Ապրիլ 11ի այս օրը, 194 տարի առաջ, օսմանեան թուրք պետութիւնը ահաւոր ջարդի ենթարկեց յունական Քիոս կղզիի բնակչութիւնը։
Քիոսի մօտաւորապէս 155.000 բնակիչներէն ողջ մնացին միայն 2000 հոգի։ Ջարդէն յետոյ կղզին քանի մը տարի գրեթէ անմարդաբնակ մնաց։
Քիոսի մեծ ողբերգութիւնը ատենին խորապէս ցնցեց խիղճը ամբողջ Եւրոպայի։ Ծայր առաւ համընդհանուր դատապարտանքի ուժեղ ալիք մը, որ իր բուռն արտայայտութիւնը գտաւ նաեւ արուեստի եւ գրականութեան մէջ՝ յատկապէս ֆրանսացի աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Տելաքրուայի «Քիոսի ջարդը» ցնցիչ գործով, ինչպէս նաեւ Լորտ Պայրընի եւ Վիքթոր Հիւկոյի կողմէ օսմանցի թուրքին բարբարոսական եւ ջարդարար դիմագիծը խարանող ստեղծագործութիւններով։
Առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ներկայացնէ մանաւանդ Տելաքրուայի «Քիոսի ջարդը», որ իւղաներկ երկրորդ մեծ գործն է ֆրանսացի մեծատաղանդ վարպետին։ Կտաւը աւելի քան չորս մեթր է եւ գեղարուեստական բարձրարուեստ վարպետութեամբ ցոյց կու տայ Քիոսի յոյն բնակչութեան դէմ գործուած սպանդին ահաւորութիւնը։
Նման բովանդակութեամբ նկարներու ընկալեալ աւանդութենէն դուրս գալով՝ Տելաքրուայի «Քիոսի ջարդը» հերոսաշունչ որեւէ կերպար կամ խորհրդանիշ չունի, որպէսզի հակակշռէ վայրագօրէն կոտորուած զոհերուն առթած դառնագոյն յուսալքումը եւ անզօրութիւնը, այլեւ՝ ջարդարարին անսահման արհամարհանքն ու յոխորտանքը իր զոհին հանդէպ... Նկարը առաջին անգամ ցուցադրուած է 1824ին եւ ներկայիս իր արժանի տեղը գրաւած է Լուվրի թանգարանին մէջ։
Այդ իմաստով՝ Քիոսի մէջ գործուած յոյներու զանգուածային սպանդը փաստօրէն մարդկութեան կը յուշէ թրքական եղեռնագործութեան խորքն ու էութիւնը յատկանշող անպատժելիութեան ահաւոր իրողութիւնը։ 11 Ապրիլ 1822էն իսկ, ցեղասպան թուրքը քաղաքական «վարքագիծ»ի վերածած է ջարդերու միջոցաւ քաղաքական հարցեր լուծելու բարբարոսութիւնն ու վայրագութիւնը։
Իսկ ցեղասպանութեամբ կամ «ազգային մաքրագործում»ով իր անօրինութիւնները պարտադրելու քաղաքականութեան փարելու ատեն, թրքական պետութիւնը պարզապէս առաջնորդուած ու քաջալերուած է այն համոզումով եւ իրողութեամբ, որ թուրք քաղաքական միտքը միշտ ալ գտած է դիւանագիտական ուղին՝« իր ձեւով» հարցեր լուծելու եւ անպատիժ դուրս գալու իր գործած ոճիրէն, նոյնիսկ երբ ամբողջ ժողովուրդի մը ցեղասպանութեան մասին է խօսքը... ինչպէս որ պատահեցաւ 1915էն 1923, հայութեան պարագային։
Քիոս կղզին, որուն Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ թուրքերը տուած էին Sakız Adası անունը, կը հանդիսանայ յունական 5րդ մեծ կղզին, որ կը գտնուի Եգէական ծովու մէջ։ 7 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունի արեւելեան ափէն եւ Թուրքիայէն բաժնուած է Ցեզմէ (ceşme) նեղուցով։ Կղզին պատմութեան մէջ հռչակաւոր եղած է իր արտադրած մասթիքա ծամօնով եւ այդ պատճառով կոչուած է նաեւ Մասթիքայի Կղզի։ Մեր օրերուն Քիոս զբօսաշրջութեան համար մեծ գրաւչութիւն ունեցող կղզի մըն է, որ աշխարհահռչակ է միջնադարեան իր գիւղերով եւ 11րդ դարէն եկող՝ UNESCO World Heritage Site հռչակուած իր Նէա Մոնի (Nea Moni) վանքով։
Քիոս կղզին նաեւ կը նկատուի արդի Յունաստանի նաւարկումի ճարտարարուեստին մայր օրրանը։ Արդէն 1764 թուին, Քիոս ունէր 6 մեծ նաւեր՝ 90 նաւաստիներով։ 1875ին այդ թիւը բարձրացած էր 104 մեծ նաւու։ Իսկ 1889ին Քիոս օժտուած էր 440 մեծ նաւով եւ 3050 նաւաստիներով։ Քիոսի նաւարկման ճարտարարուեստին այդ աստիճան ծաղկման մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան արտասահման՝ յատկապէս Պոլիս եւ Լոնտոն հաստատուած քիոսցի վաճառականները։
Տնտեսապէս արդէն բարգաւաճ կղզի էր Քիոս, որուն բնակչութիւնը այնքան ալ տրամադիր չէր հող տրամադրելու Օսմանեան Կայսրութեան լուծին դէմ ըմբոստացման եւ անկախ Յունաստանի կերտման շարժումին առջեւ։ Քիոսցիք չէին ուզեր կորսնցնել իրենց բարօրութիւնը եւ ապահովութիւնը, մանաւանդ որ կղզիին վրայ թրքական մեծաթիւ ոստիկանութիւն չկար եւ յոյները իրենք կը տնօրէին Քիոսի կառավարումը։
Բայց երբ 1821ին Յունաստանի տարածքին թափ առաւ անկախութեան պայքարը եւ Օսմանեան Թուրքիան, Եգիպտոսի իր մահմետական զինակիցներուն հետ, ձեռնարկեց ապստամբութիւնը ճզմելու ընդհանուր իր արշաւանքին, Քիոս իր կարգին ստիպուեցաւ ըմբոստացման դրօշ պարզելու։ Այդ շրջադարձին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան Մարտ 1822ին դրացի Սամոս կղզիէն Քիոս ապաստանած հարիւրաւոր յոյն մարտիկները՝ թրքական հալածանքին ու խժդժութեանց դէմ ապստամբութիւն եւ ազատագրական պայքար յայտարարելով։
Հակադարձելով՝ օսմանեան զօրքը պաշարեց, ռմբակոծեց եւ ապա ներխուժեց Քիոս, քանի մը օրուան մէջ բիւրաւոր յոյներ կոտորելով եւ ողջ մնացողները կա՛մ արտաքսելով Քիոսէն, կա՛մ ալ գերի պահելով։ Օսմանեան զօրքը յատկապէս կղզիի հարաւային կողմը ամբողջ գիւղեր բառացիօրէն սրբեց-կործանեց, նաեւ՝ ծանրագոյն հարուած ու վնաս հասցուց մասթիքայի մշակման դաշտերուն։ Քիոսի ջարդը բուռն ընդվզում առաջացուց ամբողջ Եւրոպայի տարածքին՝ Յունաստանի անկախութեան դատին ի նպաստ համեւրոպական համակրանքի ալիք բարձրացնելով։
Ատենի եւրոպական երեք մեծ տէրութիւնները (Ռուսաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) անմիջապէս բանակցութեանց ձեռնարկեցին սուլթանին հետ, որպէսզի Օսմանեան Կայսրութիւնը ճանչնայ Յունաստանի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։ Բայց սուլթանը ոչ միայն բանակցութիւնները ձգձգեց եւ օգտագործեց՝ յունական ազատագրական պայքարը զինու զօրութեամբ եւ ջարդի միջոցաւ ճզմելու համար, այլեւ եգիպտական-արաբական ծովային ուժը իբրեւ զինակիցի ունենալու հեռանկարով՝ ռազմավարական դաշինք կնքեց Եգիպտոսի իշխանին հետ։
Այդուհանդերձ՝ յոյն ազատամարտիկները յաջողեցան իրենց պայքարը նորովի թափով յառաջ մղել, մինչեւ որ եւրոպական երեք գեր-տէրութիւնները որոշեցին միջամտել յոյնեւ-թրքական պատերազմին։ Ռուսաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա Յունաստան ուղարկեցին ռազմանաւեր։
Օսմանեան-եգիպտական ռազմածովային միացեալ ուժերը հակադարձեցին՝ ուղղակի յարձակումը սաստկացնելով յունական կղզիներուն վրայ։ Մէկ շաբթուան բախումներէ ետք օսմանեան-եգիպտական ուժերը ծանր պարտութիւն կրեցին։ Ֆրանսական զօրքերը ստիպեցին եգիպտական զօրքերուն, որ հեռանան Փելոփոնէզէն, իսկ յունական ուժերը ազատագրեցին կեդրոնական Յունաստանը 1828 թուականին։
Յունական ազատագրութեան երկարամեայ պայքարը յաղթանակով պսակուեցաւ եւ հիմնադրուեցաւ Առաջին Հելլենական Հանրապետութիւնը, որ իր վերջնական ճանաչումը ստացաւ Լոնտոնի Արձանագրութեամբ՝ 1830 թուականին։
Յունական անկախութեան պայքարին յաղթական աւարտը ներշնչման ու ոգեւորութեան աղբիւր դարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան լուծին տակ տառապող բոլոր ազգութիւններուն, քրիստոնեայ եւ իսլամ, որոնք շուտով իրենց կարգին ձեռնարկեցին ազգային-ազատագրական պայքարի։
Հայ ժողովուրդի Ազգային Զարթօնքի շարժումը եւ անոր հետեւած ազատագրական զինեալ պայքարը գաղափարական եւ քաղաքական մեծ մղում ստացան Յունական Օրինակէն։
Իսկ Քիոսի Ջարդը պատմական յուշարարը դարձաւ թրքական եղեռնագործութեան դէմ ահազանգը միշտ բարձրագոռ հնչեցնելու հրամայականին։
Ն.