Print
Category: Յուշատետր

101 տա­րի ա­ռաջ, ­Նո­յեմ­բեր 5ի այս օ­րը, Ֆ­րան­սա եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­ցին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ, ո­րուն իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն ոտ­քով-գլու­խով նե­տո­ւած էր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի յոր­ձա­նու­տին մէջ՝ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ա­նոր զի­նա­կից ­Կեդ­րո­նի Ու­ժե­րուն կող­քին դիրք բռնե­լով։

Ֆ­րան­սա եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա ի­րենց այդ քայ­լով փաս­տօ­րէն փու­թա­ցին զօ­րակ­ցե­լու ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու ի­րենց գլխա­ւոր զի­նա­կի­ցին՝ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նին, որ ե­րեք օր ա­ռաջ, 2 ­Նո­յեմ­բե­րին, պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած էր թրքա­կան պե­տու­թեան դէմ, ո­րով­հե­տեւ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 28 ­Հոկ­տեմ­բե­րին պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազ­մի փող հնչե­ցու­ցած էր ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան դէմ։

Շղ­թա­յա­կապ ի­րա­րու հե­տե­ւած պա­տե­րազ­մի այդ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը պար­զա­պէս ե­կան օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու ար­դէն ի­րո­ղա­պէս ծա­ւա­լած պա­տե­րազ­մը։

Աշ­խար­հա­մար­տը կան­խած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ, ա­նընդ­հատ սրած էր հա­կա­սու­թիւն­նե­րը ­Հին Աշ­խար­հին ճա­կա­տա­գի­րը ըստ կամս տնօ­րի­նող մեծ տէ­րու­թեանց՝ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ, Ի­տա­լիոյ, Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ եւ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ։ ­Պար­բե­րա­բար բռնկած էին տե­ղա­կան բնոյ­թի պա­տե­րազմ­ներ, ո­րոնք դա­րա­ւոր վէ­ճե­րը հար­թե­լու փո­խա­րէն՝ ան­լոյծ մնա­ցած հար­ցե­րու գոր­դեան հան­գոյց մը ա­ռա­ջա­ցու­ցին՝ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քար­նե­րու խա­րոյ­կը վա­ռե­լով ­Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ­Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ­Պալ­քան­ներ։

­Յատ­կա­պէս ­Պալ­քան­նե­րը ու­նե­ցան վա­ռօ­դի տա­կա­ռի նշա­նա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ 1913ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մը ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած հաս­ցու­ցած էր Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րէն եր­կու միա­պե­տու­թեանց՝ Աւստ­րօ-հուն­գար եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեանց։

­Նոյն ­Պալ­քան­նե­րէն ալ բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը 28 ­Յու­նիս 1914ին, երբ սերպ ազ­գայ­նա­կան յե­ղա­փո­խա­կան մը ա­հա­բե­կեց Աւստ­րօ-հուն­գար կայս­րու­թեան գա­հա­ժա­ռանգ ­Ֆեր­տի­նանտ իշ­խա­նը։ ­Գա­հա­ժա­ռան­գի ա­հա­բե­կու­մին ան­մի­ջա­պէս հե­տե­ւե­ցան պա­րա­գա­յա­կան պա­տե­րազ­մա­կան ընդ­հա­րում­ներ, ո­րոնք ախ­տան­շանն էին տաս­նա­մեակ­նե­րով կու­տա­կո­ւած ­Հին Աշ­խար­հի հա­կա­սու­թիւն­նե­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ լու­ծե­լու մե­ծա­պե­տա­կան հի­ւան­դու­թեան՝ գաղ­թա­տի­րա­կան կոյր մրցա­պայ­քա­րին։

­Հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու՝ ­Կեդ­րո­նի եւ ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու վե­րա­ծո­ւած Եւ­րո­պա­կան վեց մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ սկսած ի­րո­ղա­կան պա­տե­րազ­մը շու­տով եւ պաշ­տօ­նա­պէս ա­րիւ­նոտ իր ջա­ղաց­քին մէջ ա­ռաւ ա­տե­նի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի 52 պե­տու­թիւն­նե­րէն 35ը, ա­ւե­լի քան 70 մի­լիոն զի­նո­ւոր հա­շո­ւող բա­նակ­ներ ի­րա­րու դէմ կռո­ւի դաշտ նե­տե­լով եւ 15 մի­լիոն զոհ խլե­լով։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ծայր աս­տի­ճան օր­հա­սա­կան ե­ղաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին բռնկու­մը այս­պէս կո­չո­ւած Ա­րե­ւե­լեան ­Ճա­կա­տին վրայ, ուր Իթ­թի­հա­տա­կան ­Թուր­քիան (Էն­վե­րի, ­Թա­լէա­թի եւ ­Ճե­մա­լի ե­ռա­պե­տու­թեամբ) 2 Օ­գոս­տո­սին ­Գեր­մա­նիոյ հետ ստո­րագ­րեց զի­նակ­ցու­թեան գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը եւ գործ­նա­պէս մտաւ Աշ­խար­հա­մար­տին մէջ, ա­ռանց որ պաշ­տօ­նա­պէս պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րէ ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն դէմ։

­Թէեւ 101 եր­կար տա­րի­ներ ան­ցած են այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն աս­դին, բայց պատ­մու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ լու­սար­ձա­կի տակ պա­հել այժ­մէա­կան դա­սե­րու ամ­բողջ շարք մը թէ՛ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, թէ՛ ա­նոր հե­տե­ւած ան­մի­ջա­կան կամ ա­պա­գայ հանգ­րո­ւան­նե­րուն՝ թրքա­կան պե­տու­թեան որ­դեգ­րած կող­նո­րո­շում­նե­րուն եւ ան­պա­տիժ գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

­Պատ­մա­կան այդ դա­սե­րու շար­քին յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ թրքա­կան պե­տու­թեան որ­դեգ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ, ա­նոր զու­գա­հեռ, մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հին ցու­ցա­բե­րած գաղ­թա­տի­րա­կան սադ­րանք­նե­րուն սպա­ռիչ ախ­տա­ճա­նա­չու­մը։

­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ սկսած եւ բուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւե­լի քան եր­կու եր­րոր­դին հա­յա­թա­փու­մով եւ իւ­րա­ցու­մով ամ­բող­ջա­ցած թուրք պե­տա­կան ցե­ղա­մոլ վար­քա­գի­ծը դեռ չէ ար­ժա­նա­ցած հա­մա­պա­տաս­խան մեր­կաց­ման ու դա­տա­պար­տան­քի։

Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. մին­չեւ մեր օ­րե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի թուրք պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­փա­կու­մով ու ­Հա­յաս­պա­նու­թեան մեր­կա­պա­րա­նոց ու­րա­ցու­մով։ Ա­ւե­լի՛ն. նաեւ մեր օ­րե­րուն շա­րու­նա­կո­ւող թրքա­կան հա­յա­մերժ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շա­րու­նակ կ’ար­ժա­նա­նայ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ծա­ծուկ կամ բա­ցա­յայտ մեղ­սակ­ցու­թեան։

1913ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրած եւ ­Պալ­քան­նե­րէն վերջ­նա­կա­նա­պէս զրկո­ւած Օս­մա­նեան ­Թուր­քիան 1914ին թե­ւա­կո­խած էր մա­հա­մերձ պե­տու­թեան վեր­ջին գա­լա­րում­նե­րու փու­լը։ Թր­քա­կան կայ­սե­րա­պե­տու­թիւ­նը կանգ­նած էր ամ­բող­ջա­կան կազ­մա­լուծ­ման ու քայ­քայ­ման սե­մին։ Իսկ կայ­սե­րա­պե­տա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ վա­րա­կո­ւած թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, ծան­րօ­րէն խո­ցո­ւած կա­տա­ղի գա­զա­նի մը նման, փո­խա­նակ իր մէջ փնտռե­լու չա­րի­քին աղ­բիւր­նե­րը, փրկու­թեան ելքն ու վե­րապ­րու­մի ռազ­մա­վա­րա­կան ե­րաշ­խի­քը կը նկա­տէր ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րու հայ եւ ոչ-թուրք բնակ­չու­թեան, ինչ­պէս եւ ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան բնաջն­ջու­մը։

Այդ­պէ՛ս, չորս կող­մէ յա­ռա­ջա­ցող ­Դաշ­նա­կից­նե­րու՝ ֆրան­սա­կան, բրի­տա­նա­կան եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու դէմ յան­դի­ման, պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պատ­րո­ւա­կե­լով, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ տար­րին ամ­բող­ջա­կան տե­ղա­հա­նու­թեան, որ Իթ­թի­հա­տի աչ­քին յար­մա­րա­գոյն ե­ղա­նակն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման թրքա­կան՝ հա­մի­տեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ե­կող պե­տա­կան մեծ ո­ճի­րի ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար։

Օ­րին իսկ թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրագ­րին ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը ու­նէր մե­ծա­պե­տա­կան Եւ­րո­պան։ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­ներն ու 1909ի ­Կի­լի­կեան ջար­դը բա­ւա­րար էին՝ մա­նուկն ան­գամ մղե­լու այն սթափ գնա­հա­տան­քին, որ 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մէն ետք ներ­կա­յա­ցող հա­մաշ­խար­հա­յին ցնցու­մի ա­ռա­ջին ա­ռիթն իսկ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յեց­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դէն ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։

Ե­թէ ­Գեր­մա­նիան մեծ զի­նա­կիցն էր ­Թուր­քիոյ եւ այդ շա­հախնդ­րու­թեամբ չու­զեց սան­ձել թրքա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, ան­դին ի՜նչ ը­սել ­Դաշ­նա­կից­ներ ­Ռու­սաս­տա­նի, Ֆ­րան­սա­յի եւ Բ­րի­տա­նիոյ մա­սին, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի մէջ ըլ­լա­լով հան­դերձ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ, վեր­ջին հա­շո­ւով ­Պի­ղա­տո­սի կե­ցո­ւածք ճշդե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան հան­դէպ։

­Պատ­մու­թիւ­նը ե­կաւ ար­ձա­նագ­րե­լու, որ թէ՛ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, թէ՛ այ­նու­հե­տեւ՝ պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւա­րը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նո­ւե­լու ժա­մա­նակ, յաղ­թա­կան մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը միայն խօս­քով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­գոյն դա­տին ու պա­հանջ­նե­րուն։

Ա­ւե­լի՛ն. յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը դար­ձան դա­ւա­դիր մեղ­սա­կից­նե­րը ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ ստեղծ­ման ու հզօ­րաց­ման, նախ՝ նո­րո­վի ոտ­նա­կո­խե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­պա՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը ան­պա­տիժ ձգե­լով ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցումն ու ­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն գնով խեղ­դա­մահ դարձ­նե­լու թրքա­կան քայ­լե­րը։

5 ­Նո­յեմ­բեր 1914ի պատ­մա­կան է­ջը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով՝ հայ մար­դը ա­մէն պատ­ճառ եւ ի­րա­ւունք ու­նի այս դա­ժան դա­սե­րու պրիս­մա­կէն նա­յե­լու հա­յեւ­թուրք մեր­ձեց­ման ու հաշ­տեց­ման գով­քը հիւ­սող մե­ծա­պե­տա­կան սին քա­րոզ­նե­րուն։ ­Հա­յաս­տա­նը պար­փա­կող ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը չի կրնար դառ­նալ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի քա­րո­զած ա­զատ ու կա­յուն, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ խա­ղաղ տա­րա­ծաշր­ջա­նը, այն­քան ա­տեն որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան չէ կան­չո­ւած, այ­լեւ՝ ան­խու­սա­փե­լի քա­ղա­քա­կան հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ չէ դրո­ւած։

­Մա­նա­ւանդ որ այ­սօ­րո­ւան ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ող­բեր­գու­թեանց լոյ­սին տակ, մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը շատ լաւ կը գի­տակ­ցի, որ թրքա­կան պե­տու­թեան վրայ կը ծան­րա­նայ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մե­րօ­րեայ ա­ղէ­տին։

­Սու­րիա­կան տագ­նա­պին մէջ իր գոր­ծած ոտնձգու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տա­րած­քին իր հրահ­րած ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւիլ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ներ­քին մրցա­պայ­քար­նե­րէն, որ­պէս­զի յա­գուրդ տայ օս­մա­նեան դա­րաշրջա­նի մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժի իր դիր­քե­րը հնա­րա­ւո­րինս վե­րա­կանգ­նե­լու... ա­խոր­ժա­կին։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ԱՐՀԱՒԻՐ­Քը անլ­ռե­լի յու­շա­րար է աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նող մե­րօ­րեայ ու­ժե­րուն, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նատուութեամբ դի­մագ­րա­ւեն ­Թուր­քիոյ կայ­սե­րա­պե­տա­կան նկրտում­նե­րուն ՉԱՐԻ­Քը։

Ն.