Յունուար 12ի այս օրը, 65 տարի առաջ, գործադրութեան ուժի մէջ մտաւ 1948 թուականի Դեկտեմբեր 9ին Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ որդեգրուած Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման եւ Պատժումի Ուխտագիրը։
Ծանօթ է, որ Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագրի մշակման ու որդեգրման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ հրէական ծագումով լեհ իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ երիտասարդ տարիքին, 1921ին, մաս կազմած էր Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան մասնակից դատապաշտպաններու խումբին։ Լեմքին նաեւ յղացողը եղաւ «Ցեղասպանութիւն» բառեզրին ու յղացքին՝ մեկնակէտ ունենալով հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը։
Թեհլիրեանի դատավարութենէն ետք երկար տարիներ, Լեմքին հետամուտ եղաւ «ցեղասպանութիւն» յանցագործութեան գիտական ուսումնասիրութեան եւ պատմական հետազօտումին՝ նպատակ ունենալով ցեղասպանութեանց կախարգիլումն ու գործուած ցեղասպանութեանց պատասխանատուներու պատժումը։
Լեմքինի մղած պայքարը նոր հանգրուան թեւակոխեց Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ Նացիական Գերմանիոյ պատերազմական յանցագործներուն Նիւրեմպերկեան դատավարութիւնը (1945-1946), որուն Լեմքին մասնակցեցաւ իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ներկայացնող մեղադրողին խորհրդականը։ Այդ դատավարութիւնը, որ քննութեան առարկայ դարձուց Եւրոպայի տարածքին նացիական եւ ֆաշական իշխանութեանց կողմէ կազմակերպուած հրեաներու, սլաւոններու, գնչուներու եւ ազգային այլ խմբաւորումներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան բազմաթիւ պարագաները, ազդանշանը տուաւ միջազգային հանրութեան կողմէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ու պատժումին մասին Ուխտագրի մը որդեգրման քայլի արագացումին։
Թէեւ Նիւրենպերկեան դատավարութեան սեւագրային արձանագրութեանց մէջ օգտագործուած էր Լեմքինի յղացած «ցեղասպանութիւն» եզրը, բայց դատավճռի վերջնական տարբերակին անիկա փոխարինուած էր «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ» ձեւակերպումով։
Այդուհանդերձ՝ Նիւրենպերկի դատավարութեան թարմ տպաւորութեան տակ ընդունուած Ուխտագիրը օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզրը եւ զայն բնորոշեց այդ յանցագործութեան էութենէն ու նպատակներէն մեկնելով, այլ ոչ թէ ցեղասպանական գործողութիւններու չափերուն կամ զոհերու թիւին վրայ հիմնուելով։
Հակառակ անոր, որ Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագիրը որդեգրուեցաւ 1948ին, պէտք եղաւ սպասել երկու տարի, որպէսզի անդամ պետութիւններու խորհրդարանները վաւերացնեն զայն եւ միանան Ուխտագրի գործադրութիւնը պահանջողներու շարքին։ Այդպէ՛ս, 12 Յունուար 1951ին, երբ ուժի մէջ մտաւ Ուխտագիրը, անոր միացած երկիրներու թիւը 144ի հասած էր։
Ուխտագրի առաջին յօդուածը կը նշէ, որ ցեղասպանութիւնը յանցագործութիւն է՝ անկախ այն իրողութենէն, որ անիկա կը կատարուի խաղաղութեա՞ն, թէ՞ պարտերազմական պայմաններու մէջ։ Նոյն յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ ստորագրող կողմերը կը պարտաւորուին կանխարգիլելու եւ պատժելու յանցագործները։
Ուխտագրի երկրորդ յօդուածը ցեղասպանութիւն կը համարէ այն գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին՝ որեւէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական խմբաւորման լիակատար կամ մասնակի ոչնչացման մտադրութեամբ։
Իսկ յաջորդ հինգ կէտերով կը թուարկուին այն գործողութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը համարուի ցեղասպանական քայլ.-
ա.) խմբաւորման անդամներու սպանութիւնը,
բ.) անոնց մարմնական լուրջ վնասուածք կամ մտաւոր խանգարում պատճաոելը,
գ.) խմբաւորման համար ստեղծումը այնպիսի կենսապայմաններու, որոնց նպատակն է տուեալ հաւաքականութեան լիակատար կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացումը,
դ.) խմբաւորման ներսը ծննդաբերութեան կանխման միջոցառումները,
ե.) երեխաներու յանձնումը մարդկային մէկ խմբաւորումէ միւսին։
Ինչպէս որ հայրենի պատմաբան եւ իրաւագէտ Յ. Յակոբեան դիտել կու տայ՝
«Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-23 թթ. հայերի ցեղասպանության ժամանակ տեղի են ունեցել բոլոր հինգ կէտերում նշուած գործողութիւնները, իսկ Ադրբեջանի հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածը, մասնաւորապէս՝ 1988 թ. Փետրուարին Սումգայիթում եւ 1990 թ. Յունուարին՝ Բաքւում, լիովին համապատասխանում է Կոնվենցիայի (Ուխտագիր) 2րդ յօդուածի առաջին երեք կէտերում նշուած գործողութիւններին:
«Կոնվենցիայի համաձայն, ցեղասպանութեան կամ նրա գործողութիւններից որեւէ մէկի մեղաւորները պէտք է պատժուեն անկախ այն բանից, թէ արդեօ՞ք նրանք սահմանադրական կարգով ընտրուած կառավարողներ հասարակական գործիչներ են, թէ՞ մասնավոր անձինք, անկախ այն բանից, թէ արդեօ՞ք նրանք մասնակցել են ցեղասպանութեան գործողութիւններին անձամբ, եղել են յանցագործութեան մեղսակից, մասնակցել են ցեղասպանութեան նպատակներով կազմակերպուած դաւադրութեան, ցեղասպանութեան հրահրման կամ ցեղասպանութիւն կատարելու փորձի (3րդ եւ 4րդ յօդուածներ):
«Կոնվենցիան չի ընդունում ցեղասպանութեան համար պատժի դէպքում իրաւաբանական վաղեմութիւն, պատիժը կարող են կայացնել ինչպէս ազգային, այնպէս էլ այդ նպատակով յատկապէս ստեղծուած միջազգային ատեանները: Այդ պատճառով Կոնվենցիայի մասնակից պետութիւնները պարտաւորւում են ընդունել անհրաժեշտ օրէնսդրական ակտեր (քայլեր) նրա դրոյթների իրականացման համար, մասնաւորապէս իրենց քրէական օրէնսդրութիւններում նախատեսելով ցեղասպանութեան գործողութեան համար պատժամիջոցներ (5րդ եւ 6րդ յօդուածներ):
«8րդ յօդուածի համաձայն՝ Կոնվենցիայի իւրաքանչիւր մասնակից կարող է դիմել Մ.Ա.Կ.ի համապատասխան մարմնին, Մ.Ա.Կ.ի դրոյթներին համապատասխան, պահանջելով ձեռք առնել, նրա կարծիքով, բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ցեղասպանութեան գործողութիւնները կանխելու եւ կասեցնելու համար»:
Արդէն 65 տարի անցած է Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագրին ուժի մէջ դրուելէ ասդին։ Սակայն բացի Հրէական Ողջակիզման դատապարտման հարցով Գերմանիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած միջ-պետական համաձայնագիրներէն, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը տակաւին շատ հեռու է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատժումի մասին Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագիրը իրապէ՛ս գործադրելու հնարաւորութենէն։
Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւողական ուրացումը թրքական պետութեան եւ անոր աջակից պետութեանց կողմէ՝ ամօթալի ապացոյցն է միջազգային այդ երկդիմի վարքագիծին։
Ն.