Print
Category: Յուշատետր

­altՆո­յեմ­բեր 24ի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը սփիւռ­քա­հայ ա­ռա­ջին սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեա­նի, որ իր գրա­կա­նա­գի­տա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ, խմբագ­րա­կան վաս­տա­կով եւ ման­կա­վար­ժա­կան ծա­ռա­յու­թեամբ՝ շուրջ վեց տաս­նա­մեակ հո­գեմ­տա­ւոր սնունդ հաս­ցուց տա­րա­գիր հա­յու­թեան ցի­ րու­ցան զա­ւակ­նե­րուն, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան միա­ժա­մա­նակ ե­ղաւ թէ՛ հա­մայ­նա­գի­տա­կան պա­շա­րով օժ­տո­ւած գրա­կա­նա­գէտն ու քննա­դա­տը, թէ՛ հայ մտքի գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն ան­կա­շառ պա­հա­պան ու հա­ւա­տա­ւոր քա­րո­զի­չը, թէ՛ օ­տար ա­փե­րու վրայ կազ­մա­ւո­րուող սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի նկա­րա­գիր ու ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն ջամ­բող նո­ւի­րեալ ու­սու­ցի­չը։

Իր սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րուն պէս, ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան մարմ­նա­ւո­րեց յատ­կա­պէս Ս­փիւռ­քին բնո­րոշ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի այն կեր­պա­րը, ո­րուն մէջ լիար­ժէք ներ­կա­յա­ցո­ւած ու հա­մադ­րուած էին, այ­լեւ ինք­նա­տիպ ու ճա­ռա­գայ­թող՝ միա­ձոյլ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն դար­ձած էին հա­յա­գի­տա­կան դա­սա­նիւ­թե­րու ու­սու­ցի­չը, հայ մշա­կոյ­թի ջա­հա­կիր գրա­գէ­տը եւ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան հա­ւա­տա­ւոր գոր­ծի­չը։

Ա­ւե­լի քան 18 տա­րի է ար­դէն, որ սփիւռ­քա­հայ ու մա­նա­ւանդ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի հա­ւա­տա­րիմ ու տա­րեց ըն­թեր­ցող­նե­րը զրկո­ւած են ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեա­նի ա­մէ­նօ­րեայ շուն­չէն՝ խօս­քէն ու պատ­գա­մէն, ո­րոնք տար­բեր գրչա­նուն­նե­րով ստո­րագրուած իր խմբագ­րա­կան­նե­րուն, ակ­նարկ­նե­րուն եւ յօ­դուած­նե­րուն մի­ջո­ցաւ ուղ­ղա­կի կը խօ­սէին մտքին ու սրտին աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած հայ մար­դոց։

­Թէօ­լէօ­լեան ստեղ­ծեց հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր դպրո­ցը, ո­րուն լե­զուն պարզ էր ու ան­սե­թե­ւեթ, ո­ճը՝ ջղուտ ու խո­հա­կան, մտա­ծե­լա­կեր­պով՝ ինք­նաքըն­նա­դա­տու­թեան եւ քննա­դա­տու­թեան ուժգ­նօ­րէն փա­րած, ան­ցեա­լի ար­ժէք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քով շնչող, բայց միա­ժա­մա­նակ հայ կեան­քէն ներս ե­ղա­ծով բնաւ չբա­ւա­րա­րո­ւող, այ­լեւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն միշտ հա­ւատ­քով նա­յող, սպա­սող եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ զե­ղուն։

­Թէօ­լէօ­լեան ծնած էր ­Պար­տի­զա­կի մէջ, 1913ի ­Նո­յեմ­բեր 24ին:

­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն, ­Թէօ­լէօ­լեան ըն­տա­նի­քին մեծ մա­սը աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Գո­նիա: ­Հա­զիւ 2 տա­րե­կան էր ­Մի­նաս, երբ պա­րա­գա­նե­րու բեր­մամբ, ծնող­քէն բաժ­նո­ւած, ան մնաց իր հօ­րեղ­բայր­նե­րուն եւ հօ­րաք­րոջ հո­գա­ծու­թեան տակ՝ Իզ­միր:

1922ին, Իզ­մի­րի ջար­դե­րէն ետք, պա­տա­նի ­Մի­նաս ղրկո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր յա­ճա­խեց Մ­խի­թա­րեան­նե­րու ­Լի­սէն։ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու մօտ ա­շա­կեր­տու­թեան շրջա­նին էր, որ 13 տա­րե­կա­նին ­Թէօ­լէօ­լեան գրեց իր ա­ռա­ջին ո­տա­նա­ւո­րը։ Իսկ հա­զիւ 17 տա­րի­քը թե­ւա­կո­խած՝ ըն­կե­րոջ մը հետ, ­Թէօէօ­լեան սկսաւ հրա­տա­րա­կել «Ար­ձան» գե­ղա­րո­ւես­տա­կան պար­բե­րա­թեր­թը:

1933ին ա­ւար­տեց Մ­խի­թա­րեան­նե­րու վար­ժա­րա­նը եւ ներ­կա­յա­ցուց ա­ւար­տա­ճառ մը՝ ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մա­սին:

­Զօ­րա­կո­չո­ւե­ցաւ թրքա­կան բա­նակ եւ զի­նո­ւո­րա­կան ծանր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ ետք, ­Թէօ­լէօ­լեան ու­սուց­չա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Մ­խի­թա­րեան­նե­րուն մօտ՝ հայ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու հա­մար:

1937ին, սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լին ար­դէն աշ­խա­տա­կից՝ ­Մի­նաս ­Թէօէօ­լեան ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ ­Թուր­քիա­յէն, ո­րով­հե­տեւ իր դէմ սկսան ոս­տի­կա­նա­կան հե­տապն­դում­ներ, նաեւ՝ ոս­տի­կա­նա­կան հար­ցաքն­նու­թեան տա­րո­ւե­ցաւ, Ֆ­րան­սա­յի եւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան թեր­թե­րուն՝ «­Յա­ռաջ»ին եւ «­Հայ­րե­նիք»ին հետ իր ու­նե­ցած կա­պե­րուն հա­մար:

Եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ: ­Տա­րի մըն ալ դա­սա­ւան­դեց ­Ռու­մա­նիոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ: ­Բայց 1939ի վեր­ջե­րուն վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կի­ցը դար­ձաւ պոլ­սա­հայ թեր­թե­րուն եւ մնաց մին­չեւ 1944, երբ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան իր հրա­պա­րա­կում­նե­րուն հա­մար դար­ձեալ հե­տապըն­դու­մի տակ առ­նո­ւե­ցաւ։ Այս ան­գամ վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռա­ցաւ ­Թուր­քիա­յէն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Սու­րիա:

­Նոյն տա­րին իսկ, ­Հա­լէ­պի մէջ, ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան պաշ­տօ­նա­պէս միա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն: Ու­սուց­չու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ ­Հա­լէ­պի ­Հայ­կա­զեան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ վա­րե­լով Հ.Յ.Դ. ­Սու­րիոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­րե­ւելք»ի խմբագ­րու­թիւ­նը: Օ­րո­ւան ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ եւ հե­տա­գա­յին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կոս ­Զա­րեհ Ա. ­Փա­յաս­լեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վար գոր­ծիչ ու պե­տա­կան ե­րես­փո­խան Հ­րաչ ­Փա­փա­զեա­նի ա­ռա­ջար­կով՝ ­Թէօ­լէօ­լեան 1948ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Քա­րէն Եփ­փէ ­Ճե­մա­րա­նի ա­ռա­ջին տնօ­րէն եւ այդ պաշ­տօ­նը վա­րեց մին­չեւ 1956:

1956ին, քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով, ար­տաք­սո­ւե­ցաւ ­Սու­րիա­յէն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, ուր ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի մա­հէն ետք մէկ տա­րի ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ Ե­գիպ­տո­սի պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յու­սա­բեր»ի խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը: 1957ին հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ, ուր ե­րեք տա­րի վա­րեց Ազգ. Ս. Ն­շան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը: Այս շրջա­նին կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ ինչ­պէս ­Լի­բա­նա­նի «Ազ­դակ», նոյն­պէս եւ ­Փա­րի­զի «­Յա­ռաջ» դաշ­նակ­ցա­կան թեր­թե­րուն:

1960ին, կու­սակ­ցա­կան գոր­ծի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ, ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան գոր­ծուղ­ղո­ւե­ցաւ ու հաս­տատուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ: 1962էն սկսեալ մին­չեւ 1979 վա­րեց «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րի պաշ­տօ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ մաս կազ­մե­լով «­Հայ­րե­նիք» գրա­կան ամ­սագ­րի խմբագ­րու­թեան։ Այ­նու­հե­տեւ, խմբագ­րի պաշ­տօ­նէն հանգս­տեան կո­չո­ւե­լով հան­դերձ, ­Թէօ­լէօ­լեան մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «­Հայ­րե­նիք»ին ու ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ «­Նոր ­Կեանք» շա­բա­թա­թեր­թին։

Հ­րա­պա­րա­կագ­րա­կան իր եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կի­ցը ե­ղաւ յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին՝ 1969ին ­Պէյ­րու­թի մէջ իբ­րեւ «Ազ­դակ ­Շա­բա­թօ­րեակ-Դ­րօ­շակ» ա­նոր վե­րահրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն մին­չեւ, 1986էն սկսեալ, Ա­թէն­քի մէջ ուղ­ղա­կի «Դ­րօ­շակ» ա­նու­նով ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նը։

­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան պատ­նէ­շին վրայ ար­թուն պա­հա­կի իր ա­ռա­քե­լու­թեան տէր կանգ­նե­ցաւ մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը, մին­չեւ 18 ­Մարտ 1997, երբ առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն վրայ միշտ սե­ւե­ռուն պա­հած իր հա­յեաց­քը։

­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեա­նի յի­շա­տա­կը վառ կը մնայ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան գա­ղա­փա­րի մար­տի­կի ա­նոր մար­տու­նակ շուն­չով՝ սփիւռ­քա­հայ կեան­քի պատ­մակ­շիռ վե­րի­վայ­րում­նե­րու գլխա­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ ­Թէօ­լէօ­լեան գլխա­ւոր բան­բեր­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րին՝ ընդ­դէմ Ս­փիւռ­քը Կ­րեմ­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հլու-հնա­զանդ լծա­կին վե­րա­ծե­լու խորհր­դա­յին­նե­րու փոր­ձե­րուն։

- Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք, խորհր­դա­յին­նե­րու նա­խա­ձեռ­նած ­Ներ­գաղ­թին մութ ծալ­քե­րը եւ պա­ռակ­տիչ սադ­րանք­նե­րը մեր­կաց­նող գլխա­ւոր հրա­պա­րա­կա­խօս­նե­րէն ե­ղաւ ­Թէօ­լէօ­լեան։

- 1956էն սկսեալ, երբ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը խորհր­դա­յին հա­կակշ­ռի տակ առ­նե­լու պա­ռակ­տիչ փոր­ձը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, ­Թէօ­լէօ­լեան ոչ միայն Ան­թի­լիա­սի ­Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին եւ այդ ճամ­բով Ս­փիւռ­քի ան­կա­խու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ, այ­լեւ՝ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­յին նկա­րա­գի­րը պահ­պա­նե­լու եւ ար­մա­տա­ւո­րե­լու մեծ օ­րա­կար­գը՝ յա­տուկ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը նո­ւի­րե­լով հա­մազ­գա­յին կա­րե­ւո­րու­թեամբ հար­ցին։

- Ս­փիւռ­քի քա­ղա­քա­կա­նաց­ման եւ յե­ղա­փո­խա­կա­նաց­ման տաս­նա­մեակ­նե­րուն, 1970էն սկսեալ, ­Թէօ­լէօ­լեան նո­րա­հաս սե­րուն­դին պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գե­ւո­րու­թիւն ներշն­չող եւ եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րի կամք ու յանդգ­նու­թիւն ու­սու­ցա­նող գա­ղա­փա­րա­խօ­սը ե­ղաւ։

­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեա­նի ծննդեան տա­րե­դարձին նո­ւի­րո­ւած կրտսեր գոր­ծըն­կե­րոջ այս վկա­յու­թիւ­նը ան­կաս­կած թե­րի պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ ըստ ար­ժան­ւոյն լու­սար­ձա­կի տակ չբե­րո­ւի ա­նոր գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ քննա­դա­տա­կան մե­ծար­ժէք վաս­տա­կը։

­Թէօ­լէօ­լեա­նի «­Դար մը Գ­րա­կա­նու­թիւն – 1850-1950» երկ­հա­տո­րեա­կը նաեւ այս օ­րե­րուն կը հան­դի­սա­նայ հայ գրա­կա­նու­թիւն ջամ­բող ո­րե­ւէ դա­սագր­քի ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը եւ լրա­ցու­ցի­չը։ ­Թէօ­լէօ­լեան իր ընդգր­կած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ գրա­կա­նու­թեան կա­պո­ւած բո­լոր հար­ցե­րուն, ինչ­պէս նաեւ իւ­րա­քան­չիւր հայ գրո­ղի մա­սին խօսք եւ խոր­հուրդ կը փո­խան­ցէ, ո­րոնք հիմ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն նո­րա­հաս սե­րուն­դին հա­յե­ցի լիար­ժէք կազ­մա­ւոր­ման հա­մար։

­Վեր­ջա­պէս, հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րու ողջ գան­ձա­րա­նը ա­մէ­նօ­րեայ ներշնչ­ման եւ հա­ղոր­դու­թեան աղ­բիւր դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով, Մ. ­Թէօ­լէօ­լեան «­Հայ­րե­նիք»ի է­ջե­րուն տա­րի­նե­րով պա­հեց իր «Երբ ետ կը նա­յինք» վեր­տա­ռու­թեամբ սիւ­նա­կը, որ­պէս­զի ա­մէն օր թեր­թի ըն­թեր­ցո­ղին հասց­նէ ա­ռօ­րեա­յէն ան­դին անց­նող եւ վեր բարձ­րա­ցող ար­ժէք­նե­րու «հա­նա­պա­զօ­րեայ հաց»ը։ (­Նաեւ ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեա­նի ներշն­չու­մին ար­գա­սիքն է «­Յու­շա­տետր»ը)։

Ի գնա­հա­տանք հայ մտքի, գրա­կա­նու­թեան եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան ե­րախ­տա­ւո­րին, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան Շր­ջա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ը ե­րեք տա­րի ա­ռաջ հաս­տա­տեց յա­տուկ գրա­կան մրցա­նակ՝ «­Մի­նաս եւ ­Գո­հար ­Թէօ­լէօ­լեան» ա­նու­նով (­Մե­կե­նա­սու­թեամբ Ե­դո­ւարդ եւ ­Վեր­ժին Մ­սըր­լեան­նե­րու)։ Մր­ցա­նա­կը այդ ա­ռու­մով նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է այն ե­րախ­տա­գի­տու­թեան, որ հայ ու­սու­ցի­չի կո­չու­մը միշտ բարձր պա­հած եւ ար­ժա­նա­ւոր սե­րունդ հաս­ցու­ցած ի­րենց ­Թէօ­լէօ­լեան ու­սու­ցի­չին եւ ու­սուց­չու­հիին հան­դէպ կը տա­ծեն, աշ­խար­հով մէկ ցրո­ւած, ա­նոնց եր­բեմ­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։

Ս­փիւռ­քա­հայ եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի դպրո­ցին մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ներշնչ­ման ան­խառն աղ­բիւր մը կը հան­դի­սա­նայ ­Մի­նաս ­Թէ­լէօ­լեա­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Ն.