Print
Category: Յուշատետր

Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին օ­րը հա­յոց ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկիզբ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ 97 տա­րի ա­ռաջ, նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէնս­դիր ժո­ղո­վին՝ Հա­յաս­տա­նի Խոր­հուր­դի 11 Սեպ­տեմ­բեր 1918ի «Դպ­րո­ցա­կան Օ­րէնք»ով։

Միայն քա­նի մը տա­րի կի­րար­կո­ւե­ցաւ Հոկ­տեմ­բեր 1ին դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը սկսե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան օ­րէն­քը։ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տին եւ խորհըր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տատ­ման հետ, հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ կրթա­կան տա­րին սկսե­լու Սեպ­տեմ­բեր 1ին՝ հե­տե­ւե­լով ռու­սա­կան օ­րի­նա­կին, որ «­Կար­միր» հռչա­կած էր դպրո­ցա­կան վե­րա­մու­տի բաց­ման օ­րը։

Վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց ու­սում­նա­կան տա­րին Սեպ­տեմ­բեր 1ին սկսե­լու խորհր­դա­յին-ռու­սա­կան սո­վո­րոյ­թը։ Ա­րեւմ­տեան կողմն աշ­խար­հի եւս Սեպ­տեմ­բե­րին կը սկսէր կրթա­կան տա­րո­ւան վե­րա­մու­տը։

Յա­մե­նայն­դէպս, տաս­նա­մեակ­նե­րու կեն­սա­փոր­ձով՝ հա­յաս­տա­նեան կողմն հա­յաշ­խար­հի այ­սօր ար­դէն ազ­գա­յին նկա­րա­գիր ստա­ցած ա­ւան­դու­թիւն է Սեպ­տեմ­բեր 1ին ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան սկիզ­բը տօ­նե­լը՝ «Ա­ռա­ջին Զանգ»ը յատ­կան­շող ինք­նա­տիպ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տով։

Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը Հոկ­տեմ­բեր 1ին սկսե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 1918ի ո­րո­շու­մը պահ­պա­նո­ւե­ցաւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան կող­մէ, ո­րո­շա­պէս հայ­րե­նա­մերձ գօ­տի­նե­րու հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ։

Թէեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, կրթա­կան վե­րա­մու­տի սկզբնա­ւո­րու­մը կա­պո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին եւ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին Կի­րա­կին նշո­ւող Թարգ­ման­չաց Տօ­նին հետ, այ­սու­հան­դերձ՝ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը Հոկ­տեմ­բե­րի 1ին սկսե­լու ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ։

Պատ­մա­կան տե­ղե­կան­քի կար­գով կ­’ար­ժէ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի փո­խան­ցած ամ­փոփ վկա­յու­թիւ­նը՝ 11 Սեպ­տեմ­բեր 1918ին հաս­տա­տո­ւած «Դպ­րո­ցա­կան Օ­րէնք»ին հիմք կազ­մող եւ ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չո­ւած հա­յե­ցա­կար­գին մա­սին.-

«­Հաս­տա­տո­ւեց դպրո­ցա­կան օ­րէն­քը, ո­րով «իւրա­քան­չիւր հա­սա­րա­կա­կան կամ հա­մայ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, խմբակ­ցու­թիւն, ըն­կե­րակ­ցու­թիւն, ինչ­պէս եւ ա­ռան­ձին ան­հատ, ի­րա­ւունք ու­նին ա­նար­գել դպրոց բա­նա­լու եւ ան­կա­խօ­րէն վա­րե­լու սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով»։ Պե­տու­թեան վե­րա­պահ­ւում էր ընդ­հա­նուր հա­կակ­շի­ռը»։

Այ­սինքն՝ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը օ­րէն­քով կը քա­ջա­լե­րէր պե­տա­կան, հան­րա­յին եւ մաս­նա­ւոր սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեամբ գոր­ծող կրթա­կան հա­մա­ցան­ցի որ­դեգ­րու­մը։

Ա­ւե­լի ետք, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ՝ Ալ. Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով, Լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րար Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ 1919ի գար­նան ընտ­րո­ւած Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի հաս­տա­տու­մով՝ ամ­բող­ջա­կան մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Կր­թա­կան Օ­րէն­քը, պե­տա­կան, հան­րա­պար­տա­դիր եւ անվ­ճար ուս­ման տի­րա­նա­լու իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի ի­րա­ւուն­քը նո­ւի­րա­գոր­ծե­լով։

Կ’ար­ժէ ընդգ­ծել, վեր­ջա­պէս, որ Հոկ­տեմ­բե­րի թէ Սեպ­տեմ­բե­րի 1ին ու­սում­նա­կան տա­րին սկսե­լու մտադ­րու­թիւ­նը, ամ­բողջ մարդ­կու­թեան մօտ, հիմ­նո­ւած է մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը աշ­նա­նա­մու­տին հետ դպրոց ու­ղար­կե­լու ա­ւան­դու­թեան վրայ։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ հին ժա­մա­նակ մարդ­կու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցա­պէս երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ կ­’ապ­րէր, ուշ գար­նան օ­րե­րէն մին­չեւ վաղ աշ­նան օ­րե­րը, մար­դիկ մե­ծով-պզտի­կով կը նո­ւի­րո­ւէին հո­ղի մշա­կու­մին ու ցան­քին եւ ոչ ոք կրնար մտա­ծել ուս­ման մա­սին։ Այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն ալ ե­կած է թե­ւա­ւոր այն խօս­քը, որ «­Գիրք սոր­վի­լը ու­տե­լիք չ­’ա­պա­հո­վեր ճա­շա­սե­ղա­նին»...

Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ու­սու­մը ան­ցեա­լին բա­ցա­ռա­պէս մարդ ան­հա­տի հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման՝ ճա­նա­չո­ղու­թեան մշակ­ման եւ մտա­պա­շա­րի հարս­տաց­ման մի­ջոցն էր։

Միայն ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն է, որ ու­սու­մը ա­րա­գըն­թաց վե­րա­ծո­ւե­ցաւ մարդ ան­հա­տը կեան­քի աս­պա­րէ­զի եւ աշ­խա­տան­քի պատ­րաս­տե­լու ըն­կե­րա­յին մի­ջո­ցի եւ կռո­ւա­նի։

Հե­տե­ւա­բար, բնու­թեան եւ կեան­քի պար­տադ­րան­քով՝ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը բո­լոր ազ­գե­րուն մօտ սկսած է վաղ աշ­նա­նա­մու­տին եւ ա­ւար­տած է ուշ գար­նան կամ վաղ ա­մառ­նա­մու­տին։

Նոյն պատ­ճա­ռով ալ, Հա­րա­ւա­յին Կի­սա­գուն­դի մարդ­կու­թիւ­նը իր ապ­րած տա­րո­ւան ե­ղա­նակ­նե­րու օ­րա­ցոյ­ցին պատ­շա­ճե­ցու­ցած է ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի միեւ­նոյն պատ­կե­րա­ցու­մը՝ ընդ­հան­րա­պէս Մար­տին (վաղ աշ­նա­նա­մու­տին) սկսե­լով եւ Դեկ­տեմ­բե­րին (վաղ ա­մառ­նա­մու­տին) ա­ւար­տե­լով դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը։

Կր­թա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկզբնա­ւոր­ման նուիրուած յու­շա­տետ­րի այս սիւ­նա­կը եզ­րա­փա­կենք՝ Հայ Դպ­րո­ցին վի­ճա­կո­ւած բախ­տո­րոշ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շեշ­տե­լով ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին, նոյն­պէս եւ ա­ւե­լիով մեր օ­րե­րուն։

Ե­թէ ան­ցեա­լին - մօտ թէ հե­ռա­ւոր - ար­տա­քին ճնշումն ու հա­լա­ծան­քը կը սպառ­նա­յին Հայ Դպ­րո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան, մեր օ­րե­րուն գլխա­ւոր սպառ­նա­լի­քը կը ներ­կա­յա­նայ տնտե­սա­կան մեծ բա­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ան­կա­րո­ղու­թեան ու մեր վար­ժա­րան­նե­րու փակ­ման վտան­գով։

Հայ Դպ­րո­ցի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ան­խա­փան շա­րու­նա­կե­լու եւ մեր ժա­մա­նա­կի ո­գիով ար­դիա­կա­նացնե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը այ­սօր գլխա­ւոր օ­րա­կարգն է հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րին։

Մար­տահ­րա­ւէ­րը իր կար­գին - եւ ա­ւե­լիով սուր կեր­պով - կը դի­մագ­րա­ւէ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, որ Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան սնան­կաց­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ յայտ­նո­ւած է տնտե­սա­կան մա­տա­կա­րար­ման ծանր ճգնա­ժա­մի մէջ։

Պե­տու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի չէ, ըստ նախ­կի­նի, ստանձ­նե­լու հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու թո­շակ­նե­րը վճա­րե­լու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը

Մեզ կան­խող սե­րունդ­նե­րը նմա­նօ­րի­նակ ճգնա­ժա­մեր կրցան յաղ­թա­հա­րել գա­ղու­թին գօ­տի­նե­րը սեղ­մե­լով, ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեամբ ի­րենց կո­չու­մին տէր կանգ­նող Հայ Ու­սու­ցիչ­նե­րով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ի­րենց հա­մեստ օ­րա­պա­հի­կէն ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը Հայ Դպ­րո­ցին նո­ւի­րող հայ ծնող­նե­րով։

Պի­տի կա­րե­նա՞նք տէր կանգ­նիլ Հայ Դպ­րո­ցը կան­գուն պա­հե­լու մեր ժա­ռան­գու­թեան։

Ն.