Փետրուար 4ին, 64 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ իր մեծ զաւակներուն դրօշակիրներէն ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեանը։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներու երկու «դարաշրջաններ»ն ալ ապրեցաւ Երեւանի մէջ առյաւէտ հանգչած Հայ Մտքի այս անմահ հսկան։
Մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդայնացումը երկարող «դարաշրջան»ին, Հայ Մտքի անզուգական հսկաներէն լեզուագէտ ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի հետ գործակցաբար, Յակոբ Մանանդեան իր կեանքի ժամանակն ու գիտական ընդունակութիւնները նուիրեց հայոց քննական պատմութեան եւ Հայաստանի քաղաքական բազմադարեան հոլովոյթին ուսումնասիրման, արժեւորման եւ պատմափիլիսոփայական իմաստաւորման։
Նաեւ այնուհետեւ՝ Խորհրդային Միութեան դաժան դարաշրջանին եւս, հակառակ ամբողջատիրական վարչակարգի ապազգային ու հակազգային համատարած ճնշումներուն, Յակոբ Մանանդեան ակադեմական խիզախութեամբ ու մտաւորական յանձնառութեամբ հաստատաքայլ յառաջացաւ հայ պատմաքաղաքական մտքի զարգացման ուղիէն՝ ամենայն ինքնահաւատարմութեամբ ու նուիրաբերման ոգիով։
Այդպէս, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մէջ ուսուցչական իրենց պաշտօնավարութեան օրերէն սկսեալ, Յ. Մանանդեան եւ Հայ Մտքի միւս Արժանաւորները հանդիսացան մտաւորական «չխոնարհող եղէգներ»ու վաւերական կերպարներ՝ Հայ Մտքի գանձանակը հարստացնելով իրենց պատմաքաղաքական, գրական-բանասիրական եւ լեզուաիմաստասիրական մեծարժէք նուաճումներով։
Յ. Մանանդեան սերած էր հայկական Ջաւախքէն. ծնած էր Ախալցխա, 10 Նոյեմբեր 1873ին։ Ուսման ծարաւը եւ պատմաբանասիրական գիտութիւններու բնատուր ընդունակութիւնը մղեցին Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտած հայ պատանիին, որ բարձրագոյն ուսման հետեւի Ենայի, Լայփցիկի, Սթրազպուրկի եւ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտացաւ պատմագիտութեան, փիլիսոփայութեան եւ իրաւագիտութեան, ինչպէս նաեւ յունարէնի մէջ՝ արժանանալով պատուոյ գնահատականներու եւ յատուկ յիշատակութեամբ վկայականներու։
Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումն ու ատենի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, Յակոբ Մանանդեան արդէն ճանաչում գտած պատմաբան ու սերունդ հասցուցած դասախօս էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Առ այդ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմաւորման մեծ գործին առաջին ընդառաջողներէն ու մասնակիցներէն եղաւ եւ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ համալսարանի ակադեմական հիմերու հաստատման ու գիտական աւանդներու ծլարձակման մէջ։
Հայոց մեծ պատմաբանին նուիրուած ուշագրաւ յուշ ունի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ անոր աշակերտած Սիմոն Վրացեանը։ «Կեանքի ուղիներով» խորագրուած իր յուշագրական շարքին երկրորդ հատորին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը իր ուսուցչին՝ Յ. Մանանդեանին նուիրուած է յուշի պատառիկներ, որոնց շարքին՝
«Իմ յիշողութեան մէջ անմոռանալի է Մանանդեանի մէկ ճառը ուղղուած աշակերտներին... նիւթն էր Հայ ազգի ներկայ վիճակը եւ ճեմարականների պարտականութիւնը Ազգի հանդէպ։ Այսօրուայ պէս հնչում են իմ ականջներում նրա ոգեշունչ խօսքերը.
«- Մեր Ազգը տգէտ է, մեր Ազգը ճնշուած է, մեր Ազգը թշուառ է...
«Եւ վերջը.
«- Դուք պէտք է պատրաստուէք ամոքելու Ազգի ցաւը։ Ազգի յոյսն էք դուք»։
Յատկանշական է նաեւ Վրացեանի եզրափակիչ յուշը.
«- Հայ եկեղեցական կալուածների գրաւման տարին էր։ Ես Ճեմարանի Դաշնակցական կազմակերպութեան կողմից պատգամաւոր էի կուսակցութեան Շրջանային Ժողովում, որ գաղտնի գումարուած էր Վաղարշապատի մեծ այգիներից մէկում։Եւ որքա՜ն մեծ եղաւ իմ զարմանքը, երբ տեսայ ժողովի նախագահ Սիրական Տիգրանեանին եւ անոր կողքին նստած Յակոբ Մանանդեանին։
«Հետագային Յ. Մանանդեանը դուրս եկաւ Դաշնակցութիւնից եւ մնաց անկուսակցական»։
Ազգային-գաղափարական իր այս աշխարհայեացքով՝ Յ. Մանանդեան ամբողջական փարումով լծուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ակադեմական աւանդներու մշակումին ու զարգացումին։
Գիտնական մարդու իր աշխատունակութիւնն ու մտաւորականի բարձր արժանիքները բաւարար եղան, որպէսզի Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եւս Մանանդեան կարենայ անխափան շարունակել սերունդ պատրաստելու եւ հայոց գիտական պատմաբանասիրութիւնը հարստացնելու իր աշխատանքը։ 1931ին Մանանդեան հրաժեշտ տուաւ դասախօսական ասպարէզին եւ իր լրիւ ժամանակն ու եռանդը նուիրեց գիտահետազօտական աշխատանքի։
Յակոբ Մանանդեան աւելի քան հարիւր հատոր կազմող գիտական հարստութիւն մը ժառանգ ձգեց մեր ժողովուրդին։ Մեծանուն ակադեմիկոսին պատմագիտական, բանասիրական եւ աղբիւրագիտական հարուստ ժառանգութեան կոթողական գործերը կը հանդիսանան՝ «Տիգրան Բ. եւ Հռոմը», «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան», «Հայաստանի քաղաքական պատմութիւնը», «Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում», «Հայաստանի գլխաւոր ճանապարհները» եւ «Խորենացու առեղծուածի լուծումը» եւ շատ ուրիշներ։
Մեծ ակադեմականը հանդիսացաւ ռահվիրան հայ ժողովուրդի պատմութեան վիճայարոյց ծալքերն ու խնդիրները քննական եւ գիտական վերծանումի ու գիտահետազօտման արժանացնելու մեծ գործին։ Իբրեւ այդպիսին՝ պատմագիտական իր որոշ մեկնաբանութիւններուն տարակարծիք գտնուողներն անգամ յարգանքով կը խոնարհին անոր գիտական մօտեցումին եւ ակադեմական մշակումներուն առջեւ։
- Մանանդեան գիտահետազօտական ասպարէզ մուտք գործեց իբրեւ հարուստ պաշարի տէր հմուտ բանասէր։ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, «Գէորգեան» Ճեմարանի իր պաշտօնակից Հրաչեայ Աճառեանի հետ գործակցաբար, անոնք երկու հատորով հրատարակեցին հայկական վկայաբանական գրականութեան կարեւոր գործերու բնագիրները՝ գիտական խմբագրումով եւ քննաբաղդատական ներկայացումով։
- Քսաներորդ դարու առաջին երեսնամեակի Մանանդեանի գիտական հետազօտութիւնները կեդրոնացան հայ մշակոյթի զարգացման մէջ մեծագոյն դեր ունեցած հայոց «Յունաբան Դպրոց»ի ուսումնասիրութեան վրայ։ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայոց լեզուի գիւտէն մինչեւ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի հայոց պատմութեան գիտական արժեւորումը, անցնելով հայկական իմաստասիրութեան նահապետ Դաւիթ Անյաղթի ժառանգութեան գիտական վերծանումէն, Յակոբ Մանանդեան պատմաբանասիրական քննական լուսարձակի տակ առաւ հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան կտրած ուղին։ Այդ որոնումներուն եւ ուսումնասիրութեանց կոթողական արգասիքը հանդիսացաւ 1928ին Վիեննայի մէջ հրատարակուած «Յունաբան Դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները» անուն մենագրութիւնը։
- Մանանդեանի քննական մօտեցումին եւ բաղդատական աշխատասիրութեանց պերճախօս վկայութիւնը հանդիսացաւ 1934ին լոյս տեսած «Խորենացու առեղծուածի լուծումը» երկը, ուր թէեւ Մանանդեան պաշտպանեց ու հիմնաւորել փորձեց հայ պատմագրութեան կողմէ մերժուած Խորենացիի 9րդ դարուն պատկանելու տեսութիւնը, այսուհանդերձ՝ մեծ գիտնականը սպառիչ արժեւորումը կատարեց հայոց պատմահօր անփոխարինելի ժառանգութեան։
- Նոյն տարին լոյս տեսաւ նաեւ Մանանդեանի «Մեսրոպ Մաշտոցը եւ հայ ժողովրդի պայքարը մշակութային ինքնուրոյնութեան համար» մենագրութիւնը, որ պատմաբանասիրական իր պրպտումներուն շարքը ամբողջացուց։
- 1930ին Մանանդեան լոյս ընծայեց, ռուսերէնով, «Հայաստանի առեւտրի եւ քաղաքների մասին» ինքնատիպ գործը, որ ամբողջ տարածաշրջանի ուսումնասիրութեան լայն պաստառին վրայ մանրամասն ներկայացուց հայոց առեւտրական եւ տնտեսական-հասարակական կեանքը հին ժամանակներէն մինչեւ 16րդ դար։ Այդ աշխատասիրութեան պսակումը եղաւ «Ֆէոդալիզմը հին Հայաստանում» երկը, որ լոյս տեսաւ 1934ին։ Նոյն ուղղութեամբ կատարուած Մանանդեանի գիտական հետազօտութիւնները հնարաւոր դարձուցին հին Մետաքսի Ճանապարհին մասին ճշգրիտ չափագրութիւնը եւ քարտէսագրութիւնը։
- Յակոբ Մանանդեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան հիմնաւորումին նուիրուած է 1940ին լոյս տեսած անոր «Տիգրան Բ. եւ Հռոմը» մենագրութիւնը, որ աղբիւրագիտական սպառիչ արժեւորման կ’ենթարկէ հայ ժողովուրդի ազգային-պետական անկախութեան համար մղած բազմադարեան պայքարը։
- Իր կեանքի վերջին տասնամեակին հայ մեծ ակադեմականը ձեռնարկեց «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան» իր կոթողական գործի պատրաստութեան՝ ի մի բերելով աւելի քան յիսուն տարի իր կատարած ուսումնասիրութեանց արդիւնքը։ 1945ին լոյս տեսաւ առաջին հատորը։ Հետեւեցաւ երկրորդ հատորին առաջին մասը, որ սակայն կիսաւարտ մնաց։ Իսկ երրորդ հատորը, որ նուիրուած է սելճուքեան արշաւանքներուն եւ Զաքարեաններու իշխանութեան, լոյս տեսաւ 1952ին, երբ արդէն իր վախճանին մօտեցած էր մեծանուն հայ գիտաշխատողին կեանքը։
4 Փետրուար 1952ին, մեր աշխարհէն հեռացաւ հայ պատմաքննական մտքի ակադեմական դրօշակիրը, որ իր՝ Յակոբ Մանանդեան անունին կապեց ամբողջ հարստութիւն մը հոգեմտաւոր լոյսի եւ ճանաչողութեան։
Ն.