Հայ ժողովուրդի 19րդ դարավերջի ազգային¬ազատագրական շարժումը շատ բան պիտի կորսնցնէր գաղափարական իր հրայրքէն եւ ոգեւորիչ շունչէն, եթէ իր առաջնորդներու փաղանգին մէջ ու նոյնինքն յառաջապա՛հ դիրքերուն վրայ չունենար Միքայէլ Վարանդեանի տարողութեամբ գաղափարախօս ու տեսաբան
դրօշակիրը՝ գաղափարի անկե՜ղծ զինուորը, որուն մահուան 82րդ տարելիցը կը լրանայ Ապրիլ 22ի այս օրը։
Գաղափարի հուրով համակուած էր Վարանդեանի ողջ էութիւնը եւ անոր գրիչէն լոյս աշխարհ եկած երկերը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրապարակագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլիսոփայութիւն թէ ընկերաբանութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղաքական բանավէճ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղափարական հրաբուխի ժայթք էին. իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրակով՝ Վարանդեանի գրութիւնները կը կլանէին, կþոգեւորէին ու պայքարի կը մղէին ընթերցողը։
Միքայէլ Յովհաննիսեան՝ աւազանի անունով, ան ծնած էր 1872ին, Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը։ Ծննդավայրի ներշնչումով ալ, հետագային, ան որդեգրեց Վարանդեան գրչանունը, որ փաստօրէն նաեւ իսկական ազգանուն դարձաւ։ (Վարանդեանի ծննդեան ճշգրիտ թուականին շուրջ տարակարծիք են կենսագիրները. ոմանք կ'ընդունին 1873ը, իսկ ուրիշներ՝ 1874ը)։
Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Շուշիի ռէալական վարժարանին մէջ։ Այդ ժամանակներուն Շուշի կը հանդիսանար գաղափարական կազմաւորման հիմնական հնոց մը՝ հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական պայքարով տոգորուած, ինչպէս նաեւ ռուսական թէ եւրոպական յեղափոխական շարժումներու յառաջդիմական գաղափարներով խանդավառ նորահաս սերունդին համար։
Վարանդեան աշակերտական տարիներէն փարեցաւ Երկրի հայութեան ազգային ազատագրումի դատին եւ, գաղափարապաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առաքելութեան վերածեց հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը, հունաւորումը եւ ժողովրդականացումը։
Այդ ներշնչումով եւ ուղղութեամբ 1880ականներու վերջերուն գրուած իր առաջին յօդուածները Վարանդեան լոյս ընծայեց ժամանակի հայկական ազատախոհ մամուլին՝ Արասխանեանի «Մուրճ»ին եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ին էջերուն, EGO ստորագրութեամբ։
Շուշիի ռէալականը աւարտելէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծահարուստ Արամեանցի նիւթական հովանաւորութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնեցաւ Զուիցերիա, Ժընեւի համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսանողական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցն ու մղիչ ուժը։ Չբաւարարուեցաւ Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութեանց անուանի դասախօսներու դասընթացքներուն հետեւելով։ Նաեւ՝ Գերմանիոյ համալսարաններուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւեցաւ գերմանացի մեծանուն փիլիսոփաներու եւ ընկերաբաններու դասախօսութեանց ու դասաւանդութեանց։
Եւրոպայի մէջ ընկերվարական մտքի ու քաղաքական շարժման զարթօնքի տարիներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ սերտ կապեր հաստատեց անոնց մեծ մասին հետ։
Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի իր դաշնակցական ուղին։
Միքայէլ Վարանդեանի կեանքին շրջադարձային պահը եղաւ 1892ին Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմի Ժընեւ ժամանումը՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործը կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Ռոստոմ Վարանդեանի մէջ գտաւ գաղափարապաշտ ու տեսականօրէն լաւագոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճակի էր ի կատար ածելու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգային¬յեղափոխական առաջադրանքներուն գաղափարաբանական հիմնաւորումին եւ քարոզչութեան զգայուն գործը։ Իսկ Վարանդեան Ռոստոմի մէջ գտաւ յեղափոխական կենդանի պայքարի ու կազմակերպական գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհայեացքով եւ ընկերային արդարութեան պաշտամունքով այնքան հոգեհարազատ էր իրեն։
Իր ուսման զուգահեռ՝ Վարանդեան տենդագին փարեցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործին, իբրեւ Ռոստոմի աջ բազուկը։ Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր համարին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համարին մէջ տարբեր բաժիններով աշխատակցութիւն բերաւ։
Գրեց խմբագրական եւ առաջնորդող յօդուած։ Բանավէճի մէջ մտաւ հայկական յեղափոխութիւնը մրոտելու ելած աջի թէ ձախի գաղափարախօսներուն հետ։
Բանաստեղծի յուզական շունչով եւ փիլիսոփայի խոհուն վերլուծութեամբ՝ ներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։
Մամուլի տեսութիւններով՝ մնայուն լուսարձակի տակ պահեց եւրոպական ազատախոհ մամուլի հայանպաստ հրապարակումները։
Բայց նաեւ միշտ ժամանակը գտաւ կամ ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ ե՛ւ յօդուածաշարքի տեսքով լոյս ընծայէ գիտական աշխատասիրութիւններ՝ պատմական, գաղափարաբանական, քաղաքական ե՛ւ հասարակագիտական հարցերու ե՛ւ նորայայտ զարգացումներու վերաբերեալ, ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային¬գաղափարական գիտակցութեան մշակումին եւ հարստացման։
Այսպիսով՝ Վարանդեանի անունը կապուեցաւ «Դրօշակ»ին եւ, պաշտօնաթերթի բազմամեայ խմբագրի վաստակով, նաեւ Դաշնակցութեան տեսաբանն ու գաղափարախօսը, քարոզիչն ու արտասահմանեան լոպիիստը դառնալու լայն ասպարէզին։ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը վարեց, երբեմն նաեւ միանձնեայ, մինչեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթի հրատարակութեան առաջին շրջանի աւարտը, 1914 թուականը։
Մ. Վարանդեան կանոնաւորաբար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին՝ ստանձնելով նախ Հայկական Ազատամարտի արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։ Այդ զոյգ հանգամանքներով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցաւ ֆրանսերէն «Պրօ¬Արմենիա» թերթի հրատարակութիւնը եւ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու գործերուն մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտին բռնկումը խորապէս խոցեց գաղափարաբանական աշխարհը Միքայէլ Վարանդեանի։ Մէկ կողմէ ազգային ճակատի վրայ, համաշխարահային պատերազմը «յարմար» պահը ընձեռեց... իթթիհատական կառավարութեան, որպէսզի հայոց դէմ թրքական պետութեան ծրագրած ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին գործադրութեան ձեռնարկէ։ Իսկ միւս կողմէ՝ եւրոպական ճակատի վրայ, ընկերվարական կուսակցութիւններու միջեւ ազգային պառակտումը խորացնելով, Առաջին Աշխարհամարտը նեղ ազգայնականութեան հողին վրայ իրարու դէմ հանեց գաղափարական միեւնոյն դաւանանքին յարող հոսանքներն ու կուսակցութիւնները։ Անտառի օրէնքին մոլեգնումը եւ հին աշխարհի յառաջապահ ազգերուն միջեւ անոպայ մրցապայքարը ծանրագոյն անդրադարձ ունեցան եւ բառին բուն իմաստով ընկճեցին իտէալիստ Վարանդեանին։
1915ին Վարանդեան անցաւ Կովկաս ու որոշ ժամանակ վարեց Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերադարձաւ Եւրոպա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցեցաւ Պօղոս Նուպար փաշայի Ազգային Պատուիրակութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք՝ նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ։
Վարանդեան նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նեմեսիսի իրականացման աշխատանքներուն, յատկապէս Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումին։
Բայց ծանրօրէն խոցուած էր գաղափարապաշտ Վարանդեանի հոգին, որ բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ ընկերվարական իր գաղափարակիցներու դրսեւորած վարքագծին հետ։ Չկրցաւ տանիլ Հայոց Մեծ Եղեռնին նկատմամբ Եւրոպայի անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ յանուն ընկերվարութեան պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրները, որոնց ծայրայեղ դրսեւորումներէն մէկը եղաւ, Լենին¬Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստանի անկախութեան խորտակումը։
Այդ պատճառով ալ, իր կեանքին վերջին տասնամեակը, Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ։ Անշուշտ շարունակեց գրել, բայց քաղաքական եւ կազմակերպական երբեմնի աշխուժութիւնը չունեցաւ այլեւս։ Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգեհարազատ ու երկարամեայ գործակիցը՝ Աւետիս Ահարոնեան Վարանդեանի նախաձեռնութեամբ դասախօսական ելոյթի համար հրաւիրուեցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուածահար իյնալով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնականապէս փուլ եկաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրիլի 22ին, Վարանդեան սրտի կաթուած ունեցաւ, որ մահացու եղաւ։
Վարանդեան ամբողջ գրականութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։ Թէեւ հիմնական գործերը լոյս տեսան առանձին հատորներով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխատասիրութիւններ եւ հրապարակագրական էջեր, որոնք աւելի ամբողջական կ՛ընծայեն գաղափարական դիմագիծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւորական ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումին ու հունաւորումին, Հայկական Ազատամարտի տարածումին եւ ժողովրդականացումին։
Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկական Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրենիքը եւ մեր դերը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնավարութիւնը եւ միջազգային յեղափոխութիւնը» եւ բազմաթիւ միւս գործերը գաղափարական սնունդի կենսատու աղբիւր եղան իրերայաջորդ սերունդներու համար։
Միքայէլ Վարանդեանով մեր սերունդները ճանչցան ու պաշտեցին հայկական յեղափոխութիւնը եւ անոր մարտունակ առնականութիւնը մարմնաւորող Դաշնակցութիւնը։
Հայկական Ազատամարտի ոգին ու գաղափարական շունչը անմահ պատգամի հնչեղութիւն ստացան Վարանդեանի գրչին տակ.-
«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզ համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ։ Որովհետեւ... այդ հողը ծնուել, պարարտացել է գաղափարով, որ մեր ըմբոստ նահատակների արիւնն է ու նրանց աճիւնները։ Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկական հողը, այլ նա շնչաւորուած է, գաղափարուած։ Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը, մեր նորագոյն ազգայնականութեան անկիւնաքարը»։
Ն.