Print
Category: Յուշատետր

Երէկ՝ 4 Դեկտեմբերին, լրացաւ 129ամեակը Կարնոյ հայութեան մեծ ցոյցին՝ ընդդէմ թրքական լուծին ու բռնակալ եաթաղանին։
4 Դեկտեմբերին, 1882 թուին, բախտորոշ դարձակէտ մը արձանագրուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման բազմադարեան պատմութեան մէջ։


Այսպիսի՛ օր մը, 129 տարի առաջ, «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» եւ «թունդ-թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն»...
19րդ դարավերջի Հայկական Յեղափոխութեան գաղափարական խարոյկը բոցավառող կայծը բռնկեցաւ 1882ի Դեկտեմբեր 4ին, երբ Կարնոյ մէջ հայ երիտասարդութիւնը ըմբոստացաւ սուլթանի բռնակալութեան դէմ եւ Հայոց Ազատամարտին շղթայազերծման ազդանշանը տուաւ իր մեծ ցոյցով։
Կարնոյ 1882ի մեծ ցոյցը ներշնչման վարար աղբիւր դարձաւ ազատատենչ հայութեան համար։ Հայ աշուղներն ու մեր ժողովուրդը սերունդներ ոգեշնչող երգի ու պատգամի վերածեցին Ձայնը՝ որ հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն։

Ձայն մը հնչեց Էրզրումի Հայոց լեռներէն,
Թունդ թունդ ելան Հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն:

Հայ գիւղացին դարուց ի վեր սուր զէնք չէր տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղ առած:

Քնքոյշ կեանքը ծանր է թւում հայ օրիորդին,
Զէնքը ձեռին յորդորում է Հայոց քաջերին:

Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնոյն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ՝ ստանալ:

Հայ ծերուկը ցուպը ձեռին լալով խնդրում է,
Հայրենիքի ազատութիւն տեսնել ու մեռնիլ:

Անմիութիւն տունը քանդող հայոց խեղճ ազգին,
Հրաժարեցաւ, տեղի տուաւ միութեան ձայնին:

Լսեց թուրքը ու սառեցաւ արիւնը վատին,
Չէր երազել Հային տեսնել նա այդ վիճակին:

Ուրախացաւ Մայր Հայաստան, ելաւ կանգնեցաւ,
Հինգ դարերի սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ:

Հոն կանգնեցաւ սուրբ դրօշակ արիւնով ներկուած,
Անոր վրայ Ազատութիւն կամ Մահ էր գրուած։


Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած Ձայնը միս ու ոսկոր կազմող իր մարտունակ մարմնաւորումը ստացաւ Կարնոյ «Պաշտպան Հայրենեաց» կազմակերպութեան ստեղծումով։ Եւ յատկապէս «Պաշտպան Հայրենեաց» կազմակերպութեան ընձեռած՝ բուն Երկրի մէջ գործող ազատագրական պայքարի կռուանին վրայ Քրիստափոր ու Զաւարեան յղացան Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը կեանքի կոչելու գաղափարը։
Այդ առումով՝ Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121ամեակի ոգեկոչման այս օրերուն, առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ Կարնոյ մեծ ցոյցին 128ամեակին զուգահեռ նշումը, որովհետեւ «Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած ձայնը» ոչ միայն իր հատու արձագանգը գտաւ, այլեւ նոյնացաւ Դաշնակցութեան հետ՝ իբրեւ հայոց սերունդները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան  պաքարին կապող գաղափարական մեծ Ուխտ։
Կարին միջնաբերդ քաղաքը 19րդ դարու հայոց պատմութեան բախտորոշ թռիչքներու եւ վերիվայրումներու բնօրրանը հանդիսացաւ։ Յաջորդաբար 1820ական, 1850ական եւ 1870ական թուականներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմներով Մեծ Հայքի եւ Արեւմտահայաստանը ապագան կը վճռուէր, Էրզրումը կամ Կարինը գլխաւոր կռուախնձորը դարձաւ Արեւելքի այդ ատենի երկու հզօր կայսրութեանց մրցապայքարին։ Ռուսական զօրքին հետ ռազմի դաշտ նետուած հայ կամաւորականները, քանի ու քանի անգամ, ազատագրեցին հայկական այս հինաւուրց օճախը թրքական լուծէն, հազիւ գործի վերածեցին Կարինը հայօրէն շէնշող մայրաքաղաք մը դարձնելու իրենց առաջադրանքը, բայց չկրցան երկար վայելել իրենց արեամբ նուաճուած յաղթանակին պտուղը, որովհետեւ ռուսը վերստին թուրքին զիջեցաւ մեր հողը եւ Կարնոյ հայութիւնը դարձեալ ենթարկուեցաւ թրքական ջարդի, իսկ Կարինը՝ աւերման...
Կարնոյ հայութիւնը ողբերգական վերիվայրումի այդ հերթական հանգրուաններէն մէկը կþապրէր 1878էն ետք, երբ Պերլինի Դաշնագրով մեծապետական Եւրոպան իր ձեռքը վերցուց Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման իրականացումը։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. նոր բազմած էր սուլթանական գահին եւ կատաղի պայքար յայտարարած էր հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շարժումին դէմ։ Իսկ Կարնոյ մէջ, լուսամիտ ու ազատախոհ հոգեւորականներու եւ վարժապետներու գլխաւորութեամբ, հայ երիտասարդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ փարած էր զինեալ ապստամբութեան գաղափարին։ Մեր ժողովուրդը արդէն սկսած էր երգել եւ սպասել այն օրուան, երբ Կարնոյ մէջ հայոց թագաւորական վերականգնեալ գահին բազմած պիտի տեսնէր... հայ իշխան։
Ահա՛ այդ ժամանակ, 1882ին, Կարնոյ մէջ հիմնուեցաւ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը, որ բառին բուն իմաստով ընդյատակեայ կազմակերպութիւն էր եւ կը յատկանշուէր զինուորական կառոյցով ու երկաթեայ կարգապահութեամբ։ Ծրագրով զուտ ազգային-ազատագրական գաղափարներու հետամուտ շարժում էր, որ կþառաջադրէր երիտասարդները զինել եւ պատրաստել համաժողովրդական ապստամբութեան՝ օսմանեան եւ սուլթանական  կարգերու տապալման առաջադրանքով։
Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ. թուրք ոստիկանութիւնը շատ կանուխ տեղեկացաւ նորաստեղծ միութեան մասին եւ 4 Դեկտեմբեր 1882ին, երբ հայ ըմբոստ երիտասարդները բարենորոգումներու պահանջով մեծ ցոյց մը կազմակերպեցին, սուլթանական իշխանութիւնը անմիջապէս հակադարձեց՝ ընդհանուր հալածանքի արշաւի մը ձեռնարկելով հայ յեղափոխականներուն դէմ։ Շուրջ 300 հայ երիտասարդներ բանտերը նետեց եւ իր սաղմին մէջ խեղդել փորձեց Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական շարժման առաջին պոռթկումը՝ Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչող Ձայնը։։
Երեք տարի ետք միայն կեանքի պիտի կոչուէին բառին բուն իմաստով կուսակցական կազմակերպութիւնները հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ։ Նախ՝ Արմենականը, ապա՝ Հնչակեանը եւ ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը, որ Մոսկուայի ու Թիֆլիսի հայ ուսանողականյեղափոխական խմբաւորումները ի մի բերելու իր երկունքին մէջ, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի մօտենար եւ դաշն կնքէր Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութենէն վերապրած մարտունակ տարրերու «Պաշտպան Հայրենեաց»ի հետ։։
4 Դեկտեմբեր 1882ին համիտեան բռնակալութիւնը իր առաջին ծանր հարուածը հասցուց հայ յեղափոխական շարժման։ Կարնոյ ապստամբութիւնը ճզմուեցաւ, բայց կախարդական սրուակէն արդէն դուրս ելած փերիի պէս՝ հայկական յեղափոխութիւնը այլեւս կարելի չէր ետ խցկել ու դատապարտել... անդամալուծութեան եւ անշարժութեան։
Կարնոյ ազատատենչ հայութեան եւ յատկապէս անոր մարտունակ երիտասարդութեան ապստամբական այդ առաջին պոռթկումէն արդէն 129 տարիներ անցած են, հայ ժողովուրդը դարակազմիկ վերիվայրումներէ անցած է եւ հասած է Հայաստանի անկախութեան ու հայ ազգային պետականութեան վերականգնումին։ Եւ ամէն անգամ, որ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վրայ կը սաստկանայ անարդարութեան ճնշումը, եւ ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուի ոտնակոխելու հայկական իրաւունքը՝ հայոց սերունդները աշխարհի չորս ծագերէն ձայն կու տան իրարու՝
«Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն»...
Եւ վերստին թունդ-թունդ կ՛ելլեն հայոց սրտերը։

Ն.