Print
Category: Յուշատետր

Սեպ­տեմ­բեր 14-15ի այս օ­րե­րուն, 97 տա­րի ա­ռաջ, Անդր­կով­կա­սի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան տա­րած­քին վրայ, հա­յու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէր հա­մաթր­քա­կան շար­ժու­մի հա­կա­հայ յոր­ձան­քին օր­հա­սա­կան մո­լեգ­նու­մը։

Սեպ­տեմ­բեր 14-15ի գի­շե­րը, թրքա­կան բա­նա­կը Նու­րի փա­շա­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել Պա­քու՝ ա­զե­րի թուր­քե­րու մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­նու զօ­րու­թեամբ պար­տադ­րե­լու հա­մար քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կազ­մող հա­յե­րուն եւ ռուս­նե­րուն։

Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած հա­յեւ­ռուս հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւնն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, Ռոս­տո­մի գլխա­ւո­րած դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րու եւ Ս. Շա­հու­մեա­նի ղե­կա­վա­րած պոլ­շե­ւի­կեան ջո­կատ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, փաս­տօ­րէն պար­տու­թիւն կրած էին։ Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւի­կեան հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը նա­ւով փա­խուստ տո­ւած էին Պա­քո­ւէն, իսկ Ի­րան տե­ղա­կա­յո­ւած Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րուն, յատ­կա­պէս անգ­լիա­կան զօր­քին ու­ղար­կած օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տում­նե­րը ա­պար­դիւն մնա­ցած էին։

Պա­քու իր մուտ­քին յա­ջորդ ա­ռա­ւօ­տեան իսկ, Նու­րի փա­շա ձեռ­նար­կեց ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հայ­կա­կան շէ­նե­րուն եւ օ­ճախ­նե­րուն դէմ անխ­նայ կո­տո­րած­նե­րու՝ յատ­կա­պէս թի­րախ ու­նե­նա­լով Ղա­րա­բա­ղի ու Զան­գե­զու­րի հա­յա­թա­փումն ու թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մը Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ Պա­քո­ւի մի­ջեւ եր­կա­րող հայ­կա­կան հո­ղա­մա­սին վրայ։

Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն կը գտնո­ւէր իր ամ­բող­ջա­կան փլուզ­ման փու­լին։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը գրե­թէ ա­ւար­տած էր Գեր­մա­նիոյ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ եւ Թուր­քիոյ ջախ­ջա­խու­մով։ Բայց Անդր­կով­կա­սի մէջ թրքա­կան բա­նա­կը դեռ չէր սպա­ռած իր ու­ժե­րը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ներ­քին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ, Թուր­քիա տեն­դա­գին լծո­ւած էր Պա­քո­ւին տի­րա­նա­լու եւ հոն­կէ դէ­պի կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա բա­ցո­ւե­լու եւ հա­մաթր­քա­կան կայս­րու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լու իր ցնոր­քին ի­րա­կա­նաց­ման։

Այդ ի­մաս­տով մա­հա­մերձ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան վեր­ջին գա­լա­րումն ու հա­կա­հայ մո­լեգ­նու­մը ե­ղաւ թրքա­կան զօր­քին Պա­քու մուտ­քը՝ Նու­րի փա­շա­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։

Հե­տե­ւա­բար, Սեպ­տեմ­բեր 14-15ի գի­շե­րը, հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թեան ու­ժե­րու հե­ռա­նա­լով ան­պաշտ­պան մնա­ցած Պա­քո­ւին տի­րա­նա­լով, Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօրքն ու մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րը ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցան քա­ղա­քի ան­զէն հայ բնակ­չու­թեան հա­մա­տա­րած ջար­դին։

Այդ­պէ՛ս սկսաւ Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, հա­յե­րու երկ­րորդ մեծ սպան­դը Անդր­կով­կա­սի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան տնտե­սա­կան մայ­րա­քա­ղաք Պա­քո­ւի մէջ։ Օ­րեր տե­ւած ջար­դին, քան­դու­մին ու թա­լա­նին զոհ գա­ցին մին­չեւ 30 հա­զար հա­յեր։

Պա­քո­ւի հա­յու­թեան դէմ 15 Սեպ­տեմ­բեր 1918ին սկսած ջար­դը ե­կաւ «կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու» 13 տա­րի ա­ռաջ, 1905ի սկզբնա­ւո­րու­թեան, թա­թար ամ­բո­խին կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած ազ­գա­յին «մաք­րազ­տում»ի նա­խա­դէպ կո­տո­րած­նե­րը։

1918ի հա­կա­հայ խժդժու­թիւն­նե­րը, վայ­րագ սպա­նու­թիւն­ներն ու ա­ւեր-ա­ւա­րու­մը թրքա­կան միեւ­նոյն մատ­նա­հետ­քե­րը ու­նէին՝ գլխա­ւոր ու հիմ­նա­կան եր­կու տար­բե­րու­թիւն­նե­րով.-

Ա­ռա­ջին. 1905ին կատ­ղած թուրք-թա­թար ամ­բոխն էր ջար­դա­րա­րը, իսկ 1918ին թրքա­կան զօրքն ու այս­պէս կո­չո­ւած «Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան» կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի զի­նո­ւոր­ներն էին հա­յե­րու սպան­դին գոր­ծադ­րող­նե­րը։

Երկ­րորդ. 1905ին ռուս ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրահ­րե­ցին հա­կա­հայ յար­ձա­կում­նե­րը, իսկ 1918ին Պա­քու մտած թրքա­կան բա­նակն էր հա­կա­հայ ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» ձեռ­նար­կո­ղը...

Ար­խի­ւա­յին վի­ճա­կագ­րու­թեանց հա­մա­ձայն՝ «1913թ.ի տո­ւեալ­նե­րով Բաք­ւում ապ­րում էր շուրջ 215 հա­զար մարդ, այդ թւում ռուս­ներ, ուկ­րաի­նա­ցի­ներ եւ բե­լա­ռուս­ներ՝ 76,3 հա­զար կամ 35,5 տո­կոս. Կով­կա­սի թա­թար­ներ՝ 46 հա­զար կամ 21,4 տո­կոս. հայ՝ 42 հա­զար կամ 19,4 տո­կոս. պար­սիկ՝ 25 հա­զար կամ 11,7 տո­կոս. հրեայ՝ 9,7 հա­զար կամ 4,5 տո­կոս. վրա­ցի՝ 4 հա­զար կամ 1,9 տո­կոս. գեր­մա­նա­ցի՝ 3,3 հա­զար կամ 1,5 տո­կոս. Կա­զա­նի թա­թար՝ 2,3 հա­զար կամ 1,1 տո­կոս։

«Ա­պա 1920 թ­.ին,բոլ­շե­ւիկ­նե­րի Բա­քու վե­րա­դառ­նա­լուց յե­տոյ, քա­ղա­քի բնակ­չու­թիւ­նը հիմ­նա­կան ազ­գու­թիւն­նե­րով բաշխ­ւում էր հե­տե­ւեալ կերպ.- Ադր­բե­ջա­նի թուր­քեր՝ 59,6 հա­զար մարդ, ռուս­ներ, ուկ­րաի­նա­ցի­ներ եւ բե­լա­ռուս­ներ՝ 52,6 հա­զար մարդ. հա­յեր՝ 36,1 հա­զար մարդ. պար­սիկ­ներ՝ 22,2 հա­զար մարդ. եւ­րո­պա­ցի եւ լեռ­նե­ցի հրեայ՝ 13,7 հա­զար մարդ: Մ­նա­ցած ազ­գու­թիւն­նե­րը՝ գեր­մա­նա­ցի­ներ, վրա­ցի­ներ, լեզ­գի­ներ ե­ւայլն էին»։

Փաս­տօ­րէն Սեպ­տեմ­բեր 1918ի հա­յե­րու սպան­դէն եւ Ապ­րիլ 1920ին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ետք, Պա­քո­ւի բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը ի­ջած էր ըն­դա­մէ­նը 193,6 հա­զար մար­դու՝ հիմ­նա­կա­նին մէջ հայ զո­հե­րու հաշ­ւոյն:

Պա­քո­ւի հա­յու­թեան 1918ի սպան­դը նա­խա­տիպ ծա­ռա­յեց 1990ին՝ Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մե­րօ­րեայ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան, որ գրե­թէ հա­յա­թափ դար­ձուց Ատըր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը, ո­րուն շէ­նաց­ման մէջ իր անմրցե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է հա­յու­թիւ­նը։

«­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ» կայ­քէ­ջի 15 Յու­նո­ւար 2010ին հրա­պա­րա­կած մեկ­նա­բա­նա­կան մէկ նիւ­թին հա­մա­ձայն, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բան­նե­րէն Եու­րա Յով­սէ­փեան դի­տել կու տայ, որ Պա­քուի հա­յե­րուն 1918ի կո­տո­րա­ծով իր սկզբնա­կան՝ հիմ­նա­րար գլխա­ւոր փու­լը ա­ւար­տեց «Ատր­պէյ­ճան» ա­նու­նով եր­կիր ու պե­տու­թիւն ստեղ­ծե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան հա­մաթր­քա­կան ծրագ­րին ի­րա­կա­նա­ցու­մը.-

«1917ի ռու­սաս­տա­նեան յե­ղա­փո­խու­թեանց ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կո­ւե­ցան ընդ­հա­րում­նե­րը հայ եւ թա­թար բնակ­չու­թեանց մի­ջեւ։ Յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ բա­ւա­կան ծանր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, քա­նի որ Ռու­սաս­տա­նի մէջ կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նէր։ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին թա­թա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձէին յար­ձա­կիլ հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րուն վրայ, կը փա­կէին ճամ­բա­նե­րը, կը սպան­նէին ռազ­մա­ճա­կա­տէն Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձող հայ զի­նո­ւոր­նե­րը։

«1918ին, երբ լու­ծա­րո­ւե­ցաւ Անդր­կով­կա­սեան միա­ցեալ պե­տու­թիւ­նը՝ ՍԷՅ­Մը, ա­ռա­ջա­ցան ե­րեք հան­րա­պե­տու­թիւն­ներ։ Եւ ա­ռա­ջին ան­գամ Անդր­կով­կա­սի մէջ՝ Պա­քո­ւի եւ Ե­լի­զա­վետ­պո­լի (­Գան­ձակ) նա­հանգ­նե­րուն մէկ մա­սին վրայ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ պե­տու­թիւն մը, որ կո­չուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճան։ Ատր­պէյ­ճան ա­նո­ւա­նու­մը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր ընտ­րո­ւած. թուր­քե­րը կը ցան­կա­նա­յին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց փան-թուր­քիս­տա­կան ծրա­գի­րը եւ յա­ւակ­նու­թիւն­ներ ու­նէին բուն Ատր­պէյ­ճա­նի, այ­սինքն՝ Հիւ­սի­սա­յին Պարս­կաս­տա­նի այն շրջա­նին նկատ­մամբ, որ հին ժա­մա­նակ կո­չո­ւած էր Ատր­պա­տա­կան, իսկ հե­տա­գա­յին, երբ ա­րաբ­նե­րը գրաւե­ցին այդ տա­րած­քը, ա­նի­կա կո­չո­ւած էր Ազրպէյ­ճան։ Փաս­տօ­րէն Անդր­կով­կա­սի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը հռչա­կե­լով Ատր­պէյ­ճան՝ թուր­քե­րը մի­տում ու­նէին այդ Ատր­պէյ­ճա­նին հե­տա­գա­յին կցել նաեւ պարս­կա­կան Ատր­պէյ­ճա­նը։

«Այս­պի­սով՝ քար­տէ­սի վրայ ա­ռա­ջա­ցաւ պե­տու­թիւն մը, որ կո­չո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճան, հա­կա­ռակ ա­նոր որ եր­բե­ւի­ցէ այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ նման ա­նու­նով պե­տու­թիւն գո­յու­թիւն չէր ու­նե­ցած։

«1918ի հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րուն ձե­ռա­գի­րը նոյն տրա­մա­բա­նու­թե­նէն կը թե­լադ­րո­ւէր»։

1918ի գար­նան, խախ­տե­լով Երզն­կա­յի զի­նա­դա­դա­րը, թրքա­կան զօր­քե­րը վե­րագ­րա­ւե­ցին Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի այն մա­սե­րը, ո­րոնց Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին տի­րա­ցած էին ռու­սա­կան զօր­քե­րը։ Ա­պա՝ ա­նոնք մտան նաեւ Անդր­կով­կաս։ Թր­քա­կան զօր­քը նախ ար­շա­ւեց Ե­րե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դին Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րուն՝ Սար­դա­րա­պա­տի, Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն պար­տու­թիւն կրե­լով նա­հան­ջեց։ Ղա­րա­քի­լի­սա­յէն յե­տոյ, թրքա­կան զօր­քե­րը շար­ժե­ցան դէ­պի Գան­ձակ, որ նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղաք հռչա­կո­ւած էր իթ­թի­հա­տա­կան եւ մու­սա­ւա­թա­կան զի­նակ­ցու­թեան կող­մէ։

«­Պա­քո­ւի մէջ այդ օ­րե­րուն հաս­տա­տո­ւած էր խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թիւն՝ Ս­տե­փան Շա­հու­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ, հե­տե­ւա­բար, այս­պէս կո­չո­ւած իս­լա­մա­կան բա­նա­կը նպա­տա­կադ­րած էր նո­րաս­տեղծ ատր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ գրա­ւել նաեւ Պա­քուն եւ զայն դարձ­նել նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղաք։

«Այս­պէս, 1918ի Յու­լի­սին սկսան մար­տե­րը Պա­քո­ւի հա­մար. ա­նոնք շա­րու­նա­կո­ւե­ցան մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 14ը։ 1918ի Յու­լիս 31ին Պա­քո­ւի խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րա­կան տո­ւաւ եւ հե­ռա­ցաւ Պա­քո­ւէն։ «­Պա­քո­ւի խորհր­դա­յին նո­րաս­տեղծ իշ­խա­նու­թիւ­նը կո­չո­ւե­ցաւ Ցենտ­րօ Կաս­պիի կա­ռա­վա­րու­թիւն, որ եւ ի­րա­կա­նա­ցուց Պա­քո­ւի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը թրքա­կան բա­նա­կի գրոհ­նե­րուն դէմ, հիմ­նա­կա­նին մէջ հայ­կա­կան ու­ժե­րու մի­ջո­ցաւ։

Պա­քո­ւի Կո­մու­նա­յի եւ Հայ Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դի ու­ժե­րը միաս­նա­բար մօտ 17 հա­զար էին եւ, Ս­տե­փան Շա­հու­մեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հե­ռա­նա­լէն յե­տոյ, հայ­կա­կան ու­ժե­րը ի­րե՛նք շա­րու­նա­կե­ցին պաշտ­պա­նել Պա­քուն։

Այդ ժա­մա­նակ Պարս­կաս­տա­նէն ա­նոնց օգ­նու­թեան ե­կան նաեւ անգ­լիա­ցի­նե­րը, սա­կայն թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գե­րակշ­ռող ու­ժե­րուն դէմ ա­նոնք չկրցան եր­կար ժա­մա­նակ պաշտ­պա­նել Պա­քուն։

«Այդ­պէ՛ս, 1918ի Սեպ­տեմ­բեր 15ին Պա­քու ի­րենց մուտ­քին ա­ռա­ջին իսկ պա­հէն, թուր­քե­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­ցին հա­յու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ քա­ղա­քը հա­յե­րէ պար­պե­լու ի­րենց ո­րո­շու­մը։ Պա­քո­ւի մէջ եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը սկսան հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րը. ո­րոշ տո­ւեալ­նե­րով՝ շուրջ 30 հա­զար մարդ սպան­նո­ւե­ցաւ այդ օ­րե­րուն։ Ա­տի­կա ար­դէն իսկ «էթ­նի­կա­կան զտում» էր՝ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան հո­ղի վրայ, ո­րուն ձեռ­նար­կե­ցին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։ Գոր­ծադ­րու­թեան մե­խա­նիզմ­ներն ու ե­ղա­նակ­նե­րը նոյնն էին, ինչ որ 19րդ դա­րու 90ա­կան­նե­րուն կի­րար­կո­ւե­ցան Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին»։

Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ ազ­գա­յին ա­ղէ­տի մը տա­րե­լիցն է 15 Սեպ­տեմ­բե­րը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն կո­րուստ­ներ կրեց՝ մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան։ Հիմ­նո­վին տկա­րա­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը Պա­քո­ւի վրայ... Բայց հա­յեր շա­րու­նա­կե­ցին կառ­չած մնալ Պա­քո­ւին՝ մին­չեւ որ 20րդ դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ցե­ղաս­պան հա­մա­թու­րանա­կա­նու­թիւ­նը իր վեր­ջին հա­րո­ւա­ծը տո­ւաւ Պա­քո­ւի վե­րապ­րող հա­յու­թեա­ն։

Ն.