Print
Category: Յուշատետր

Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 120 տա­րի ա­ռաջ, հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ձա­նագ­րեց իր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն հե­րո­սա­կան դրո­ւագ­նե­րէն մէ­կը։

3 ­Սեպ­տեմ­բեր 1895ին ար­ծո­ւա­բոյն, այ­լեւ ա­նա­ռիկ ­Զէյ­թու­նի հա­յու­թիւ­նը պար­զեց ապս­տամ­բու­թեան դրօշ՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րիւ­նար­բու գա­հա­ կալ Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի դէմ, ա­միս­նե­րով հե­րո­սա­կան մար­տեր մղեց ­Հա­մի­տեան զօր­քե­րուն դէմ, ­Զէյ­թու­նի ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կեց եւ զէն­քը վար դրաւ միայն այն ժա­մա­նակ, երբ ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը տե­ղի տո­ւաւ ­Զէյ­թու­նի հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րուն առ­ջեւ։

Ինչ­պէս օ­րին, նաեւ հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն ներշն­չող վա­րար աղ­բիւր մը գտան հե­րո­սա­կան ­Զէյ­թու­նի դիւ­ցազ­նա­պա­տու­մին մէջ։ ­Հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րը ան­մա­հա­ցու­ցին ­Զէյ­թուն­ցի ­Քա­ջոր­դի­նե­րուն ծա­ռա­ցումն ու ան­պար­տե­լիու­թիւ­նը։ «­Կեց­ցէ՛ ­Զէյ­թու­նը, խրոխտ ­Սա­սու­նը» յան­կեր­գով՝ «­Մենք ան­կեղծ զի­նո­ւոր ենք» եր­գե­ցին դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րը...

Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է տեղն ու պատ­գա­մը հայ­կա­կան ­Զէյ­թու­նին, որ լեռ­նա­յին ­Կի­լի­կիոյ ա­նա­ռիկ բար­ձունք­նե­րուն իր կազ­մու­թեան ժա­մա­նա­կէն իսկ, ­Միջ­նա­դա­րէն սկսեալ, շա­րու­նակ զէն ի ձե­ռին պայ­քա­րե­ցաւ օ­տար աս­պա­տա­կող­նե­րու դէմ, կրցաւ սե­փա­կան ու­ժե­րով պաշտ­պա­նել ա­զատ ապ­րե­լու իր տար­րա­կան ի­րա­ւուն­քը եւ, ծան­րա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ ան­գամ, դա­րեր շա­րու­նակ, ի վի­ճա­կի ե­ղաւ պահ­պա­նե­լու իր կի­սան­կախ գո­յա­կեր­պը։

Այ­սօր, երբ յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով կ­՛ար­ժե­ւո­րենք ­Զէյ­թու­նի 1895ի ապս­տամ­բու­թեան բռնկման 120րդ ­տա­րե­դար­ձը, ա­մէն բա­նէ վեր կը վե­րա­նո­րո­գենք քաջ զէյ­թուն­ցի­նե­րու օ­րի­նա­կով ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խոր­հուր­դը։

­Հան­րա­գի­տա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ ԶԷՅԹՈՒ­Նը (այժմ` ­Սու­լէյ­մա­նիէ, ­Թուր­քիա) պատ­մա­կա­նօ­րէն յա­ջոր­դած է բիւ­զան­դա­կան Ուլ­նիա շրջա­նին։ ­Զէյ­թու­նը քա­ղաք էր ­Լեռ­նա­յին ­Կի­լի­կիա­յի մէջ, ­Մա­րա­շէն 38 քմ. հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտք՝ դժո­ւա­րա­մատ­չե­լի լեռ­նոտ դիր­քով: Շր­ջա­պա­տո­ւած է հիւ­սի­սէն ­Չը­րըզ, ­Բե­րիտ, ­Սաղ, ­Տաղ, Ա­ղաճ, Առ, Եօթ­նեղ­բայր, ա­րե­ւել­քէն՝ ­Պեր­զին­կա, ­Մաւ­լա, Ա­ւագ, հա­րա­ւէն՝ ­Կիւվր­տին, ա­րեւ­մուտ­քէն՝ ­Սո­լախ­տե­րէ լեռ­նե­րով: Շր­ջա­կայ­քին կան օգ­տա­կար հա­նա­ծոն­ներ (եր­կաթ, ար­ծաթ), հան­քա­յին ջու­րեր: Կþեն­թադ­րո­ւի, որ ­Զէյ­թուն ա­նու­նը (ա­ռա­ջին ան­գամ յի­շա­տա­կո­ւած է ԺԵ. դա­րուն) ա­ռա­ջա­ցած է ա­րա­բե­րէն զէյ­թուն (ձի­թե­նի) բա­ռէն, իսկ Ուլ­նիա ա­նու­նը ­Զէյ­թու­նը ժա­ռան­գած է նոյն տե­ղան­քը գտնո­ւած բիւ­զան­դա­կան հա­մա­նուն բնա­կա­վայ­րէն։

1990ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Հայ­կա­կան ­Հա­մա­ռօտ ­Հան­րա­գի­տա­րան»ի Ա. հա­տո­րին հա­մա­ձայն՝ «­Բագ­րա­տու­նի­նե­րի թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն (1045թ.) յե­տոյ ­Զէյ­թու­նի տա­րած­քը հաս­տա­տո­ւած են Ա­նիէն գաղ­թած 7 հայ ըն­տա­նիք­ներ՝ բնա­կա­վայ­րը ա­նո­ւա­նե­լով «Ա­նի-­Ձոր»: 1080-1375 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Զէյ­թու­նը մտած է ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան պե­տու­թեան մէջ: ­Զէյ­թու­նի բնակ­չու­թիւ­նը բազ­մա­ցած է ­Շի­րա­կէն, ինչ­պէս նաեւ ­Կի­լի­կիա­յէն ու այլ բնա­կա­վայ­րե­րէ ե­կած հա­յե­րով: XVդ-XVIդ. սկիզ­բը ին­կած է թուրք­մէ­նա­կան ցե­ղե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ:

1517 թո­ւին ըն­դու­նած է թրքա­կան հպա­տա­կու­թիւն: ­Թուրք սուլ­թան ­Մու­րադ ­Չոր­րոր­դը 1626-27ին ­Զէյ­թու­նի հա­յե­րուն շնոր­հած է կի­սան­կա­խու­թեան հրո­վար­տակ (ֆեր­ման):

«­Քա­ղա­քը եւ գա­ւա­ռը ղե­կա­վա­րած են 4 իշ­խա­նա­կան տու­ներ՝ ­Շով­րո­յեան­նե­րը, Եա­ղու­պեանն­նե­րը, Ե­նի-­Տու­նեան­նե­րը, եւ ­Սու­րէ­նեան­նե­րը, ո­րոնց ա­նու­նով են կո­չո­ւած ­Զէյ­թու­նի թա­ղե­րը (ա­նոնց ժա­ռան­գա­կան տի­րոյթ­նե­րը): ­Գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը լու­ծած է իշ­խա­նա­կան խոր­հուր­դը, ուր վճռա­կան խօս­քի ի­րա­ւուն­քը վե­րա­պա­հո­ւած է ա­ւագ իշ­խա­նին եւ ­Զէյ­թու­նի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին»:

­Պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­կախ կամ կի­սան­կախ ապ­րած ­Զէյ­թու­նը միշտ ալ գրգռեց թուրք իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ա­խոր­ժակ­նե­րը, ո­րոնք ա­մէն ա­ռիթ օգ­տա­գոր­ծե­ցին ա­զատ ու ան­կախ հա­յու­թեան այս ար­ծո­ւե­բոյ­նը գրա­ւե­լու եւ ի­րենց բռնա­տի­րու­թեան են­թար­կե­լու հա­մար։ ­Բայց ­Զէյ­թու­նը միշտ ալ զէն­քով դի­մադ­րեց եւ ետ շպրտեց թրքա­կան այդ նկրտում­նե­րը՝ ա­մէն պա­րա­գա­յի իր ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լով, իսկ յո­ռե­գոյն պայ­ման­նե­րու տակ՝ զի­ջե­լով հարկ վճա­րել թուրք սուլ­թա­նին...

19րդ ­դա­րուն ­Զէյ­թու­նը իր ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան սպառ­նա­ցող մե­ծա­գոյն վտան­գը դի­մագ­րա­ւեց 1862ին, երբ սուլ­թա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փոր­ձեց զի­նու զօ­րու­թեամբ խոր­տա­կել հա­յոց ա­նա­ռիկ այս ամ­րո­ցը։

Բայց ­Զէյ­թուն կրկին ան­գամ յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան թէժ կռիւ­նե­րէն, վե­րա­հաս­տա­տեց ինք­նա­վար ու կի­սան­կախ կեան­քի իր ի­րա­ւուն­քը եւ այդ­պէս ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1890ա­կան­նե­րը։ ­Նաեւ 1878ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ զէյ­թուն­ցիք կրկին ծա­ռա­ցան՝ օս­մա­նեան բռնա­կալ լու­ծը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փե­լու յոյ­սե­րով, բայց յաղ­թա­կան ի­րենց կռիւ­նե­րը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն անպտուղ մնա­ցին, ո­րով­հե­տեւ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այլ հա­շիւ­ներ կը հե­տապն­դէր...

Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ի սուլ­թա­նա­կան գահ բարձ­րա­նա­լով՝ թուրք պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ խնդի­րը դար­ձաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն ձեր­բա­զա­տու­մը։ ­Յատ­կա­պէս ­Զէյ­թունն ու ­Սա­սու­նը կո­կոր­դին կե­ցած փուշ էին ­Մեծ ­Մար­դաս­պա­նին հա­մար։ Եւ ­Հա­միտ շա­րու­նակ կ­þո­րո­ճար յար­մար պա­հուն մա­հա­ցու հա­րո­ւած տա­լու ծրա­գիր­ներ...

1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան թափ ա­ռած հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը, յատ­կա­պէս Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան սկզբնա­կան մա­կըն­թա­ցու­թեան շրջա­նին, լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցէր, որ հարկ էր պատ­րաստ ըլ­լալ սուլ­թա­նի մշա­կած ջար­դի ծրագ­րին ու դի­մագ­րա­ւել զայն։ 1895ի ա­մա­ռը հնչա­կեան գոր­ծիչ­ներ կու գան շրջա­նը՝ ­Զէյ­թու­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Կի­լի­կիոյ միւս բնա­կա­վայ­րե­րու հա­յու­թիւ­նը ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ զի­նեալ պայ­քա­րի նա­խա­պատ­րաս­տե­լու հա­մար: ­Բայց սուլ­թա­նը ար­դէն սկսած էր զօրք կեդ­րո­նաց­նել այդ շրջան­նե­րուն մէջ՝ ­Զէյ­թու­նը վերջ­նա­կան հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կե­լու նպա­տա­կով։ Հն­չա­կեան գոր­ծիչ­նե­րը շտապ խորհր­դակ­ցու­թեան կը հրա­ւի­րեն ­Զէյ­թու­նի իշ­խան­նե­րը, շրջա­նի գիւ­ղա­պե­տե­րը եւ հո­գե­ւո­րա­կան գոր­ծիչ­նե­րը։ Այդ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ, քա­ջա­րի ­Զէյ­թու­նը ո­րո­շեց կան­խել վտան­գը եւ ձեռ­նար­կեց ապս­տամ­բու­թեան։

3 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Զէյ­թու­նը պար­զեց ապս­տամ­բու­թեան դրօ­շը եւ շարժ­ման ղե­կա­վա­րը դար­ձաւ ­Նա­զա­րէթ ­Չա­ւուշ ­Նո­րաշ­խար­հեան: Ե­րեք օր ետք քա­ջա­րի հայ լեռ­նա­կան­նե­րը գրա­ւե­ցին ­Զէյ­թու­նի կա­ռա­վար­չա­տու­նը եւ գե­րի բռնե­ցին բո­լոր պաշ­տօ­նեա­նե­րը։ Ա­պա՝ յար­ձա­կե­ցան գիւ­ղա­քա­ղա­քի թրքա­կան զօ­րա­նո­ցին վրայ, գրա­ւե­ցին զայն եւ գե­րի ին­կած 700 թուրք զի­նո­ւոր­նե­րուն ստի­պե­ցին՝ ի­րենց գլուխ­նե­րը խո­նար­հած անց­նիլ վա­նա­հօր սու­րին տա­կով: ­Հա­յե­րու ձեռ­քը ան­ցան եր­կու թնդա­նօթ, ե­րեք հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հրա­ցան եւ մե­ծա­քա­նակ ռազ­մամ­թերք: Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ­Զէյ­թու­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւն՝ Ա­ղա­սիի գլխա­ւո­րու­թեամբ: ­Կազ­մո­ւե­ցաւ նաեւ զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուրդ: ­Զօ­րա­նո­ցին վրայ բարձ­րա­ցո­ւե­ցաւ «­Զէյ­թու­նի ան­կախ իշ­խա­նու­թեան» կար­միր դրօ­շը:

Ա­հա այս­պի­սի՛ յաղ­թա­կան թռիչ­քի մը սկզբնա­ւոր­ման 120ա­մեա­կը կը տօ­նենք այ­սօր՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 3ին։

­Սուլ­թա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը զէյ­թուն­ցի­նե­րուն դէմ ու­ղար­կեց 30 հա­զար­նոց կա­նո­նա­ւոր եւ քա­նի մը հա­զա­րի հաս­նող ան­կա­նոն զօր­քեր: ­Զէյ­թու­նը զա­նոնք դի­մա­ւո­րեց 6000 կռո­ւող քա­ջե­րով եւ ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած մար­տե­րով շա­րու­նակ ետ մղեց թշնա­միի գե­րակ­շիռ ու­ժե­րով յար­ձա­կում­նե­րը։

­Թէեւ ապս­տամ­բու­թեան շուրջ 4 ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին զէյ­թուն­ցի­նե­րը ու­նե­ցան 3500 զոհ, բայց թշնա­միէն խլե­ցին ա­ւե­լի քան 20.000 սպա­նեալ։

­Դեկ­տեմ­բեր 2-3ին ­Զէյ­թու­նը նո­ւա­ճեց իր մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կը, երբ կրցաւ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նել թրքա­կան ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը։ ­Սուլ­թան ­Հա­միտ ստի­պո­ւած տե­ղի տո­ւաւ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց միջ­նոր­դու­թեան ա­ռա­ջար­կին եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նեց սկսե­լու, եւ­րո­պա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, ­Հա­լէ­պի մէջ, ­Զէյ­թու­նի հե­րոս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք 30 ­Յու­նո­ւար 1896ին յան­գե­ցան փո­խա­դարձ զի­ջում­նե­րու պայ­մա­նագ­րի մը ստո­րագ­րու­թեան։

­Յու­շա­տետ­րի ա­ռան­ձին է­ջի ար­ժա­նի է ­Զէյ­թու­նի 1895ի ապս­տամ­բու­թեան յաղ­թա­կան ա­ւար­տը պսա­կող այդ պայ­մա­նագ­րին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը։ ­Բայց ապս­տամ­բու­թեան բռնկու­մին 120ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ ակ­նար­կը ան­պայ­ման պէտք է փա­կել ա՛յն նշու­մով, որ սուլ­թա­նը ստի­պո­ւած ըն­դա­ռա­ջեց շրջա­նին մէջ քրիս­տո­նեայ կա­ռա­վա­րիչ (ազ­գու­թեամբ՝ յոյն) մը նշա­նա­կե­լու եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման սկզբուն­քը յար­գե­լու յաղ­թա­կան ­Զէյ­թու­նի պա­հանջ­նե­րուն։

­Զէյ­թու­նի ապս­տամ­բու­թեան յաղ­թա­կան ա­ւար­տը, այս­պէ՛ս, ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ ինք­նավս­տա­հու­թեան կռո­ւան դար­ձաւ ­Հա­յաս­տանն ու մեր ժո­ղո­վուր­դը ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հե­տա­գայ պայ­քա­րին հա­մար։

Ն.