Ապրիլ 20ի օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ օրհնալի ծնունդը հայկեան հանճարին բանաստեղծական ամէնէն վսեմաշուք ճառագայթումին, որ Դանիէլ Վարուժան անունով անմահացաւ հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ։
1884 թուականի Ապրիլ 20ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն վերապահուած կեանքի ժամանակը։
Թրքական պետութիւնը 1915ի Մեծ Եղեռնի օրերուն բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը հայկեան հանճարին ամէնէն գեղապաշտ ու վեհ քերթողին։
Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։
Եղաւ 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ աքսորի ճանապարհին մահուան ճիրաններուն մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եղերաբախտ փաղանգին գլխաւոր դէմքերէն մէկը։
Նահատակ մեր ցեղի ազգային յիշողութեան մէջ ստեղծագործական մեր արժէքներուն եւ արժանիքներուն վսեմագոյնը խտացնող ադամանդի մեծ քար է Դանիէլ Վարուժան, որ ոչ միայն կը դիմանայ ժամանակի մաշումին, այլ ժամանակի թաւալումին հետ՝ աւելիո՛վ կը փայլփլայ ու կը ճառագայթէ հայոց ոգեղէն հայրենիքի անծայրածիր հորիզոնին վրայ։
Հայկական բանաստեղծութեան քրմապետին ծննդեան տարեդարձը բառին ամէնէն խորունկ իմաստով հաղորդութեան ՊԱՀ է գեղեցիկին ու բարիին, ազնուագոյնին եւ մարդկայնականին հետ։
Դանիէլ Վարուժան իրա՛ւ ու վաւերակա՛ն վկան է եւ յուշարարը հայ ժողովուրդի ազգային բազմադարեան ուղիին՝ հարազատ թարգմանն ու խորասոյզ վերծանողը հանդիսանալով մեր անսանձելի թռիչքներուն եւ արիւնաքամ անկումներուն, մեր ոգեղէն անհասանելի բարձունքներուն եւ ստեղծագործական մեր մշտահոս ակունքներուն, արդար աշխատանքով համայնաբաշխ բարիք արարելու երկնատուր շնորհքին եւ յանուն իրաւունքի ու արդարութեան մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու անպարտելի կամքին։
Աւազանի անունով Դանիէլ Չպուգքեարեան՝ Վարուժան ծնած էր Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։ Մանկութիւնը անցուց հայրենի ծննդավայրի գեղեցիկ բնութեան մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներու թախծոտ ուռիներու օրօրին տակ, ինչպէս հետագային ինք կը նշէ։ Գիշերները մայրը որդուն կը պատմէր պանդխտութեան մէջ գտնուող եւ ընտանիքին օրապահիկ ապահովելու համար պայքարող հօր մասին։ Վարուժանի մանուկ հոգին եւ երեւակայութիւնը խորապէս ցնցուած ու բորբոքած էին թուրք ենիչերիներու մասին անոր լսած ու կարդացած պատմութիւններով։
Տարրական ուսումը Վարուժան ստացած է իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ, իսկ 1896էն ետք՝ Պոլսոյ Սագըղ Աղաջիի Մխիթարեան եւ, ապա, Քաղկեդոնի վարժարաններէն ներս։
Ինչպէս կենսագիրները կը նշեն, Պոլիսը Վարուժանի վրայ ծանր տպաւորութիւն կը գործէ։ Ան կը տեսնէ սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը։ Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ Վարուժանի հայրը, որուն հարազատները՝ երկար ժամանակ փնտռելէ ետք՝ վերջապէս գտած էին բանտի մէջ՝ շղթաներու կապուած։ Տարիներ յետոյ՝ խօսելով այդ յիշողութեանց մասին, Վարուժան պիտի գրէր «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորը, յիշելով՝
Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահիճի։
1902ին Վարուժան կ՚ընդունուի Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ հանճարեղ բանաստեղծին թէ՛ հոգեմտաւոր եւ թէ գրական-գեղարուեստական կազմաւորման ու իբրեւ տաղանդի կատարելագործման մէջ։ Վարուժանին կը գերեն Վերածնունդի դարաշրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց գեղարուեստական բարձրորակ արուեստով եւ մարդն ու բնութեան հրաշքները վերծանող յուզաշխարհով։
Նաեւ՝ ուսանողութեան այդ տարիները Վարուժանի համար եղան համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցները յափշտակութեամբ կարդալու, անոնցմով խանդավառուելու եւ ներշնչուելու, այլեւ այդ ամէնը հայկեան հանճարի ստեղծագործական մեծ ժառանգութեան բովէն անցընելու ինքնամշակման շրջան մը։
Այդօրինակ կազմաւորման խորհուրդը կը խտացնէ Վարուժան հետագային իր արձանագրած այն շեշտադրումին մէջ, ըստ որու՝ իր վրձինը թաթախած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ին եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։
Արդարեւ, Վարուժան առանձնայատուկ յուզականուեամբ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։ Վենետիկեան օրերուն իսկ ան կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները՝ հայ պանդուխտներու կեանքին եւ 1896ի համիտեան ջարդերու թեմաներով։
1905ին Վարուժան կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, ուր կը հետեւի հասարակական եւ քաղաքական գիտութեանց, կ՚ուսումնասիրէ գրականութեան եւ արուեստի դասական թէ ժամանակակից հոսանքները։ Վարուժանի դիմաքանդակը զետեղուած է Կանտի համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին (Ghent University Library - Rozier 9, B-9000 Ghent) մէջ։ Դիմաքանդակին վրայ նշուած են Վարուժանի հետեւեալ խօսքերը.-
Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբ որ երազը կ՚ապրի,
երբ որ երազն անմահ է։
Բարձրագոյն ուսման աւարտին, 1909ին, Վարուժան կը վերադառնայ ծննդավայր։ Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ Սեբաստիայի Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911ին կը տեղափոխուի Եվդոկիայի (Թոքատի) Ազգային Ճեմարանը։ Իսկ 1912ին Վարուժան կը հրաւիրուի Պոլսոյ Բերայի վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով։
Անխոնջ ստեղծագործութեան եւ բեղուն գրիչի կեանք մը ապրեցաւ Վարուժան։ Իր բանաստեղծութիւնները առաջին իսկ քայլերէն լայն ճանաչման արժանացան։ Ան դարձաւ Պոլսահայ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։ Տասը տարուան ընթացքին ան ստեղծագործեց հայ գրականութեան բանաստեղծական փառքը կազմող չորս գլուխ-գործոցներ՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»։ Միաժամանակ գրեց նաեւ հրապարակագրական նոթեր, յօդուածներ. կատարեց թարգմանութիւններ։
1914ին, եղերական իր վախճանէն տարի մը առաջ, վարուժան հանդիսացաւ հինգ հիմնադիրներէն մէկը բոլոր ժամանակներու հայ գրական մեծարժէք ամսագիրին՝ «Մեհեան»ին՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ։ Ամսագրի երրորդ՝ Մարտի համարէն ետք Վարուժան բաժնուեցաւ խումբէն եւ Յ.Ճ. Սիրունիի հետ խմբագրեց «Նաւասարդ» գրական տարեգիրքը, որմէ լոյս տեսաւ միայն առաջին հատորը 1914ին։
1915ին Վարուժան կը շարունակէր իր աշխատանքը «Հացին երգը» գործի ամբողջացման վրայ։ Միաժամանակ կը պատրաստուէր գրելու «Հայկական հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պիտի տեղ գտնէին հին հայկական առասպելներու եւ աւանդութեանց վարուժանեան մշակումները։ Վարուժանի երազն էր ամբողջովին մշակել «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական դիւցազներգութիւնը։ Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին երգը» քերթողական հատորը։ Բայց վրայ հասաւ արիւնալի աղէտը։ Հայոց աշխարհը ներկուեցաւ արիւնով։
Վարուժանի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, իսկ միտքը՝ գանկի մէջ։
Ինչպէս արուեստի ու գրականութեան, այնպէս ալ նահատակութեան մէջ ճակատագիրը իրարու կապեց հայկեան հանճարին ճառագայթող դէմքերէն երկուքը՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Ամիսներ տեւած չարչարանքէ ետք, 1915ի Օգոստոս 26ին, «Ցեղասպան Թուրք»ը մարմնաւորող ոճրագործներ ուղղակի դաշոյններով մորթոտեցին զանոնք։
Հայկեան Հանճարի վսեմաշուք քերթողին ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ հաղորդութեան անմոռանալի պահ մը ստեղծելու կը ծառայէ ընթերցումը «Հացին երգը» վերծանող Վարուժանի «Օրհնութիւն» բանաստեղծութեան.
Ափ մը ցորեան ափերուդ մէջ
Թող լեցնեմ կտրիճ Որդիս,
Կտրիճ Որդիս, գօտի՛ն մէջքիս.
Թող մաճակալ բազուկներէդ
Քսան ցուլի արիւն անցնի,
Եւ եղեւնի քո հասակէդ
Քսան տունի սիւնը կանգնի.
Ու երբ թիւովը մատերուդ
Սերմանես քու սերմնըցուն՝
Հնձես թիւո՜վն աստղերուն:
Ափ մը ցորեան գլուխդ ի վար
Թող որ թափեմ, թոռնի՛կ սիրուած,
Թոռնիկ սիրուած, ցո՛ւպս ծաղկած.
Թող ճակատիդ վրայ գրուի
Հարիւր սաղմոս իմաստութեան,
Եւ ուսերուդ վրայ դրուի
Տապանակը ըզգաստութեան.
Ու երբ հօտիդ օր մ՚այցելես՝
Թող քու ափիդ գարիին
Հազար ոչխա՜ր երկարին:
Ափ մը ցորեան մազերուդ մէջ
Թող որ տեղամ, վա՛րդ թոռնուհիս,
Վարդ թոռնուհիս, պսա՛կ շիրմիս.
Թող այտերուդ վրայ շողան
Ամէն գարուն նո՛ր կակաչներ,
Եւ աչքերուդ մէջը լողան
Ամէն ամառ նո՛ր ճաճանչներ.
Ու երբ տնկես ճիւղ մ՚ուռիի՝
Ամէն ապրիլ դուն տեսնես
Իր շուքին տակ կանա՜նչ քեզ:
Ափ մը ցորեան ծոցերուդ մէջ
Թող որ ցանեմ, Հա՛րսս աղուոր,
Հարսս աղուոր, սէ՜րս հեռաւոր.
Թող անկողնիդ ակօսին մէջ
Հասկ մը ծլի՝ լման շարքով,
Եւ օրօրած օրոցքիդ մէջ
Արշալոյսնե՜ր ննջեն փառքով,
Ու երբ կթես քառսուն երինջ՝
Դոյլերուդ մէջ մակրդի
Կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի:
Ափ մը ցորեան, ափ մը ցորեան,
Ա՜յ իմ պառաւ, ա՜յ իմ Աննա,
Մեր գլխուն ալ թող որ տեղայ.-
Թող չսառի՜ արեւն աշնան
Մեր մազերուն ձիւներուն մէջ,
Չմարի՜ մեր մոմն իրիկուան
Ժամուն մարմար սիւներուն մէջ.
Ու երբ դրուինք ա՛լ գերեզման՝
Մեր ներքեւը հո՛ղը, Աննա՛,
Քիչ մը կակո՜ւղ թող ըլլայ:
Ն.