2008 Փետրուարի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովարարութեան եւ եղբայրասպան կռուի չարաբաստիկ ուրուականը թեւածեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին շրջակայքը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։
Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները ժամը ժամուն հեռասփռեցին սահմռկեցուցիչ տեսարանները ոչ միայն ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներու, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուներու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտին։
8 քաղաքացի եւ 2 իրաւապահ ծառայող սպաննուեցան, իսկ շուրջ 200 ուրիշներ վիրաւորուեցան «Մարտիմէկեան Խռովութիւններ» տխրահռչակ անունը ստացած քաղաքական եւ քաղաքացիական այդ սայթաքումին հետեւանքով։
Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայացման առումով՝ Մարտ մէկի ողբերգութիւնը դարձաւ իւրայատուկ ծնունդի նշան եւ ճակտի դրոշմուած ամօթի խարան, որ ահա 8 տարիներէ ի վեր կը խորհըրդանշէ երկունքի ցաւագին գալարումները հայոց պետականութեան ազատ ու արդար կարգերով արմատաւորման դժուարին, այլեւ քարքարուտ ճանապարհին։
Աւելի՛ն. Մարտ մէկի ողբերգութիւնը նաեւ խորհրդանըշեց ժողովուրդի վստահութեան քուէով իշխանութեան ղեկին հասած քաղաքական ուժերու ամբողջատիրական մոլորանքին։ Օրին, հասարակական «անդորր»ը վերահաստատելու նպատակով՝ պաշտօնաւարտ Հ.Հ. նախագահ Ռ. Քոչարեանի հրամանագրով հաստատուեցաւ քսանօրեայ «ստիպողական վիճակ», որ նորընտիր Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը խարսխեց գրաքննութեամբ ու քաղաքացիական եւ մարդկային իրաւանց ու ազատութեանց կաշկանդումներով հակա-կշռելի կառավարման համակարգի մը վրայ։
«Ստիպողական վիճակ»ի այդ «ժամանակաւոր» դրութիւնը հեռահար իր անդրադարձը ունեցաւ՝ խորհրդային ամբողջատիրութեան կռնակ դարձուցած մեր երկրին ու պետութեան դեռատի ժողովրդավարութիւնը մղելով դէպի... պետական «թելադրանքներով» մտածելու, արտայայտուելու եւ շարժելու ներքին կալանքին դատապար- տուած... քաղաքացիական հասարակութիւն։
Այսօր, երբ ութ տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ի քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ազգովին մեր ներկային ու վաղուան օրուան նկատմամբ կը համակուինք այն անձկութեամբ, թէ Հայոց Պետական Տան հասարակական կեանքի ընդերքին տակաւին զգալի են խմորումներն ու գալարումները քաղաքացիական անխուսափելի պայթումի վտանգին։ Կարծէք մեր պետական ու քաղաքական այրերը ոչ մէկ դաս քաղած են «Մարտիմէկեան Խռովութիւններէն» եւ կը շարունակեն մտածել, խօսիլ ու գործել այնպէս, որ բողոքի շարժման ու քաղաքացիական ցասումի «վառօդի տակառ»ի վտանգ չկայ Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքին մէջ եւ կարելի է այսպէ՛ս՝ անփոյթ եւ անվերջ հրահրել կամ անտեսել յուսախաբութիւնները, դառնութիւնները եւ դժգոհութիւնները սեփական ժողովուրդի լայն խաւերուն, յատկապէս երիտասարդութեան։
Նոյնիսկ այսօրուան սահմանադրական բարեփոխումներու ուղղութեամբ յառաջանալու ներ-քաղաքական մթնոլորտին մէջ, 1 Մարտ 2008էն ութ տարի ետք ալ, դեռ ի վիճակի չենք պաշտօնական՝ ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը տալու այն մեծ, այլեւ հիմնական հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդօրինակ գահավիժումը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մանաւա՛նդ՝ ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը ոչ միայն Տէր-Պետրոսեանական ճամբարը առաջնորդած գործիչներուն, այլեւ՝ այս վերջիններու բացայայտ գրգռութեանց զուգահեռ, նոյնինքն օրուան իշխանաւորներուն ու պետական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։
Մինչեւ այսօր վերջնականապէս փակուած չէ ողբերգական թղթածրարը Մարտ 1ի խռովութեանց. ո՛չ քաղաքական անկողմնակալ գնահատական տրուած է, ոչ ալ օրէնքով պատժուած են անխտիր բոլոր պատասխանատուները, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր ճամբարին պատկանին անոնք։ Իսկ յատկապէս այդ նպատակով կազմըւած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովը, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ Օգոստոս 2009ին հրապարակեց եզրափակիչ զեկոյց մը, որ սակայն արձանագրութիւնը կազմեց յանձնաժողովին մասնակից քաղաքական ուժերու... տարակարծութեանց եւ երկփեղկումին։
Մարտ 1ի առիթով նաեւ յիշենք ու յուշենք, որ Սեպտեմբեր 2009ի խորհրդարանական նիստերու ընթացքին, խառն յանձնաժողովի զեկոյցին քննարկման օրակարգի ընթացքին, ներհակ ելոյթներ ունենալով, խառն յանձնախումբին անդամները իրողապէս օրինականացուցին թղթածրարը բաց պահելու եւ կրակին վրայ պարբերաբար իւղ թափելու... մարտավարութիւնը։
Անշուշտ դժուար չեղաւ պարզել ու ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ։ Բայց նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ իշխանութիւնները եւ անոնց ղեկավարած ուժային կառոյցները իրե՛նք որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունէին քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան այդ աստիճան սրումին մէջ։
Մանաւանդ որ Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները անակնկալ չէին։ 19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին ատենի նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տոկոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը։ Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով։
Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սար- գսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ։ Նաեւ ժողովրդավարական արժէքները ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին... ենթարկեց քուէները ընտրազանգուածին։
Հետեւանքը քաղաքական բացայայտ անզօրութիւնն էր նախագահական աթոռին տիրացած Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներու ճամբարին։ Նորընտիր նախագահը ժողովրդային վստահութեան բարոյական յենարանը չունէր, որպէսզի կարենար քաղաքականապէս յաղթահարել ընտրութեանց արդիւնքին դէմ ծաւալած դժգոհ ընտրազանգուածին բողոքի շարժումը, որ միայն Տէր¬Պետրոսեանական հաւաքներու եւ ցոյցերու շրջանակով չէր սահանափակուեր։
Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն պարտուած կողմը յուսահատական ելք մը գտաւ՝ քաղաքացիական հակադրութեանց յետ-ընտրական լարումին թափ տալով, այնպէս ալ յաղթական կողմը անելէն դուրս գալու ձեռնտու ելք մը նկատեց ցուցարարները զինաթափ ընելու ճնշամիջոցը, որ իրաւապահներու կոշտ միջամտութիւններով յանգեցաւ ցուցարարներու հետ զինեալ ընդհարումներու հրահրումին։
Այդպէ՛ս պայթեցաւ Հայաստանի ներ¬քաղաքական, այլեւ հասարակական բողոքի շարժումի «վառօդի տակառ»ը 1 Մարտ 2008ին։ Իրաւապահները բիրտ ուժով փորձեցին վերջ տալ ընտրութեանց արդիւնքը մերժող բողոքի մնայուն հաւաքներուն՝ պարզապէս հրապարակը «մաքրել» փորձելով ցուցարարներէն։ Իսկ այս վերջինները աւելիով բիրտ եղան իրենց հակադարձութեան մէջ...
Մարտ 1ի խռովութիւնները զսպելու եւ քաղաքացիական անիշխանական մթնոլորտը յաղթահարելու կարգախօսքով՝ իշխանութիւնը ստիպողական վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստատեց, հարիւրաւորներ բանտերը նետեց եւ, ոստիկանական պետութեան մը ամպհովանիին տակ, յառաջացաւ դէպի Սերժ Սարգսեանի նախագահական նոր վարչակազմին ձեւաւորումը։
Միւս կողմէ, միջազգային ընտանիքը փութաց ի նպաստ իր հաշիւներուն եւ շահերուն օգտագործեելու առիթը։ Մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական ազատութեանց պաշտպանութեան կարգախօսքով՝ Հայաստանով եւ տարածաշրջանով շահագրգռուած մեծ տէրութիւնները յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու՝ ժողովրդային վստահութեան կռուանի առումով տկարացած Հ.Հ. նորահաստատ իշխանութեանց իրենց պահանջներն ու հաշիւները պարտադրելու պատեհապաշտութեամբ։
Մինչեւ տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումի գայթակղութեան յանգեցան այդ շահարկումները...
Բայց այդ ամէնը տարբեր քննարկման նիւթ է։
Այսօր ընդգծելին ա՛յն է, որ ութ տարի առաջ՝ վերանկախացեալ մեր երկրին մէջ, հայոց պետականութիւնը ախտանշական գալարումներ ապրեցաւ իր ժողովրդավարական կայացման ճամբուն վրայ։ Գալարումներ՝ որոնք քաղաքացիական ընդհարման եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեան վտանգին մատնեցին մեր ժողովուրդը։
Անշուշտ կարելի եղաւ ձեւով մը շրջանցել վտանգը, բայց Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքէն դուրս չմղուեցաւ... քաղաքացիական պայթումի «վառօդի տակառը»։
Մարտ Մէկի խռովութեանց 8րդ տարելիցին առիթով, երբ այլապէս՝ Հայաստանի մերձակայ թէ հեռաւոր գօտիներու մէջ քաղաքացիական պայթումներու համընդհանուր հրաբուխ է, հայ քաղաքական միտքը յաւելեալ պատճառներ ունի զգաստացման պարտքին տակ դնելու հաւասարապէս թէ՛ իշխանաւոր, թէ՛ իշխանատենչ ճամբարները։
Քանի դեռ ուշ չէ, Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքէն արմատախիլ պէտք է ընել քաղաքացիական պայթումի վտանգաւոր որոմները։
Իսկ հասարակական մեր շաղախը թունաւորող ու պառակտող որոմները արմատախիլ կ՚ըլլան եւ կը վնասազերծուին միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կ’ամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ... աւարտին։
Վերջապէս, այսօր եւս, իրաւ իշխանափոխութեան եւ կառավարման համակարգի արմատական՝ ժողովրդավարական վերանորոգման մարտահրաւէրը դիմագրաւող Հայաստանի եւ հայութեան համար, մեր աչքերուն առջեւ կը կրկնուի ամէն գնով հայրենիքի կառավարման ղեկին կառչած մնալու գործող իշխանաւորներու աղէտալի, այլեւ կործանարար կամակորութիւնը։
Ժողովրդավարական բողոքի շարժումին «վառօդի տակառ»ը անխուսափելի պայթումի մատնող իշխանամոլութեան դրսեւորումներուն դէմ յանդիման, դէպի խաղաղ իշխանափոխութիւն յառաջանալու հաստատակամութեամբ, անհրաժեշտ է մոռացութեան չտալ 1 Մարտ 2008ի ամօթի խարանը եւ, հեռու մնալով ազգային-հասարակական մեր շաղախը խոցող ցնցումներէն, գտնել ժողովուրդի կամքին հանդէպ յարգանք պարտադրելու ժողովրդավարական պայքարի ուղին։
Որպէսզի երբեք չկրկնուի Մարտ Մէկի ողբերգութիւնը։
Որպէսզի յարգուի ժողովուրդին կամքը։
Ն.