Print
Category: Յուշատետր

­7 Հոկտեմբերին, 68 տա­րի ա­ռաջ, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Մետ­ֆըրտ քա­ղա­քին մէջ, 84 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ­կա­կան ար­դի նկար­չու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ դէմ­քե­րէն Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան։

1890ա­կան­նե­րէն սկսեալ, Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան նկա­րի­չի իր տա­ղանդն ու ա­րո­ւես­տա­բա­նի իր հմտու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան ան­մա­հա­ցու­մին։

Շր­ջե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին եւ գե­ղան­կար­նե­րով ու գծան­կար­նե­րով յա­ւեր­ժա­ցուց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հո­յա­կերտ՝ կան­գուն մնա­ցած թէ կի­սա­ւեր կո­թող­նե­րը, հա­յոց ազ­գա­յին տա­րազ­ներն ու յու­շար­ձան­նե­րը։

­Յատ­կա­պէս Ա­նիի ա­ւե­րակ կո­թող­նե­րը սքան­չե­լի ա­րո­ւես­տով ու ճշգրտու­թեամբ պատ­կե­րող ջրան­կար­նե­րու իր շար­քով՝ Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան գա­գաթ մը նուա­ճեց հայ­կա­կան ար­դի նկար­չու­թեան մէջ։

Իսկ երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը 28 ­Մա­յիս 1918ին նո­ւա­ճեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ հի­մը դրաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, մե­ծա­տա­ղանդ նկա­րի­չը ե­ղաւ հե­ղի­նա­կը ­Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին թուղ­թէ դրա­մա­նիշ­նե­րուն եւ նա­մա­կադ­րոշմ­նե­րուն։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նումն ու խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան պար­տադ­րու­մը պատ­ճառ դար­ձան, որ Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան իր հեր­թին տա­րա­գիր դառ­նայ։ 1920ա­կան­նե­րու սկիզ­բը կարճ ժա­մա­նա­կով ապ­րե­ցաւ ­Փա­րիզ, ա­պա վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր ան­ցուց իր կեան­քին վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րը։ ­Խորհր­դա­յին­նե­րը սեւ ցան­կի վրայ դրին մե­ծա­տա­ղանդ հայ նկա­րի­չին եւ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը չկրցաւ ըստ ար­ժան­ւոյն ճանչ­նալ ու գնա­հա­տել իր ար­ժա­նա­ւոր զա­ւա­կը։ Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին ­Ֆէթ­վա­ճեան ո­րո­շած էր հայ­րե­նիք ներ­գաղ­թել, բայց հի­ւան­դու­թիւ­նը խան­գա­րեց։ ­Մե­ծար­ժէք նկա­րի­չին կտա­կը ե­ղաւ իր հա­ւա­քա­ծոն ու ա­ճիւ­նը փո­խադ­րել ­Հա­յաս­տան, ինչ որ ի­րա­կա­նա­ցաւ։

­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րուն հետ իսկ, հայ մշա­կոյ­թի հարս­տու­թեանց եւ ազ­գա­յին մեր ա­ւանդ­նե­րուն տէր կանգ­նող մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ ա­րո­ւես­տի գոր­ծիչ­նե­րու ջան­քե­րով՝ ա­ռաջ­նա­հեր­թա­բար վե­րար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ տա­ղանդն ու վաս­տա­կը Ա. ­Ֆէթ­վա­ճեա­նի։

­Յատ­կա­պէս ա­րո­ւես­տա­գի­տու­թեան դոկ­տոր ­Լե­ւոն ­Չու­գաս­զեան, «Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան» ա­նու­նը կրող ե­ռա­լե­զու (հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ռու­սե­րէն) իր գիրք-ալ­պո­մով, հա­յոց աշ­խար­հով մէկ վե­րա­կանգ­նեց տեղն ու ար­ժէ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ այս տա­ղան­դա­ւո­րին՝ ամ­րագ­րե­լով, որ

«Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեա­նը շնոր­հա­լի (վիր­տո­ւոզ) ջրան­կա­րիչ է: Ջ­րա­ներ­կով ստեղ­ծո­ւած նրա աշ­խա­տանք­նե­րը նուրբ ըն­կալ­ման հրա­շա­կերտ­ներ են, իսկ իւ­ղա­ներ­կով կա­տա­րո­ւած պատ­կեր­նե­րը դի­տո­ղա­կա­նու­թեան ու­ժեղ դրսե­ւո­րում­ներ եւ մաս­նա­գի­տա­կան բարձր պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: ­Բա­ցա­ռու­թեամբ ­Վարդ­գէս ­Սու­րէ­նեան­ցի, Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեա­նին ժա­մա­նա­կա­կից եւ ոչ մի հայ նկա­րիչ չի ու­նե­ցել ան­գամ կողմ­նա­կի ման­րա­մաս­նե­րը նկա­տե­լու եւ ար­ձա­նագ­րե­լու այդ­չափ քննա­կան եւ տե­սո­ղա­կան սրու­թիւն:

«Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեա­նը հայ նկա­րիչ­նե­րի հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ ա­ռա­ւել մի­ջազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող վար­պետ­նե­րից է: 19րդ ­դա­րի վեր­ջի եւ­րո­պա­կան եւ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հետ առն­չո­ւող նրա գե­ղա­գի­տա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րի ու ո­ճի շնոր­հիւ, նա ո­րո­շա­կի շատ կա­րե­ւոր ցու­ցա­հան­դէս­նե­րի փնտռուած մաս­նա­կիցն է դար­ձել եւ ար­ժա­նա­ցել բազ­մա­թիւ ա­ռան­ձին յօ­դո­ւած­նե­րի ու յի­շա­տա­կո­ւել բազ­մա­թիւ գրքե­րում»։

Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան ծնած էր Տ­րա­պի­զոն, 1863 թուի ­Հոկ­տեմ­բեր 1ին, հայ յա­ջո­ղակ ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րու տոհ­մա­կան յար­կին տակ։ ­Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա՝ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, որ­պէս­զի ա­րո­ւեստ­նե­րու նկատ­մամբ իր սէրն ու բնա­տուր շնորհ­նե­րը զար­գաց­նէ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գե­ղա­րո­ւես­տի վար­ժա­րա­նին մէջ, ո­րուն անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն ե­ղաւ 1887ին։ Այ­նու­հե­տեւ մեկ­նե­ցաւ Հ­ռոմ, ուր չորս տա­րի ու­սա­նե­ցաւ ­Գե­ղա­րո­ւես­տի Ա­կա­դե­միա­յին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ­Չե­զա­րէ ­Մաք­քա­րիին։ 1891ին, ուս­ման ա­ւար­տին, մաս­նակ­ցե­ցաւ Ի­տա­լիոյ նկա­րիչ­նե­րու ազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին։ 1891էն մին­չեւ 1895 ­Ֆէթ­վա­ճեան աշ­խա­տե­ցաւ ­Վիեն­նա­յի մէջ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Սան ­Փե­թերս­պուրկ, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ռու­սա­կան նկար­չու­թեան ար­դի հո­սան­քին եւ դար­ձաւ ­Ռու­սաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու ըն­կե­րու­թեան ան­դամ։

­Բայց հայ­րե­նի հո­ղի կան­չը զինք բե­րաւ Անդր­կով­կաս, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր­կէ ձեռ­նար­կեց պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին իր հե­տա­զօ­տա­կան շրջապ­տոյտ­նե­րուն։ Ն­կա­րեց հայ­կա­կան հնա­գոյն յու­շար­ձան­նե­րը՝ ստեղ­ծե­լով ա­ւե­լի քան 2000 մա­տի­տան­կար ու ջրա­ներկ աշ­խա­տանք­ներ։ Ս­տեղ­ծեց նաեւ հայ պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, հա­յոց պատ­մու­թեան, դի­ցա­բա­նու­թեան եւ ազ­գագ­րա­կան թե­մա­նե­րով աշ­խա­տանք­ներ, ինչ­պէս եւ՝ վե­րար­տադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րեց հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան նմոյշ­նե­րէն։

Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեան ե­րե­ւոյթ էր նաեւ իբ­րեւ ա­րո­ւես­տա­բան, որ ոչ միայն մա­մու­լի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց գե­ղա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք յօ­դո­ւած­ներ, այ­լեւ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նեց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներն ու նկա­րա­զար­դում­նե­րը։ ­Ֆէթ­վա­ճեա­նի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը ընդգր­կե­ցին հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, գիր­քե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, հայ­կա­կան ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րու եւ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տին ներ­կա­յա­ցու­մը:

Ան­դամ էր Ջ­րան­կա­րիչ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րու­թեան։

Ար­շակ ­Ֆէթ­վա­ճեա­նին նո­ւի­րո­ւած իր գնա­հա­տան­քին մէջ, Հ.Հ. Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քէ­ջը կը կա­տա­րէ հե­տե­ւեալ ար­ժե­ւո­րու­մը.

«Շր­ջե­լով ­Հա­յաս­տա­նի գրե­թէ բո­լոր պատ­մա­կան վայ­րե­րով՝ նա չա­փագ­րել, նկա­րել է բազ­մա­թիւ յու­շար­ձան­ներ, հայ ազ­գագ­րա­կան տի­պեր, հան­դերձ­ներ, ի­րա­գոր­ծել՝ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ, գրել բազ­մա­հա­տոր եր­կեր՝ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մա­սին: ­Հայ­րե­նա­սէր ա­րուես­տա­գէ­տը նկա­րել է 6-13 դդ. ա­րեւմ­տեան եւ ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի յու­շար­ձան­նե­րը (ա­ւե­լի քան 2000 գրա­ֆի­կա­կան թերթ), ո­րոնց պսակն են հան­դի­սա­նում ջրան­կար «Ա­նի»նե­րը: ­Վեր­ջին­ներս՝ Ա. ­Ֆէթ­վա­ճեա­նը պատ­կե­րել է գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նին հա­մար­ժէք հնա­գի­տա­կան, պատ­մա­կան ճշգրտու­թեամբ: Այս աշ­խա­տանք­ներն ըն­կալ­ւում են որ­պէս ճար­տա­րա­պե­տա­կան բնան­կա­րի հիա­նա­լի գոր­ծեր՝ օժ­տո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու­ժի ներ­գոր­ծու­թեամբ: 1918 թ. Էջ­միած­նում ստեղ­ծել է տա­րազ­նե­րի ջրան­կար շարք, որն այ­սօր էլ գե­րում է հա­գուստ­նե­րի ման­րա­մաս­նե­րը վե­րար­տադ­րե­լու իւ­րօ­րի­նակ վար­պե­տու­թեամբ: ­Կա­տա­րո­ղա­կան վար­պե­տու­թեան ա­ռու­մով՝ Ա. ­Ֆէթ­վա­ճեա­նը, ան­տա­րա­կոյս, ջրան­կա­րի ա­մե­նա­խո­շոր վար­պետ­նե­րից մէկն է հայ­կա­կան կեր­պա­րո­ւես­տում»:

Իսկ Ար­շակ ­Չո­պա­նեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «Ինչ­պէս ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տը, որ բուն հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը գտնե­լէ եւ ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք, ճանչ­ցուց զայն եւ­րո­պաց­ւոց, ­Ֆէթ­վա­ճեան ալ փայ­լուն ջան­քեր ը­րաւ հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն ու քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­րեւ­մուտ­քի գե­ղա­սէր­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու»:

Ն.