Print
Category: Յուշատետր

altԴեկ­տեմ­բեր 17ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նը բռնագ­րա­ւած խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ­Յեղ­կո­մի յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով, ո­րո­շե­ցին պե­տա­կա­նաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան եւ հարս­տու­թեան գլխա­ւոր հիմքն ու խորհր­դա­նի­շը կազ­մող Ս. Էջ­միած­նի ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը, ուր մէկ­տե­ղո­ւած էին մեր ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վկայ ձե­ռա­գիր վկա­նե­րը եւ հնու­թեանց նշխար­նե­րը։

­Յեղ­կո­մի հրա­մա­նա­գի­րը կը հիմ­նո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գոր­ծող մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պե­տա­կա­նաց­նե­լու պոլ­շե­ւիկ­նե­րու խորհր­դա­յին ընդ­հա­նուր ո­րո­շու­մին վրայ։

­Թէեւ խորհր­դա­յին լու­ծի 70ա­մեայ շրջա­նին խորհըր­դա­հայ միտ­քը շա­րու­նակ եւ միայն ներ­բող­ներ շռայ­լեց ­Յեղ­կո­մի նմա­նօ­րի­նակ հրա­մա­նա­գիր­նե­րը յղա­ցող պոլ­շե­ւիկ գոր­ծիչ­նե­րուն եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, այ­դու­հան­դերձ՝ բնաւ յոգ­նու­թիւ­նը յանձն չա­ռաւ կամ չկրցաւ առ­նել, որ­պէս­զի ա­ռար­կա­յա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րէր ազ­գա­յին մեր հարս­տու­թիւն­նե­րը օ­տար իշ­խա­նու­թեանց թե­լադ­րան­քով պե­տա­կա­նաց­նե­լու այդ քայ­լին թէ՛ դրա­կան ար­դիւնք­նե­րուն եւ թէ՛ բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն։

Էջ­միած­նի ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին պե­տա­կա­նաց­ման 95րդ ­տա­րե­դար­ձը, հե­տե­ւա­բար, յու­շե­լու ա­ռիթ է, նաեւ՝ ընդգ­ծե­լու, որ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ­Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւած ա­պազ­գա­յին այս­պէս կո­չո­ւած «պե­տա­կան հո­գա­տա­րու­թիւն»ը լիո­վին բա­ժին հա­նո­ւե­ցաւ նաեւ հա­յոց ձե­ռագ­րե­րուն։

Ինչ­պէս որ «Լ­րա­բեր» պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան հան­դէ­սի ­Յու­նո­ւար 1995ի հա­մա­րով Հ.Կ.­Սու­քիա­սեան դի­տել կու տայ իր «ԵԿԵՂԵՑՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ (1920թ. ­Դեկ­տեմ­բեր-1921թ. ­Փետր­վար)» խո­րագ­րով հրա­պա­րակ­ման մէջ՝

«Ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րում հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին փո­խա­րի­նել է պե­տու­թեա­նը՝ կրե­լով հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րի պա­տաս­խա­նատուութիւ­նը: ­Հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րի ըն­թաց­քում հայ եւ օ­տա­րազ­գի աշ­խար­հիկ ա­ռաջ­նորդ­նե­րից՝ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ստա­ցել է շար­ժա­կան եւ ան­շարժ գոյք, ձեռք բե­րել բա­զում կա­լո­ւածք­ներ: Ե­կե­ղե­ցին իր ե­կա­մուտ­ներն օգ­տա­գոր­ծում էր ինչ­պէս սե­փա­կան կա­րիք­նե­րի, այն­պէս էլ կրթամ­շա­կու­թա­յին նպա­տակ­նե­րով:

«Օ­տար տի­րա­պե­տու­թեան պայ­ման­նե­րում, մեծ մա­սամբ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րին կից գոր­ծող ծխա­կան դպրոց­նե­րում էին գրա­գի­տու­թիւն ստա­նում հայ մա­նուկ­նե­րը: Այս տե­սա­կէ­տից օ­րի­նա­չափ է, որ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը բուռն հա­կա­ռա­կու­թիւն հան­դէս բե­րեց 1903 թ. ­Յու­նի­սի 12ին ռու­սա­կան կայսր ­Նի­կո­լայ IIի ստո­րագ­րած օ­րէն­քի առ­թիւ, ո­րով նա­խա­տես­ւում էր պե­տա­կա­նաց­նել հայ ե­կե­ղե­ցուն պատ­կա­նող կալուածք­ներն ու գոյ­քը: ­Հա­յու­թիւ­նը քաջ գի­տակ­ցում էր, որ այս քայ­լով ա­ռա­ջին հեր­թին հա­րո­ւած էր հասցւում հայ­կա­կան դպրո­ցին, քա­նի որ փակ­ման վտան­գի մէջ էին յայտ­նո­ւե­լու ե­կե­ղե­ցու ե­կա­մուտ­նե­րի հա­շո­ւին պա­հո­ւող ծխա­կան եւ թե­մա­կան     դպրոց­նե­րը: ­Ռու­սա­կան ա­ռա­ջին բուր­ժո­ւա­դե­մոկ­րա­տա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան պայ­ման­նե­րում հա­յու­թեան չդա­դա­րող դժգո­հու­թիւն­նե­րը ­Նի­կո­լայ IIին ստի­պե­ցին 1905 թ. Օ­գոս­տո­սի 1ին հրա­մա­նա­գիր հրա­պա­րա­կել՝ բռնագրա­ւո­ւած գոյ­քը հայ ե­կե­ղե­ցուն վե­րա­դարձ­նե­լու մա­սին:

«­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան կար­ճա­տեւ գո­յու­թեան շրջա­նում (1918-1920 թթ.), ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րում, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Պե­տու­թիւն-­Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցի մեր­ձե­ցու­մը: Այս տե­սա­կէ­տից ու­շագ­րաւ է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ Հ.Հ. ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րի մէջ զգա­լի թիւ էին կազ­մում Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի նախ­կին սա­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը:

«... ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մից յե­տոյ երկ­րի նոր իշ­խա­նու­թիուն­ներն ի­րենց ձեռ­նար­կում­նե­րի մէջ ա­ռաջ­նորդ­ւում էին պե­տա­կան բո­լոր ո­լորտ­նե­րում միա­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կարգ հաս­տա­տե­լու բոլ­շե­ւի­կեան գոր­ծե­լաո­ճով, ո­րը մինչ այդ յա­ջո­ղու­թեամբ փոր­ձար­կո­ւել էր ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նում:

«­Միան­գա­մայն այլ ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծո­ւեց նաեւ պե­տու­թիւն-ե­կե­ղե­ցի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում: ­Բոլ­շե­ւիկ­նե­րի հա­կակ­րօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէջ ե­կե­ղե­ցին ըն­կալ­ւում էր մի­միայն իբ­րեւ «հին կար­գե­րի մնա­ցուկ», «ժո­ղովր­դա­կան զան­գո­ւած­նե­րի գի­տակ­ցու­թիւ­նը թու­նա­ւո­րե­լու մի­ջոց» եւ խո­չըն­դոտ՝ բնակ­չու­թեան շրջա­նում կո­մու­նիս­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րի ար­մա­տա­ւոր­ման հա­մար: Այս պայ­ման­նե­րում ա­ւե­լորդ է խօ­սել   մա­տաղ սերն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծում ե­կե­ղե­ցու ու­նե­նա­լիք դե­րի մա­սին: 1917 թ. ­Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նից յե­տոյ ­Խորհր­դա­յին     ­Ռու­սաս­տա­նում ռուս ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցուն պատ­կա­նող հարս­տու­թիւն­նե­րի, շար­ժա­կան եւ ան­շարժ գոյ­քի բռնագ­րաւ­ման գոր­ծըն­թաց սկսո­ւեց: Այն յատ­կա­պէս մեծ ծա­ւալ­ներ ըն­դու­նեց 1920ա­կան թթ. սկզբին:

«­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի օ­րի­նա­կով՝ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւս նպա­տա­կա­յին քայ­լեր ձեռ­նար­կեց հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցու ու­նե­ցո­ւած­քը բռնագ­րա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ: ­Հա­յաս­տա­նի ­Սո­ցիա­լիս­տա­կան ­Խորհր­դա­յին ­Հան­րա­պե­տու­թեան (Հ.Ս.Խ.Հ.) պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան եւ կա­ռա­վար­ման բարձ­րա­գոյն մար­մի­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Կո­մի­տէն, 1920 թ. ­Դեկ­տեմ­բե­րի 17ին դեկ­րետ (հրա­մա­նա­գիր) հրա­տա­րա­կեց հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քում գոր­ծող բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րի հո­գե­ւոր հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րի մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պե­տա­կա­նաց­նե­լու եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ժո­ղովր­դա­կան կո­մի­սա­րիա­տին (յանձ­նա­կա­տար) յանձ­նե­լու մա­սին: Հ.Ս.Խ.Հ. լուս­ժող­կոմ     Ա­շոտ ­Յով­հան­նի­սեա­նի ­Դեկ­տեմ­բե­րի 17ի հրա­մա­նի հա­մա­ձայն՝ այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը յանձ­նո­ւե­ցին տե­ղա­կան յեղ­կոմ­նե­րի լու­սա­ւո­րու­թեան բա­ժին­նե­րին: Որ­պէս բա­ցա­ռու­թիւն՝ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միած­նի ճե­մա­րա­նը, հնա­գի­տա­կան եւ ազ­գագ­րա­կան թան­գա­րան­նե­րը, մա­տե­նա­դա­րա­նը եւ տպա­րանն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն են­թար­կո­ւե­լու էին լուս­ժող­կո­մա­տին՝ վե­րա­կազ­մո­ւե­լով վեր­ջի­նիս կող­մից նշա­նա­կո­ւող կո­մի­սա­րի ղե­կա­վա­րու­թեամբ»:

Այդ­պէ՛ս, 1920ի ­Դեկ­տեմ­բեր 17էն սկսեալ մին­չեւ 1939 թո­ւա­կա­նը, երբ Էջ­միած­նի մէջ պահ­պա­նո­ւած ­Հա­յոց ­Ձե­ռա­գիր­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան Գ­րա­դա­րա­նը, նաեւ՝ մին­չեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի նոր շէն­քին կա­ռու­ցու­մը, ազ­գա­յին մեր մե­ծա­գոյն հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը կազ­մող ­Հա­յոց ­Ձե­ռա­գիր­նե­րը ար­ժա­նա­ցան… Աղ­քատ ­Ղա­զա­րո­սի բախ­տին։

Եր­կար դա­րեր եւ ան­կա­խու­թեան ու պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տի պայ­ման­նե­րուն մէջ իսկ, մեր ժո­ղո­վուր­դը իր աչ­քի լոյ­սին պէս պա­հած եւ պահ­պա­նած էր իր լու­սա­ւո­րիչ հայ­րե­րուն ժա­ռանգ ձգած ձե­ռա­գիր­նե­րը՝ նոյ­նիսկ իր ա­րեան գնով տէր կանգ­նե­լով ան­փո­խա­րի­նե­լի այդ հարս­տու­թեան։ Աս­պա­տա­կող ցե­ղե­րու գոր­ծած ա­ւե­րում­ներն ու ա­ւա­րում­նե­րը շատ բան ոչըն­չա­ցու­ցին, մարդ­կա­յին կեան­քե­րու, ինչ­քե­րու եւ մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու կող­քին, նաեւ հա­յոց ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րէն։ ­Բայց ինչ որ կրցանք փրկել, վե­րա­ծե­ցինք սե­րուն­դէ սե­րունդ հայ­կա­կան մեր ինք­նու­թիւ­նը ջրդե­ղող ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի։

Այդ ա­ռու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը յա­ջո­ղե­ցաւ վե­րա­կանգ­նիլ խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճնշում­նե­րէն եւ հա­լա­ծանք­նե­րէն՝ իր ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի նշխար­նե­րուն պահ­պան­ման ան­ձեռնմ­խե­լի ե­րաշ­խի­քի մը վե­րա­ծե­լով ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը։

­Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քով՝ «­Մա­տե­նա­դա­րա­նը հիմ­նադ­րո­ւած է 405 թո­ւա­կա­նին, հա­յե­րէն գի­րե­րու գիւ­տէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի հնա­գոյն մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն ­Վա­ղար­շա­պա­տի (Էջ­միա­ծին) մէջ:

«­Հա­յոց ար­քայ Վ­ռամ­շա­պու­հի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, գրչու­թեան այս հնա­գոյն կեդ­րո­նէն ի­րենց լու­սա­ւոր­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը սկսած ու ծա­ւա­լած են ­Սուրբ ­Սա­հակ ­Մեծ ­Կա­թո­ղի­կո­սը եւ հայ գի­րե­րը ստեղ­ծող ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը: Ա­նոնց հիմ­նադ­րած ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը, հա­րիւ­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ գոր­ծած է որ­պէս ­Մայր Գ­րա­տուն։

«­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին հիմ­քը կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հնա­մեայ ձե­ռագ­րա­տու­նը, որ դա­րե­րու ըն­թաց­քին հանգ­րո­ւա­նած է տար­բեր ա­թո­ռա­նիստ վայ­րեր, վեր­ջին ան­գամ Ս. ­Սիս, ուր­կէ 1441ին վե­րա­հաս­տա­տո­ւած է իր հիմ­նադր­ման օր­րան Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ:

«1939 թո­ւին ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը Էջ­միած­նէն կը տե­ղա­փո­խո­ւի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւան: ­Ձե­ռագ­րա­կան մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­թեան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան զարկ տա­լու հա­մար, 1959 թո­ւի ­Մարտ 3ին Խ. ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րոշ­մամբ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը կը վե­րա­ծո­ւի գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հիմ­նար­կի: «1954էն սկսեալ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը ղե­կա­վա­րած ա­կա­դե­մի­կոս ­Լե­ւոն ­Խա­չի­կեա­նի (1918-1982) ջան­քե­րով հաս­տա­տու­թիւ­նը լիար­ժէ­քօ­րէն կը կա­յա­նայ որ­պէս գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն, կարճ ժա­մա­նա­կո­ւան մէջ կ­’ար­ժա­նա­նայ մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման: Ա­կա­դե­մի­կոս Լ. ­Խա­չի­կեա­նի մա­հէն ետք, 1982էն մին­չեւ 2008, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նը ե­ղաւ ա­կա­դե­մի­կոս ­Սեն Ա­րեւ­շա­տեա­նը: Իսկ 2008էն ի վեր, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէնն է բա­նա­սի­րու­թեան դոկ­տոր` Հ­րա­չեայ ­Թամ­րա­զեան:

«Այ­սօր ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը աշ­խար­հի հնա­գոյն եւ հա­րուստ ձե­ռագ­րա­տու­նե­րէն մէկն է: ­Հոն հա­ւա­քո­ւած շուրջ 17.000 ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րը կ­’ընդգր­կեն հայ հին եւ միջ­նա­դա­րեան գի­տու­թեան ու մշա­կոյ­թի գրե­թէ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րը: ­Հա­յե­րէն մա­տեան­նե­րէն բա­ցի` հոս կը պա­հո­ւին ա­րա­բե­րէն, պարս­կե­րէն, յու­նա­րէն, ա­սո­րե­րէն, լա­տի­նե­րէն, ե­թով­պե­րէն, հնդկե­րէն, ճա­փո­նե­րէն եւ այլ լե­զու­նե­րով ձե­ռա­գիր­ներ:

«Մ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թեան այս հաս­տա­տու­թեան մէջ կո­րուս­տէ փրկո­ւած են բազ­մա­թիւ բնա­գիր­ներ, ո­րոնք ի­րենց մայր լե­զո­ւով չեն պահ­պա­նո­ւած եւ յայտ­նի են միայն հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րով»:

Ն.