կեց իր ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը խորհրդա­րա­նին՝ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան մէջ եւս պաշ­տօն­ներ ստանձ­նե­լով։

­Յատ­կա­պէս Կ­լատս­թո­նի վար­չա­պե­տու­թեան օ­րով՝ ­Ճէյմս Պ­րայս հա­սաւ մին­չեւ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին։ ­Վա­րեց նաեւ դես­պա­նու­թեան պաշ­տօն­ներ։ 1907ին ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մօտ Բ­րի­տա­նիոյ դես­պան եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ 1913՝ անգ­լե­ւա­մե­րի­կեան եր­կա­րա­մեայ բա­րե­կա­մու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­մուր հի­մե­րը դնե­լով։

­Նոյն շրջա­նին, տաս­նա­մեակ­նե­րու իր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, Պ­րայս ար­ժա­նա­ցաւ Է­դո­ւըրտ 7րդ ­թա­գա­ւո­րի Ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ­Կար­գին՝ ­Լոր­տի տիտ­ղոս ստա­նա­լով եւ 1913ին ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին ան­դամ ընտ­րո­ւե­լով։

Երբ սկսաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, բրի­տա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Պ­րայ­սի յանձ­նա­րա­րեց ­Պել­ճի­քա­յի մէջ գեր­մա­նա­կան կայ­սե­րա­կան բա­նա­կին գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն մա­սին պե­տա­կան տե­ղե­կագ­րի մը պատ­րաս­տու­թիւ­նը, որ 1915ին լոյս տե­սաւ «Պ­րայ­սի ­Զե­կոյց» ա­նու­նով։

Իր այդ դիր­քէն եւ մի­ջազ­գա­յին մեծ վար­կի ար­ժա­նա­ցած եւ յար­գանք վա­յե­լող պե­տա­կան գոր­ծի­չի, ի­րա­ւա­գէ­տի եւ պատ­մա­բա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ՝ 1915ի ­Յու­լի­սին, Պ­րայս ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ ու­նե­ցաւ պատ­մա­կան իր ե­լոյ­թը՝ ա­հա­զանգ հնչեցնե­լով թրքա­կան պե­տու­թեան ի գործ դրած հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին դէմ։

Բ­րի­տա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յանձ­նա­րա­րեց Պ­րայ­սի, որ ե­րի­տա­սարդ պատ­մա­բան Ար­նոլտ ­Թոյն­պիի գոր­ծակ­ցու­թեամբ ման­րա­մասն տե­ղե­կա­գիր մը պատ­րաս­տեն հա­յե­րու դէմ գոր­ծո­ւած թրքա­կան ջար­դե­րուն մա­սին։ Պ­րայս-­Թոյն­պի եր­կեա­կի այդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ «­Կա­պոյտ ­Գիր­քը»։

Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Պ­րայս նշա­նակո­ւե­ցաւ ­Լա ­Հէ­յի ­Մի­ջազ­գա­յին Ա­տեա­նի ան­դամ, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ստեղծ­ման մէջ, բայց յատ­կա­պէս Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­խա­ձեռ­նած խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ջերմօրէն պաշտ­պա­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատմամբ ար­դա­րու­թիւն գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

­Հա­կիրճ եւ խո­րագ­րա­յին յի­շա­տա­կում­նե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ այս­պի­սի՛ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ 1838ի այս օ­րը, ­Մա­յիս 10ին ­Պել­ֆասթ ծնած բրի­տա­նա­ցի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը, ո­րուն դեր­կոմս ­Ճէյմս Պ­րայս ա­նու­նը, ներ­հուն պատ­մա­բա­նի եւ ի­րա­ւա­գէ­տի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ, կը խորհր­դան­շէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կամն ու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի պաշտ­պա­նը, որ վկա­յեց ի մի­ջի այ­լոց.-
«- ­Ջար­դե­րը հե­տե­ւանք էին այն քա­ղա­քա­կա­նութեան, ո­րուն որ­քան կա­րե­լի է պար­զել, ո­րոշ մէկ փու­լի կը հե­տե­ւէր թրքա­կան կայս­րու­թեան մէջ ներ­կա­յիս իշ­խա­նու­թեան գլուխ կանգ­նած անսկզ­բունք բախ­տախն­դիր­նե­րու ա­ւա­զա­կա­խում­բը։

Ա­նոնք կ­՚երկմ­տէին ի­րա­գոր­ծե­լու այդ ո­ճի­րը, մին­չեւ որ ըստ ա­նոնց հա­սաւ յար­մար պա­հը, եւ այդ պա­հը Ապ­րիլ ա­միսն էր»:
«- ­Կը ցա­ւիմ, որ այդ­պի­սի տե­ղե­կու­թիւ­նը ինձ հա­սաւ շատ ժա­մեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը՝ ­Մա­յի­սէն աս­դին ոչն­չա­ցո­ւած­նե­րու հնա­րա­ւոր թիւն է...»։ (­Լոր­տե­րու ­Պա­լատ, ­Հան­սարտ, 5րդ ­ժո­ղո­վա­ծու, հա­տոր XIX, 6 ­Հոկ­տեմ­բեր 1915)

Ն.