Print
Category: Յուշատետր

­­altՀայ գրա­կա­նու­թեան, յատ­կա­պէս քնա­րեր­գու­թեան սի­րո­ւած ու մեծ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն է ­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք 16 ­Յու­նո­ւա­րին։

Իր ինք­նա­տիպ քնա­րեր­գու­թեամբ, ­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեան մին­չեւ այ­սօր կը յու­զէ ու կը գե­ղեց­կաց­նէ նե­րաշ­խար­հը հայ ըն­թեր­ցո­ղին, ի՛նչ տա­րի­քի տէր ալ ըլ­լայ վա­ղա­մե­ռիկ բա­նաս­

տեղ­ծին գողտ­րիկ քեր­թո­ւած­նե­րը կամ օ­րագ­րա­յին ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը կար­դա­ցո­ղը։

­Մին­չեւ վեր­ջին շունչ կեանքն ու սէ­րը, գե­ղե­ցիկն ու մարդ­կա­յի­նը ան­յագ ծա­րա­ւի աղ­բիւր դար­ձուց ­Զա­րի­ֆեան, որ իր մա­հա­մերձ վի­ճա­կին ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ՝ ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի եր­գի վե­րա­ծեց իր տա­ռա­պան­քը.-

«Ա՜հ, հո­յա­կապ քեր­թո­ւա­ծը իմ հո­գիիս,

Իմ ա­ւե­րակ, իմ քա­րու­քանդ հո­գիիս...»։

­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեան միայն ե­րե­սուն տա­րի ապ­րե­ցաւ։ ­Թո­քախ­տը ա­րա­գօ­րէն հիւ­ծեց մար­մի­նը մար­զի­կի կեն­սու­նա­կու­թեամբ եւ մարմ­նա­կան յաղթ կա­ռոյ­ցով օժ­տո­ւած ե­րի­տա­սար­դին, որ նաեւ յա­ւակ­նորդ էր Ո­ղիմ­պիա­կան մրցա­նա­կի։ 19 տա­րե­կան էր, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ զգաց թո­քախ­տին պատ­ճա­ռած ցա­ւը կրծքա­վան­դա­կին տակ։ 11 տա­րի պայ­քա­րե­ցաւ հի­ւան­դու­թեան դէմ, դար­մա­նու­մի հա­մար ա­ռող­ջա­րան­նե­րու եւ հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ մա­շե­ցան ե­րի­տա­սարդ իր տա­րի­նե­րը, բայց ­Զա­րի­ֆեան բնաւ չկորսն­ցուց գե­ղե­ցի­կը սի­րե­լու եւ կեան­քին փա­րե­լու իր հո­գե­կան ան­հուն քնքշու­թիւ­նը։

Ա­հա՛ հան­րա­ծա­նօթ ու այն­քա՜ն սի­րո­ւած ­Զա­րի­ֆեա­նի եր­գը՝ սի­րոյ եւ տրտմու­թեան.

«Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ­՚ին­ծի կ­՚ը­սէ

Որ զիս խեն­թի պէս կը սի­րէ.

Պզ­տիկ աղ­ջիկ մը զիս սի­րէ՜...

«­Գի­շերն ան­հուն իմ աչ­քե­րուն

Ե­րե­ւի դեռ նա չէ՜ տե­սեր.

Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ­՚ին­ծի տայ սէ՜ր...

«Ե­րե­ւի դեռ նա չէ՜ նա­յեր

­Հոգ­ւոյս խա­ւար ան­դունդն ի վար.

Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ­՚ինձ սի­րա­հար...

«Ե­թէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր

Այդ ան­դուն­դին մէջ կը շնչէր՝

­Հէք պզտի­կը չէր հա­ռա­չեր...

«Ուս­տի եղ­բօր մը պէս ը­սի

Որ լուս­նին տակ մարդ կը մսի.

Գ­նա՛, գնա՛ ննջէ՛ ը­սի։

«­Յե­տոյ գա­ցի՝ հե­ռո՜ւն լա­ցի»...

­Թէեւ մա­հը ա­պա­ժամ կտրեց կեան­քի թե­լը հայ քնա­րեր­գու­թեան տա­ղան­դա­ւոր այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, բայց ­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեան գիտ­ցաւ ու կրցաւ բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նօ­րէն շնչա­ւո­րել, ի­մաս­տա­ւո­րել եւ եր­գի վե­րա­ծել իր ճակ­տին գրո­ւած կեան­քի կար­ճա­տեւ ժա­մա­նա­կը։ Եւ մա­հա­մերձ բա­նաս­տեղ­ծի իր գողտ­րիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս յա­ւեր­ժա­ցաւ իբ­րեւ հայ հո­գիին սի­րոյ ու քնքշան­քի շնոր­հա­լի եր­գի­չը։

­Սէ­րը, քնքշան­քը, կեան­քին փա­րու­մը, բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քը եւ մարդ­կայ­նու­թիւ­նը Մ. ­Զա­րի­ֆեա­նի գրչին տակ բա­ցին էա­պէս իւ­րա­յա­տուկ յու­զաշ­խարհ մը, ուր ­Դու­րեա­նի ցա­սումն ու քէ­նը չկայ եւ ուր­կէ կը բա­ցա­կա­յի ­Մե­ծա­րեն­ցի յու­սա­հա­տու­թիւ­նը։ Ան­շուշտ հոն կայ - եւ ու­ժեղ շեշ­տով - կեան­քէն զրկո­ւե­լու դառ­նու­թեան ու տրտմու­թեան զգա­ցու­մը, բայց ա­նի­կա բնաւ պատ­ճառ չե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Զա­րի­ֆեան կորսնց­նէ իր դժբախտ ճա­կա­տա­գի­րը աս­պե­տա­կա­նօ­րէն դի­մագ­րա­ւե­լու ներ­քին ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւ­նը, հո­գե­կան խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

«­Հեգ­նանք» խո­րագ­րո­ւած իր եր­կու տուն քեր­թո­ւա­ծը այն­քա՜ն հա­րա­զա­տօ­րէն եւ քնա­րա­կան շուն­չով կը բա­նայ ի­րա՛ւ զգայ­նու­թիւն­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու յու­զաշ­խար­հը ­Զա­րի­ֆեա­նի.-

«­Քա­նի՜ կ­՚ա­ճի ցա­ւը մարմ­նիս,

Ժ­պիտն աչ­քիս վարդ կ­՚ըլ­լայ.

­Ձուրտ հո­գիէս կ­՚անց­նի ­Մա­յիս,

Ու լոյս կ­՚իյ­նայ ճակ­տիս վրայ...

«եւ այս վար­դով, այս գա­րու­նով,

­Կը հեգ­նեմ Ան որ կու գայ,

Ան որ կու գայ՝ հո­ղին քու­նով

Ք­նա­ցը­նել ­Ցաւն հսկայ...»։

­Կեան­քի ու ­Մա­հո­ւան մի­ջեւ տա­ռա­պա­լի ու ծանր պայ­քա­րի իր ճա­կա­տա­գի­րը վստա­հա­բար մեծ դեր ու­նե­ցաւ ­Զա­րի­ֆեա­նի բա­նաս­տեղ­ծա­կան յա­պա­ղած բո­ցա­վա­ռու­մին, այ­լեւ՝ ա­րա­գըն­թաց փթթու­մին մէջ։ ­Մին­չեւ 25 տա­րե­կա­նը շեշ­տա­կիօ­րէն մար­զի­կի հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ եւ մարմ­նակր­թան­քի կո­րո­վով խան­դա­վա­ռո­ւե­ցաւ ­Զա­րի­ֆեան։ ­Բայց երբ ֆի­զի­քա­պէս հիւ­ծե­ցաւ եւ այ­լեւս անդ­րա­դար­ձաւ, թէ ան­դար­մա­նե­լի է զինք կրծող թո­քախ­տը, 1919էն սկսեալ, ­Զա­րի­ֆեան թա­փով փա­րե­ցաւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, լոյս ըն­ծա­յեց իր «Տրտ­մու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան եր­գեր»ն (1921) ու «­Կեան­քի եւ մա­հո­ւան եր­գեր»ը (1922), ո­րոնք մնա­յուն պա­տո­ւան­դան դար­ձան մեծ բա­նաս­տեղ­ծի ան­մա­հու­թեան հա­մար։

­Մօ­տա­լուտ մա­հո­ւան ան­յաղ­թե­լիու­թեան խոր ապ­րու­մը մղիչ ուժն ու կի­զա­կէ­տը դար­ձաւ ­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­րեր­քին եւ կեանքն ու մար­դը, աշ­խարհն ու ի­րե­րը ի­րենց պարզ, այ­լեւ մեծ խոր­հուր­դով ըն­կա­լե­լու եւ եր­գի վե­րա­ծե­լու տա­ղան­դա­ւոր բխու­մին։ ­Մա­հա­մերձ բա­նաս­տեղ­ծը տե­սաւ «Ի­րիկուան ­Ծո­վը»...

«Երբ ի­րի­կո­ւան ծո­վը դի­տես՝

­Կը տես­նես, խո՜ր, ի­րերն ան­տես

Ա՜հ, ի­րի­կո­ւան

­Ծովն ա՜յն­քան

­Կը տժգու­նի

Ու դող ու­նի՝

Որ կը տես­նես, աստ­ղե­րու պէս,

­Յըս­տա՜կ - յըս­տա՜կ ի­րերն ան­տես»…

Մ. ­Զա­րի­ֆեան Ծ­նած էր 1894ին, ­Կէ­տիկՓա­շաՊո­լիս)։ ­Թա­ղա­յին վար­ժա­րա­նի մէջ նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք, յա­ճա­խած էր ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րան, ­Պար­տի­զա­կի Ա­մե­րի­կեան վար­ժա­րան, ­Պոլ­սոյ «­Ռո­պըրթ ­Գո­լէճ» եւ, ա­պա, վերս­տին ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րան, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1912ին՝ մեծ ման­կա­վարժ, հո­գե­բան եւ ի­մաս­տա­սէր ­Շա­հան ­Պէր­պէ­րեա­նի տնօ­րէ­նու­թեան օ­րով։

­Կեն­սու­րախ եւ մար­զի­կի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած՝ ­Զա­րի­ֆեան մաս­նակ­ցե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան մրցա­խա­ղե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու տի­րա­ցաւ։ Այդ մրցա­պայ­քար­նե­րէն մէ­կու ըն­թաց­քին էր, ե­րեք քայլ ոս­տու­մի ժա­մա­նակ, 1913ին, երբ ար­դէն կրթա­կան աս­պա­րէ­զին նո­ւի­րո­ւած էր Ա­տա­նա­յի մէջ, ­Զա­րի­ֆեան ա­ռա­ջին ան­գամ կրծքա­վան­դա­կի ու­ժեղ ցաւ զգաց։ ­Թո­քախ­տի ա­ռա­ջին այդ ազ­դան­շա­նը ստի­պեց 19ա­մեայ ե­րի­տա­սար­դին, որ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը կի­սատ թո­ղու եւ եր­թայ ­Լի­բա­նան՝ բու­ժո­ւե­լու հա­մար։

1914ին զի­նո­ւո­րա­կո­չո­ւե­ցաւ եւ օս­մա­նեան բա­նա­կի մէջ հայ զօ­րա­կո­չիկ­նե­րուն վե­րա­պա­հո­ւած տա­ժա­նա­կիր աշ­խա­տան­քը ա­րա­գա­ցուց ար­դէն քայ­քայ­ման ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւող ա­նոր ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ ­Տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց, բայց ա­ռող­ջու­թիւ­նը բնաւ չվե­րա­կանգ­նե­ցաւ։

1918ի զօ­րացր­ւու­մէն ետք, հա­կա­ռակ թո­քախ­տին պատ­ճա­ռած ցա­ւե­րուն ու հիւ­ծու­մին, ­Զա­րի­ֆեան վե­րա­դար­ձաւ կրթա­կան աս­պա­րէզ եւ նոյ­նինքն ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ անգ­լե­րէն լե­զո­ւի եւ մարմ­նակր­թան­քի ու­սու­ցիչ դար­ձաւ։ ­Փաս­տօ­րէն այդ շրջա­նին էր, 1919էն ետք, որ ­Զա­րի­ֆեան մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։

­Յա­ռա­ջա­ցող հի­ւան­դու­թիւ­նը եւ կեան­քէն վա­ղա­ժամ հե­ռա­նա­լու խոր զգա­ցու­մը հո­գեմ­տա­ւոր մեծ լա­րում ա­ռա­ջա­ցու­ցին Մ. ­Զա­րի­ֆեա­նի մէջ։ Անս­պառ ե­ռան­դով փա­րե­ցաւ ե՛ւ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան հա­մար իր ընտ­րած ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին, ե՛ւ յատ­կա­պէս գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան­։աշ­խա­տան­քին՝ իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը լոյս ըն­ծա­յե­լով ինչ­պէս «­Նա­ւա­սարդ» գրա­կան հան­դէ­սի, նոյն­պէս եւ ­Պոլ­սոյ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­ղող «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն։

­Զա­րի­ֆեան ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­ցաւ իր յոյ­զե­րու աշ­խար­հը՝ քնքշօ­րէն եր­գե­լով, թէ «­Գի­շեր­ներ ­Կան».-

«­Գի­շեր­ներ կան այն­պէ՜ս լոյս որ՝ կար­ծես թէ

Եր­կինքն ի վար կը կա­թէ

Ար­ծա­թէ Եր­գը հին

Այն ան­ծա­նօթ աշ­խար­հին,

Ուր կ­՛ը­սեն թէ աս­տո­ւած­նե­րը կը խոր­հին...

«­Գի­շեր­ներ կան այն­պէ՜ս մութ որ՝ կար­ծես թէ

­Ծա­ռերն ի վար կը կա­թէ

Ար­ծա­թէ Եր­գը հին

«Այն գե­ղե­ցիկ աշ­խար­հին,

Ուր հո­գի­ներ հո­գի­նե­րու կը փա­րին…»։

­Զա­րի­ֆեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը շատ ա­րագ սի­րո­ւե­ցաւ ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ, նոյն­պէս եւ ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ իր ժա­մա­նա­կի ա­մէ­նէն խստա­պա­հանջ քննա­դատ­նե­րու գնա­հա­տան­քին։

­Պատ­ճա­ռը կամ բա­ցատ­րու­թիւ­նը պէտք է փնտռել հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած տա­ղան­դին, թէ՛ կեան­քի ա­նո­ղոք հա­րո­ւա­ծին շղթա­յա­զեր­ծած նե­րու­ժին՝ խռով­քին։

Մ. ­Զա­րի­ֆեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ե­ղաւ պարզ ու հա­ղոր­դա­կան՝ թէ՛ իր լե­զո­ւով ու ո­ճով, թէ՛ իր խո­հա­կան ու պատ­կե­րա­ւոր գիւ­տե­րով։ Վ­ճիտ ու զու­լալ ա­րո­ւա­կի պէս հո­սե­ցաւ եւ կը շա­րու­նա­կէ նոյն­պի­սի թար­մու­թեամբ հո­սիլ, ո­րով­հե­տեւ դի­պուկ է Մ. Իշ­խա­նի այն ընդգ­ծու­մը, թէ՝ «­Զա­րի­ֆեան «փոք­րիկ եր­գե­րով մեծ վիշ­տեր կեր­գէ», ինչ­պէս կը­սէր ­Հայն­րիխ ­Հայ­նէ»։ Ա­հա՛ այդ­պի­սին է «­Հո­գիս» խո­րագ­րո­ւած իր քեր­թո­ւա­ծը.-

«­Հո­գիս պըզ­տիկ աղ­բիւր մըն է ար­ծա­թէ,

­Գի­շե­րին մէջ գըլ­գը­լա­ցող ու լա­ցող,

Որ քէն չու­նի ժայ­ռե­րուն դէմ, կ­՚ա­ղօ­թէ՜,

Ու լուս­նա­կէն կը սպա­սէ լո՛կ շիթ մը ցօղ...

«Ո՛չ մէկ ու­ռի ճամ­բուս վը­րայ ա­մա­յի.

­Կոր­ծա­նե­ցան բո­լո­րը մե՜ծ հո­վե­րէն.

­Հոն-հոն ագ­ռա՛ւ մը լոկ ջու­րիս կը նա­յի՝

Այց ես կ­՚եր­թա՜մ գըլ­գը­լա­լէն ու լա­լէն...

«Ին­չու որ, օ՜, գի­տե՛մ թէ օր մը ա­ղո­ւոր

­Պի­տի գայ ­Կոյսն ան­տառ­նե­րու խո­րե­րէ,

Ու հա­կե­լով ջու­րիս վը­րայ մե­նա­ւոր՝

­Պի­տի ա­փին մէջ մար­գա­րիտ­նե՛­րըս համ­րէ»:

­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ կեան­քին հան­դէպ միայն սէր ու պաշ­տա­մունք ու­նէր ան եւ սի­րոյ մէջ միայն քնքշանք կար ­Զա­րի­ֆեան ­Մատ­թէո­սի նե­րաշ­խար­հէն ներս։

Եւ մին­չեւ վեր­ջին շունչ կեան­քին ու սի­րոյ, գե­ղե­ցի­կին ու մարդ­կա­յի­նին ան­յագ ծա­րա­ւը սրտին ու շրթնե­րուն, ­Մատ­թէոս ­Զա­րի­ֆեան առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ՝ ըն­թեր­ցո­ղին կտա­կե­լով ի­րա՛ւ աշ­խար­հը «­Խենթ»ին, յոր­դո­րե­լով՝ «­Մի Դ­պիք».

«­Գի­տէք որ­քան թա­խիծ կայ

­Հո­գիին խորն այդ տղուն,

­Մի դպիք, թող քրքջայ

­Խեն­թին քրքիջն է բե­ղուն,

«­Հո­գիին խորն այդ տղուն

Ի­ջեր եմ ես ու տե­սեր

Ե­րազ մը ծեր, նո­ւա­ղուն

Ու ան­կիւն մը փլած սէր։

«Ա՜հ, մի դպիք այդ տղուն

­Խեն­թը մի­նակ կը թո­ղուն»...

Ն.