Նոյեմբեր 29ին, 12 տարի առաջ, Թեսաղոնիկէի մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան իր պատգամը փոխանցելէ վայրկեաններ ետք, յանկարծամահ շիջեցաւ եւ հոգին աւանդեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արժէքաւոր ու արժանաւոր նուի րեալներէն՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեան։
Այդպէ՛ս, շրջապատուած իր այնքան սիրած ու գուրգուրանքով առաջնորդած հօտին զաւակներով, նաեւ՝ հոգեւորական թէ աշխարհական իր հին ու նոր գործակիցներով, Սահակ Արք. Այվազեան անխռով հեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ինչպէս իր կենդանութեան եւ անբասիր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան, նոյնպէս եւ յանկարծական իր վախճանումի պահուն, Սահակ Սրբազան միայն բարի, իրատես ու ներողամիտ ժպիտով փակեց աչքերը՝ հայոց ազգին եւ հայրենիքին մինչեւ վերջ շունչ պատգամելով, որ պէտք չէ յուսահատիլ, ընդհակառակն՝ ամենայն հաւատքով պէտք է արձանգանգել հայու հոգիէն բխած ծանօթ երգի այն լաւատեսութեան, թէ «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան»…
Նոյն այդ ոգիով յագեցած էր մանաւա՛նդ իր կարապի երգը՝ սրտի կաթուածի հետեւանքով վախճանումէն վայրկեաններ առաջ Սահակ Սրբազանի արտասանած պատգամաշունչ խօսքը։
Իր հօտին եւ բովանդակ հայ ժողովուրդին ամէնուր արձանագրած նուաճումները, յատկապէս Ազատ ու Անկախ Հայաստանի վերականգնումը ողջունող եւ համազգային ոգեւորման աղբիւր հռչակող ականատեսի վկայութիւն մը եղաւ Սահակ Սրբազանի վերջին խօսքը։
Ինչպէս որ ամբողջ տասնամեակներ շեշտած էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ խորաններէն եւ հայ կեանքի հանդիսաւոր բեմերէն իր տուած քարոզներով, հոգելոյս Սրբազանը վերջին անգամուան մը համար բոլորին յորդորեց յառա՛ջ ընթանալ հայու հաւատքով եւ ինքնավստահութեամբ, մինչեւ որ հայոց պանծալի Եռագոյնը ի վերջոյ ծածանի Արարատի կատարին։
Ի վերուստ բանաստեղծական եւ հռետորական շունչով օժտուած, մանաւանդ երաժշտական ձիրքի տէր Սահակ Արք. Այվազեանի համար միայն սրտաբուխ խօսք չէր ամբողջ կեանք մը իմաստաւորած այդ պատգամը։ Շուրջ կէս դարու վրայ տարածուած ազգային-հոգեւորական անձնդիր ծառայութեան եւ հանրանուէր գործունէութեան արգասիքն էր բարութեամբ, ներողամտութեամբ եւ լաւատեսութեամբ աշխարհն ու հայութիւնը ընկալելու Սահակ Սրբազանի կտակը։ Կը բխէր Լուսաւորչի Կանթեղին ոգեղէն լոյսով աչք բացած եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հայապահպան աւանդներով կազմաւորուած երջանկայիշատակ Սրբազանի Հաւատքի ու Նուիրումի կենսափորձէն։
Աւազանի անունով Յակոբ Այվազեան՝ լուսահոգի Սրբազանը ծնած էր Կիպրոս, 14 Դեկտեմբեր 1929ին, ատանացի ծնողքէ։ Նիկոսիոյ Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին մէջ նախակրթական իր ուսումը ստանալէ ետք, քանի մը տարի յաճախած էր Մելքոնեան երկրորդական վարժարան։
1947ին, կուսակրօն եկեղեցական դառնալու կոչումով եւ անսալով նոյնպէս կիպրահայ Խորէն Սրբազանի (հետագային Կաթողիկոս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն Հայոց) յորդորներուն, 18ամեայ Յակոբ Այվազեան արձանագրուեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսանող։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի բաժինները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, 1953ին ան աբեղայ ձեռնադրուեցաւ՝ կոչուելով Տէր Սահակ, ի յիշատակ Կիլիկեան Աթոռի տարագրութեան օրերու Կաթողիկոս Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանի։
Այնուհետեւ, երաժշտական իր ձիրքն ու հետաքրքրութիւնները զարգացնելու հեռանկարով՝ Սահակ Աբեղայ հինգ տարի հետեւեցաւ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցի դասընթացներուն։ Միաժամանակ՝ կրօնի դասաւանդութիւն կատարեց Պէյրութի «Վահան Թէքէյեան» եւ Ազգային «Սուրբ Նշան» վարժարաններուն մէջ։ Նաեւ՝ նշանակուեցաւ վարիչ-տնօրէն Կիլիկեան Աթոռի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն։ Այս շրջանին Սահակ Աբեղային վստահուեցաւ երաժշտական ղեկավարութիւնը Կաթողիկոսութեան երկսեռ երգչախումբին, որուն անդամներուն թիւը բարձրացաւ հարիւրի՝ երիտասարդ եկեղեցականին ջանքերով։ Սահակ Աբեղայի ղեկավարած բարձրորակ այդ երգչախումբը պատմական ելոյթ ունեցաւ 1956ին, երբ նորընտիր Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի օծման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ քառաձայն Պատարագի երգեցողութեամբ։
Այսպէ՛ս սկսաւ հոգեւորական ու ազգային ծառայութեան ասպարէզը Սահակ Աբեղային համար, որ 1957ին Կիպրոսի մէջ ստացաւ վարդապետական իր տիտղոսը։ Հազիւ տարի մը ետք, 1958ին, երբ Յունահայոց Ազգային Թեմական Ժողովը պատմական որոշում կայացուց միանալու Կիլիկեան Ս. Աթոռի թեմերուն, Սահակ Վարդապետ ընտրուեցաւ Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ։ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք, Սահակ Սրբազան նոյն տարին իսկ եկաւ Աթէնք եւ ստանձնեց իրեն վստահուած ծանր պատասխանատուութիւնը։
Երեսուն տարեկանին նման պատասխանատու առաքելութեան կոչուելով եւ, այդ տարիներուն, հայ կեանքը ամբողջապէս փոթորկած միջ-եկեղեցական բուռն պայքարներու մթնոլորտին մէջ գործելով, Սահակ Սրբազան միայն բարութեամբ եւ ներողամտութեամբ, այլեւ եկեղեցականի ու ազգային ծառայողի իր անբասիր վարքով կրցաւ դիմանալ ընդհանրապէս Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին, նաեւ անձնապէս իր դէմ ուղղուած ամէն կարգի վիրաւորանքներուն։
Եւ Սահակ Սրբազան պատուով դուրս եկաւ այդ դառն ու դժուարին փորձութեանց հանգրուանէն։
Առ ի գնահատանք ու քաջալերանք ամբողջ յունահայութեան բացուելու եւ, առանց գաղափարական թէ քաղաքական խտրութեան, բովանդակ գաղութին ազգային-եկեղեցական իրաւունքներուն տէր կանգնելու Սահակ Սրբազանի հետեւողական ճիգերուն ու լայնախոհ մօտեցումներուն, Խորէն Ա. Կաթողիկոս 1964ին Արքութեան տիտղոս շնորհեց յունահայոց թեմակալ առաջնորդին։
Մինչեւ իր կաթուածահար վախճանը, Սահակ Արք. Այվազեան միեւնոյն ինքնահաւատարմութեամբ գործեց՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին բոլորանուէր ծառայութիւնը իր գերագոյն կոչումն ու, միաժամանակ, բաւարարութիւնը նկատելով։
Դիմացաւ, չյոգնեցաւ եւ անխոնջ շարունակեց գործել՝ իր սեփական ու կրթիչ օրինակով բոլորին սորվեցնելով, որ մէկ է ու անբաժանելի Հայ Եկեղեցին, իսկ Լուսաւորիչի Կանթեղը հաւասարապէս կը պլպլայ եւ հաւատք ու լոյս կը բաշխէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն պատկանող բոլոր եկեղեցիներէն ու խորաններէն։
Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ Լուսաւորչի Կանթեղին եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին ջերմեռանդ ջահակիրը՝ Սահակ Արք. Այվազեան 45 տարի նուաճեց հայ թէ օտար, հոգեւորական թէ պետական պատասխանատու շրջանակներու յարգանքն ու վստահութիւնը։
Ն.