Print
Category: Յուշատետր

­altՅու­նո­ւար 20ի օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ ու խի­զախ մտա­ւո­րա­կան ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեա­նի, որ հայ գրա­կա­նու­թեան պար­գե­ւեց մայ­րա­կան շուն­չով յա­գե­ցած ­Սի­րոյ եւ Ի­մաս­տու­թեան ինք­նա­տիպ յու­զաշ­խարհ մը։ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցած է ոչ միայն իբ­րեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ այն­քա՜ն սի­րո­ւած

քնա­րեր­գա­կան քեր­թո­ւած­նե­րու ան­մո­ռա­նա­լի բա­նաս­տեղ­ծու­հին, այ­լեւ իբ­րեւ այն մտա­ւո­րա­կա­նը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած դա­ժա­նա­գոյն ար­հա­ւիր­քը ի­մաս­տու­թեամբ յաղ­թա­հա­րե­լու եւ պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ո­գե­ւո­րեց մեր սե­րունդ­նե­րը։

Ի վեր­ջոյ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց, իր ըն­թեր­ցող­նե­րը յու­զեց ու ո­գե­ւո­րեց, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ կեան­քը հու­նա­ւո­րեց այն հա­ւատ­քով եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ, որ՝

Ա­սում են, երբ փայ­տա­հա­տը՝ կա­ցինն ա­ռած

­Մօ­տե­նում է, որ ճիւ­ղա­տի ծա­ռը կան­գուն,

­Ծառն զգում է կաց­նի շուն­չը մա­հա­տա­րած,

­Ծառն զգում է, ինչ­պէս մարդն է ա­հը զգում։

­Ծառն զգում է եւ օր­հա­սի իր բնազ­դով

­Ճիւ­ղե­րի մէջ, ճիւ­ղե­րից ներս՝ լա­րո­ւած ցա­ւից,

­Հա­ւա­քում է հիւ­թե­րը ողջ, սաղմ ու ա­ւիշ

Ու մղում վար, ար­մատ­ներն է մղում տեն­դով։

­Զուր են սրում կա­ցին­նե­րը, զուր են սրում,

­Կար­ծում են, թէ ա՛յդ ես, որ կաս՝ թոյլ ու հլու։

­Բիւր ան­գամ­ներ ճիւ­ղա­տել են քեզ դա­րե­րում,

­Բիւր ան­գա­մո­ւայ դու փորձ ու­նես ըն­ձիւ­ղե­լու...

Իսկ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջե­րուն գրուած ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեա­նի «­Խօսք իմ որ­դուն» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղ­ծու­հին ան­մի­ջա­պէս գրա­ւէ սիրտն ու միտ­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

­Պատ­գամ ու­նէր նո­րա­յայտ բա­նաս­տեղ­ծու­հին եւ օժ­տո­ւած էր իր պատ­գա­մը ա­մե­նայն քնա­րա­կա­նու­թեամբ, պար­զու­թեամբ ու խո­հա­կա­նու­թեամբ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լու, ­Հա­յու ­Հո­գին յա­ւերժ ջեր­մաց­նե­լու շնոր­հա­լի տա­ղան­դով՝

- Լ­սի՚ր, որ­դիս, պատ­գամ որ­պէս

­Սի­րող քո մօր խօ՜ս­քը սրտանց,

Այ­սօ­րո­ւա­նից յանձ­նում եմ քեզ

­Հա­յոց լե­զո՜ւն հա­զա­րա­գանձ:

Կտ­րել է նա, հանց աստ­ղա­լոյս,

Եր­կինք­նե­րը ժա­մա­նա­կի,

­Շա­ռա­չել է խռո­վա­յոյզ

Ս­լաց­քի հետ հայ­կեան նե­տի,

Ու ­Մես­րո­պի սուրբ հան­ճա­րով

­Դար­ձել է գիր ու մա­գա­ղաթ,

­Դար­ձել է յո՜յս, դար­ձել դրօ՜շ,

­Պա­հել եր­թը մեր ա­նա­ղարտ...

Ն­րա­նո՛վ է մրմրնջա­ցել

­Հայ պան­դուխ­տը վէրքն իր սրտի,

Ն­րա­նո՛վ է ո­րոր­տա­ցել

Կ­ռո­ւի երգն իմ ժո­ղովր­դի,

­Պա­հի՛ր նրան բարձր ու վճիտ,

Ա­րա­րա­տի սուրբ ձիւ­նի պէս,

­Պա­հի՛ր նրան սրտիդ մօ­տիկ,

­Քո պա­պե­րի ա­ճիւ­նի պէս,

Ու ո­սո­խի զար­կի­ցը սեւ

­Դու պաշտ­պա­նի՛ր կրծքով նրան,

Ինչ­պէս մօ՜րդ կը պաշտ­պա­նես,

­Թէ սո՛ւր քա­շեն մօրդ վրան,

Ու տե՛ս, որ­դիս, ո՛ւր էլ լի­նես,

Այս լուս­նի տակ ո՜ւր էլ գնաս,

­Թէ մօ՛րդ ան­գամ մտքիցդ հա­նես,

­Քո մա՜յր լե­զուն չմո­ռա­նա՛ս:

Ա­հա այս­պէ՛ս, իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն իսկ, կա­նա­ցի եւ մայ­րա­կան սի­րոյ, քնքշան­քի ու գե­ղեց­կու­թեան քնա­րեր­գուն ըլ­լա­լով հան­դերձ, ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան դրսե­ւո­րեց իր պատ­գա­մին ողջ կեան­քով նո­ւի­րո­ւե­լու մտա­ւո­րա­կա­նի յանձ­նա­ռու­թիւնն ու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

­Նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ան­դաս­տա­նէն ներս ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ու­նե­ցաւ շռնդա­լից մուտք, երբ 1964ին լոյս ըն­ծա­յեց «­Քա­րա­ւան­նե­րը դեռ քայ­լում են» վի­ճա­յա­րոյց ու­ղեգ­րու­թիւ­նը, ուր թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին մեր­կա­ցու­մը կա­տա­րեց ու տա­րա­գիր հա­յու­թեան ուղ­ղեց հայ­րե­նի­քին մէջ հա­մախմբուե­լու եւ հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան շուրջ միա­ւո­րո­ւե­լու պատ­գա­մը։

­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեա­նի ­Պատ­գա­մը վի­ճա­յա­րոյց էր, ո­րով­հե­տեւ իր խոր­քին ու­նէր խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թե­նէն ե­կող կաշ­կան­դում­նե­րու՝ հա­յու­թիւ­նը «իւ­րա­յին­նե­րու» եւ «դաշ­նակ­նե­րու» բաժ­նե­լու պա­ռակ­տիչ սաղ­մեր։ Այ­դու­հան­դերձ՝ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան հնչե­ցուց հա­յոց ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մին ա­ռա­ջին զան­գե­րը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, երկ­խօ­սու­թեան ա­ռա­ջին կա­մուրջ մը հաս­տա­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նաբ­նակ եւ տա­րա­գիր թե­ւե­րուն մի­ջեւ։

Գ­րա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան տար­բեր ու­ղի չէր կրնար ու­նե­նալ 1915ի ­Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն մաս­նա­կից ­Բա­րու­նակ ­Կա­պու­տի­կեա­նի դուստ­րը, որ 20 ­Յու­նո­ւար 1919ին ծնաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իր ամ­բողջ կեան­քը ան­ցուց Ե­րե­ւա­նի մէջ, նոր դա­րու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով հնչե­ցուց հայ կնոջ ու մօր քնա­րա­կան ձայ­նը, նոյն­քան ար­դիա­կան ե­ղաւ ­Հայ Մտ­քին առ­ջեւ հո­րի­զոն բա­նա­լու իր խո­հա­կա­նու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հան­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի՛նչ դիրք ալ գրա­ւեց՝ շա­րու­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնաց վա­նե­ցի իր ար­մատ­նե­րուն եւ, այդ ճամ­բով, միշտ ներշնչ­ման աղ­բիւր ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­հա­ւիր­քա­կեդ­րոն յու­զաշ­խար­հը...

1935ին լոյս տե­սած իր ա­ռա­ջին ո­տա­նա­ւո­րէն մին­չեւ 2002ին լոյս տե­սած «Իմ կա­ծա­նը աշ­խար­հի ճա­նա­պարհ­նե­րին» մտո­րում­նե­րը, ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան բե­ղուն գրիչ ու­նե­ցաւ։ ­Տաս­նեա­կա­ւոր գրքոյկ­նե­րու եւ հա­տոր­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւն մը թո­ղուց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

­Գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւն ու­նէր. ա­ւար­տած էր Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի լե­զո­ւա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ինչ­պէս նաեւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Կոր­քիի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան կա­ճա­ռը։

­Կեան­քի ըն­կերն էր մեծն ­Յով­հան­նէս ­Շի­րա­զի։

1941էն սկսեալ ­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ան­դամ էր, իսկ 1945ին ան­դա­մագ­րո­ւած էր ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան։ ­Զոյգ հան­գա­մանք­նե­րով՝ եր­կար տա­րի­ներ գտնո­ւե­ցաւ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­նե­րու վրայ. պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ իր տուր­քը վճա­րե­լու խորհր­դա­յին կար­գե­րուն, բայց ա­ռիթ­նե­րը ստեղ­ծեց, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր խղճի պարտ­քը կա­տա­րել հան­դէպ բազ­մա­չար­չար հա­յու­թեան։

­Դէ­պի սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րը կա­տա­րո­ւած իր պար­բե­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ եր­բեմն եր­կա­րա­տեւ ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ Կա­պու­տի­կեան ոչ միայն մօ­տէն ճանչ­ցաւ ­Հայ­կա­կան Ար­տա­սահ­մա­նը եւ շատ բան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեց խորհըր­դա­հա­յու իր նե­րաշ­խար­հին մէջ, այ­լեւ՝ հայ­րե­նի­քը ա­ւե­լի հա­րա­զատ ու ճա­նա­չե­լի դար­ձուց սփիւռ­քա­հա­յու­թեան։

­Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ երբ զարթ­նու­մի ժա­մը հնչեց Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ, 1980ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն, ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը հաս­տա­տա­կամ կանգ­նե­ցաւ Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին միաց­նե­լու հա­մա­ժո­ղովըր­դա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ, իբ­րեւ անն­կուն դրօ­շա­կիր։

Ազ­գա­յին գոր­ծի­չի եւ ի­մաս­տուն մտա­ւո­րա­կա­նի իր մե­ծար­ժէք վաս­տա­կէն ա­ռաջ թէ վեր՝ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի է յատ­կա­պէս իր գրա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ։ Իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով իսկ, ­Կա­պու­տի­կեան բա­ցաւ կա­նա­ցի եւ մայ­րա­կան սի­րոյ, քնքշան­քի ու գե­ղեց­կու­թեան քնա­րա­կան ծով աշ­խարհ մը, ուր կեղծն ու սու­տը եր­բեք տեղ չու­նե­ցան։ Իր եր­գած ­Սէ­րը ա­ռանց ­Ցա­ւի չե­ղաւ, բայց տա­ռա­պան­քի մէջ խո­րա­ցած եւ ար­մա­տա­ւո­րո­ւած բիւ­րե­ղեայ ի­րա­ւու­թեամբ զա­տո­րո­շո­ւե­ցաւ։ Ա­հա՛ «Լ­սիր, ­Սի­րե­լիս» խո­րագ­րուած իր խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը.

­Քեզ պի­տի գաղտ­նիք բա­ցեմ ես հի­մա.

Ես կը գամ քեզ մօտ -

­Գու­ցէ խեն­թա­ցած սի­րուց ու բախ­տից,

­Գու­ցէ խստա­դէմ, մռայլ, ինչ­պէս մահ.

­Մինչ ոս­կոր­ներս յոգ­նած աշ­խար­հի

­Սե­ւից ու ստից:

­Սա­կայն ի­մա­ցիր,

Եր­բեք ես չեմ գայ քեզ մօտ դի­մա­կով.

­Կը գամ ինչ­պէս կամ -

­Սի­րիր, ինչ­պէս կամ -

Եւ, ա­ղա­չում եմ, դու էլ մի զու­գո­ւիր

­Լու­սապ­սա­կով.

Ե­ղիր ինչ­պէս կաս,

­Սի­րիր ինչ­պէս կաս։

­Քե­զա­նից ա­ռաջ

­Ցա­մա­քած, տրտում ջրհոր էր հո­գիս,

­Դու ե­կար.

Եւ ես լցո­ւած եմ մի ծո­վի նման.

­Բայց, ա­ղա­չում եմ,

­Շո­ղուն խօս­քե­րով ինձ մի ա­մո­քիր.

Ա­տում եմ կեղ­ծը -

Ինձ իս­կա­կանն է հար­կա­ւոր միայն։

Հր­դեհ մի խա­ղայ -

Ե­թէ կրակդ մա­րել է ի­րաւ.

­Մի քա­շո­ւիր ցա­ւից -

­Խա­բո­ւե­լու ցա­ւը ա­ւե­լի է մեծ.

Ս­տից շնչա­հեղձ այս աշ­խար­հի մէջ

Ա­րի գո­նէ մենք չխա­բենք ի­րար...

Ան­կեղ­ծու­թեան եւ Ի­րա­ւու­թեան, ­Սի­րոյ եւ Ի­մաս­տու­թեան եր­գիչն ու պատ­գա­մա­բերն է ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեան, որ 25 Օ­գոս­տոս 2006ին, ան­ցա­ւոր մեր կեան­քին հետ հա­շո­ւե­յար­դար կա­տա­րած՝ առ­յա­ւէտ մեկ­նե­ցաւ մեր աշ­խար­հէն եւ գնաց միա­նա­լու հա­յոց ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան, մնա­ցող­նե­րուս միշտ յու­շե­լով, թէ՝

- «Դժ­բախտ է այն մար­դը, որն այ­լեւս ո­չինչ չու­նի կորց­նե­լու:

- «Ազ­նիւ մար­դը չի գնում յար­մա­րու­թեան, վա­խե­նում է ար­դար ապ­րե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը կորց­նե­լուց:

- «­Կեան­քի բո­լոր տա­րի­ներն էլ հա­ւա­սար սի­րե­լի են, քա­նի որ կեանքն ինքն է սի­րե­լի»:

Ն.