Հայ ժողովուրդի մեծարանքին արժանացած տոհմ է արեւմտահայ Օտեան ընտանիքը, որուն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Օտեանի ծննդեան 181րդ տարեդարձն է այսօր՝ Դեկտեմբեր 9ին։
Թէեւ Օտեաններու կրտսերագոյն սերունդի ներկայացուցիչը՝ հայ երգիծական գրականութեան մեծանուն վարպետ Երուանդ Օտեանը անմահութեան արժանացուց Օտեան տոհմանունը, այսուհանդերձ՝ անոր հօրեղբայր Գրիգոր Օտեանի ներդրումը եւս եղաւ մեծարժէք, նաեւ՝ նոյնինքն Երուանդ Օտեանի կազմաւորման մէջ։
Շնորհալի գրողի եւ խոհուն մտաւորականի իր արժանիքներէն անդին՝ Գրիգոր Օտեան հռչակուեցաւ իբրեւ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական ազատախոհ ու յառաջադէմ գործիչ, որ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ հայոց Ազգային Զարթօնքին համար։
Գրիգոր Օտեան իրաւամբ կը նկատուի իր դարաշրջանի դրօշակիրներէն ու յառաջապահներէն մէկը Սահմանադրական Կարգերու հաստատման արդի շարժումին։ Գրիգոր Օտեանի անունին կապուած են մշակումն ու որդեգրումը ոչ միայն 1862ի դարակազմիկ հայոց Ազգային Սահմանադրութեան, այլեւ 1876ին վարչապետ Միտհաթ փաշայի կողմէ հրապարակուած ու Սուլթանին պարտադրուած Օսմանեան Սահմանադրութեան։
Գրիգոր Օտեան երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն էր Օտեաններու գերդաստանին, որ փայլեցաւ իր անուանի զաւակներով, որոնք ապրեցան եւ գործեցին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, իրենց մեծակշիռ ներդրումը ունենալով պոլսահայ եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Իր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ հայերէնով եւ օսմաներէնով կրթութիւն ստանալէ ետք, Գրիգոր Օտեան բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարաններէն ներս, ականատեսն ու մասնակիցը դարձաւ 1848ի ֆրանսական եւ եւրոպական յեղափոխութեանց հետեւած ընկերային շարժումներուն, որոնց ներշնչումով ալ, Պոլիս վերադարձին, 1850ականներուն, գաղափարակիցն ու գործակիցը դարձաւ նոյնպէս Փարիզ ուսանած եւ Երկիր վերադարձած ազգային անուանի յառաջդիմական գործիչներ Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողոս Պալեանի եւ Սերովբէ Վիչենեանի, որոնք ստեղծեցին հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը:
Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը, իր ընդհանուր փիլիսոփայութեամբ, մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի եւ հիմքը կը կազմէ տարագիր հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի կազմակերպումին՝ աշխարհական մասնակցութեան եւ ժողովրդային հակակշռի սկզբունքները սահմանադրականօրէն նուիրագործելով։
Գրիգոր Օտեան յայտնի է նաեւ որպէս Օսմանեան Կայսրութեան պետական գործիչ: 1860ին ան արժանացաւ Օսմանեան արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարի պաշտօնին, իսկ այնուհետեւ գլխաւորեց միեւնոյն նախարարութեան օտար թղթակցութեանց դիւանապետի աշխատանքները, համապատասխան պետական աստիճան ստանալով (սանիյէ):
1865ին ան ուղարկուեցաւ Տանուփեան կուսակալութեան կեդրոնը՝ Ռուսչուկ, իբրեւ քաղաքական ընդհանուր տեսուչ: 1868ին նշանակուեցաւ Պետական Խորհուրդի քարտուղար, իսկ 1869ին արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանապետ:
1871ին ան կոչուեցաւ Օսմանեան հանրային կառոյցներու եւ շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխ-նախարարի պաշտօնին: Նոյն թուականին, կարճ շրջանի մը համար, խորհրդականի պաշտօն ալ ստանձնեց առեւտուրի նախարարութեան մէջ։ 1872ին ընտրուեցաւ Օսմանեան Պետական Խորհուրդի անդամ:
1875ին, հանրային շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխ-նախարարի իր պաշտօնավարութեան ժամանակ, նախարարի բացակայութեան բերմամբ՝ Գրիգոր Օտեանի վստահուեցաւ նախարարութեան ընդհանուր գործերը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը։
Գ. Օտեան սերտ կապեր մշակած էր ատենի թուրք պետական գործիչներու աւագանիին հետ։ Անոնց բարձրագոյն եւ ամենագաղտնի խորհրդակցութիւններուն մասնակից եղած էր: Յատկապէս մտերիմն ու վստահելի խորհրդականն էր այդ թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան մեծ եպարքոս՝ նախարարապետ Միտհաթ փաշայի, որուն յանձնարարութեամբ եւ խրախուսանքով Գրիգոր Օտեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ պետութեան օրէնսդրական եւ սահմանադրական բարենորոգման համար կատարուած ծրագրումներուն եւ անոնց իրագործման աշխատանքներուն։
Այդ ճամբով էր, որ Գրիգոր Օտեան ոչ միայն խորհրդատուն եղաւ Միտհաթ փաշայի նախաձեռնած Սահմանադրական բարեկարգումներուն, այլեւ համահեղինակը դարձաւ մեծ եպարքոսի անունով 1876ին հռչակուած Օսմանեան Սահմանադրութեան։
Բայց նորահաստատ Օսմանեան Սահմանադրական Ժողովը երկար կեանք չունեցաւ։ Նոյն տարին սուլթանական գահին բազմած Ապտիւլ Համիտ Բ.ը առկախեց Սահմանադրութիւնը եւ ցրուեց Սահմանադրական Ժողովը։ Այնուհետեւ վտանգի տակ ինկաւ սահմանադրութեան հեղինակներուն եւ համակիրներուն կեանքը: Թուրք պետական-քաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու շարքին, խուսափելու համար Համիտի հալածանքներէն, Գրիգոր Օտեան իր կարգին 1880ին ստիպուեցաւ ապաստանիլ Փարիզ, ուր եւ մնաց ու գործեց մինչեւ իր վախճանը՝ 1887 թուին։
1870ականներու վերջերուն, Գրիգոր Օտեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ նաեւ Հայկական Հարցի միջազգայնացման գործին մէջ։ 1878ին, Պերլինի Վեհաժողովի նախօրեակին, Գրիգոր Օտեան հանդէս եկաւ Հայկական Նահանգներու ինքնավարութեան առաջադրանքով, որ դժբախտաբար արձագանգ չգտաւ ատենի Թրքահայոց Պատրիարքարնի ազգային իշխանութեանց կողմէ. միայն Խրիմեան Հայրիկ դրականօրէն արձագանգեց բարենորոգումներու պահանջէն անդին անցնող եւ ուղղակի հայոց ինքնավարութիւնը պահանջող Գրիգոր Օտեանի պատրաստած յուշագրին ((«Ծրագիր կազմակերպական կանոնագրի օսմանեան Հայաստանի»)։
Հայկական ինքնավարութեան իր պահանջով հանդերձ՝ Գրիգոր Օտեան բնաւ կողմնակից մը չեղաւ յեղափոխութեան։ Միշտ գործեց ազատական մտածողութեամբ եւ ընդդիմացաւ յեղափոխական քայլերուն՝ յատկապէս գաւառներու հայ բնակչութեան ազգային-քաղաքական ընդհանուր լուսաւորումը եւ քաղաքացիական կազմակերպումը նկատելով գրաւականը Հայկական Հարցի արդար լուծման։
Արժանաւոր ու մեծանուն Հայու ծննդեան 181րդ տարեդարձին պատգամը թող ըլլայ, իր անձին կենդանի օրինակով նուիրագործուած, հետեւեալ ազդարարութիւնը Գրիգոր Օտեանի.-
«Ան հայը, որ իր պետական պաշտօնին ընծայած դիւրութիւններէն օգտուելով իր շահերուն կը զոհէ այս խեղճ, տարաբախտ ազգը, անիծեալ ըլլայ, երիցս անիծեալ»:
Ինչպէս որ անոր մահէն 10 տարի յետոյ վկայած է Արփիար Արփիարեան, «Օտեանի անունը գուրգուրալիր երկիւղածութեամբ մը կը յիշատակուի։ Ու պիտի յիշատակուի միշտ ալ, վասնզի ժողովրդական է ու ժողովրդական կը մնայ Օտեան, վասնզի մտատիպար մը եղաւ. Մտատիպար մը հայ պաշտօնէի, մտատիպար մը հայ քաղաքագէտի, մտատիպար մը հայ ազգասէրի, մտատիպար մը հայ գրագէտի...»։
Ն.