Print
Category: Յուշատետր

altՀայ գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի դէմ­քե­րէն է «­Կար­միր ­Ժա­մուց» խո­րագ­րեալ իր վի­պա­կով յա­ւեր­ժու­թեան դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ցած Ար­փիար Ար­փիա­րեան, որ ­Փետ­րո­ւար 12ի օ­րը, 108 տա­րի ա­ռաջ, զոհ գնաց եղ­բայ­րաս­պան ո­ճի­րի։

 

 

Ե­զա­կի դէմք է Ար­փիաեան նախ իր գրա­կան տա­ղան­դով, որ հա­կա­ռակ մսխո­ւած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին՝ հայ գրա­կա­նու­թեան այս բարձ­րո­րակ հե­ղի­նա­կին ար­ժա­նա­ցուց ան­մա­հու­թեան պա­տո­ւան­դա­նին՝ իբ­րեւ հայ գրա­կա­նու­թեան Ի­րա­պաշտ դպրո­ցին հիմ­նա­դի­րի, ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման դրօ­շա­կի­րի եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Շարժ­ման գա­ղա­փա­րի մար­տի­կի։

Ե­զա­կի դէմք է Ար­փիա­րեան նաեւ իր յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­շատ ե­րախ­տա­ւո­րին ա­պա­հո­վեց Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան յանձ­նա­ռու գոր­ծի­չի եւ ղե­կա­վար գա­ղա­փա­րա­խօ­սի պա­տո­ւան­դա­նը։

Ե­զա­կի դէմք է Ար­փիա­րեան վեր­ջա­պէս ու մա­նա­ւա՛նդ ե­ղե­րա­կան իր ճա­կա­տագ­րին բե­րու­մով, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր բե­ղուն կեան­քին թե­լը ա­պա­ժամ չկտրուե­ցաւ հի­ւան­դու­թեան կամ դժբախ­տու­թեան մը հե­տե­ւան­քով, ոչ ալ թշնա­մի դա­ժան ձեռ­քով, այլ՝ եղ­բայ­րաս­պան ա­նարգ փամ­փուշ­տով...

Ար­դա­րեւ, Ար­փիա­րեան 57 տա­րե­կան էր, երբ 12 ­Փետ­րո­ւար 1908ին, ­Գա­հի­րէի մէջ, իբ­րեւ նախ­կին հնչա­կեան ղե­կա­վա­րի եւ նո­րաս­տեղծ ­Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րի, ան զոհ գնաց գա­ղա­փա­րա­կան մաք­րա­գոր­ծու­մի՝ խորհր­դան­շե­լով նա­խա­դէ­պը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ծանր, այլ տխուր եւ վար­կա­բե­կիչ «ժա­ռան­գու­թեան» մը։

Ար­փիա­րեան ծնած էր ­Սամ­սո­նի նա­ւա­հան­գիս­տի մա­տոյց­նե­րուն, ծնող­քը Ակ­նէն ­Պո­լիս տե­ղա­փո­խող նա­ւու մը վրայ, 21 ­Դեկ­տեմ­բեր 1851ին։ Ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ պի­տի նշէր Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի դէմ­քը ներ­կա­յաց­նող իր ակ­նար­կին մէջ, ծո­վու ա­լե­կո­ծում­նե­րուն հետ լոյս աշ­խարհ գա­լը իր շեշ­տա­կի դրոշ­մը դրաւ Ար­փիա­րեա­նի թէ՛ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, թէ՛ գրա­կան-գե­ղարուես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ՝ վե­րել­քի ու ան­կու­մի ա­լե­կո­ծում­նե­րը, ե­րե­րանքն ու վե­րի­վայ­րում­նե­րը բա­ժին հա­նե­լով մեծ գրո­ղին։

­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Օր­թա­գիւ­ղի «­Թարգ­ման­չաց» վար­ժա­րա­նին մէջ, որ­մէ ետք ղրկուե­ցաւ ­Վե­նե­տիկ՝ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու մօտ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար իր ու­սու­մը։ Ա­շա­կեր­տեց ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի եւ թրծո­ւե­ցաւ ա­նոր ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չով։

­Վե­րա­դառ­նա­լով ­Պո­լիս՝ ժա­մա­նակ մը աշ­խա­տե­ցաւ ա­ռեւտ­րա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րու մէջ իբ­րեւ հա­շո­ւա­պա­հի ու գրա­գի­րի, ա­պա՝ քար­տու­ղա­րա­կան պաշ­տօ­նի կո­չո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ։

­Բայց ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հո­գը (որ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ա­մու­րի եւ աղ­քատ ապ­րած Ար­փիա­րեա­նի հա­մար շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ վերջ) ար­գելք չե­ղաւ, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ իր տա­րի­քէն Ար­փիա­րեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւէր թէ՛ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր տա­ղան­դով ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու ար­ծար­ծու­մին ու ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցու­մին, թէ՛ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին դպրո­ցա­կան ցան­ցի հիմ­նու­մին եւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան։

­Տա­ղան­դա­ւոր ար­ձա­կա­գիր էր Ար­փիա­րեան եւ իր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան յօ­դո­ւած­ներն ու գրա­կան պատ­մո­ւածք­նե­րը շու­տով ար­ժա­նա­ցան ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան։ Սկզբ­նա­կան շրջա­նին աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ­Պոլ­սոյ «­Մա­սիս»ին եւ ­Թիֆ­լի­սի «Մ­շակ»ին։ ­Յատ­կա­պէս վեր­ջի­նին՝ Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի «Մ­շակ»ին իր բե­րած մնա­յուն աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ եւ ­Հայ­կակ ստո­րագ­րու­թեամբ, Ար­փիա­րեան դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ ա­զա­տա­խոհ եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու տա­րած­ման ու ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին նաեւ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Կով­կաս, մնաց ­Թիֆ­լիս, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ու մտեր­մա­ցաւ Արծ­րու­նիի, ­Րաֆ­ֆիի եւ ­Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեա­նի հետ։

Այդ մտեր­մու­թիւ­նը հիմ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Ար­փիա­րեա­նի հա­մար։ Իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ՝ Ար­փիա­րեան «ա­րեւմ­տա­հա­յոց Արծ­րու­նին դար­ձաւ». գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ ­Րաֆ­ֆիի ու­ղիով հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­գա­մա­բե­րը ե­ղաւ. իսկ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան Ի­րա­պաշտ շար­ժու­մին մէջ Ա­ղա­յեա­նի շուն­չով հայ­կա­կան գա­ւա­ռին ու­րոյն ձայ­նը դար­ձաւ։

Երկ­րի հա­յու­թեան հա­մեստ ու կե­ղե­քո­ւած խա­ւին դժո­ւա­րին կեան­քը գրա­կա­նօ­րէն ներ­կա­յաց­նե­լու, ա­նոր ար­դար բո­ղո­քի ձայ­նին հա­րա­զատ թարգ­մա­նը դառ­նա­լու ճի­գը տի­րա­կան մնաց Ա­րփիա­րեա­նի մօտ, որ 1889ին նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց՝ միա­նա­լով Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան։
­Մին­չեւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան միա­նա­լը, Ար­փիա­րեան ծա­ւա­լած էր ար­դէն ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ե­ղած էր Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խան եւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի ու­ղիով գլխա­ւոր պաշտ­պան­նե­րէն մէ­կը դար­ձած էր հայ­կա­կան գա­ւա­ռի լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րին։

­Հիմ­նա­դիր­նե­րէն ե­ղած էր նախ «Ա­րա­րա­տեան», ա­պա՝ «­Միա­ցեալ Ըն­կե­րու­թեան», որ հայ­կա­կան գա­ւա­ռը դպրո­ցա­կան ցան­ցով օժ­տե­լու մեծ գոր­ծին նուիրո­ւե­ցաւ։ Այդ նպա­տա­կով Ար­փիա­րեան շրջե­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րը, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի դժո­ւա­րին կեան­քին եւ իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ ու գրա­կա­նու­թեամբ ար­տա­յայ­տի­չը դար­ձաւ գա­ւա­ռի հա­յու­թեան ազ­գա­յին ու ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան ձգտում­նե­րուն։

Այդ ճամ­բով ալ Ար­փիա­րեան յան­գե­ցաւ ա՛յն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ՝ «­Ժո­ղովր­դոց հա­մար պատ­մու­թեան վշտա­լի դա­սե­րը ա­պա­գա­յի ա­մէ­նէն լա­ւա­գոյն ու­ղե­ցոյց­ներն են»։ ­Նոյն ճամ­բով էր, նաեւ, որ ան պատ­գա­մեց.- «­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կրնայ քա­նի մը ճա­կա­տա­մարտ կորսնց­նել, բայց վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կը ի­րեն պի­տի մնայ»։

Դժ­բախ­տա­բար հարթ չե­ղաւ Ար­փիա­րեա­նի կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղին։ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը կա­նու­խէն վա­րա­կած ներ­քին պա­ռակ­տու­մի սեր­մերն ու բուռն տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջա­ցու­ցած էին ընդ­հա­նուր կաս­կա­ծան­քի, անվս­տա­հու­թեան եւ յե­ղա­փո­խու­թեան դա­ւա­ճա­նե­լու ջլա­տիչ մթնո­լորտ մը։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ Ար­փիա­րեա­նի համ­բաւն ու տի­րա­կան դէմ­քը շու­տով թի­րախ դար­ձան խծբծան­քի եւ չա­րա­խօ­սու­թեանց։

Ար­փիա­րեան ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ 1890ին Հն­չա­կեան­նե­րու կազ­մա­կեր­պած ­ԳումԳափուի ցոյ­ցին, ո­րուն հե­տե­ւան­քով իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բան­տար­կո­ւե­ցաւ։

­Բան­տար­կու­թեան շրջա­նին Ար­փիա­րեա­նի դէմ, Հն­չա­կեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս, սկսան շրջիլ յա­մառ զրոյց­ներ եւ մե­ղադ­րանք­ներ, թէ ան մատ­նու­թիւն կա­տա­րած է իր ըն­կեր­նե­րու հաս­ցէին եւ յե­ղա­փո­խու­թեան դա­ւա­ճան է։ ­Բայց Ար­փիա­րեան ար­հա­մար­հեց այդ բո­լո­րը եւ 1891ի ընդ­հա­նուր նե­րու­մէն ետք, բան­տէն դուրս գա­լով, նոր թա­փով լծո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րու տա­րած­ման հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Հիմ­նեց եւ խմբագ­րեց ­Պոլ­սոյ «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թը՝ ­Յով­հան­նէս ­Շահ­նա­զա­րեա­նի մե­կե­նա­սու­թեամբ ու գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

­Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թիւ­նը եր­կար չսպա­սեց՝ փա­կել տա­լու հա­մար ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի քա­րոզ­չու­թեան այդ գա­ղա­փա­րա­կան բուռն հնո­ցը։ ­Բայց Ար­փիա­րեան դիւ­րու­թեամբ տե­ղի տո­ւո­ղը չէր։ Ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Բա­գու եւ լծո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին հա­մար դրամ հա­ւա­քե­լու եւ զէնք ու զի­նամ­թեր­քով Երկ­րի հնչա­կեան ֆե­տա­յի­նե­րուն օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու գոր­ծին։

Ա­հա՛ այդ շրջա­նէն սկսաւ նաեւ, Ար­փիա­րեա­նի հաս­ցէին, յե­ղա­փո­խա­կան սուրբ գոր­ծին հա­մար հա­ւաքուած գու­մար­նե­րէն իւ­րա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու ներ­քին չա­րա­խօ­սու­թեանց ար­շաւ մը, որ այ­նու­հե­տեւ ա­նոր քայ­լե­րուն կրկնա­կոխ հե­տե­ւե­ցաւ շա­րու­նակ, ուր որ ալ գնաց ան՝ ­Լոն­տոն, ­Փա­րիզ, ­Վե­նե­տիկ թէ ­Գա­հի­րէ (Ե­գիպ­տոս)։ Իսկ Ար­փիա­րեան, 1896էն սկսեալ ար­դէն, չէր կրնար մնալ ­Պո­լիս։ ­Հա­մի­տեան հա­լա­ծանք­նե­րէն հե­ռու՝ իր բո­ղո­քի ու պայ­քա­րի ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու հա­մար, Ար­փիա­րեան ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։

­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի պատ­մա­գիր­նե­րը, հնչա­կեան ըլ­լան ա­նոնք թէ դաշ­նակ­ցա­կան կամ պար­զա­պէս չէ­զոք հե­տա­զօ­տող­ներ, ցա­ւա­գին կանդ­րա­դառնան Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի ա­նու­նին շուրջ ծա­ւա­լած բամ­բա­սան­քի, զրպար­տու­թեանց եւ մե­ղադ­րանք­նե­րու այդ ամ­բողջ պատ­մու­թեան, որ նաեւ ման­րա­մաս­նօ­րէն զե­կու­ցո­ւած ու տե­ղե­կագ­րո­ւած է (Հ.Յ.Դ. Օր­գան «Դ­րօ­շակ», 1899ի իր հա­մար­նե­րուն կցած է ե­րեք յա­ւե­լո­ւած­ներ՝ ման­րա­մասն ներ­կա­յաց­նե­լով Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի կու­սակ­ցա­կան դա­տաքն­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նոյ­նինքն Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան ար­խիւ­նե­րը)։

Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ջլա­տած ներ­քին պա­ռակ­տու­մի այդ մթնո­լոր­տը չու­շա­ցաւ նաեւ գործ­նա­կան դրսե­ւո­րում­ներ ու­նե­նա­լու։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ­Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ «մայր կեդ­րո­նին» ու ­Վե­րա­կազ­մեալ­նե­րուն մի­ջեւ վե­րա­միաց­ման բա­նակ­ցու­թեանց եր­կար շրջա­նին շա­րու­նակ ի յայտ ե­կաւ Ար­փիա­րեա­նի ա­նու­նը՝ իբ­րեւ խան­գա­րող ազ­դա­կի, թէեւ մեծ գրո­ղին ու մտա­ւո­րա­կա­նին հաս­ցէին բամ­բա­սող­ներն ան­գամ ա­ռի­թը չէին փախց­ներ գրկա­բաց ըն­դու­նե­լու զինք, ե­թէ Ար­փիա­րեան մեր­ձե­ցում ցու­ցա­բե­րէր ո­րե­ւէ կող­մի ուղ­ղու­թեամբ։

1905էն սկսեալ Ար­փիա­րեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, ուր հիմ­նեց ու հրա­տա­րա­կեց «­Շի­րակ» գրա­կան ամ­սա­գի­րը՝ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս աշ­խա­տակ­ցե­լով նաեւ տեղ­ւոյն «­Լու­սա­բեր» օ­րա­թեր­թին։ ­Չա­րա­խօ­սու­թեան ար­շա­ւը նաեւ ­Գա­հի­րէի մէջ հե­տե­ւե­ցաւ Ար­փիա­րեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Մին­չեւ որ վրայ հա­սաւ 12 ­Փետրուար 1908ի չա­րա­բաս­տիկ օ­րը, երբ շու­կա­յէն տուն վե­րա­դար­ձին՝ ան­ծա­նօթ հայ ա­հա­բե­կի­չը մա­հա­ցու կրակ բա­ցաւ մեծ գրո­ղին վրայ։

«­Հա՜յ եմ» ե­ղաւ Ար­փիա­րեա­նի վեր­ջին ճի­չը։

Ար­փիա­րեա­նի դառն վախ­ճա­նին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ­Վա­հան ­Թէ­քէեան ա­տե­նին կա­տա­րած է դի­պուկ ընդգ­ծում մը. «Իր մէջ եր­կու մարդ կար՝ հայ­րե­նա­սէ­րը եւ սկեպ­տի­կը. ա­ռա­ջի­նը զինք սպան­նեց»...

­Բայց ոչ ոք եւ ոչ մէկ ուժ կրնար սպան­նել ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճած գրա­կա­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի, որ նոյ­նիսկ օ­րը օ­րին գրո­ւած ու յա­ճախ անխ­նամ վի­ճա­կի մէջ ըն­թեր­ցո­ղի դա­տաս­տա­նին յանձ­նո­ւած իր պատ­մո­ւածք­նե­րով, վի­պակ­նե­րով, վէ­պով եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ակ­նարկ­նե­րով՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը գրա­ւեց հայ մե­ծա­տա­ղանդ գրող­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։

­Յատ­կա­պէս 1901ին գրո­ւած եւ 1903ին ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս տե­սած իր «­Կար­միր ­Ժա­մուց» գոր­ծով՝ Ար­փիա­րեան մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եր­կուն­քը յա­ւեր­ժաց­նող դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը։ ­Մէկ կող­մէ հայ­կա­կան գա­ւա­ռին ե­րի­տա­սար­դա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան ազ­գա­յին պոռթ­կու­մը, իսկ միւս կող­մէ ­Պոլ­սոյ մե­ծա­տուն է­ֆէն­տի­նե­րու պահ­պա­նո­ղա­կան մտայ­նու­թիւ­նը ներ­քին բե­ւե­ռաց­ման տա­րած էին հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ «­Կար­միր ­Ժա­մուց»ը այդ բե­ւե­ռաց­ման պարզ, ժո­ղովր­դա­յին եւ սրա­տես վեր­ծա­նումն է, ուր Ար­փիա­րեա­նի դիւ­րա­հա­ղորդ, եր­գի­ծան­քով հա­մե­մո­ւած ու հո­գե­վի­ճակ­ներ խտաց­նող գրե­լաո­ճը՝ ի նպաստ յե­ղա­փո­խու­թեան հան­գու­ցա­լուծ­ման տա­նե­լով պահ­պա­նո­ղա­կան ­Հայ­րա­պետ Է­ֆէն­տիի եւ յե­ղա­փո­խա­կան ­Տէր ­Յու­սի­կի հա­կադ­րու­թիւ­նը, հայ գրա­կա­նու­թեան շնոր­հեց գլուխ-գոր­ծոց մը։

«­Կար­միր ժա­մուց» խտա­ցուց ու ամ­րագ­րեց նաեւ ան­մեռ պատ­գա­մը Ար­փիա­րեան Ար­փիար յե­ղա­փո­խա­կա­նին, որ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի «Եր­կա­թէ ­Շե­րե­փին» հա­ւա­տաց ու ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րեց այդ նպա­տա­կին, որ­պէս­զի «­Կար­միր ­Ժա­մուց» ա­պա­հո­վէ ու հասց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դի զին­ման ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան սուրբ գոր­ծին։

Ն.