Print
Category: Յուշատետր

altՇա­բաթ՝ 9 Յու­նո­ւա­րին, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­թէն­քի ըն­տա­նի­քը, հա­մա­կիր մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան ու­ղե­կից կա­ռոյց­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կը տօ­նէ Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան 125ա­մեա­կը։

 

Ա­ւան­դա­բար ա­մէն տա­րե­վեր­ջի կա­տա­րո­ւող «­Մեր Օր»ո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դա­րէ ի վեր, 1980ա­կան­նե­րու սկիզ­բէն, վե­րա­ծո­ւած է հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան օ­րո­ւան։

Ճշգ­րիտ կամ մնա­յուն տօ­նա­կան տա­րե­թիւ մը չու­նի Հ.Յ.Դ. «­Մեր Օր»ը, բայց սո­վո­րա­բար կը տօ­նո­ւի տա­րե­վեր­ջի ա­միս­նե­րուն, ի­րա­րու քով կը բե­րէ շար­քա­յին թէ հա­մա­կիր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը եւ, Դաշ­նակ­ցու­թեան կտրած ու­ղիին պատ­մա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րող ե­լոյթ­նե­րու կող­քին, լու­սար­ձա­կի տակ կ­’առ­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կան յու­զող ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հար­ցերն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Միայն ան­ցեա­լի ո­գե­կո­չու­մով ու ար­ձա­նագ­րուած նո­ւա­ճում­նե­րու մե­ծա­րան­քով չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր «­Մեր Օր»ո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Այ­լեւ՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն կա­տա­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ո­գիով, դաշ­նակ­ցա­կան իւ­րա­քան­չիւր շրջան, մեծ ըլ­լայ թէ փոքր, կ­’անդ­րա­դառ­նայ Դաշ­նակ­ցու­թեան այ­սօ­րո­ւան դիր­քո­րո­շում­նե­րուն եւ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած մե­րօ­րեայ հրա­մա­յա­կան­նե­րուն լոյ­սին տակ ար­ժե­ւո­րու­մի են­թար­կե­լով Դաշ­նակ­ցու­թեան ներդ­րու­մը թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս՝ հա­մա­հայ­կա­կան ճա­կա­տի վրայ, թէ՛ մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ տո­ւեալ հա­յօ­ճա­խի ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կեան­քէն ներս։

Յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը թար­մաց­նե­լու նպա­տա­կով կար­ժէ նշել, որ հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լին չկար «Հ.Յ.Դ. Օր» կամ «­Մեր Օր» տօ­նե­լու ա­ւան­դու­թիւն։

Իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րէն ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան բուռն գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին քսա­նա­մեա­կին, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո՛չ ժա­մա­նա­կը ու­նէր եւ ոչ ալ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգար իր կտրած ու­ղիին վրայ ար­ժե­ւոր­ման ակ­նարկ նե­տե­լու եւ «­Մեր Օր» տօ­նե­լու։ Ա­ռա­ւե­լա­գոյն պա­րա­գա­յին, դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լը կը նշէր Հ.Յ.Դ. Տաս­նա­մեա­կը կամ Ք­սա­նա­մեա­կը՝ պատ­կե­րա­զարդ բա­ցա­ռիկ թի­ւեր նո­ւի­րե­լով պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ նա­հա­տա­կո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան ա­նո­ւա­նի դէմ­քե­րուն թէ խո­նարհ հե­րոս­նե­րուն։

Նոյ­նը պա­տա­հե­ցաւ Հ.Յ.Դ. գոր­ծու­նէու­թեան եր­րորդ տաս­նա­մեա­կին ու մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րու կէ­սը, երբ 1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան, 1915ի Մեծ Ե­ղեռ­նին, 1917ի հա­մա­ռու­սաս­տա­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան եւ, մա­նա­ւա՛նդ, 1918ին ստեղ­ծո­ւած ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հե­տե­ւած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, իր առ­ջեւ բա­ցո­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան ծայր աս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծու­նէու­թեան 10-15 տա­րի­նե­րուն, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս կլա­նո­ւե­ցաւ կեն­դա­նի պայ­քա­րով։ Ինչ­պէս Ռոս­տոմ պի­տի ը­սէր՝ «այն­քան տա­րո­ւե­ցինք գոր­ծով, որ խօ­սիլն էլ մո­ռա­ցանք»...

Բայց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն եւ խորհր­դա­յին տի­րա­պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մէն ետք, մա­նա­ւանդ երբ Ան­կա­խու­թեան Սե­րուն­դի տա­րագ­րու­թեամբ Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քին մէջ սկսաւ ա­ռա­ւե­լա­պէս սփիւռ­քեան գոր­ծու­նէու­թեան եր­կա­րա­տեւ շրջա­նը, շատ բան փո­խո­ւե­ցաւ ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ընդ­հան­րա­պէս, նոյն­պէս եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քէն ներս։

1924ին Փա­րի­զի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը ո­րո­շում կա­յա­ցուց՝ տա­րո­ւան մէջ օր մը, աշ­նա­նա­մու­տին, ո­րո­շա­պէս Հոկ­տեմ­բե­րի ըն­թաց­քին, տօ­նել «Հ.Յ.Դ. Օր»ը կամ «­Մեր Օր»ը՝ այդ առ­թիւ կա­տա­րո­ւած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րէն գո­յա­ցած հա­սոյ­թը ամ­բող­ջա­պէս յատ­կաց­նե­լով «­Վե­թե­րան­նե­րու ֆոնտ»ին։

Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին եւ գա­ղու­թէ գա­ղութ մեր ժո­ղո­վուր­դը սրտանց փա­րե­ցաւ «­Մեր Օր»ո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց։ Ս­պա­սեց եւ խուռ­նե­րամ շար­քե­րով ըն­դա­ռա­ջեց այդ ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թեանց, ո­րոնք սկզբնա­պէս ա­կումբ­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւող տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն վե­րա­ճե­ցան քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ­նե­րու՝ մեծ հան­դի­սաս­րահ­նե­րէ ներս, ո­րոնց մուտ­քին ան­պայ­ման կը զե­տե­ղո­ւէին «­Վե­թե­րան­նե­րու ֆոնտ»ին վե­րա­պա­հո­ւած գան­ձա­նակ-տու­փեր՝ հան­դի­սա­կան­նե­րու սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

1972ի Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վէն աս­դին եւ նոյն այդ ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով՝ «­Վե­թե­րան­նե­րու ֆոնտ» այ­լեւս չու­նի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ Կեան­քի բնա­կան տե­րե­ւա­թա­փով եւ սերն­դա­փո­խու­թեամբ, բայց մա­նա­ւանդ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու տակ իր վե­րա­կազ­մա­ւո­րու­մով՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փա­կեց կա­րի­քա­ւոր իր վե­թե­րան­նե­րուն նաեւ նիւ­թա­պէս տէր կանգ­նե­լու բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թեան է­ջը։ Բայց ար­դէն ա­ւան­դու­թեան վե­րա­ծո­ւած «­Մեր Օր»ը շա­րու­նա­կեց տա­րին օր մը ի բե­րել շար­քա­յին թէ հա­մա­կիր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը, ո­րոշ գա­ղութ­նե­րու պա­րա­գա­յին նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան միւս հո­սանք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան դէմ­քեր, միաս­նա­բար մե­ծա­րե­լու հա­մար Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի անն­կուն դրօ­շա­կի­րին կտրած ու­ղին, նաեւ՝ ստա­նա­լու հա­մար ա­նոր տա­րե­կան հա­շուետո­ւու­թիւ­նը։

Իսկ 1990ի 8 Օ­գոս­տո­սէն սկսեալ, երբ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցա­յայ­տեց իր կազ­մա­կեր­պա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի մէջ, ա­մէն տա­րե­վեր­ջի, Հոկ­տեմ­բերԴեկ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն, հայ­րե­նի մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր հեր­թին օր մը կա­ռանձ­նաց­նէ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար, որ­պէս­զի հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան գա­ղա­փա­րի ան­խոնջ մար­տի­կը ներ­կա­յա­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դին, հա­շո­ւե­տու ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րէ իր կտրած ու­ղիին եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան վա­ղո­ւան հաշ­ւոյն իր ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ը­նե­լի­քին ու­ղեն­շու­մը կա­տա­րէ։

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի պա­րա­գա­յին, Հ.Յ.Դ. ըն­տա­նի­քը ընդ­հան­րա­պէս կլոր թո­ւա­կան­նե­րու՝ հինգ տա­րին ան­գամ մը քա­ղա­քա­կան հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կը տօ­նէ «­Մեր Օր»ը, ըն­թա­ցիկ տա­րի­նե­րուն բա­ւա­րա­րո­ւե­լով մեր ա­կումբ­նե­րէն ներս կազ­մա­կերպո­ւած խրախ­ճանք­նե­րով եւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դը փո­խան­ցող ե­լոյթ­նե­րով։

Ն.