Print
Category: Յուշատետր

Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, ­Պաքուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս­պէս կո­չո­ւած «Ա­րե­ւե­լեան ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րի Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մար»ը։

1920ի Ապ­րի­լին ար­դէն խորհր­դա­յին դրօշ պար­զած Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը այդ ա­ռի­թով դար­ձաւ սա­դա­յէ­լա­կան ժա­մադ­րա­վայ­րը հա­յա­կոր­ծան... այ­ լան­դակ «խրախ­ճանք»ի մը։

Ըն­կեր­վար Երկ­րորդ ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նէն ան­ջատուած եւ պաշ­տօ­նա­պէս ­Հա­մայ­նա­վար Եր­րորդ ­Մի­ջազ­գայ­նա­կան մը հիմ­նած ­Լե­նի­նի ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նը, նոյն այդ Եր­րորդ ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ին, ­Պա­քո­ւի մէջ, հան­դի­սա­շուք բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ց այս­պէս կո­չո­ւած «Ա­րե­ւե­լեան ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րի Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մար»ին։

­Հա­մա­գու­մա­րի աստ­ղերն էին որ­քան Անդր­կով­կա­սի հա­մայ­նա­վար գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնց շար­քին ա­ռա­ջին դիր­քե­րու վրայ կանգ­նած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը, նոյն­քան մին­չեւ կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ խո­րե­րը տա­րա­ծո­ւած մահ­մե­տա­կան ու թրքա­ցեղ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­նու­նով շռնդա­լից ճա­ռեր ար­տա­սա­նող թուրք իթ­թի­հա­տա­կան ու ատր­պէյ­ճան­ցի մու­սա­ւա­թա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րը՝ հա­յաս­պան Էն­վեր եւ ­Խա­լիլ փա­շա­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

­Հա­մա­գու­մա­րը ա­նո­ւա­նա­պէս եւ պաշ­տօ­նա­կան ձե­ւա­կեր­պու­մով կո­չո­ւած էր թարգ­մա­նը դառ­նա­լու «կա­պի­տա­լիս­տա­կան Ա­րեւ­մուտք»ին դէմ «յե­ղա­փո­խա­կան Ա­րե­ւելք»ի բո­ղո­քին ու պայ­քա­րին... ­Բայց խոր­քին մէջ եւ էա­պէ՛ս հա­մա­գու­մա­րը ծա­ռա­յեց ինչ­պէս Անգ­լիոյ դէմ խորհր­դա­յի­նեւ­թուրք միա­ցեալ ճա­կա­տի մը ա­ռա­ջա­ցու­մին, նոյն­պէս եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­լու նպա­տա­կով ­Լե­նին-­Քե­մալ սա­դա­յէ­լա­կան զի­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­ւո­րու­մին։

­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դի­տան­կիւ­նէն հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն սեւ է­ջե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նու­մին հե­տա­մուտ թուր­քեւ­խորհր­դա­յին այդ քա­ղա­քա­կան սադ­րան­քը։ ­Նաեւ՝ հա­յու­թեան ճակ­տին ա­մօ­թի խա­րան մը ե­ղաւ «Ա­րե­ւե­լեան ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րի Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մար»ը, ո­րով­հե­տեւ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը պա­պէն ա­ւե­լի պա­պա­կան դար­ձան եւ կա­տա­ղի ճա­ռեր ար­տա­սա­նե­ցին ընդ­դէմ հայ­կա­կան «ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան» եւ «դաշ­նա­կիզմ»ին, ի­րենց «օրհ­նու­թիւն»ը շռայ­լե­լով ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի կոր­ծա­նու­մին։

­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նը նա­խա­ձեռ­նեց հա­մա­գու­մա­րը՝ գլխա­ւոր ե­րեք ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար.-

Ա­ռա­ջի­նը՝ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան ամ­րապըն­դումն էր նաւ­թով հա­րուստ ­Պա­քո­ւի մէջ։

Երկ­րոր­դը՝ անգ­լիա­կան գաղ­թա­տի­րու­թեան դէմ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա եր­կա­րող ռու­սեւ­մահ­մե­տա­կան, ա­ւե­լի ճշգրիտ՝ ռուսեւթրքա­կան կար­միր գի­ծի մը ստեղ­ծումն էր։

Եր­րոր­դը՝ հա­մա­գու­մա­րի բա­ցու­մէն քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցումն ու լե­նի­նեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թար­կումն էր։

­Խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան այդ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ, հա­մա­գու­մա­րը ե­ղաւ փոր­ձա­քար մը՝ թրքա­կան կող­մին մէջ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու բուն խօ­սա­կիցն ու զի­նա­կի­ցը ճշդե­լու ա­ռու­մով։

1919էն ի վեր ­Մոս­կո­ւա դար­ձած էր ժա­մադ­րա­վայ­րը Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տէն պար­տեալ դուրս ե­կած եւ ար­տա­սահ­ման փա­խուստ տո­ւած ­Թուր­քիոյ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց գեր­ման դաշ­նա­կի­ցէն այ­լեւս յու­սա­հատ՝ ­Լե­նի­նի եւ ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րու շրջա­պա­տին մէջ կը փնտռէին հա­միս­լա­մա­կան եւ հա­մաթր­քա­կան ի­րենց ծրա­գիր­նե­րուն ա­ջա­կից ու­ժը։ ­Լե­նին եւ Ըն­կերք բնա­կան ու հասկ­նա­լի կաս­կա­ծան­քով ըն­դու­նե­ցին ի­րենց օգ­նու­թեան դի­մող թուրք գոր­ծիչ­նե­րը. ո­րոշ ժա­մա­նակ ­Խա­լիլ փա­շա­յին տո­ւին նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը. կարճ շրջան մը «սի­րա­բա­նե­ցան» Էն­վե­րի հետ. բայց ռուս պոլ­շե­ւիկ ղե­կա­վա­րու­թեան սրտա­մօտ էր նոր փայ­լող աստ­ղը ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի, ո­րուն հետ գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րո­ւէին ա­միս­նե­րէ ի վեր եւ 1920ի Օ­գոս­տո­սի 27ին գոր­ծակ­ցու­թեան նախ­նա­կան պայ­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րո­ւած էր ար­դէն։

Ն­ման շա­հագրգ­ռու­թիւն­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րե­ւե­լեան ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մար»ին բա­ցու­մը 1920ի ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին օ­րը։ Օ­րեր շա­րու­նակ հա­մա­գու­մա­րի մեծ ամ­պիո­նէն հնչե­ցին ռազ­մա­գոռ կո­չեր, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած էին ընդ­հան­րա­պէս Ա­րեւ­մուտ­քի «կա­պի­տա­լիս­տա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեա­ն» եւ այս վեր­ջի­նին «կա­մա­կա­տար» գոր­ծի­քը դար­ձած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դրա­ծոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ. նաեւ ու յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւե­ցան «սրբա­զան պա­տե­րազմ»ի կո­չեր։

Ի՜նչ փոյթ, որ նոյն այդ շրջա­նին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը լիա­զօ­րած էր ­Լե­ւոն ­Շան­թի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հիմք մը գտնէ եւ հաս­տա­տէ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի հետ։ ­Մինչ ան­դին՝ ­Լե­նին եւ իր ըն­կեր­նե­րը ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քին իսկ դէմ էին, պար­զա­պէս ժա­մա­նակ շա­հե­լու խնդիր ու­նէին եւ ի­րենց լիա­զօ­րած ­Լեգ­րա­նի մի­ջո­ցաւ կը ձգձգէին ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յա­ցու­մը։

­Միւս կող­մէ՝ ­Հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն «յե­ղա­փո­խա­շունչ» ե­լոյթ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն կող­մէ, որ­պէս­զի թրքա­ցեղ եւ մահ­մե­տա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մօտ խորհր­դա­յին քա­րոզ­չու­թեան ի նպաստ հող պատ­րաս­տեն։ Ք­րեմ­լեան ղե­կա­վա­րու­թեան հա­շո­ւարկ­նե­րուն մէջ գե­րիշ­խող միակ մտա­հո­գու­թիւ­նը այն էր, որ քե­մա­լա­կան շար­ժու­մը՝ ա­րեւ­մուտ­քի դէմ խորհր­դա­յին­նե­րուն զի­նա­կից դառ­նա­լու հա­մար, նա­խա­պայ­ման կը դնէր դէ­պի ­Հա­յաս­տան թրքա­կան ըն­դար­ձա­կու­մը, պա­տե­րազ­մի ճամ­բով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու մտադ­րու­թեամբ։ ­Մինչ­դեռ ­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նը կը նա­խընտ­րէր խա­ղաղ ճամ­բով հաս­նիլ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մին։

Իսկ դէպ­քե­րը, ինչ­պէս պատ­մու­թիւ­նը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, ըն­թա­ցան քե­մա­լի նա­խա­սի­րած... հու­նով։

Այդ ա­ռու­մով՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ին բա­ցո­ւած «Ա­րե­ւե­լեան ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մար»ը սա­դա­յէ­լա­կան այդ գոր­ծար­քը ազ­դա­րա­րող «խրախ­ճանք» մը հան­դի­սա­ցաւ։

­Քա­նի մը շա­բաթ ետք, ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ի վեր­ջե­րուն, ա­ռանց պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թեան, քե­մա­լա­կան զօր­քը գրո­հեց ­Հա­յաս­տա­նի վրայ՝ ­Կար­միր ­Բա­նա­կը նոյ­նօ­րի­նակ գրո­հի մղե­լով, որ­պէս­զի մա­նուկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իյ­նայ եւ կոր­ծանուի... եր­կու կող­մէ բռնկած կրա­կի մէջ։

Ն.