Փետրուար 2ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 131րդ տարեդարձը մեծանուն Կոստան Զարեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ոգեղէն ու վսեմ արժէքներու խուզարկուն եւ պատգամաբերը՝ արուեստագէտ գրողն ու իրա՛ւ մտաւորականը։
Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայու Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետն է Կոստան Զարեան, որ նոյն այդ պրիսմակէն սքանչացումով դիտեց աշխարհը եւ հմայուեցաւ մարդկային հանճարի ազատ թռիչքով։
Մարդկային կեցութեան մեծ Խորհուրդը եւ անոր ծալքերն ու գաղտնիքները Հայու յուզաշխարհի բովէն անցընելով եւ վերծանելով՝ Կ. Զարեան ստեղագործական իր ուղին գծեց մտաւորական անկեղծութեան, քաջութեան եւ ոգեղէն թռիչքները կաշկանդել փորձող ամէն կարգի հալածանքները մերժող ինքնուրոյն դաւանանքով մը, որուն հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ.-
«Ջղագրգռուած, զգացական հիւանդութիւններով տառապող, վախով, նախանձով, ախտաւոր ատելութիւններով ցնցուած մեր հայ աշխարհում մթագնած է այն քննանիշը, որով գիտակցական մարդիկ ի վիճակի են ազնիւօրէն մօտենալու եւ զննելու կեանքի երեւոյթները։
«Ամէն ինչ ընթանում է գաւառային ճղճիմ մտայնութեան նեղ եւ մթագնած լաբիւրինթոսներում:
«Շատերը կարծում են, որ եթէ կառուցեն հայ կոչուած ոճով շէնքեր եւ գրեն հայերէն բառերով, փրկած կը լինեն հայութեանը բնորոշ արտաքին ձեւը։
«Ստեղծագործական անկարողութեան պատճառով վերաձեւել մեծ Տրդատների ոճը եւ մէջը՝ հայ ոգին եւ հաւատքը բնորոշ[ող] աստուածութեան տեղ՝ բնակեցնել օտարի կայսերապաշտութեան բռուցնքներով օժտուած բռնակալ ոստիկաններին, դա խաբէութիւն է - կեղծի՛ք։
«Կամ՝ հայերէն լեզուով գրել օտարի պարտադրած գաղափարները, դա հայ գրականութիւն չէ։
«Ժողովրդների ստեղծագործական կեանքը զարգանում է ուրոյն հոգեկան եւ մտային արքետիպների թելադրանքների տակ։ Հայ արուեստը եւ գրականութիւնը հարազատ են ա՛յն ժամանակ, երբ նրանք ներկայանում են իբրեւ անմիջական եւ անփոփոխ արտայայտութիւնը հայ հաւաքական ենթագիտակցութեան։
«Այդ հաւաքական ենթագիտակցութիւնը նման է այն ընդերկրեայ բազմաթիւ հոսանքներին, որոնք, օրինակի համար, յամառօրէն շարունակում են կեանք տալ «գիտականօրէն» եւ անմիտօրէն վատնուող Սեւանին։
«Թող այդ գեղեցիկ լճի ափերը իջնեն, քոսոտեն, բորոտեն՝ մարդկանց անխելքութեան պատճառով։ Այնումենայնիւ նրանք մի օր պիտի վերածնուեն, պիտի վերադառնան իրենց յաւիտենական կերպին եւ երգին, հողերի տակ թաքնուած թարմ, զուլալ ջրերի մղումուվ։
«Այդ պատճառով էլ չկայ այնտեղը կամ այստեղը։
«Այդ քննանիշը յարմարում է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներին։
«Հայ ոգին եւ Հայաստանը ներկայ են այնտեղ, ուր ներկայ է հայ հաւաքական գիտակցութեան փրկարար հրամայականը»։ (Կոստան Զարեան, «Նաւատոմար», Բերկլէյ, Քալիֆորնիա, 17 Ապրիլի 1959)։
Բանաստեղծ, արձակագիր, արուեստաբան եւ գրականագէտ է աւազանի անունով Կոնստանդին Քրիստափորի Եղիազարեան, որ 1885 թուականի Փետրուար 2ին լոյս աշխարհ եկաւ Շամախի քաղաքին մէջ (այժմ Ատրպէյճանի մաս)։
Հետաքրքրական է նշել, որ Կոստան Զարեան, Շիրվանզադէ եւ հայ բեմարուեստի մեծ վարպետ Յովհաննէս Աբելեան երեք քոյրերու որդիներ եղած են:
Կոստանի հայրը՝ Քրիստափոր Եղիազարով ցարական բանակի զօրավար եղած է: Կոստան չորս տարեկան էր, երբ մահացած է հայրը: Փոքրիկին տարած են Պաքու, ուր ան յաճախած է ռուսական գիմնազիա։ Տասը տարեկան Կոստանին աւագ եղբայրը տարած է Փարիզ, ուր ան յաճախած է եւ աւարտած Սեն-Ժերմէն քոլէճը։
Կոստան վերադարձած է Կովկաս, ուր սակայն կարճ ժամանակ մնացած է, որովհետեւ մեկնած է Պելճիքա՝ համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար, գրականութեան եւ ընկերային գիտութեանց ճիւղերուն մէջ։ Ստացած է փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան եւ հաստատուած է Փարիզ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ժամանակի նորարարական շարժումներուն՝ գրականութեան եւ գեղարուեստի բնագաւառներուն մէջ։
Իր ողջ էութեամբ հայ մշակոյթին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան կապուած՝ երիտասարդ Կոստան Զարեան առիթ չէ ունեցած հայերէնի իր իմացութիւնը գրական մշակման մակարդակին բարձրացնելու։ Իր սկզբնական գործերը գրած է ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով. կը տիրապետէր նաեւ անգլերէնին։
Իր առաջին գիրքը՝ «Երեք երգեր»ը գրած է իտալերէնով (նոյնը հայերէն լեզուով լոյս ընծայած է 1931 թուին: Այդ երկարաշունչ բանաստեղծութեանց հիման վրայ, հետագային, երաժիշտ Օթթորինօ Ռեսպիգին ստեղծեց սիմֆոնիա):
Հետեւաբար, հայերէնի չիմացութեան այդ մեծ բացը գոցելու մտադրութեամբ՝ 1910էն 1912 Կոստան Զարեան հայերէն սորվելու համար ապրած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ։ Երբ արդէն հայերէնին ալ տիրապետած է, Կոստան Զարեան որոշած է հաստատուիլ Պոլիս, ուր 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք գրական-մշակութային կեանքը աննախընթաց թափով ծաղկում կþապրէր։ Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ միասին՝ Կոստան Զարեան գլխաւոր դրօշակիրներէն եղած է գրականութեան ու գեղարուեստի նորարական հանդէսին՝ «Մեհեան»ի հրատարակութեան, որուն առաջին համարը լոյս տեսաւ 1914ի Յունուարին: («Մեհեան»ը միայն եօթը համար լոյս տեսաւ եւ փակուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւանքով)։
1914ի Դեկտեմբերին, գրական-գեղարուեստական աշխատանքի ազատ բեմ գտնելու հեռանկարով՝ Կոստան Զարեան հեռացած է Պոլիսէն, անցած է Պուլկարիա եւ հոնկէ ալ Ֆլորենցիա, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը։ 1919-22ին Կ. Զարեան վերստին Կ. Պոլիս է, ուր Գ. Գալֆայեանի, Վահան Թեքէյեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի հետ կը հրատարակէ «Բարձրավանք» հանդէսը:
Այնուհետեւ, 1922-24ին, համեմատական գրականութեան պատմութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: 1925ին, խորհրդային կարգերուն եւ կաշկանդումներուն չդիմանալով՝ Կոստան Զարեան դարձեալ Փարիզ է: Կը հիմնէ եւ կը խմբագրէ արուեստի, գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան «Բաբելոնի Աշտարակ» ամսագիրը (ֆրանսերէն):
Այնուհետեւ՝ Կ. Զարեան մեկնած է Մ. Նահանգներ, ուր Պոսթընի «Հայրենիք Ամսագիր» հանդէսի էջերուն լոյս ընծայած է իր «Անցորդը եւ իր ճամբան» (1927), «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» (1931-34), «Երկիրներ եւ աստուածներ» (1935-38), «Կղզին եւ մի մարդ» (1955) գործերը, ինչպէս եւ հռչակաւոր «Տատրագոմի հարսը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը։
Մ. Նահանգներու տարածքին Կոստան Զարեան վարած է դասախօսական պաշտօններ։ 1930ականներուն դասաւանդած է Պըրքլիի (Քալիֆորնիա) համալսարանին մէջ։ 1944-46ին հայագիտութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ։ 1946ին, Նիւ Եորքի մէջ, հիմնած եւ խմբագրած է «Հայկական Քառամսեակ» անգլերէն հանդէսը:
1952-54ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ արուեստի պատմութիւն դասաւանդելու համար՝ Կոստան Զարեան հաստատուած է Լիբանան։ Այդ շրջանին է, որ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն Հայաստան հաստատուելու հրաւէր ստացած է։ 1961ին ներգաղթած է Հայաստան եւ 1962էն մինչեւ 1969ի Դեկտեմբեր 11ի իր վախճանը, աւագ գիտաշխատողի աշխատանք կատարած է Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։
Կոստան Զարեանի գլուխ-գործոցը կը համարուի Մեծ Եղեռնի, Հայաստանի անկախութեան եւ հուսկ խորհրդայնացման նուիրուած «Նաւը լերան վրայ» ծաւալուն վէպը, որ Մ. Նահանգներու մէջ, 1943ին, իր առաջին հրատարակութիւնը ունենալէ ետք, 1963ին արժանացաւ իր երկրորդ հրատարակութեան Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ գաղափարախօսական աղճատումներու եթարկուած, ինչ որ ընդհանուր դժգոհութեան ալիք բարձրացուց հայ մտաւորականութեան մօտ։
Աւելի քան 84 տարի ապրեցաւ Կոստան Զարեան, վախճանեցաւ Երեւան՝ 11 Դեկտեմբեր 1969ին, հայ ժողովուրդին կտակելով պատկառելի վաստակ մը թէ՛ որակի, թէ՛ քանակի առումով։
Սերունդներու յիշողութեան մէջ Կոստան Զարեան անմահացաւ իբրեւ հայ գրականութեան մեծ իմաստասէրն ու գեղապաշտ արուեստագէտը։
Կոստան Զարեանի ազգային հանգանակին ուշագրաւ բանաձեւումներէն մէկը կատարուած է մեծանուն գրողի «Գաղթականը եւ Տարագիրը» խորագրով ակնարկին մէջ՝ հայոց սերունդներուն ուղղելով հետեւեալ պատգամը.-
«Պէտք է զանազանել. գաղթականը եւ տարագիրը երկու իրարամերժ վիճակներ են։
«Գաղթականը՝ անողոք պարագաներից մղուած՝ տեղափոխւում է մի որեւէ օտար երկիր եւ ճիգ անում զետեղուելու ուրիշների կեանքում։ Տնտեսականի հրամայականի տակ՝ նա պարտադրուած է յարմարուելու, նորաձեւուելու, կապիկանալու, թութականալու։ Լինելու ո՛չ թէ ինքը, այլ ուրիշ։
«Նա ստուեր է, որ որոնում է նոր բարոյական մարմին, նոր լեզու, գոյանալու եւ ապրելու նոր կերպ ու ձեւ։
«Եւ երբ նա գտնում է այդ նոր մարմինը՝ անհետանում է։
«Ուրիշ է տարագիրը։
«Նա ժամանակաւոր այցելու է, անցորդ, որի անհատականութիւնը յաւիտենապէս խարրսխուած է իր իսկութեան մէջ, իր դարաւոր հաւաքական ուրոյն կազմում, իր ցեղային ենթագիտակցութիւնում։
«Տարագիրը հոգեպէս, մտաւորապէս շարունակում է ապրել մտայնական եւ ժառանգական այն ծովում, որի թաքնուած հոսանքները, կրակով եւ երկաթով ծեծուած փոթորիկները ներկայ են իր արիւնի, մկանունքների եւ ուղեղի ծալքերում։ Նա մշտնջենական նաւարկող է, որի Ոդիսականը մի՛ նպատակ ունի միայն՝ հասնել եւ լիովին դրսեւորել իր իսկութիւնը։
«Իսկական ստեղծագործը,- եւ խօսքս նրանց մասին է եւ միայն նրանց մասին,- միշտ տարագիր է։ Այստեղ թէ այնտեղ։ Նա մշտնջենական որոնողն է, բաղձողը եւ չգտնողը, հոգու ծարաւով եւ անօթութիւնով տառապողը»։ Այսպէ՛ս, Տարագիր Հայուն ձայնը յաւերժացնող հեղինակն է Կ. Զարեան։ Ո՛չ «Թափառական Հայ»ուն, ոչ ալ «Գաղթական Հայ»ուն։ Զարեանի մտապատկերին ամէնէն հոգեհարազատ յղացքը կրնայ նկատուիլ «Պանդուխտ Հայ»ը, որուն ձայնը յաւերժացնող հայ գրողներու փաղանգին վերջին դրօշակիրը եղաւ Զարեան։
Կոստան Զարեան նոր հորիզոններու բացաւ հայրենի հողէն հեռու ապրելու մարդկային կեցութեան «դատապարտուած» հայ մարդոց ներաշխարհը, անոնց հոգերն ու սէրերը, երջանկութեան եւ վիշտի արցունքները, յաղթանակի փառքն ու պարտութեան արհաւիրքը՝ եզրակացնելով.-
«Այնտեղ, շղթայուած մեր հայրենիքում ապրող տարագիրներր աւելի յուսահատական վիճակի են մատնուած, քան մենք, որովհետեւ եթէ նրանց մարմնական սնունդը առատ է, [ապա] նրանց միտքը եւ թռիչքը կաշկանդուած է, եւ նրանց արժանապատուութիւնը ամէն մի վայրկեան ենթարկուած է գռեհիկների եւ բթամիտների վիրաւորանքներին»։
Ն.