Print
Category: Յուշատետր

altՀայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­չար­չար կեան­քին ու ար­հաւ­րա­լից պատ­մու­թեան էա­պէս սփո­փա­րար պա­հե­րէն մէ­կը կը խորհր­դան­շէ 1922 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ Ապ­րի­լի 17ը, երբ ­Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ ար­դա­րա­դատ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցան, նոյն տե­ղը եւ

միա­ժա­մա­նակ, ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն եր­կու­քը՝ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիրն ու ­Ճե­մալ Ազ­մին։

­Յատ­կա­պէս բժիշկ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր ոչ միայն գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր ­Հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու նպա­տա­կով Իթ­թի­հա­տի կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան», այ­լեւ՝ մտայ­ղա­ցողն էր հայ նո­րա­ծին­նե­րը բնաջն­ջե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան «գիւտ»ին, ո­րու կի­րարկ­ման ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր ե­ղա­նակ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ բազ­մա­հա­զար հայ մա­նուկ­ներ Տ­րա­պի­զո­նի բա­ցե­րը՝ ­Սեւ ­Ծով թա­փե­լու եւ խեղ­դա­մահ սպան­նե­լու ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Իսկ ­Ճե­մալ Ազ­մի, որ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վար մարմ­նի ան­դամ էր եւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ ընդ­հա­նուր կու­սա­կալն էր Տ­րա­պի­զո­նի, ան­ձամբ նա­խա­ձեռ­նեց եւ հսկեց ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի յղա­ցած հայ մա­նուկ­նե­րու ծո­վա­մոյն բնաջնջ­ման ո­ճի­րին գոր­ծադ­րու­թեան։

­Դաշ­նակ­ցա­կան եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Ա­րամ Եր­կա­նեան եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան միաս­նա­բար գոր­ծադ­րե­ցին թուրք եր­կու ջար­դա­րար­նե­րուն ա­հա­բե­կու­մը, որ մաս կը կազ­մէր ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 9րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին (գու­մա­րո­ւած Ե­րե­ւան, 1919ին) ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեանց շար­քին։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը, ա­ռա­ջին հեր­թին, հայ ժո­ղո­վուր­դի բիւ­րա­ւոր «նա­հա­տակ­նե­րուն կտակն էր» ան­շո՛ւշտ, ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան պի­տի ընդգ­ծէր՝ իր յու­շե­րը հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նե­լով։

­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­յա­ցու­ցած «­Նե­մե­սիս»ի ո­րո­շու­մը նաեւ քա­ղա­քա­կան քայլ էր, ո­րով­հե­տեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած ­Պոլ­սոյ ­Պա­տե­րազ­մա­կան Ա­տեա­նը, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ի բա­ցա­կա­յու­թեան դա­տե­լով եւ ա­նոնց դէմ մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ ար­ձա­կե­լով հան­դերձ, եր­բեք քա­ղա­քա­կան կամ­քը չցու­ցա­բե­րեց ար­դա­րու­թիւ­նը գոր­ծադ­րե­լու։ Իսկ յան­ցա­պարտ­նե­րը ի­րենք փա­խուստ տո­ւին ­Պո­լի­սէն, ա­նուն եւ հաս­ցէ փո­խե­լով ու ան­յայ­տա­նա­լով։

­Հայ ժո­ղո­վուրդն ու ա­նոր մար­տու­նակ կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չէին կրնար այդ­պէս ան­պա­տիժ ձգել ­Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թուրք ե­ղեռ­նա­գործ­նե­րը։

«­Նե­մե­սիս»ի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, սա­կայն, ան­մի­ջա­պէս չսկսաւ։ ­Նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կ­’ապ­րէր ոտ­քի կանգ­նե­լու դժո­ւա­րին ժա­մա­նա­կը։ ­Հիւ­սի­սէն պոլ­շե­ւիկ­նե­րը եւ ա­րե­ւմուտքէն քե­մա­լա­կան­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րեն յա­տուկ հաշուարկ­նե­րով, նոր դա­ւեր կը նիւ­թէր ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, իբ­րեւ ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման ա­ռա­ջա­տար ու­ժը եւ նո­րաս­տեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան փաս­տա­ցի իշ­խա­նու­թիւ­նը, վե­րապ­րող հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման կռո­ւան­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ մար­տահ­րա­ւէ­րը կը դի­մագ­րա­ւէր։

Ո­րո­շու­մէն տա­րի մը ետք միայն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծադ­րու­թեան։
­Նաեւ՝ «­Նե­մե­սիս»ի ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը չե­ղաւ Պ. ­Շա­քի­րի եւ Ճ. Ազ­միի ա­հա­բե­կու­մը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ե­ղաւ վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս որ «­Նիւ Եորք ­Թայմզ»ի 19 Ապ­րիլ 1922ի հա­մա­րով լոյս տե­սած ա­հա­բեկ­ման թղթակ­ցու­թիւ­նը կ­’ընդգ­ծէ, մե­ծա­պե­տա­կան հե­տա­խու­զա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը ար­դէն սկսած էին կռա­հել, որ «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը վե­րահս­կո­ւէին Մ. ­Նա­հանգ­նե­րէն գոր­ծող... կեդ­րո­նի մը կող­մէ։

­Փաս­տօ­րէն «­Նե­մե­սիս»ի ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցաւ 15 ­Մարտ 1921ին, ­Պեր­լի­նի մէջ, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ձե­ռամբ։ Ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ ու ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շան։ Իսկ 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի մէջ, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի կող­մէ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­պետ ­Սա­յիտ ­Հե­լիմ փա­շան։

17 Ապ­րիլ 1922ին էր, որ կար­գը հա­սաւ ­Մեծ ե­ղեռ­նի «գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ» ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի եւ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յոց սպան­դը ան­ձամբ գլխա­ւո­րած կու­սա­կալ ­Ճե­մալ Ազ­միի։

«­Նե­մե­սիս»ի 17 Ապ­րիլ 1922ի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­մէ­նէն յան­դուգն էր։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ միա­ժա­մա­նակ եր­կու թի­րա­խի դէմ կ­’ուղ­ղո­ւէր՝ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, նաեւ, որ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր եւ ­Ճե­մալ Ազ­մի ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու մեծ խում­բով բա­նուկ փո­ղո­ցէ մը կ­’անց­նէին ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան պա­հուն։ Այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ այն պատ­ճա­ռով, որ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք ­Պեր­լի­նը դժո­ւար «հա­սա­նե­լի» դաշտ դար­ձած էր ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց հա­մար։

­Բայց Ար­մէն ­Գա­րո­յի, ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի, Գ­րի­գոր ­Մեր­ճա­նո­ֆի, Հ­րաչ ­Փա­փա­զեա­նի, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի եւ գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից դաշ­նակ­ցա­կան միւս գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ան­յաղ­թա­հա­րե­լի բան չկար։

­Մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը տրո­ւած էր եւ «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծո­ղու­թեանց շղթա­յին այս օ­ղակն ալ պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւէր։ Եւ յան­դուգն ա­հա­բե­կու­մը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ՝ հա­կա­ռակ խան­գա­րող պա­րա­գա­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­մին (յատ­կա­պէս՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի պա­տա­հա­կան սայ­թա­քու­մով գե­տին իյ­նա­լուն, թուր­քե­րու խում­բին մէջ գտնո­ւող ­Թա­լէա­թի այ­րիին կող­մէ գե­տին ին­կած ­Շի­րա­կեա­նի ատր­ճա­նա­կը վերց­նե­լու ա­պար­դիւն ճի­գին ե­ւայլն)։

­Պէտք է կար­դալ ե՛ւ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի «Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք», ե՛ւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի «Կ­տակն էր նա­հա­տակ­նե­րուն» յու­շե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան հա­տո­ւած­նե­րը, խո­րա­չա­փե­լու հա­մար տա­րո­ղու­թիւ­նը թէ՛ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կած յանդգ­նու­թեան, թէ՛ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ան­պար­տե­լի դարձ­նող ար­դա­րա­հա­տուց­ման գա­ղա­փա­րա­կան ներ­քին կրա­կին։
­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր եւ ճե­մալ Ազ­մի տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցան։
­Զոյգ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրցան փա­խուստ տալ եւ ի­րենց հետ­քը թաքց­նել հե­տապն­դող­նե­րէն։

Ա­հա «Այս­պէ՛ս Ս­պան­նե­ցինք» եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով թուրք հա­յաս­պան­նե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու «­Նեմ­սիս»ի հա­տու հա­րո­ւա­ծը, որ ըստ ա­մե­նայ­նի «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն», հայ ժո­ղո­վուր­դի մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ զո­հե­րուն։

Եւ ո՛ւր ալ գտնո­ւին եւ ի՛նչ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ալ ապ­րին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րապ­րող զա­ւակ­նե­րը ազ­գա­յին ի­րենց յի­շո­ղու­թիւ­նը կը վե­րա­թար­մաց­նեն եւ ա­պա­գա­յի ուղ­ղու­թեամբ յաղ­թա­քայլ կ­՚ա­ռա­ջա­նան՝ ներշնչ­ման ու ո­գե­ւոր­ման աղ­բիւր ու­նե­նա­լով «­Նե­մե­սիս»ի ար­դա­րա­հա­տոյց հա­րո­ւած­նե­րը։

Ն.