Print
Category: Յուշատետր

­Նո­յեմ­բեր 20ի այս օ­րը, 8 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, յետ ծանր հի­ւան­դու­թեան, 73 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան։

­Գառ­նիկ ­Գուր­գէ­նի Ա­նա­նեան ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն եւ ա­ւանդ­նե­րուն պա­հա­պան գրա­կա­նա­գէտ մը, այ­լեւ՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ժա­մա­նա­կի կշռոյ­թին հետ վե­րա­նո­րո­գե­լու շար­ժու­մին հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած խո­հուն մտա­ւո­րա­կանն ու հրա­պա­րա­կա­գի­րը։

­Յատ­կա­պէս Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման բռնկու­մին հետ հրա­պա­րակ նե­տո­ւած հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր փա­ղան­գին մէջ, ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան հան­դի­սա­ցաւ դա­րու ո­գիով պա­տո­ւաս­տո­ւե­լու հայ ազ­գա­յին ա­ւան­դոյ­թին վե­րա­թար­մաց­ման գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։

­Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ ­Շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ փու­լին, ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան գրա­կա­նա­գի­տա­կան ու բա­նա­սի­րա­կան իր հա­րուստ պա­շա­րը ի սպաս դրաւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծար­ժէք, բայց խորհր­դա­յին­նե­րու ու­րաց­ման հե­տե­ւան­քով հայ­րե­նի հա­յու­թե­նէն, յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թե­նէն խլո­ւած հա­մազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ե­րախ­տա­շատ գոր­ծին։

1986ին Գ. Ա­նա­նեան ստանձ­նեց եւ տա­սը տա­րի վա­րեց տնօ­րէ­նու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ­Բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քին։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, 1996ին, Ա­նա­նեան ե­ղաւ հիմ­նա­դիրն ու ա­ռա­ջին տնօ­րէ­նը Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի Հ­րա­պա­րա­կագ­րու­թեան (­Ժուռ­նա­լիս­տի­կա) բա­ժան­մուն­քին։ Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 2006ին, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի թղթա­կից ան­դամ։

Այդ­պէ՛ս, հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան մե­րօ­րեայ մշակ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ, իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճեց ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան։ ­Ժա­մա­նա­կին հա­մա­հունչ յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հայ ազ­գա­յին ու­ժա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սը ե­ղաւ Ա­նա­նեան, որ իր մա­հէն օ­րեր ա­ռաջ, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ներ­կայ յոր­ծա­նու­տին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մագ­րա­ւած մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ա­րե­ւե­լու­մը շե­փո­րե­լով՝ պատ­գա­մեց մեր սե­րունդ­նե­րուն.-

«Տն­տե­սու­թեան փլու­զու­մը, գա­ղա­փա­րազր­կու­թեան, սեք­սի ու բռնու­թեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը, ո­րին այն­պէս հե­տա­մուտ է հայ­կա­կան հե­ռուս­տա­տե­սա­յին դաշ­տը (մաս­նա­կի բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րով), ցած­րա­ճա­շակ, հա­կազ­գա­յին ­սե­րիալ­նե­րի ար­շա­ւան­քը, գի­տու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը նո­ւի­րեալ­նե­րի ջան­քե­րին թող­նե­լը, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը գա­ւա­ռա­կան յե­տամ­նա­ցու­թիւն դի­տե­լը, պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան դէմ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը խա­թա­րե­լու լուրջ սպառ­նա­լիք­ներ են:

«­Մեր հե­ռուս­տաէկ­րան­նե­րից յոր­դա­ցող ա­պազ­գա­յին-հա­կազ­գա­յին մշա­կոյ­թի հե­ղե­ղի, ցած­րա­ճա­շակ, պար­զա­պէս ան­ճա­շակ հա­ղոր­դում­նե­րի յոր­ձա­նու­տում, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ եր­կիր խու­ժած ա­ղանդ­նե­րի խա­չակ­րաց ար­շա­ւանք­նե­րի, մեր ան­տար­բե­րու­թեան ու հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րում կա­րո­ղա­նա­լո՞ւ ենք լի­նել «ոս­կի ե­րա­կը հնա­մեայ ցե­ղիս...

«V դա­րում մի ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի աշ­խար­հին ցոյց պի­տի տար` ո՞վ ենք մենք, որ­տե­ղի՞ց ենք գա­լիս:

«XIX դա­րում մի Խ. Ա­բո­վեան ­Հա­յոց մեծ ազ­գին չէ՞ք ճա­նա­չում հար­ցադ­րու­մով՝ պէտք է հաս­տա­տէր մեր արթ­նաց­ման, մեր ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան, յա­րա­տե­ւե­լու մեր կամ­քը:

«XX դա­րում մի Ե. ­Չա­րենց նո­րից պի­տի կա­խէր հար­ցադ­րու­մը` ո՞վ ենք մենք, որ­տե­ղի՞ց ենք գա­լիս, ո՞ւր ենք գնում, պա­տաս­խա­նի փնտռտու­քը պար­տադ­րե­լով ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րին ու յետ­նորդ­նե­րին:

«Ո՞վ է լի­նե­լու XXI դա­րի մար­գա­րէն:

«Ա­ռա­ջին ե­րե­քը գե­րեզ­ման չու­նե­ցան:

«­Մեր նոր մար­գա­րէն ու­նե­նա­լո՞ւ է»:

­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան ծնած էր Ի­ջե­ւան, 1934ի ­Յու­նիս 22ին։ 1958ին ա­ւար­տած էր Ե­րե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քը եւ նոյն տա­րին աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւած էր Ի­ջե­ւա­նի «­Լե­նի­նեան Ու­ղիով» շրջա­նա­յին թեր­թի խմբագ­րու­թեան մէջ։

1962ին Գ. Ա­նա­նեան վե­րա­դար­ձաւ իր մաս­նա­գի­տա­կան ուս­ման եւ ա­ւար­տեց Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նը բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թեանց մէջ։ 1965էն սկսեալ ե­ղաւ դա­սա­խօս միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։

1965ին, «­Հայ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ քննա­դա­տու­թիւ­նը «­Մուրճ» ամ­սագ­րում (90ա­կան թթ.)» նիւ­թով ա­ւար­տա­ճառ պաշտ­պա­նեց եւ ստա­ցաւ բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծո­ւի աս­տի­ճան։ Իսկ 1983ին, «Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց (կեան­քի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պրոբ­լեմ­ներ)» նիւ­թով իր ա­ւար­տա­ճա­ռին հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րի դոկ­տո­րի աս­տի­ճա­նի։

1977էն 1985 ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան ե­ղաւ Ե­րե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան ղե­կա­վա­րը։ ­Նա­խա­ձեռ­նեց եւ ի­րա­գոր­ծեց «Ու­սա­նո­ղի գրա­դա­րան», «­Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րի մա­տե­նա­շար» եւ «Ք­րես­տո­մա­տիա» հրա­տա­րակ­չա­կան շար­քե­րը, ո­րոնք խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պար­տադ­րած գրա­կան կաշ­կան­դում­նե­րը թօ­թա­փող հրա­տա­րակ­չա­կան ա­ռա­ջին լուրջ քայ­լե­րը ե­ղան հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Գ. Ա­նա­նեա­նի ջան­քե­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղաւ, 1990ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րէն սկսեալ, հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «­Ժուռ­նա­լիս­տի­կա» տա­րե­գիր­քին, ո­րուն խմբագ­րու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րեց ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս։

Ու­շագ­րաւ է ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան զար­գաց­ման ու­ղին, որ 20րդ ­դա­րու խորհր­դա­հայ գրա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ա­կուն­քը հե­տա­զօ­տող գրա­կա­նա­գի­տու­թեամբ ճամ­բայ ե­լաւ, յատ­կա­պէս ­Չա­րեն­ցի ո­րո­նում­նե­րուն եւ յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րուն հա­մա­հունչ զար­գա­ցում ապ­րե­ցաւ եւ յան­գե­ցաւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան խոր ըն­կա­լու­մով, ա­ւան­դա­պա­հա­կան եւ նո­րա­րա­րա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը հա­մադ­րե­լու հա­սու­նու­թեան։

1974ին լոյս տե­սած իր «Ո­րո­նում­ներ (յօ­դո­ւած­ներ և ­հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ` նո­ւի­րո­ւած սո­վե­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ան­ցած ճա­նա­պար­հի եւ ար­դի շրջա­փու­լի կեն­սա­կան խնդիր­նե­րին)» (Եր­ևան, «­Հա­յաս­տան» հպա­տա­րակ­չու­թիւն, 248 էջ) հա­տո­րով իսկ, ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան յա­ռաջ մղեց գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան այդ ու­շագ­րաւ հա­մադ­րու­մի ճի­գը։ 1980ին եւ 1987ին հրա­տա­րա­կո­ւած, յա­ջոր­դա­բար, «­Չա­րեն­ցի հետ եւ «Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց» գոր­ծե­րով, ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան ար­դէն բա­նա­ձե­ւած էր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան այդ հա­մադ­րու­մին հիմ­նա­կան դրոյթ­նե­րը։ Այդ հի­ման վրայ 1995ին լոյս տե­սած իր «Հ­րա­պա­րա­կա­խօ­սու­թիւն եւ քննա­դա­տու­թիւն» գոր­ծով՝ ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան հան­դի­սա­ցաւ յետ-ան­կա­խու­թեան շրջա­նի հայ ազ­գա­յին նո­րա­րա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ջեր­մե­ռանդ դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։ Ա­ւան­դա­պա­հի ու նո­րա­րա­րի ինք­նու­րոյն հա­մադ­րու­մը ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան հու­նա­ւո­րեց իր հե­տա­գայ գոր­ծե­րով.

- «­Ներ­սէս ­Լամբ­րո­նա­ցին հրա­պա­րա­կա­խօս» (Ան­թի­լիաս, 1995)։

- «Ի սկզբա­նէ էր ­Բանն...» (Ե­րե­ւան, 1998)։

- «­Վե­րա­կանգ­նենք մեր յի­շո­ղութ­իւ­նը» (Ե­րե­ւան, 2000)։

- «Ար­դի հայ մա­մու­լի լոյսն ու ստո­ւե­րը», (Ե­րե­ւան, 2001)։

- «­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, կեան­քը եւ գրա­կան-հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան գոր­ծու­նէութ­յու­նը» (Ե­րե­ւան, 2002)։

- «Գ­րի­գոր Արծ­րու­նի, Լ­րագ­րու­թեան մա­սին (կազ­մող, ծա­նօ­թագ­րող, վեր­ջա­բա­նի հե­ղի­նակ ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեան։ Ե­րե­ւան, 2003)։

- «­Յա­նուն եւ ընդ­դէմ գլո­բա­լի­զա­ցիա­յի» (Ե­րե­ւան, 2003)։

- «Ակ­նարկ­ներ հա­յոց հին եւ միջ­նա­դա­րեան հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան» (Ե­րե­ւան, Ե­րե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւն, 2005, 304 էջ)։

­Հայ մտքի, գրա­կա­նա­գի­տու­թեան եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր ե­րախ­տա­ւո­րին յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լու թող ծա­ռա­յէ ­Գառ­նիկ Ա­նա­նեա­նի մտա­ծում­նե­րէն հե­տե­ւեալ քա­ղո­ւած­քը.

- Հ­նի դէմ պայ­քա­րում յաղ­թա­նա­կած նո­րը վաղ թէ ուշ դառ­նում է ա­ւան­դույթ` իր դէմ ուղ­ղե­լով նո­րե­րի խէթ հա­յեաց­քը: Չ­պէտք է մո­ռա­նալ, նաեւ, որ նո­րի յաղ­թա­նա­կը հնի պար­տու­թիւն, ա­ռա­ւել եւս` ան­հե­տա­ցում չի նշա­նա­կում: Ե­թէ գրա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քը նմա­նեց­նենք լեռ­նաշղ­թա­յի, ա­մէն ար­ժէ­քա­ւոր նոր մի լեռ­նա­գա­գաթ է:

- Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­զում եմ ընդգ­ծել ա­մէն գնով նոր բան ա­սե­լու մո­լուց­քի վտան­գա­ւո­րու­թիւ­նը գրա­կա­նու­թեան հա­մար: ­Նոր խօսք ա­սե­լու ձգտու­մը գրա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման խթան­նե­րից է, բայց ա­մէն նոր դե­ռեւս գրա­կա­նու­թիւն չէ: ­Մաս­նա­ւո­րա­բար «հայ­կա­կան ե­րա­զից, Ա­րա­րա­տից ու ­Տիգ­րան ­Մե­ծից դա­տարկ­ուե­լու» փոր­ձե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են նոյ­նիսկ լու­սանցք­նե­րում տեղ չզբա­ղեց­նե­լու ճա­կա­տագ­րին...

- ­Յետ-խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րի փոր­ձը ցոյց տուեց, որ ինք­նադր­սե­ւոր­ման ան­կաշ­կանդ մթնո­լոր­տը գրա­կան զար­գաց­ման հա­մար կա­րող է նոյն­քան վտանգ­ներ պա­րու­նա­կել, որ­քան նրա բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Գ­րաքն­նու­թիւ­նը գրո­ղին, հրա­պա­րա­կա­խօ­սին մղում էր դէ­պի խոր­քը, դէ­պի այ­լա­խօ­սու­թիւն, ո­րից, թող զար­մա­նա­լի չթո­ւայ, շա­հում էին ե՛ւ գրո­ղը, ե՛ւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սը, վեր­ջին հա­շո­ւով` ըն­թեր­ցո­ղը: Գ­րաքն­նու­թեան վե­րա­ցու­մը, յու­սանք` ան­վե­րա­դարձ, յա­մե­նայն դէպս ան­ցու­մա­յին յոր­ջոր­ջո­ւող մեր ժա­մա­նակ­նե­րում թու­լաց­րել է պա­տաս­խա­նա­տո­ւութ­եան զգա­ցու­մը խօս­քի նկատ­մամբ: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­զա­տու­թեան նոյ­նա­ցու­մը ա­մե­նա­թո­ղու­թեան հետ վե­րաց­րել է անձ­նա­կան-ան­հա­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը` դուռ բա­ցե­լով մա­կե­րե­սայ­նու­թեան, պար­զու­նա­կու­թեան, ընդ­հուպ ոչ գրա­կան «ար­տադ­րան­քի» առ­ջեւ, որ նոյն­քան մեր­ժե­լի է, որ­քան խորհր­դա­յին «գա­ղա­փա­րա­կան» խո­տա­նը:

Ա­զա­տու­թիւ­նը եւս միայն իս­կա­կան տա­ղանդ­ներն են յաղ­թա­հա­րում։

Ն.