Print
Category: Յուշատետր

Փետ­րո­ւար 23էն 24ի լուս­ցող գի­շե­րը, 41 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան խու­զար­կու եւ խո­րա­խոր­հուրդ հա­յեաց­քով աշ­խար­հին բա­ցո­ւած աչ­քե­րը ան­զու­գա­կան ­Մի­նա­սի, որ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ նո­րօ­րեայ ճա­ռա­գայ­թու­մը հայ նկար­չա­կան հան­ճա­րին։

­Մի­նաս բնա­կան մա­հով կամ հի­ւան­դու­թեամբ չհե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։ ­Մի­նա­սը պար­զա­պէս նենգ ու տմար­դի ե­ղա­նա­կով խլե­ցին մեր կեան­քէն ու առ­յա­ւէտ... աք­սո­րե­ցին։
16 ­Փետ­րո­ւար 1975ին, քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ, օր-ցե­րե­կով, Ա­բո­վեան-­Սա­յաթ ­Նո­վա փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ, իբր թէ պա­տա­հա­կան ար­կա­ծով մը, ինք­նա­շարժ մը լայն մայ­թը ե­լաւ եւ մա­հա­ցու վնա­սո­ւած­քով տա­պա­լեց մար­մի­նը մայ­թեզ­րին հան­դար­տօ­րէն քա­լող ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նի։

Ամ­բողջ շա­բաթ մը, հայ գե­ղան­կար­չու­թեան 47ա­մեայ վար­պե­տը մա­քա­ռե­ցաւ մա­հո­ւան դէմ։ ­Մա­հա­ցու ծանր էր մարմ­նին հաս­ցո­ւած հա­րո­ւա­ծը, բայց ­Մի­նաս մար­տու­նակ էակ էր եւ լի էր ապ­րե­լու, վե­րա­կանգ­նե­լու կամ­քով։ ­Դեռ չէր ա­ւար­տած իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր հա­սու­նաց­ման եր­կուն­քի տա­րեր­քին մէջ էր եւ այն­քան բան ու­նէր տա­լու. ինչ­պէ՜ս հե­ռա­նար իր պաշ­տած հո­ղէն ու ժո­ղո­վուր­դէն...

­Մա­նա­ւանդ որ ­Մի­նաս դեռ հաշ­տո­ւած չէր քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ իր ա­րո­ւես­տա­նո­ցը հրկի­զե­լու ա­ռա­ջին... «ար­կած»ին հետ, երբ մութ պայ­ման­նե­րու տակ հրդե­հի զոհ գնաց ա­րո­ւես­տա­նո­ցը՝ ­Մի­նա­սի բա­զում գոր­ծեր հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով։
­Խորհր­դա­յին «­Չա­րի­քի կայս­րու­թեան» ժա­մա­նակ­ներն էին եւ ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան ոչ ա­ռա­ջի­նը եւ ոչ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լար խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­մո­լու­թեան հայ ժո­ղո­վուր­դին տո­ւած ա­րեան... յա­ւե­լեալ՝ այ­լեւ ծան­րակ­շիռ հար­կին։ Իր­մէ ա­ռաջ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ եւ իր­մէ ետք ­Մու­շեղ ­Գալ­շո­յեան, նոյն­պէս մութ պայ­ման­նե­րու մէջ, խլո­ւե­ցան մեր կեան­քէն ու ժո­ղո­վուր­դէն՝ պար­զա­պէս ի­րենց այն «մեղք»ին հա­մար, որ խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան «ճշմար­տու­թե­նէն» էա­պէս տար­բեր եւ ա­նոր ներ­հակ ազ­գա­յին ճշմար­տու­թեան՝ ար­ժէք­նե­րու եւ ի­րա­ւու­թեան նո­ւի­րա­բե­րե­ցին ի վե­րուստ ի­րենց շնոր­հո­ւած հան­ճա­րեղ տա­ղան­դը։
Ա­զա­տա­խոհ եւ ա­զա­տա­շունչ ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան, իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն, ար­ժա­նա­ցած էր գնա­հա­տան­քին ու սքան­չա­ցու­մին ոչ միայն ա­րո­ւես­տա­սէր լայն հա­սա­րա­կու­թեան, այ­լեւ նոյ­նինքն խստա­պա­հանջ ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րուն եւ նոյ­նինքն հայ մշա­կոյ­թի նոյն­քան հան­ճա­րեղ հսկա­նե­րուն։

­Հայ նկար­չա­կան հան­ճա­րին քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ւագ ճա­ռա­գայ­թու­մը՝ նոյ­նինքն ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, որ ո­ջու­նեց ­Մի­նա­սի յայտ­նու­թիւ­նը եւ սրտա­բուխ յայ­տա­րա­րեց.
- «­Մի­նաս, ես քեզ­նից մեծ եմ յի­սուն տա­րով։ Ափ­սոս, ինձ քիչ ժա­մա­նակ է մնա­ցել։ Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գա­յիր։ Չ­մո­ռա­նաս, ա­րո­ւես­տը պայ­քար է սի­րում։ ­Հի­մա ես ար­դէն մե­նակ չեմ։ ­Դու էլ մե­նակ չես։ Ու­րեմն, շա­րու­նա­կէ խի­զա­խել։ Ես հա­ւա­տում եմ քո այդ լաւ ձեռ­քին»:
Իսկ հայ ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­կան վար­պե­տը՝ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեան վկա­յեց.

- «­Մի­նա­սի խառ­նո­ւած­քը ու­ժեղ է, վառ... ­Լի­նե­լով սիմ­ֆո­նիկ շնչի ա­րո­ւես­տա­գէտ, նա թատ­րոն ներ­խու­ժեց լայն ու խո­րը մտքե­րով։ ­Նա թա­տե­րա­կան նկար­չու­թեան մէջ փո­խադ­րեց իր հզօր սիմ­ֆո­նիզ­մը»։
­Կամ՝ ֆրան­սա­կան նկար­չու­թեան մէջ բարձ­րո­րակ ներդ­րու­մի տէր ­Գառ­զո­ւի բնու­թագ­րու­մով.- «­Մի­նա­սը շատ ինք­նա­տիպ ու տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ է: Ի­րեն գոյ­նե­րուն մէջ հզօր բան մը կայ, ար­տա­կարգ ուժ մը, որ շատ ժա­մա­նա­կա­կից է եւ շատ հայ­կա­կան: ­Մի­նա­սի նկար­նե­րուն մէջ ու­ժեղ կեր­պով ­Հա­յաս­տա­նը կը զգամ»։
­Վեր­ջա­պէս, Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան կ­՚ար­տա­յայ­տէր ընդ­հա­նուր սքան­չա­ցու­մը, երբ ա­ռի­թով մը կ­՚ը­սէր.
- «Աշ­խար­հի մէջ ա­նոր պէս նկա­րիչ քիչ կայ, ե­թէ ը­սեմ՝ չկայ, հա­ւա­տա­ցէ՛ք: Ի՜նչ զօ­րա­ւոր է, հայ­կա­կան է, հին ու բո­լո­րո­վին նոր: ­Զար­մա­նա­լի է...։

­Մի­նաս ­Կա­րա­պե­տի Աւե­տի­սեան ծնած էր ­Յու­լիս 20ին, 1928ին, ­Շի­րա­կի ­Ջա­ջուռ գիւ­ղը։ ­Հայ­րը ­Մու­շէն՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած եւ ­Ջա­ջուռ հաս­տա­տո­ւած դար­բին էր՝ ­Կա­րա­պետ Ա­ւե­տի­սեան։ ­Մայ­րը՝ ­Սո­ֆոն, ­Կար­սէն գաղ­թած քա­հա­նա­յի դուստր էր։ ­Հո­ղի մշակ­ման եւ գիւ­ղա­կան աշ­խար­հի լու­սա­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած պարզ, այ­լեւ հա­յու ի­րենց ար­մատ­նե­րուն փա­րած մար­դիկ էին։ Եւ ­Մի­նաս ­Ջա­ջու­ռի բնու­թե­նէն ու ջա­ջուռ­ցի­նե­րու յու­զաշ­խար­հէն վեր­ցուց իր ե­րան­գապ­նա­կին ողջ հարս­տու­թիւ­նը՝ գոյ­նե­րու շռայ­լանքն ու խստա­բիբ աշ­խար­հա­յեաց­քը, լոյ­սի եւ ստո­ւե­րի խոր հա­կադ­րու­թիւն­ներն ու թանձ­րա­ցեալ ըն­դե­լու­զում­նե­րը, մէկ կող­մէ ան­հուն սի­րոյ ու բա­րու­թեան եւ միւս կող­մէ դառ­նու­թեան ու ընդվ­զու­մի մի­ջեւ բուռն ա­լե­կո­ծում­նե­րը։

­Մի­նաս եր­կար ճամ­բայ կտրեց գե­ղան­կար­չա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը, գի­տու­թիւնն ու հմտու­թիւ­նը ուս­ման մի­ջո­ցաւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Փա­նոս ­Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղարուես­տա­կան ­Վար­ժա­րա­նը եւ ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան ­Հիմ­նար­կը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1953ին, ­Մի­նաս մաս­նա­գի­տա­կան ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Լե­նինկ­րա­տի ­Ռե­պի­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Ա­կա­դե­միա­յին մէջ՝ 1960ին վկա­յո­ւե­լով պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ։

Ե­թէ ե­րե­ւա­նեան ուս­ման տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սի առ­ջեւ լայն բա­ցին հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան ան­սահ­ման աշ­խար­հը, լե­նինկ­րա­տեան տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սը զի­նե­ցին ի­տա­լա­կան ­Վե­րած­նուն­դի նկար­չու­թեան խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով։
­Վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւան՝ ­Մի­նաս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի։ ­Նոյն տա­րին իսկ տո­ւաւ իր ան­հա­տա­կան ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ ռում­բի պէս ցնցիչ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան վրայ։

Ա­ռա­ջին այդ քայ­լէն իսկ ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու՝ ­Մի­նա­սի ա­րուես­տին եւ տա­ղան­դին գնա­հատ­ման հար­ցին շուրջ։
­Պաշ­տօ­նա­կան քննադա­տու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նակ փոր­ձեց ան­տե­սել եւ լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հել ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած գոր­ծե­րը, բայց ժա­մա­նա­կը քայլ առ քայլ յաղ­թա­հա­րեց ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ­Մի­նա­սի եր­թը ար­գե­լա­կել փոր­ձող այդ պա­տո­ւար­նե­րը։ ­Տա­ղան­դա­շատ այն­պի­սի՜ շունչ եւ թռիչք կար ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­կա­մայ պա­տու­հան­նե­րը բա­ցին աշ­խար­հին առ­ջեւ՝ ճանչ­նա­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու հա­մար ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի ար­ժա­նա­ւոր այս ժա­ռան­գոր­դին գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը։

­Միայն 15 տա­րի տե­ւեց ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յաղ­թար­շա­ւը՝ 1960էն մին­չեւ 1975ի իր ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը։ ­Բայց այդ­քանն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Մի­նաս ձեռ­նա­մուխ ըլ­լայ գե­ղան­կար­չու­թեան բո­լոր ճիւ­ղե­րու մէջ ինք­նադր­սե­ւոր­ման եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ար­գա­սա­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Դի­ման­կար­չու­թիւն եւ բնան­կար­չու­թիւն, գծան­կար եւ որմ­նան­կար, բե­ման­կար­չու­թիւն եւ շար­ժա­պատ­կե­րի նկար­չու­թիւն՝ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ­Մի­նաս իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ եւ բարձ­րար­ժէք գոր­ծե­րով հարստա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նը։

­Հայ­րե­նի գիւ­ղաշ­խար­հը, իր վառ գոյ­նե­րով եւ խո­րա­շունչ պա­հե­րով, ան­սահ­ման հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ ­Մի­նա­սի վրձի­նին առ­ջեւ։ Եւ հան­ճա­րեղ ջա­ջուռ­ցին իր մէջ մթե­րո­ւած հո­գեմ­տա­ւոր ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը վե­րա­ծեց գոյ­նի եւ լոյ­սի ու իբ­րեւ հայ­կա­կան նշխարհ բաշ­խեց մարդ­կու­թեան։
­Մի­նա­սի գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ տի­րա­պե­տող ե­ղաւ ինչ­պէս ­Ջա­ջու­ռի բնան­կար­նե­րով հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, նոյն­պէս եւ իր մօր կեր­պա­րով հա­յոց մայ­րա­կան աշ­խար­հի խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խար­հը։ ­Յա­տուկ շեշ­տադ­րու­մի ար­ժա­նի է նաեւ ու մա­նա­ւանդ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ­Յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած նկա­րա­շա­րը՝ «­Ճա­նա­պարհ. ծնող­նե­րիս յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը» եւ «­Դէր-­Զօ­րի ճա­նա­պար­հին» ա­նո­ւա­նում­նե­րով։

­Մի­նաս յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­րո­ւես­տին նկատ­մամբ յար­գանք պար­տադ­րել նաեւ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սրտին եւ հո­գիին մէջ ան­խոր­տա­կե­լի գա­հի ար­ժա­նա­ցուց մե­ծա­տա­ղանդ նկա­րի­չին։ Ան դար­ձաւ ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան գոր­ծօն ան­դամ եւ ա­նոր նա­խա­գա­հու­թեան մղիչ ու­ժը, այ­լեւ՝ գա­ղա­փա­րա­կան իր հիմ­նա­րար ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ 1960ա­կան­նե­րու հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քին մէջ։

­Բայց դժբախ­տու­թիւ­նը կամ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան չա­րի­քը շատ շուտ հա­րո­ւա­ծեց իր ծաղկ­ման փու­լը թե­ւա­կո­խած ­Մի­նա­սին։ 1972ին ան ապ­րե­ցաւ ոե­ւէ նկա­րի­չի վի­ճա­կո­ւած դա­ժա­նա­գոյն եւ դառ­նա­գոյն ող­բեր­գու­թիւ­նը, երբ հրդե­հը հրոյ ճա­րակ դար­ձուց ա­նոր աշ­խա­տա­նո­ցը՝ հա­րիւ­րա­ւոր գոր­ծե­րու փճաց­ման պատ­ճառ դառ­նա­լով։

­Մի­նաս եր­կար ժա­մա­նակ չկրցաւ վե­րագտ­նել իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թա­փը։ ­Բայց իր ներ­քին կրա­կը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էր եւ կրցաւ յաղ­թա­հա­րել այդ ծանր հա­րո­ւա­ծը։

­Մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գե­ղան­կար­չու­թեան լու­սապ­սակ այս գա­գա­թը, սա­կայն, ան­զօր ե­ղաւ յաղ­թա­հա­րե­լու շնչա­ւոր իր մարմ­նին հաս­ցո­ւած մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը 16 ­Փետ­րո­ւար 1975ին, երբ այդ­պէս կո­չո­ւած ինք­նա­շար­ժի «ար­կած»ի տակ ֆի­զի­քա­պէս զգետ­նուե­ցաւ... մին­չեւ որ 23 ­Փետ­րո­ւա­րին առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց աշ­խար­հի գոյ­ներն ու լոյ­սի խա­ղե­րը այն­քան խո­րու­թեամբ խտա­ցու­ցած աչ­քե­րը ան­զու­գա­կան ­Մի­նա­սի։

Ն.