Print
Category: Յուշատետր

­Օ­գոս­տոս 8ի օ­րը, 23 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցին հա­յա­կերտ Ար­ծո­ւա­շէ­նը, որ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան հե­րո­սա­բար մա­քա­ռած էր ա­զե­րիա­կան աս­պա­տա­կում­նե­րուն դէմ, բայց պա­տե­րազ­մի վեր­ջին փու­լին ին­կաւ թշնա­միի գրաւ­ման տակ։

Ար­ծո­ւա­շէ­նը հա­մե­մա­տա­բար նո­րա­կերտ գիւղ է, որ ու­նի 4 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր մա­կե­րես եւ կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զի ա­րե­ւե­լեան կող­մը։ ­Գիւ­ղը կա­ռու­ցած են ­Շամ­շա­տի­նէն տե­ղա­փո­խո­ւած հա­յեր՝ 1854 թո­ւա­կա­նին։ ­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին գիւ­ղը զար­գաց­ման կա­րե­ւոր ճամ­բայ կտրած է եւ վե­րա­ծո­ւած է ա­ւե­լի քան չորս հա­զար հայ բնակ­չու­թեամբ բար­գա­ւաճ՝ քա­ղա­քա­տիպ ա­ւա­նի, ուր մին­չեւ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի բռնկու­մը կը գոր­ծէին չորս գոր­ծա­րան­ներ։

­Ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիրք ու­նե­ցող Ար­ծո­ւա­շէ­նի գրաւ­ման հա­մար ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րը ի­րենց աս­պա­տա­կում­նե­րը սկսան 1989 թո­ւա­կա­նին, բայց ամ­բողջ ե­րեք տա­րի բա­խե­ցան ա­րծու­ա­շէն­ցի­նե­րու հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան եւ ետ շպրտո­ւե­ցան։

­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման հե­տե­ւած ա­միս­նե­րուն, երբ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան փլու­զու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէր բիրտ ու­ժով իր վե­րան­կա­խա­ցեալ պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը ըն­դար­ձա­կել ­Հա­յաս­տա­նի հաշ­ւոյն, յար­ձա­կում­նե­րը սաստ­կա­ցան Ար­ծո­ւա­շէ­նի վրայ։ Օ­գոս­տոս 1992ի սկզբնա­ւո­րու­թեան ար­դէն դժո­ւա­րա­ցած էր գիւ­ղին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դի վտան­գը ստու­գա­պէս կը սպառ­նար ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րուն։ Այդ օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ար­ծո­ւա­շէ­նը թշնա­միին թող­նե­լու եւ հա­զա­րա­ւոր ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րու կեան­քը ստոյգ մա­հէ փրկե­լու ծանր ո­րո­շու­մը։

Ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րը հե­ռա­ցան շուրջ 150ա­մեայ ի­րենց կեր­տած գիւ­ղէն ու հաս­տա­տո­ւե­ցան 3 քի­լո­մեթր հե­ռու գտնո­ւող ­Ճամ­բա­րա­կի մէջ, որ հայ­կա­կան զօր­քե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր։ ­Ճամ­բա­րա­կի մէջ վերջ­նա­կա­նա­պէս տե­ղա­ւո­րո­ւած ար­ծո­ւա­շէն­ցիք, ի­րենց բնօր­րան Ար­ծո­ւա­շէ­նի անկ­ման քսա­նա­մեա­կին, յա­տուկ յու­շար­ձան բարձ­րա­ցու­ցին Ար­ծո­ւա­շէ­նի յի­շա­տա­կին։

Ար­ծո­ւա­շէ­նի վեր­ջին գիւ­ղա­պետ ­Մա­մի­կոն ­Խե­չո­յեա­նի բնո­րո­շու­մով՝ «Ա­մե­նա­թանկ բա­նը մար­դու հա­մար հա­րա­զա­տի կո­րուստն է, իսկ մենք կորց­րել ենք մայր հո­ղը՝ մեր Ար­ծո­ւա­շէ­նը, ին­չը յանձ­նո­ւել է Ադր­բե­ջա­նին: Ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րը, լքե­լով ի­րենց բնա­կա­վայ­րը, այ­սօր հիմ­նա­կա­նում ապ­րում են ­Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զում եւ չեն լքել մեր հայ­րե­նի­քը»։

Իսկ ար­ծո­ւա­շէն­ցի պատ­մա­բան Եու­րա ­Ղու­լեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «Ար­ծո­ւա­շէ­նի ան­կու­մը մեր յաղ­թա­նա­կած երկ­րի, մեր յաղ­թա­նա­կած բա­նա­կի միակ պար­տու­թիւնն էր: Ար­ծո­ւա­շէնն ու­նե­նա­լով 150 տա­րո­ւայ պատ­մու­թիւն, եր­բեք չի կորց­րել իր հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը եւ այն­տեղ եր­բեք օ­տա­րը չի ապ­րել: Ար­ծո­ւա­շէ­նի կո­րուս­տը հա­մա­հայ­կա­կան կո­րուստ է, մեզ կը հաս­կա­նան նրանք, ով­քեր հայ­րե­նի հո­ղի կո­րուստ են ու­նե­ցել»։

Ար­ծո­ւա­շէ­նի անկ­ման յա­ջոր­դած 23 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ի­րենց ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան եւ աշ­խա­տու­նա­կու­թեան շնոր­հիւ, ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րը յա­ջո­ղած են տե­ղա­հա­նի ի­րենց կեան­քի պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւել, բայց ու­նին օ­ժան­դա­կու­թեան կա­րիք։ Այդ դժո­ւա­րու­թեանց անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը դի­տել կու տան.- «Ար­ծո­ւա­շէ­նը ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն ­Հա­յաս­տա­նին է պատ­կա­նում, բայց օ­կու­պա­ցո­ւած (գրա­ւո­ւած) է Ադր­բե­ջա­նի կող­մից: Ինչ վե­րա­բե­րում է ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րի ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կին, ա­պա վեր­ջին­նե­րը հա­մար­ւում են ներ­քին տե­ղա­հա­նո­ւած եւ, ի տար­բե­րու­թիւն ­Սում­գա­յի­թի, ­Բա­քո­ւի հա­յու­թեան՝ չու­նեն փախս­տա­կա­նի կար­գա­վի­ճակ»։

Ար­ծո­ւա­շէ­նէն տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն 80 տո­կո­սը այ­սօր կ­’ապ­րի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին, յատ­կա­պէս ­Ճամ­բա­րա­կի մէջ։ Մ­նա­ցեալ­նե­րը ա­ւե­լի քան 10 տո­կոս, ար­տա­գաղ­թած են ­Ռու­սաս­տա­նի տար­բեր շրջան­ներ, իսկ փոքր տո­կոս մըն ալ ար­տա­սահ­ման։ ­Հա­յաս­տան մնա­ցած են ար­ծո­ւա­շէն­ցի 719 ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնց 664ը ­Ճամ­բա­րա­կի, իսկ 55ը տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ։

­Բայց ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րը չեն մոռ­ցած եւ չեն կրնար մոռ­նալ ի­րենց հայ­րե­րուն կեր­տած Ար­ծո­ւա­շէ­նը եւ այ­սօր ալ, ցա­ւով ու ընդվ­զու­մով, կը նշեն.-

«­Ժա­մա­նա­կին Ար­ծո­ւա­շէ­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար պէտք էր 11.000 զի­նո­ւոր, սա­կայն այդ ժա­մա­նակ ըն­թա­նում էր ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մը եւ այդ­քան ու­ժեր հայ­կա­կան կող­մը չէր կա­րող յատ­կաց­նել Ար­ծո­ւա­շէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, բո­լոր ու­ժե­րը կենտ­րո­նա­ցած էին ­Ղա­րա­բա­ղում»։

­Թէեւ 23 տա­րի ան­ցած է Ար­ծո­ւա­շէ­նի յանձ­նու­մէն ու կո­րուս­տէն աս­դին, բայց ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, այն­պէս ալ աշ­խար­հով մէկ հայ­րե­նի հող կորսն­ցու­ցած ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը դեռ չէ հաշ­տո­ւած եւ չի կրնար հաշ­տո­ւիլ «կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան» հետ։

­Նոյ­նիսկ այ­սօր, եր­բեմ­նի հա­յա­պատ­կան Ար­ծո­ւա­շէ­նէն տե­ղա­հա­նո­ւած հա­յու­թեան հա­մայն­քա­յին ու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդվ­զու­մով կ­’անդ­րա­դառ­նան այն փաս­տին, թէ օ­րին Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ստի­պո­ւե­ցան դի­մե­լու Ար­ծո­ւա­շէ­նի յանձն­ման քայ­լին, որ­պէս­զի ­Թուր­քիոյ կող­մէ բա­նե­ցո­ւած ճնշու­մին կա­րե­նա­յին դի­մադ­րել։

Ար­ծո­ւա­շէ­նը թէեւ հայ­կա­կան ու հա­յաբ­նակ հող էր, բայց խորհր­դա­յին լու­ծի տակ վար­չա­կա­նօ­րէն տրո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի։ 1989ին հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի ռազ­միկ­նե­րը հե­րո­սա­բար դի­մադ­րե­ցին թշնա­մի բո­լոր յար­ձա­կում­նե­րուն։ Ինչ­պէս որ ար­ծո­ւա­շէն­ցիք կը վկա­յեն՝

«Ար­ծո­ւա­շէ­նի պաշտ­պա­նու­թիւնն ի­րա­կա­նաց­րել են ­Վա­նա­ձո­րի 016 մո­տոհ­րաձ­գա­յին գնդի տղա­ներն, ով­քեր այդ օ­րե­րին մի քա­նի հա­զար մար­դու կեանք կա­րո­ղա­ցան փրկել` ա­պա­հո­վե­լով նրանց դուրս­բե­րումն ար­դէն օ­ղա­կո­ւած Ար­ծո­ւա­շէ­նից:

«Ի դէպ, Օ­գոս­տո­սի 7ին (1992ին) գնդի 12 զի­նո­ւոր մնաց փա­կո­ւած օ­ղա­կում: Ն­րանց դիե­րը հա­յա­կա­կան կող­մին յանձ­նե­լիս՝ ադր­բե­ջան­ցի գնդա­պետ­նե­րից մէկն ա­սել էր.- «Կ­ռո­ւե­ցին մին­չեւ վեր­ջին փամ­փուշ­տը: Ն­րանք ձեր ազ­գի պար­ծանքն են»:

«Ադր­բե­ջան­ցի­ներն ար­ծո­ւա­շէն­ցի­նե­րին ի­րենց բնա­կա­վայ­րը լքե­լու հա­մար ըն­դա­մէ­նը մէկ ժամ էին տո­ւել, ար­դիւն­քում Ար­ծո­ւա­շէ­նից տե­ղա­հա­նո­ւեց մօտ 700 ըն­տա­նիք` մօտ 2000 մար­դով»…

Ն­ման պայ­ման­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւած Ար­ծո­ւա­շէ­նի կո­րուս­տը մին­չեւ այ­սօր ցա­ւով ու ընդվ­զու­մով կը հա­մա­կէ միտքն ու սիր­տը պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան, որ հայ­րե­նի հո­ղի կո­րուս­տին ան­դար­մա­նե­լի վէր­քը կը կրէ կուրծ­քին տակ։

Ն.