Print
Category: Յուշատետր

Սեպ­տեմ­բեր 2ի այս օ­րը, 24 տա­րի ա­ռաջ, այդ ժա­մա­նակ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ եւ ­Շա­հու­մեա­նի Շր­ջան ա­նու­նով ծա­նօթ հա­յոց Ար­ցախ Աշ­խար­հին մէջ, ա­տե­նի խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց մօտ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղովր­դա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան ­Մար­զա­յին եւ Շր­ջա­նա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու միա­ցեալ նիստ մը գու­մա­րե­լով, հռչա­կե­ցին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Օ­րին դժո­ւար էր հա­ւա­տալ, որ ­Շու­շիի բար­ձունք­նե­րուն ամ­րա­կա­յո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի հրե­տա­նիի հա­րո­ւած­նե­րուն եւ ար­ձա­կա­զէն­նե­րու կրա­կո­ցին տակ՝ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րու վրայ գտնուող, ա­ւե­լին՝ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­զա­տու­թեան հա­մար մարտն­չող Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար, ի­րո­ղա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի, կեն­սա­գոր­ծե­լու իր ան­կա­խու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն։

­Բայց ի հե­ճուկս ժա­մա­նա­կի եւ պայ­ման­նե­րու աննպաստ դա­սա­ւո­րու­մին, Ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ հի­մը դնել ապ­րե­լու եւ ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­լու, զար­գա­նա­լու եւ ամ­րապն­դո­ւե­լու ըն­դու­նակ իր պե­տա­կա­նու­թեան։

­Նախ Ար­ցա­խի, ա­պա՝ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նի եւ, ի վեր­ջոյ, աշ­խար­հաս­փիւռ ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի վճռա­կա­նու­թեան, մար­տու­նա­կու­թեան եւ միաս­նա­կան պայ­քա­րին շնոր­հիւ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ մե­րօ­րեայ հա­յու­թեան ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան երկ­րորդ կռո­ւա­նը։

Այ­սօր, երբ 24 տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը կը նե­տենք եւ ընդ­հա­նուր հաշուեկշռի կ­’ար­ժա­նաց­նենք Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ մեր ժո­ղո­վուր­դին կտրած ու­ղին, ար­դա­րօ­րէն հպար­տու­թիւ­նը կը հա­մա­կէ մեր միտքն ու սիր­տը՝ ի տես գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով ձեռք բե­րո­ւած նո­ւա­ճում­նե­րուն։

Եւ ա­ռա­ջին հեր­թին կը խո­նար­հինք ան­մեռ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ա­ռիւ­ծա­սիրտ այն ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն, ո­րոնք հե­րո­սա­կան ի­րենց պայ­քա­րով եւ ի­մա­ցեալ մա­հո­ւամբ ան­մա­հա­նա­լու ազ­գա­յին մեր ա­ւան­դը վե­րա­նո­րո­գող ի­րենց նա­հա­տա­կու­թեամբ՝ հայ­կա­կան տա­րածք ա­զա­տագ­րե­լու եւ ամ­րօ­րէն պաշտ­պա­նե­լու նո­րօրեայ դիւ­ցազ­նա­պա­տու­մը պար­գե­ւե­ցին ­Հա­յաս­տա­նին եւ հա­յու­թեան։

­Ծան­րակ­շիռ ո­րո­շում էր 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը։

­Խորհր­դա­յին բա­նա­կի հա­մազ­գես­տով գոր­ծող իշ­խա­նա­ւոր «օ­րի­նա­կան» ուժ էր ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը, որ այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ ձեռ­նար­կած էր Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը բնաջն­ջե­լու նո­րօ­րեայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ ա­մէ­նէն ա­նօ­րէն իշ­խա­նու­թեան մը մա­հա­ցու գոր­ծի­քը դառ­նա­լով։

­Խա­ղաղ հա­ւաք­նե­րով եւ օ­րէնսդ­րա­կան ու սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վրայ խարս­խո­ւած դի­մում­նե­րով՝ ար­դա­րու­թիւն ու ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցում պա­հան­ջող Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ խորհր­դա­յին հա­րո­ւած­նե­րուն տակ աս­տի­ճա­նա­բար կռա­նե­լով իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կամքն ու դի­մադ­րա­կան կազ­մա­կերպ ու­ժը, քայլ առ քայլ ըն­դար­ձա­կեց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան իր պայ­քա­րը, ու­նե­ցաւ ծան­րա­գոյն կո­րուստ­ներ՝ բայց չընկր­կե­ցաւ, մին­չեւ որ գտաւ ու նո­ւա­ճեց քա­ղա­քա­կան յար­մար պա­հը, որ­պէս­զի հռչա­կէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը։

Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շեց դուրս գալ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն եւ վե­րա­կանգ­նել 1918-1920 թո­ւա­կան­նե­րու Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թիւն, ինչ որ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն եւ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն լրիւ ա­զատ ար­ձա­կեց ձեռ­քե­րը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան, որ­պէս­զի ձեռ­նար­կէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնա­կալ լու­ծէն ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի իր ոս­տու­մին։

­Փաս­տօ­րէն Ար­ցա­խը բնաւ մաս չէր կազ­մած թրքա­կան սո­ւին­նե­րով 1918ին ստեղ­ծո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, միայն խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ետք, Ս­տա­լի­նեան մութ գոր­ծար­քով, հայ­կա­կան հի­նա­ւուրց հո­ղը նո­ւէր տրո­ւած էր ա­զե­րի­նե­րուն...

եւ 1991ին ար­դէն ժա­մա­նակն էր, ե­թէ ուշ չէր, որ­պէս­զի ա­նար­դա­րու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս սրբագ­րո­ւէր եւ, նոյ­նինքն խորհր­դա­յին օ­րէնք­նե­րով ու սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով, բայց նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հիմ­նա­րար Ուխ­տա­գիր­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզն ու ­Շա­հու­մեա­նի Շր­ջա­նը միա­ւո­րո­ւէին ան­կախ պե­տու­թիւն հռչա­կո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։

Այ­սօր 24ա­մեայ լիար­ժէք պե­տու­թիւն է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ ոչ միայն իր պաշտ­պա­նա­կան բա­նա­կով կրցաւ ա­զե­րի բռնա­տի­րու­թե­նէ ա­զա­տագ­րել հա­յա­պատ­կան Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րը, այ­լեւ՝ ի­րա­ւա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հի­մուն­քով պե­տա­կա­նու­թեան իր շէն­քը քար առ քար բարձրաց­նել եւ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւա­տա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տակ քաշքշուող ա­զե­րի հա­սա­րա­կու­թեան նա­խան­ձը գրգռել։

­Ճիշդ է, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր դեռ չէ ար­ժա­նա­ցած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ճա­նա­չու­մին եւ ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մին։

­Բայց նոյն­քան եւ ա­ւե­լիով ճիշդ է, որ երբ ա­րեան գնով նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի ես պահ­պա­նե­լու, պե­տա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ամ­րապն­դե­լու, ան­պայ­ման վստահ կրնաս ըլ­լալ, որ ի վեր­ջոյ կը հաս­նի նաեւ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի ժա­մը։

Այդ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ է, որ Ար­ցա­խէն ու հայ­րե­նի մեր ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը սփռո­ւած ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը, այ­սօր, միաս­նա­կան միեւ­նոյն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ կը տօ­նէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 24րդ ­տա­րե­դար­ձը։

Եւ կը վե­րա­նո­րո­գէ ազ­գա­յին իր սրբա­զան ուխ­տը՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեն­սու­նա­կու­թեան կռո­ւան­նե­րը ու­ժե­ղաց­նե­լով, բո­լոր ու­ժե­րով շա­րու­նա­կե­լու ար­դէն քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան հուն մտած պայ­քա­րը՝ յա­նուն Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մին։

­Նաեւ, այդ ճամ­բով, յա­նուն ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նի հետ ան­խու­սա­փե­լի վե­րա­միա­ւո­րու­մին։

Ն.