Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դառն ու տխուր էջերը կը կազմեն անոնք, որոնք կը վերաբերին «ներքին ցեցեր»ու մաքրագործումին։ Վանի մէջ 23 Մարտ 1908ին կատարուած դաւաճան Դաւոյի ահաբեկումը այդօրինակ ծանր ու ճնշող էջ մըն է։
Աւետիս Ահարոնեան իր «Արիւնոտ Թթխմոր» պատմուածքով, իսկ Մալխաս իր «Զարթօնք»ով՝ սպառիչ կերպով վիպականացուցած են Հայկական Ազատամարտի այդ սեւ դրուագը՝ սերունդներուն փոխանցելով ե՛ւ Դաւոյի դաւաճանութեան բարոյական ամօթալի խորհուրդը, ե՛ւ 16ամեայ պատանի Տաճատ Թերլեմեզեանի (1888-1982) ձեռամբ դաւաճանին ահաբեկման ազգային-քաղաքական, այլեւ գաղափարական ինքնամաքրման պատգամը։
Դհերցի Դաւոն (Դաւիթ) Վանի դաշնակցական կազմակերպութեան գործունեայ անդամներէն էր. Կոմսի (բժիշկ Վահան Փափազեան) եւ Արամի ղեկավարութեան օրօք՝ պատասխանատու պարտականութիւններ կատարած յեղափոխական գործիչ էր։ Բայց եկաւ պահ, երբ արատաւոր նկարագրի տէր այս գործիչը սայթաքեցաւ... բաշին ծանրագոյն իմաստով։
«Իմ Յուշերը» անունով իր գործին Ա. հատորի եզրափակիչ բաժնով՝ Կոմս լայնօրէն անդրադարձած է ընդհանրապէս 1907ի վերջերուն եւ 1908ի սկզբնաւորութեան Վանի ու շրջակայքի մէջ հայ յեղափոխական շարժման դիմագրաւած թրքական ճնշումներուն եւ հարուածներուն, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ երկար տարիներու ընթացքին այնքան դժուարութեամբ ու արեան գնով կուտակուած զէնքերու եւ զինամթերքի պահեստները Սուլթանի կառավարութեան մատնելու Դաւոյի դաւաճանութիւնը։
Անդրադառնալով Դաւոյի դաւաճանական քայլին՝ Կոմս կը վկայէ.
Դաւօ սայթաքեցաւ գաղափարական առումով, երբ Վանի յեղափոխական իւրայատուկ մթնոլորտին մէջ իրեն վստահուած մարտական «գործակատար»ի հանգամանքը չարաշահեց՝ ընդհանրապէս ոչ-մարտական գործիչներուն հանդէպ, յատկապէս «եկուոր» արեւելահայ յեղափոխականներուն նկատմամբ «դրսեցիի» եւ «պարոն»ի թունաւոր հակատրամադրութիւններ սրսկելով իր շրջապատէն ներս։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1905ին Դաշնակցութեան կողմէ «Կովկասեան Նախագիծ»ի որդեգրումը, որ Սուլթանի բռնատիրութեան դէմ պայքարին զուգահեռ կ’առաջադրէր պայքար ծաւալել նաեւ Ցարի բռնապետութեան հակահայ վարքագծին եւ ընկերային կեղեքումներուն դէմ, առաջացուցած էր Հ.Յ.Դ. շարքերէն ներս բուռն դժգոհութիւն եւ մինչեւ ներքին պառակտումի գացող հակադրութիւն։ Խմբապետ Միհրանի օրինակով արեւմտահայ մարտական վաստակաւոր գործիչներ ղեկավարեցին եւ հրահրեցին դժգոհութեան այդ ալիքը՝ «Թրքահայոց Դատը» մէկդի նետելու մեղադրանքին տակ առնելով Հ.Յ.Դ. ղեկավար գործիչները, որոնք առաւելաբար արեւելահայ էին։
Դաւօ անշուշտ համեմատութեան եզր իսկ չունէր խմբապետ Միհրանի մարտական վաստակին ու հռչակին հետ, բայց իր չափով հետեւորդ մը դարձաւ Միհրանակութեան...
Եւ ինչպէս որ Միհրան ինք յանգեցաւ ցարական գաղտնի սպասարկութեանց ձեռքը հակայեղափոխական գործիք դառնալու անփառունակ վախճանին, նոյնպէս եւ Դաւօ ինկաւ Սուլթանի կառավարութեան դաւաճանօրէն ծառայելու տիղմին մէջ...
Դաւօ նաեւ բարոյական առումով սայթաքեցաւ, երբ ամուսնացած եւ ընտանիքի հայր ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցական պատանի ընկերոջ մը երիտասարդ քոյրը պղծեց ու յղի ձգեց...
Վանի «Աղուէսաձոր» անունով յայտնի նեղ ու կիսաւեր փողոցին վրայ, միայարկ ու հիւղակի նման համեստ տան մը մէջ կ’ապրէին որբ դաշնակցական պատանին եւ քոյրը։ Պատանին ամբողջ օրը կ’աշխատէր Վանի շուկային մէջ, իսկ քոյրը կը զբաղէր տան հոգերով։ Դաւօ օգտուած էր պատանիին բացակայութենէն, զէնքի եւ զինամթերքի պահեստաւորման գործով իր շրջագայութեանց ընթացքին յաճախակի այցելած էր անոնց տունը։ Իսկ երբ տեղեկացած էր, որ աղջիկը յղի մնացած է՝ մերժած էր պատասխանատուութիւնը ստանձնել, ինչ որ զայրացուցած էր նաեւ աղջկան պատանի եղբօր, որ կուսակցական դատ բացած էր Դաւոյի դէմ։
Տեղը չէ մանրամասն անդրադառնալու այդ ողբերգութեան ծալքերուն, բայց թէ՛ Կոմս, թէ՛ Արամ իրենց յուշերուն մէջ կը վկայեն, որ իր գործած պղծութեան բացայայտումէն առաջ իսկ, Դաւօ որոշած էր վիժումի ենթարկել աղջիկը, բայց վիժումի ծախսը հոգալու համար Արամէն յիսուն ոսկիի օժանդակութիւն ուզած էր՝ իբր թէ բանտը գտնուող իր հօր ազատ արձակումը կաշառքով յաջողցնելու համար։
Արամ եւ Վանի դաշնակցական ղեկավար մարմինը դէմ կեցած էին ընդհանրապէս կաշառքով հարցեր լուծելու մատեցումին։ Իսկ երբ կատարուած պղծումը բացայայտուած էր եւ Կոմս իր մօտ կանչած ու ազդարարած էր Դաւոյին, արդէն սայթաքումի լեցուած բաժակը յորդած էր եւ Դաւօ դիմած էր Վանի ոստիկանապետին՝ Դաշնակցութեան զինապահեստներուն տեղը ցոյց տալու դաւաճանութեամբ, փոխարէնը կառավարութեան մօտ իր ընտանիքին հետ ապաստան գտնելու խնդրանքով։
Գայթակղութեան ծալքերը, դաւաճանութեան ծանրակշիռ նշանակութիւնը եւ հայոց զինապահեստներու առգրաւման հետագայ զարգացումները լիարժէք ընկալելու համար, կ’արժէ ընդհանուր պատկերացում մը փոխանցել այդ ժամանակ Վանի մէջ տիրող մթնոլորտին մասին։
Վանի ամբողջ շրջանը, թէ՛ քաղաքը եւ թէ Այգեստանը, 1900ականներու սկզբնաւորութեան, կ’ապրէր գաղափարական ու կազմակերպական եռուն ժամանակներ։ Յատկապէս Արամի Կարսէն Վան գալէն ետք, Արմենականներու հետ յեղափոխական իր զարթօնքը ապրած, Հնչակեաններու հետ մարտական մկրտութիւն ստացած եւ Դաշնակցութեան հետ յեղափոխական կուռ կազմակերպութեամբ օժտուած Վանը վերածուած էր Հայկական Ազատամարտի իսկական միջնաբերդի։
Ինքնապաշտպանութեան նպատակով զէնքի ապահովումը եւ Վանի մէջ կուտակուած պահեստներէն դէպի Երկրի խորերը զէնքի փոխադրութիւնը սուրբ գործ դարձած էր ոչ միայն յեղափոխականներուն, այլեւ՝ նոյնինքն Վանի ժողովուրդին համար։ Ստեղծուած էր, բնականաբար, յեղափոխական անձնուիրումի եւ ազգային պատուախնդրութեան խորհրդաւոր մթնոլորտ, ուր Դաշնակցութիւնը իր վրայ վերցուցած էր թրքական կառավարութեան պաշտօնական գործառոյթները՝ հայերու ամէն կարգի հարցերուն իւրովի լուծում տալով։ Կազմուած էր դատական իւրայատուկ կառոյց մը, որ մինչեւ հեռաւոր գիւղերը ճիւղաւորուած էր եւ յարգ ու վարկ վայելող հայերէ բաղկացած էր։
Այդ կառոյցն էր, որ ընտանեկան, տնտեսական եւ ընդհանրապէս կենցաղային ամէն տեսակ դժուարութեանց արդարացի լուծում տալու առաքելութիւնը ստանձնած էր։ Դաշնակցութեան Կ.Կոմիտէն մինչեւ իսկ «Հրաման» կոչուած պաշտօնական Յայտարարագիր մը ցրուած էր ամէնուրեք՝ արգիլելով եւ պատիժ սահմանելով բարոյական ամէն կարգի սայթաքումներուն, վաշխառութեան, դրամաշորթութեան եւ այլ արատաւոր երեւոյթներու վերաբերեալ։
Ահա՛ նման պայմաններու եւ մթնոլորտի մէջ, իր գործած անբարոյականութեան համար արդար, այլեւ ծանր պատիժէ՝ Դաշնակցութեան «Հրաման»ով սահմանուած մահապատիժէն խուսափելու մտօք, Դաւօ դիմեց դաւաճանութեան Փետրուար 18ին։ Կառավարութիւնը «աչքի լոյս»ի պէս պահպանեց Դաւոյին, որովհետեւ Դաշնակցութեան զինապահեստներուն մասին ան բաւականաչափ տեղեկութիւններ ունէր։ Դաւոյի մատնութեամբ՝ հինգ-վեց կարեւոր զինապահեստներ բռնագրաւուեցան թուրք ոստիկաններու կողմէ, որոնց խուզարկութիւնները անձամբ կ’առաջնորդէր դաւաճանը։
Ժողովուրդի աչքին Դաւօ դարձաւ մահապատիճի արժանի «ցեց» մը։ Կոյս աղջկայ պղծումէն աւելի ահաւոր եւ ծանրակշիռ նկատուեցաւ Դաւոյի դաւաճանութիւնը։ Թէեւ նոյնինքն ժողովուրդի ձեռքով զէնքի պահեստները այլուր տեղափոխուեցան եւ Դաւոյի մատնութիւնները այլեւս անզօր էին նոր պահեստանոցները յայտնագործելու, բայց արդէն ամէն սահման կտրած-անցած Դաւոյի դաւաճանութեան արատը մահապատիժով մաքրելու որոշումը տրուած էր։
Դաւոյի ահաբեկումը յանձնարարուեցաւ 16ամեայ Տաճատ Թերլեմեզեանի, որ յանդուգն գործողութեամբ ի կատար ածեց իրեն վստահուած ազգային պարտքը. Դաւօ օր ցերեկով եւ ոստիկաններով շրջապատուած՝ ահաբեկուեցաւ բանուկ փողոցի վրայ...
Կոմս հետեւեալ նկարագրութիւնը արձանագրած է իր յուշերուն մէջ՝ Դաւոյի ահաբեկման մասին.
«Մարտ 23ին (Մարտ 10ին, հին տոմարով) կատարուեցաւ ահաբեկումը։ Նոյն օրը, իրիկուան, Դաւոն Ահմէտ պէյի (Վանի թուրք ժանտարմներու պետը, որուն տունը ապաստանած էր Դաւօ - Ն.) տունին դիմաց, ըստ սովորութեան կը սպասէր՝ իր ժահրը թափելու համար ընկերներու եւ նոր սերունդականներու վրայ։ Ահմէտ պէյը, ինչպէս կը յիշեմ, կանգնած է եղած քիչ մը հեռու։
Հոն է եղած նաեւ դաժան ոստիկանապետ Հիւսնի պէյը (բաղնիքներու առջեւ)։ Այդ ատեն է, որ Տաճատը, շուկայէն վերադարձին՝ անակնկալի կու գայ՝ տեսնելով Դաւոն, բայց պաղարիւն եւ անտարբեր կը փորձէ անցնիլ։ Դաւոն մատի նշանով քովը կը կանչէ Տաճատը։
«- Հը՜, ինչպէ՞ս են ձեր «պարոնները». շուտով անոնց կարգն ալ կու գայ՝ ձեռքերնին շղթայած բանտը առաջնորդելու. իսկ դուք, նոր սերունդական լակոտներ, խելքերնիդ գլուխնիդ ժողվեցէք եւ դադրեցուցէք ձեր հաջոցները իմ դէմ... Ինչե՜ր կը գրէք ձեր թերթին մէջ։
«Տաճատը անմեղ եւ անտարբեր կերպարանքով կը չքմեղանայ՝ ըսելով, թէ ինքը բանէ մը տեղեկութիւն չունի։ Այդ վայրկեանին ձիերով կառք մը կ’անցնի քովէն եւ Դաւոն կը դառնայ նայելու։ Այդ առիթէն օգտուելով՝ Տաճատ արագ մը «հէյպէ»յէն (խուրճինէն) կը հանէ պրաունինկ ատրճանակը եւ երեք գնդակ կը պարպէ դաւաճանի գլխուն... Շունը կ’իյնայ պոռալով։ Տաճատը կը վազէ դէպի Խաչ-Փողան։
Գնդակներ արձակելով՝ ետեւէն կը վազեն Հիւսնի պէյը եւ քանի մը ոստիկաններ։ Տաճատը կը հանէ տասնոց մաուզէրը, կը դառնայ եւ կը կրակէ իրար ետեւէ, մինչ այդ աջ կողմի նեղ փողոցի մը հասնելով՝ կը նետուի հոն ու կ’անյայտանայ այգիներու մէջ։ Ոստիկանապետը կատղած՝ հրահանգ կու տայ սպաննել այդ պահուն շուկայէն վերադարձող հայերը՝ «վուրուն կեավուրլարա» պոռալով»...
Այդպէ՛ս մաքրուեցաւ Դաւոյի դաւաճանական «արիւնոտ թթխմոր»ը...
Որքան անցնին ժամանակները, այնքան կը բիւրեղանան թէ՛ Դաւոյի դաւաճանութեան բարոյական ամօթալի խորհուրդը, թէ՛ ազգային այդ խարանը արդար մահապատժի ահաբեկումով մաքրագործելու խիզախութեան գաղափարական պատգամը։
Նոյնպէս Դաշնակցական Աւանդ դարձած է այն Դասը, որ դիւրին է դաշնակցական երդուիլը, բայց դժուար է մինչեւ մահ այդ երդումին արժանի մնալն ու դաշնակցականօրէն ապրիլն ու գործելը։
Նոյնպէս ամէն ահաբեկում չէ, որ մարդկային կեանքին նկատմամբ անհոգութիւն կամ արհամարհանք կը խորհրդանշէ։
Կան ահաբեկումներ, ինչպիսին ըստ ամենայնի եղաւ դաւաճան Դաւոյի ահաբեկումը՝ Տաճատի ձեռամբ, որոնք ամբողջ ազգի մը բարոյական արժէքները եւ արդարադատ կամքը կը մարմնաւորեն ու գաղափարական փարոս կը մնան հետագայ սերունդներուն համար։
Ն.