Print
Category: Յուշատետր

­altԴեկ­տեմ­բեր 21ի այս օ­րը, վաթ­սուն տա­րի ա­ռաջ, Խորհր­դա­յին Միու­թեան ծայր աս­տի­ճան «վտան­գա­ւոր» նկա­տո­ւած «բան­տար­կեալ»նե­րու Վ­լա­տի­միր բան­տին մէջ, իր վեր­ջին շուն­չը փչեց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման անկրկ­նե­լի հե­րոս­նե­րէն Գա­րե­գին Նժ­դեհ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը միայն յա­ւուր պատ­շա­ճի յար­գան­քի տուրք ըն­ծա­յե­լու մղու­մով չէ, որ կ­’ո­գե­կո­չէ Նժ­դե­հի մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը։ Ոչ ալ տա­րո­ւան միայն այս օ­րը կը ստեղ­ծէ պա­տե­հու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­մե­նայն եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ իր մտքին ու հո­գիին կի­զա­կէ­տին բե­րէ Նժ­դե­հի անձն ու գոր­ծը, Դաշ­նակ­ցա­կան Ս­պա­րա­պե­տին եւ Ցե­ղակ­րօն Ազ­գա­յին Հե­րո­սին ա­ռաջ­նոր­դող մտա­ծում­նե­րը։

Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, իր ժա­մա­նա­կէն վեր բարձ­րա­ցած եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձած ազ­գա­յին հե­րոսն է Գա­րե­գին Նժ­դեհ, ո­րուն մար­տա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան հան­ճա­րին կը պար­տինք ա­զա­տագ­րումն ու հա­յա­ցու­մը հա­յոց Սիւ­նեաց Աշ­խար­հին՝ Զան­գե­զու­րին։

Միա­ժա­մա­նակ՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իւ­րո­վի մարմ­նա­ւո­րած ու Յե­ղա­փո­խա­կան Հա­յու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ու­րոյն ԴՊՐՈՑ մը ստեղ­ծած նոր ժա­մա­նակ­նե­րու Հա­յոց անդ­րա­նիկ Ս­պա­րա­պետն է Նժ­դեհ։

Հե­տե­ւա­բար, որ­քան ալ ժա­մա­նա­կը անց­նի եւ որ­քան ալ հնա­բոյր թէ նո­րե­լուկ գա­ղա­փա­րա­խօս­ներ փոր­ձեն Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն դուրս եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար հիւ­սել գով­քը Նժ­դեհ Գա­րե­գի­նի Գոր­ծին եւ Պատ­գա­մին, ըստ ա­մե­նայ­նի բան չի փո­խո­ւիր պատ­մա­կան ճշմար­տու­թե­նէն։ Ինչ­պէս Անդ­րա­նիկ, այն­պէս եւ Նժ­դեհ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵ­Րը ան­բա­ցատ­րե­լի կը մնան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ դուրս, ա­ւե­լին՝ ան­հե­թեթ կը դառ­նան Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար ար­ժե­ւո­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին։

Ա­յո՛, Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ իր գոր­ծած շրջա­նին եւ դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն իր կա­տա­րած գոր­ծով է, որ Գա­րե­գին Նժ­դեհ նո­ւա­ճեց իր հե­րո­սա­կան բար­ձուն­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ։

Այ­սօր կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան վաթ­սու­նա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ան­վե­հեր պայ­քա­րի բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ ան­պար­տե­լի գոր­ծած դաշ­նակ­ցա­կան Գա­րե­գին Նժ­դե­հին, որ ռազ­մի ճա­կա­տին վրայ չին­կաւ, այլ դա­ւադ­րա­բար զոհ գնաց պոլ­շե­ւիզ­մին՝ խորհր­դա­յին­նե­րու հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մո­լուց­քին։

Խորհր­դա­յին­նե­րը 1920ա­կան­նե­րէն սկսեալ բնաւ չնե­րե­ցին Զան­գե­զու­րը Հա­յաս­տա­նի ա­նա­ռիկ դար­պա­սին վե­րա­ծած եւ «­Դաշ­նակ­ցու­թեան փառքն ու ող­բեր­գու­թիւն»ը ա­մե­նայն խրոխ­տու­թեամբ ու հնչե­ղու­թեամբ հա­յոց պատ­մու­թեան ա­ւանդ կտա­կած Հա­յոց Ս­պա­րա­պե­տին։

Ար­դա­րեւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ ե­զա­կի դէմք մը ե­ղաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի Կզ­նութ գիւ­ղի ծնունդ՝ Տէր-­Յա­րու­թիւ­նեան քա­հա­նա­յի կրտսեր որ­դի Գա­րե­գի­նը, որ հա­յոց աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ Նժ­դեհ ա­նու­նով։

Ծ­նած էր 1 Յու­նո­ւար 1886ին եւ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1955 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր 21ը, երբ խորհր­դա­յին­նե­րուն ձեռ­քը պա­տանդ ին­կած եւ սի­պի­րեան կա­լա­նա­վայ­րե­րու մէջ ֆի­զի­քա­պէս հիւ­ծած՝ իր պաշ­տած հայ ժո­ղո­վուր­դէն ու Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու, առ­յա­ւէտ փա­կեց այն­քան հա­յու ան­մեղ ա­րեան հե­ղում եւ վիշտ տե­սած աչ­քե­րը, այ­լեւ՝ կռո­ւի ու պայ­քա­րի հու­րով առլ­ցուն իր ցաս­կոտ հա­յեաց­քը։

Գա­րե­գին Նժ­դեհ ա­նու­նը յա­ւեր­ժա­ցաւ յատ­կա­պէս 1920-21 թո­ւա­կա­նին, երբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով եւ ա­տե­նի Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ռու­բէ­նի հրա­հան­գով՝ զօ­րա­վար Նժ­դե­հի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ սե­փա­կան կեան­քի գնով պաշտ­պա­նու­թիւ­նը Զան­գե­զու­րի։ Ա­ռա­քե­լու­թիւն մը՝ որ յաղ­թա­կան փառ­քով պսա­կո­ւե­ցաւ եւ ան­պար­տե­լի ռազ­մի­կի դափ­նիով յա­ւեր­ժա­ցուց բաց ճա­կա­տը Նժ­դե­հի։

Ու­սում­նա­սէր եւ հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րի տէր էր Նժ­դեհ։ Իր ծննդա­վայ­րի ռու­սա­կան դպրոցն ու Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան գիմ­նա­զիան ա­ւար­տե­լէ ետք, ան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան բաժ­նին մէջ։

Չա­ւար­տեց ու­սու­մը, ո­րով­հե­տեւ 17 տա­րե­կա­նէն ար­դէն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­հագ­նա­ցող ա­լի­քը գրա­ւած էր միտքն ու սիր­տը ըմ­բոստ Գա­րե­գի­նի։ Միա­ժա­մա­նակ ցա­րա­կան եւ հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեանց դէմ պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­լու պատ­րաստ՝ Նըժ­դեհ իր յե­ղա­փո­խա­կան մկրտու­թեան հա­րա­զատ ա­ւա­զա­նը գտաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ եւ միա­ցաւ ա­նոր շար­քե­րուն։ Յատ­կա­պէս Ռոս­տո­մի օ­րի­նա­կը ա­ռաջ­նոր­դող տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Նժ­դե­հի կեան­քին մէջ։ Ռոս­տո­մի յոր­դո­րով ալ Նժ­դեհ միա­ցաւ Պուլ­կա­րիոյ մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան հաս­տա­տած զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նին, փայ­լուն ա­ւար­տեց զայն եւ վե­րա­դար­ձաւ Թիֆ­լիս։

Իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բան­տար­կո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ 1909ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քին հե­տե­ւան­քով։ Եւ երբ 1912ին ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ 1913ին բռնկե­ցաւ Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մը, Նժ­դեհ փու­թաց ստանձ­նե­լու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մած հայ­կա­կան զօ­րա­գուն­դին, որ պուլ­կար յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան զօր­քին դէմ։ Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մը ա­րեան մկրտու­թիւ­նը ե­ղաւ ռազ­մա­գէտ Նժ­դե­հի, որ իբ­րեւ Դաշ­նակ­ցա­կան Զօ­րա­վա­րի հռչա­կո­ւե­ցաւ՝ իր քա­ջու­թեամբ ու ռազ­մա­վա­րա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան տա­ղան­դով։

Այդ շրջա­նին նաեւ ե­րե­ւան ե­կաւ Նժ­դե­հի ան­հա­տա­կա­նու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ե­րե­սը, որ ա­նոր ար­տա­կարգ ինք­նավս­տա­հու­թիւնն էր, ո­րուն հե­տե­ւան­քով բա­խում­ներ ու­նե­ցաւ նոյն­պի­սի՛ ան­հա­տա­կա­նու­թեան տէր Անդ­րա­նի­կի հետ, որ գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տարն էր հայ­կա­կան զօ­րա­գուն­դին։

Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մէն սկսեալ, անց­նե­լով Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Երկ­րորդ Գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ու 1918ի Մա­յի­սեան Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին իր ա­ռան­ձին ջո­կա­տով գոր­ծած սխրանք­նե­րէն, եւ յան­գե­լով 1919-1921 Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի գո­յա­պա­քա­րին փա­ռա­պանծ ղե­կա­վար­ման, Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց Դաշ­նակ­ցա­կան Ս­պա­րա­պե­տի հե­րո­սա­կան կեր­պա­րը։

Հա­յաս­տա­նի վերջ­նա­կան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք Նժ­դեհ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ու գոր­ծեց Պալ­քան­նե­րու մէջ։ Նժ­դեհ ոչ միայն ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Պալ­քան­նե­րու տա­րած­քին Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման մէջ, այ­լեւ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, ուր պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ հա­յա­պահ­պան­ման գործ կազ­մա­կեր­պեց եւ ղե­կա­վա­րեց։

Օ­տար ա­փե­րու վրայ ու­ծաց­ման, ինք­նալ­քու­թեան եւ վերջ­նա­կան ձուլ­ման դա­տա­պար­տո­ւած տա­րա­գիր հա­յու­թեան ցի­րու­ցան բե­կոր­նե­րը ի մի բե­րե­լու, զա­նոնք հայ­կա­կան հպար­տու­թեամբ զի­նե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պաշ­տա­մուն­քով պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով՝ Նժ­դեհ 1933ին իբ­րեւ գոր­ծիչ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Մ. Նա­հանգ­ներ եւ Գա­նա­տա, ուր եւ հի­մը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ցե­ղակ­րօն Ուխ­տե­րուն, ո­րոնք հե­տա­գա­յին դար­ձան Հայ Ե­րի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան կո­րիզ­նե­րը։

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին Պալ­քան­ներ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, Նժ­դե­հի ու­ժեղ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը կազ­մա­կեր­պա­կան բա­խում­ներ ու­նե­ցաւ օ­րո­ւան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յին հետ։ Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ Պալ­քան­նե­րու Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­ռակ­տու­մը՝ նժդե­հա­կան եւ հա­կանժ­դե­հա­կան թե­ւե­րու մի­ջեւ։ Նժ­դե­հի գլխա­ւո­րած Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն ըմ­բոս­տա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յին դէմ ու Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ։ Իսկ «ցե­ղակ­րօ­նու­թիւ­նը» դար­ձաւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը խո­ցած գա­ղա­փա­րա­կան այդ ճեղ­քին բա­ժա­նա­րար գի­ծը։

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն դուրս գտնո­ւե­լով եւ Պալ­քան­նե­րու մէջ իր ու­րոյն ցե­ղակ­րօն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­լով հան­դերձ՝ Նժ­դեհ ի­րո­ղա­պէ­ս ինք ղե­կա­վա­րեց Պալ­քան­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին գոր­ծակ­ցե­ցաւ Նա­ցի­նե­րուն հետ եւ պաշտ­պա­նեց Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թիւ­նը թէ՛ խորհր­դա­յին եւ թէ թրքա­կան ոտնձ­գու­թեանց ու սպառ­նա­կան վտանգ­նե­րու դէմ։ Իսկ երբ Սեպ­տեմ­բեր 1944ին Կար­միր Բա­նա­կը գրա­ւեց Պուլ­կա­րիան եւ պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տե­ցաւ Նա­ցի­նե­րու պար­տու­թեամբ, Նժ­դեհ փա­խուստ չտո­ւաւ եւ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 1944ին խորհր­դա­յին­նե­րու կող­մէ իր ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կեց պաշտ­պան կանգ­նիլ Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թեան։

1947ին խորհր­դա­յին­նե­րը Մոս­կո­ւա տե­ղա­փո­խե­ցին Նժ­դեհն ու ա­նոր բախ­տա­կից դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րը։ 1948-1952 Նժ­դեհ պա­հո­ւե­ցաւ ծայր աս­տի­ճան «վտան­գա­ւոր» նկա­տո­ւած «բան­տար­կեալ»նե­րու Վ­լա­տի­միր բան­տը։ 1952ին մէ­կու­կէս տա­րիով ղրկո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի բան­տը, բայց 1953ին վերս­տին տա­րո­ւե­ցաւ Վ­լա­տի­մի­րի բան­տը, ուր եւ մա­հա­ցաւ 21 Դեկ­տեմ­բեր 1955ին։

Նժ­դե­հի հետ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը ին­կաւ խորհր­դա­յին­նե­րու ձեռ­քը։

Սի­պիր աք­սո­րո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն շա­տեր ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան խրուշ­չո­վեան ձիւն­հա­լի օ­րե­րուն։ Ա­նոնց Ս­փիւռք գա­լով վե­րագ­նա­հա­տու­մի ար­ժա­նա­ցաւ Պալ­քան­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Եւ երբ Նժ­դե­հի բան­տա­կից ըն­կե­րոջ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ Յով­հան­նէս Տե­վէ­ճեան եւ տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից Կա­րօ Գէոր­գեան օ­րին հրա­պա­րա­կե­ցին Նժ­դե­հի մա­հո­ւան գոյ­ժը, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նեց իր մեծ գոր­ծի­չին ար­ժէքն ու տե­ղը Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան եւ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Հա­յու Կամ­քին եւ Գա­ղա­փա­րի Ու­ժին դաշ­նակ­ցա­կա՛ն մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցող Գա­րե­գին Նժ­դե­հի մահուան վաթ­սու­նա­մեա­կին ո­գե­կո­չու­մը հա­ղոր­դու­թեան պահ է՝ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու հա­մար ա­նոր մտքե­րու անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նով.

- Եր­բե՛ք, ա­ռանց Սիւ­նի­քի՝ ա­ռանց Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան այդ ու­ժեղ ող­նա­շա­րին, մեր ամ­բող­ջա­կան Հայ­րե­նի­քը գո­յու­թիւն ու­նե­նալ չի կա­րող։

- Ո­մանք ա­րե­ւը միայն խա­ւար­ման ժա­մա­նակ են նկա­տում:

- Չի կա­րե­լի օգ­նել այն ըն­կա­ծին, ե­թէ նրան պա­կա­սում է ինք­նօգ­նու­թեամբ ոտ­քի կանգ­նե­լու կամ­քը:

- Եր­կու բան պէտք է լցնի մար­դու հո­գին հիաց­մուն­քով ու յար­գան­քով՝ աստ­ղա­լից եր­կին­քը գլխի վե­րե­ւում եւ բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը սրտի մէջ:

- Ի­րա­ւուն­քը ու­ժի հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է, այլ ոչ տրա­մա­բա­նա­կան:

- Մի ժո­ղո­վուրդ, ո­րի որ­դի­նե­րը հա­ւա­սար չեն օ­րէն­քի եւ մա­հո­ւան առ­ջեւ` յաղ­թա­կան հայ­րե­նիք չի ու­նե­նայ:

- Կ­րօն­նե­րի պէս հայ­րե­նիք­ներն էլ պա­հան­ջում են, որ ի­րենց սպա­սար­կո­ղի ձեռ­քե­րը լի­նեն տաք եւ մաք­րա­մա­քուր:

- Ա­պա­գան վտան­գո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րի վեր­ջին խա­ղա­թուղ­թը - վե­րա­դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է:

- Իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան հան­դէպ նախ եւ ա­ռաջ դրսե­ւոր­ւում է սե­փա­կան ազ­գի կեն­սու­նա­կու­թեան պահ­պան­ման եւ սե­փա­կան մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ձե­ւով:

- Քն­նա­դա­տել՝ հո­գե­պէս տա­ռա­պել է նշա­նա­կում:

- Իմ ազ­գա­յին դա­ւա­նան­քը թոյլ չի տա­լիս թշնա­մանք տա­ծել դէ­պի ոե­ւէ հայ մարդ:

- Եօթ­նիցս ստոր է նա, ով գե­րա­դա­սում է կեան­քը մա­հէն բո­լոր պա­րա­գա­նե­րի մէջ:

- Մահ չկայ, մեռ­նում է փոք­րո­գին, մե­ռածն է մեռ­նում:

- Քա­ջե­րի յա­րու­թիւնն է մա­հը:

- Ապս­տամբ ժո­ղովր­դին միայն Աս­տո­ւած կա­րող է յաղ­թել:

- Մի ժո­ղո­վուրդ` մի ըն­տա­նիք:

- Սի­րում է նա, ով ու­ժեղ է, ով հո­գու ա­ռա­տու­թիւն ու­նի, ում ոյ­ժի բա­ժա­կը լցո­ւած է յոր­դե­լու, թա­փո­ւե­լու աս­տի­ճան:

- Այն օ­րից, ըն­թեր­ցող, երբ հա­յը վա­խե­նալ սկսեց մա­հից, այն օ­րից օ­տա­րը թա­գա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նում:

- Ով հե­ռա­նում է կրօ­նից, անձ­նաս­պա­նօ­րէն կտրում է իր հո­գե­ւոր զար­կե­րա­կը:

- Մի օր հա­յու­թիւ­նը պի­տի նե­րի թրքու­թեան, բայց ոչ ծուն­կի ե­կած նրա առ­ջեւ, պար­տո­ւե­լուց յե­տոյ, այլ նրան ծնկի բե­րած` ծե­ծե­լուց յե­տոյ:

- Միայն նա է ճշմար­տօ­րէն մե­ծը, ո­րը մեծ զա­ւակն է նախ իր ժո­ղովր­դի, եւ ա­պա՝ մարդ­կու­թեան:

- Ա­մէն մէկ «ես» յան­ցա­ւոր ապս­տամբ մը, ա­մէն մէկ «ես»ա­կա­նու­թիւն` բա­րո­յա­կան մա­հա­փորձ մըն է այն Մեծ Ամ­բող­ջին դէմ, որ ԱԶԳ կը կո­չենք:

- Սկզ­բից ի վեր հա­յու­թիւնն ու իր քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ձու­լո­ւած են ի մի բնու­թիւն: Այս եր­կու­սի ճա­կա­տա­գի­րը նոյ­նա­ցած է:[

- Հայ ե­կե­ղե­ցին ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցի է:

- Իմ հո­գին զոյգ յե­նա­րան­ներ ու­նի` Աս­տո­ւած եւ հայ­րե­նիք:

- Չ­կայ, կեանքն ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին պա­տա­րա­գե­լու չափ մեծ եր­ջան­կու­թիւն չկայ աշ­խար­հում:

- Ա­մէն հայ ըն­դու­նակ է մար­տի­րո­սա­նա­լու, իսկ ա­մէն մար­տի­րոս կա­րող է հե­րոս լի­նել:

- Ա­ւե­լի լաւ է հայ մար­դը համր լի­նի, քան օ­տա­րա­խօս:

- Նա (ազգս) գե­րա­գոյն նպա­տակ է, ես` մի­ջոց:

- Նա, ով ըն­դու­նում է Աստ­ծոյ գո­յու­թիւ­նը, ըն­դու­նում է նաեւ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը հան­դէպ գե­րա­գոյն ի­րա­կա­նու­թեանց` ԱԶԳ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

Ն.