Մայիս ամսու առաջին օրերը, 96 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ եւ ազգային-քաղաքական տարողութեամբ ծանր ու դաժան, տագնապալի եւ դառնագոյն օրեր եղան Հայաստանի ու հայութեան համար։
1-5 Մայիս 1920ի օրերուն ծաւալած «Մայիսեան խռովութիւններ»ը հանդիսացան գործադրութեան առաջին փուլը Լենինի եւ Քեմալի միասնական ճիգերով պատրաստուած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տապալելու եւ կործանելու դաւադիր ծրագրին։
Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին յանկարծ «խորհրդային» դարձած Ատրպէյճանի «պոլշեւիկ» իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին Հ.Հ. վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Կարմիր Բանակի զինուորներու մուտքին առջեւ։
Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական-պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր Խատիսեանի կառավարութեան պատասխանին։
Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պիտի չլքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ ամէն գնով պիտի պաշտպանէր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։
Բայց նաեւ դաժան ու դառն իրողութիւն էր, որ Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստանի դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով յայտարարուած էր Հայաստանի ուղղուած անձնատուութեան վերջնագիրը…
Հայաստանն ու հայութիւնը կրնայի՞ն արհամարհել Ռուսական... վերջնագիրը։
Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին՝ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին...
Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը անշուշտ անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը եւ ցուցադրականօրէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ Խորհրդային Ատրպէյճանի կողմէ հնչած վերջնագիրին առջեւ, ապա՝ համոզում եւ յոյս կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստանը ի վերջոյ ընթացք չի տար ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն էին եւ ապարդիւն անցան, բնականաբա՛ր։
Թէեւ Հայաստանի օրուան կառավարութիւնը կ’անդրադառնար, որ Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան Ռուսաստանի միջեւ ընդդէմ Դաշնակիցներուն զինակցութիւն կնքելու գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային, բայց ստուգապէս դեռ բացայայտուած չէին ծալքերն ու տարողութիւնը այդ դաւադիր «գործարք»ին...
Ստոյգ էր սակայն եւ արդէն փաստացի իրողութիւն, որ մուսաւաթական Ատրպէյճանը մէկ գիշերուան մէջ, Ապրիլ 28-29ին, որոշեց Կարմիր համազգեստ հագնիլ եւ խորհրդային իշխանութեան դրօշ պարզել, որպէսզի Կարմիր Բանակի անդրկովկասեան զօրքերուն միանալով՝ ամբողջ թափով Հայաստանի վրայով արշաւէ՝ Թուրքիոյ հետ միանալու ուղղութեամբ։
Անորոշն ու անստոյգը Լենինեան Ռուսաստանի քաղաքական հաշիւներն էին։ Պարզ էր, որ խորհրդային իշխանութիւնը ամէն գնով վճռած էր... վերատիրանալ Ցարական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներուն։ Յատկապէս Պաքուն, իր նաւթահորերով, «անփոխարինելի» կը նկատուէր Լենինի եւ անոր գործնկերներուն աչքին։ Այդ դիտանկիւնէն հասկնալի էր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը իր կենսական խնդիրներէն մէկը կը լուծէր Ատրպէյճանի... «խորհրդայնացումով»։ Բայց հասկնալի չէր, թէ Կարմիր Ռուսաստանը ինչպէ՞ս կրնար չտեսնել, թէ թուրքեւատրպէյճանեան երկեակին հռչակած «խորհրդայնացում»ը կեղծ էր եւ ըստ ամենայնի կը ծառայէր Հայաստանի վրայով համաթրքական միութիւնը իրագործելու հաշիւներուն...
Հասկնալի չէր, աւելիո՛վ, Խորհրդային Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերուն ուղղակի զինակցութիւնը Կարմիր համազգեստ հագած թուրքեւատրպէյճանեան զօրայիններուն հետ... Մանաւանդ որ միացեալ գրոհի ձեռնարկելով Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն՝ Կարմիր Բանակն ու անոր զօրքերը համալրած համաթրքական շարժման «կարմիր» դարձած զինուորները վերջնագիր յղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան, պահանջելով որ երեք օրէն Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան կամուրջը յանձնեն... «խորհրդայիններուն»։
Այսպէ՛ս. Ատրպէյճանի Ապրիլ 28ի խորհրդայնացումով՝ Հայաստան յայտնուեցաւ երկու կրակի մէջ.- Մէկ կողմէ Հայաստան կը դիմագրաւէր համաթրքական գրոհը՝ թուրքեւազերի միութեան ծրագրի գործադրութեան թափ տալով։ Իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստան անձկութեամբ կը հետեւէր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ռազմական քայլերուն, որոնք կը սպառնային ազատ ու անկախ Հայաստանի գոյութեան՝ Անդրկովկասը ամբողջապէս վերստին խորհրդային մականի տակ առնելու նպատակով։
Մինչ Հայաստանի արեւելքէն ատրպէյճանական կարմիր բանակայինները (որոնց հրամանատարութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկոյեանի օրինակով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, եւ մինչ հիւսիսէն ռուս ու վրացի պոլշեւիկները Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց ծրագիրը յաջողցնելու դաւեր կ’որոճային, յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու Մայիս Մէկի խռովութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետական կարգերու տապալման եւ պետական բռնաշրջումի կոչերով։
Թէեւ փոքրաթիւ էին հայ պոլշեւիկները եւ չունէին ժողովրդային ծաւալ ստանալու որեւէ յոյս ու հեռանկար, բայց անոնց խռովարարութեանց առաջացուցած խառնաշփոթին մէջ մեծ էր վտանգը ոչ-հայ փոքրամասնութեանց հակապետական ըմբոստացման՝ ապաւինելով Քեմալ-Լենին արտաքին զօրակցութեան։
Մայիս 3ին գումարուած Հայաստանի խորհրդարանին բուռն նիստը եկաւ աւելիով ծանրացնելու վտանգաւոր այդ կացութիւնը։ Մատի վրայ համրուող ձախակողմեան խորհրդարանականները Ալ. Խատիսեանի կառավարութենէն պահանջեցին, որ շուտափոյթ ընդառաջէ պոլշեւիկներու անձնատուութեան պահանջներուն եւ վերջնագիրներուն՝ առաջին հերթին «հասկացողութիւն» ցուցաբերելով Ալեքսանդրապոլի հակապետական ցուցարարներուն նկատմամբ։ Իսկ աջակողմեան (Ժողովրդական) եւ անկուսակցական պատգամաւորները ընդհանրապէս անճրկած էին եւ ի վիճակի չէին ստանձնելու վճռական քայլի դիմելու պատասխանատուութիւնը։
Մինչդեռ ստեղծուած ճգնաժամն ու անելը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ էր ամբողջական՝ միակամ ու վճռական զօրաշարժ։ Մայիս 4ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն արտահերթ ժողով գումարեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրեց պետական եւ կուսակցական իր ղեկավար ուժերը՝ տագնապէն ելքը որոշելու համար։
Անշուշտ դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ եւս կային մտածողներ (ինչպէս նոյնինքն Սիմոն Վրացեան, որ 1920ի Նոյեմբերին պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան), որոնք վերապահ էին «Բիւրօ-Կառավարութիւն» կազմելու քայլին նկատմամբ։
Բայց պահը պատմական ծանրագոյն նշանակութիւն ունէր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու հրամայականը կը շեշտէր։ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս պատրաստ չէին ստանձնելու պոլշեւիկեան խռովութիւնները զսպելու եւ հայկական ներուժը լրիւ, արտաքին վտանգին դէմ, զօրաշարժի մղելու պատասխանատուութիւնը։
Միակ ելքը Ազգի եւ Հայրենիքի առջեւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնումն էր։
Առաջնահերթօրէն հարկ էր վերջ տալ, յատկապէս խորհրդարանական ուժերու մակարդակին վրայ, Մայիս 1920ի առաջին օրերուն առաջացած հայ քաղաքական մտքի եւ կամքի ներքին երկուութեան։ Նախ Մայիս 1ին սկսած խռովութիւնները պէտք է զսպուէին եւ անոնց պատասխանատուները օրէնքի ուժով պատժուէին։ Ապա՝ կտրական Ո՛չ պատասխանը պէտք է տրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը հայ պոլշեւիկներուն յանձնելու վերջնագրին։
Ի վերջոյ Խորհրդային Ռուսաստանը դաւադիր զինակցութեան մէջ մտած էր Քեմալական Թուրքիոյ հետ՝ Հայաստանի հաշւոյն հողեր զիջելով թուրքերուն։
Հայաստանի անկախութեան պահպանման մեծագոյն հրամայականին, փաստօրէն, մահացու հարուած կը հասցնէին խորհրդայիններուն հետ ամէն գնով «լեզու գտնելու» քաղաքականութեան ջատագովները...
Դանակը հասած էր հայ ժողովուրդի ոսկորին եւ, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, բուռն էր պահանջը սերունդներու ծով արեամբ նուաճուած անկախ Հայաստանը ամէն գնով պաշտպանելու եւ կործանումէ փրկելու։
Ահա ա՛յս առումով օրհասական պահ էր Հայաստանի համար եւ Դաշնակցութիւնը արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ ազգային իր պատասխանատուութեան։
Եւ 5 Մայիս 1920ին Դաշնակցութիւնը ստանձնեց Հայաստանի կառավարման լրիւ պատասխանատուութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն փաստօրէն ստիպուեցաւ իր լրիւ կազմով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ եօթը հոգինոց կառավարութիւն մը առաջացնելով։
Բիւրօ-Կառավարութիւնը մինչեւ Մայիսի կէսը ամբողջապէս հակակշռի տակ առաւ կացութիւնը։
Ալեքսանդրապոլի խռովարարները ծանրագոյն պատիժի ենթարկուեցան։ Հայ պոլշեւիկները, իբրեւ հայրենիքի դաւաճաններ ու հակապետական տարրեր, կա՛մ կախաղան հանուեցան, կա՛մ փախուստ տալով Վրաստան ու Ատրպէյճան ապաստանեցան։
Իսկ Հայոց Բանակը իր ամբողջ թափով լծուեցաւ Զանգեզուրի պաշտպանութեան՝ կարմիր-ազերի բանակայիններու գրոհը դիմագրաւելու զօրաշարժին։
Բիւրօ-Կառավարութիւնը միաժամանակ լարուած աշխատանքի անցաւ Կարմիր Ռուսաստանի հետ հասկացողութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու ճակատին վրայ։ Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ կազմեց բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ քաղաքական անհրաժեշտ վարկը կը վայելէր ռուս պոլշեւիկներու մօտ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած ազգային-քաղաքական բնական դաշնակիցի քաղաքականութիւնը ներկայացնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար։
Եթէ Շանթի պատուիրակութիւնը ի վերջոյ ձախողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ, պատճառները Հայաստանի իշխանութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նոյնինքն Լենին-Քեմալ երկեակի մեծ դաւադրութեան մէջ...
Բիւրօ-Կառավարութիւնը յաջողեցաւ նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան ճակատին վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերելով թուրքեւազերի համաթրքական կողմի եւ Լենին-Քեմալ դաւադիր գործակցութեան պարտադրած... շրջափակումէն։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական մեծ աշխուժութեամբ, Պօղոս-Նուպար փաշայի Ազգային Պատուիրակութեան հետ գործակցաբար, յառաջ մղեց Սեւրի Դաշնագրին մէջ հայկական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն իրաւական նուիրագործումը։
Փաստացի «դիկտատուրա» ըլլալով հանդերձ՝ 5 Մայիս 1920ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-կառավարութիւնը, նոյնպէս փաստօրէն, դրաւ հիմը Հայաստանի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հանրապետութեան ազգային-քաղաքական ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն արեւելումին։
Ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը։
Նաեւ՝ Ռուսաստանի հետ բնական դաշնակիցի ռազմավարութեան վրայ խարսխուած է։
Միաժամանակ՝ Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղաքակրթական ու ժողովրդավարական ընդհանուր եզրերու զարգացման հունով կ’ընթանայ այդ արեւելումը։
Բայց մանաւանդ համաթրքական վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա՛ն այդ արեւելումով, իր բնականոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ դնելով թրքական ցեղասպան պետութիւնը։
Ահա ա՛յս առումով 1920ի Մայիս 1ի խռովութիւնները սեւով ու մուրով ամօթի խարան մըն են հայ քաղաքական մտքի ճակտին։
Հայ պոլշեւիկները սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն։
Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխելու ազգային-պետական առումով ծանրագոյնը՝ հայրենադաւութեան յանցագործութիւնը։
Ն.