Ապրիլի 1ը հայ ժողովուրդի յուշատետրին ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկն է։
Հարիւրեօթը տարի առաջ, Ապրիլի առաջին օրը մոլեգնեցաւ թրքական արնախում բարբարոսութիւնը։
Հայաբնակ չքնաղ Ատանան ու Կիլիկիոյ հայաբնակ միւս քաղաքներն ու գիւղերը ներկուեցան... երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ։
Հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան։
Հայկական շքեղ Կիլիկիան վերածուեցաւ մեծ մոխրակոյտի մը՝ Դանիէլ Վարուժանի բառերով։
Եւ Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը նախատիպը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ վեց տարի ետք ի գործ դրուած 1915ի ցեղասպանական Մեծ Եղեռնին։
Սակայն Ատանայի կոտորածը եղաւ ամբոխային մոլեգնութեամբ յատկանշուող նախատիպ մը, որուն դասերը ի չարս օգտագործեցին թրքական իշխանութիւնները՝ առաւելագոյնս կատարելագործելու համար հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան իրենց հրէշային ծրագիրը, այլեւ զայն պետականօրէն գործադրելու միջոցներն ու եղանակները։
Հայեւթուրք յարաբերութեանց առումով 1909ին որեւէ ուղղակի շարժառիթ կամ միջադէպ չկար, որպէսզի հայութեան դէմ այդպէս յանկարծակի բորբոքէր թրքական եղեռնագործութիւնը։
Ընդհակառակն՝ 1908ի 3 Յուլիսին իթթիհատական պարագլուխներու ղեկավարութեամբ բանակի ըմբոստացումով եւ անարիւն յեղափոխութեամբ, կարելի եղած էր պարտադրել սուլթան Ապտիւլ Համիտին, որպէսզի վերահաստատէ 1876ին առկախուած Սահմանադրութիւնը եւ վերստին կեանքի կոչէ Օսմանեան խորհրդարանը։ Ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան կարգախօսներով ու խոստումներով խանդավառուելու ընդհանուր գինովութեան օրեր էին։
Առաջին անգամ ըլլալով թուրքն ու հայը, արաբն ու յոյնը, հրեան եւ պուլկարացին ի վիճակի էին իրարու կողքին կանգնելու՝ միասնաբար լծուելու համար Օսմանեան «ընդհանուր տան» բարեկարգումին եւ յառաջդիմութեան։
Յոյսերու եւ խանդավառութեան այդ ալիքը խաբուսիկ էր սակայն։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ բռնատէր սուլթանը տակաւին բազմած կը մնար գահին վրայ եւ իր ձեռքը ունէր բռնիշխանութեան տասնամեակներու ահաւոր վարչամեքենան՝ իր լրտեսներով ու սադրիչներով։ Այլ նաեւ ու որոշապէս այն պատճառով, որ նոյնինքն իթթիհատական պարագլուխներու ուղեղին մէջ կը խմորուէին Օսմանեան Կայսրութիւնը ամէն գնով, ի հարկին կոտորածներու ճամբով ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ հիւանդագին ծրագիրներ, անոնց համաթրքական ազգայնամոլութեան յագուրդ տուող «ցեղային մաքրագործման» սադրանքներ։
Պատմական փաստերը, նոյնինքն թրքական պետական արխիւները կը հաստատեն, որ Ապտիւլ Համիտ ձեռնածալ չմնաց եւ, մութին մէջ անդուլ դաւադրելով, սպասեց յարմար պահուան, որպէսզի իթթիհատական ըմբոստացման ու պետական իշխանութեան բռնաշրջման իր հակահարուած պատասխանը տար...
1909ի Մարտ 31ին ներկայացաւ այդ «յարմար պահ»ը եւ իթթիհատականներէն դժգոհ բանակային զօրամասեր ապստամբեցան նոր իշխանութեանց դէմ եւ մայրաքաղաք Պոլիսը իրենց հակակշռին ենթարկեցին։ Միայն տասը օրուան կեանք ունեցաւ այդ հակահարուածը եւ իթթիհատականները կրցան, աւելիով ամրապնդուած դիրքերէ, վերահաստատել իրենց իշխանութիւնը՝ գահազրկելով ու աքսորելով Համիտը եւ անոր կրտսեր եղբայրը բազմեցնելով սուլթանի գահին։
Խռովայոյզ այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ հայու արիւն չհոսեցաւ, ոչ ալ հայերու տուներն ու ինչքերը թիրախ դարձան թրքական մոլեգնութեան։
Բայց Մարտ 31ի հակահարուածին յաջորդ օրն իսկ, Օսմանեան Կայսրութեան չորրորդ մեծ նահանգը հանդիսացող Ատանայի Վիլայէթին մէջ, իշխանութեանց կողմէ զինուած թուրք բազմահազարանոց խուժանը, ղեկավար ունենալով թրքական բանտերէն յատուկ առաքելութեամբ ազատ արձակուած աւելի քան 500 ոճրագործներ, սկսելով Ատանա քաղաքէն եւ անմիջապէս տարածուելով դէպի Տէօրթ Եոլ, Հաճըն, Սիս, Զէյթուն եւ Կիլիկիոյ հայկական միւս աւանները, չորս օր անընդմէջ ջարդեց ու կոտորեց, հրկիզեց եւ փոշիացուց հայկական ամէն շունչ, իրեղէն կամ հարստութիւն, որ ձեռքը ինկաւ...
Թրքական մոլեգնած եղեռնագործութիւնը չխնայեց մինչեւ իսկ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներն ու կրթական մշակները, որոնք հայերու հետ առնչութիւն ունէին։
Միայն Ապրիլ 12ին, իբր թէ խռովութեանց վերջ տալու նպատակով, իթթիհատական կառավարութիւնը կանոնաւոր զօրքեր ուղարկեց Ատանայի եւ Հալէպի Վիլայէթները, ուր գործուած էին հայերու դէմ ջարդերն ու քանդումները։
Իսկ կանոնաւոր զօրքերու երեւումը ոչ միայն չօգնեց ջարդարարութեան դադրեցումին, այլեւ նորովի թափ տուաւ թուրք խուժանի մոլեգնութեան, մանաւանդ որ բանակայինները իրենք եւս միացան ջարդարար ամբոխին։
Այս բոլորը ականատեսներու վկայութեամբ հաստատագրուած են ատենի թրքական, արաբական, եւրոպական թէ ամերիկեան մամուլի էջերուն, դիւանագիտական արխիւներու մէջ պահ դրուած զեկուցագրերով։
Եւ անհիմն ու անհեթեթ են ինչպէս օրին նոյնինքն իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հնչած, այնպէս ալ մեր օրերու թրքական պաշտօնական նենգափոխութեան հնարած այն «չքմեղանք»ները, թէ թրքական կառավարութիւնը «մեղք չունի» թուրք ամբոխի գործած ջարդին մէջ, թէ իբր Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն եւ «Հիւրրիյէթ»էն դժգոհ թուրք ամբոխի աչքին հայ յեղափոխականներն են նկատուած Օսմանեան Կայսրութեան «փլուզման» պատասխանատուները եւ թէ, մանաւանդ, իբր թուրքերու իրաւազրկման հաշւոյն հայերու հարստացումը եղած է թրքական զայրոյթին հասարակական՝ խորքայի՜ն պատճառը։
Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ երկու շաբթուան ընթացքին աւելի քան երեսուն հազար անմեղ հայեր զոհ գացին թրքական արնախում մոլեգնութեան. սերունդներու ծով քրտինքով ձեռք բերուած տուն ու հարստութիւն փճացան։
Ապրիլ 1 է դարձեալ եւ Կիլիկիոյ Աղէտին վերյիշումը խորագոյն կսկիծով կը համակէ սրտերը ողջ հայութեան։
Կը վերանորոգէ նաեւ հայ քաղաքական մտքին այն խոր համոզումը, արեան դաժանագոյն հեղումով ձեռք բերուած այն դառն իմաստութիւնը, որ նաեւ այսօր ազգովին գործ ունինք Ցեղասպանութեան ժառանգորդ, բայց Ցեղասպանութեան փաստն իսկ ուրացող Թուրքիոյ հետ, որ եթէ անհաւատալի օր մը իբր թէ ուզէ մէկ ձեռքով ողջունել Հայաստանն ու հայութիւնը, հաստատօրէն միւս ձեռքով վստահաբար պիտի փորձէ կռնակէն դաշունահարել հայ ժողովուրդին ազգային իրաւատիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը։
Ուրացման վարքագիծ որդեգրած ցեղասպան պետութենէ մը ուրիշ բան կարելի չէ սպասել։
Վկայ Ողբն ու Երգը Ատանայի կոտորածներուն.
Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան:
Կրակը, սուրը ու անխիղճ թալան,
Ռուբէնեաց տունը, ա՜խ, ըրաւ վերան:
Ալ մի՛ տար լոյսդ, պայծառ արեգակ,
Լուսին, շուրջ կապէ դուն սուգի մանեակ,
Անցաւ մեր երկրէն հարաւի խորշակ,
Չորցուց, թոռմեցուց ծառ-ծաղիկ համակ:
Րոպէ մը չանցաւ ու հայոց խեղճեր,
Ինկան սուրին տակ խուժանին ահեղ:
Ժամեր ու դպրոց բոցի մեջ կորան,
Բիւրաւոր հայեր անխնայ մեռան:
Պարապ է աւա՜ղ, հարուստ Ատանան,
Մոխիր է դարձեր ամբողջ Կիլիկիան,
Միայն ապրեցաւ Հաճընը սիրոյն,
Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն:
Երեք օր գիշեր կրակը մէջէն,
Թշնամւոյն սուրը, գնդակը դրսէն,
Ջնջեցին հայը երկրին երեսէն,
Արիւն կը վազէ մեր ջինջ գետերէն:
Ալ բաւ է որքան վատերուն լուծը
Կրեցինք, թողունք մեր լացն ու կոծը,
Օտարին տունը ալ չէ ապահով,
Հայ հողի վրայ մեռնինք մենք փառքով:
Ն.