Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի արիւնալի պատմութեան ամէնէն դառն ու ողբերգական էջերէն մէկը արձանագրուեցաւ 111 տարիներ առաջ, Յուլիս 1904ի այս օրերուն։
Ռուս-թրքական սահմանին վրայ, Կարսի մերձակայ Օլթիի շրջանին մէջ, Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն հաւաքուած ու Սասունի օգնութեան փութացող հայ յեղափոխականներու 61 հոգինոց «Որսկան» արշաւախումբը երկու կրակի մէջ յայտնուեցաւ։ Մէկ կողմէ թուրք սահմանապահներն ու անոնց զօրակցող հայատեաց քիւրտերը, իսկ միւս կողմէ ռուս սահմանապահ կոզակ ուժերը «գործակցութեան» ձեռք երկարեցին իրարու եւ, անխնայ կրակ բանալով, կոտորածի ենթարկեցին հայոց քաջերը։
Առաջին անգամը չէր, որ սահմանը կտրող դաշնակցական ֆետայիները թրքական եւ քրտական յարձակումի կ’ենթարկուէին։ Բայց առաջին անգամն էր, որ ռուս սահմանապահները այդ աստիճան մոլուցքով եւ դաւադրական ոգիով կռնակէն կը դաշունահարէին բացառապէս թրքական բռնատիրութեան դէմ զէնք բարձրացուցած հայ յեղափոխականները։
Ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման համար ծանրակշիռ, այլեւ մահացու հարուածներու ժամանակաշրջան մը եղաւ 1904ի ամառը։ Մայիսի վերջերուն Սասնոյ երկրորդ ապըստամբութիւնը ծանր պարտութեամբ աւարտած էր։ Յեղափոխութեան ղեկավար դէմքերէն Հրայր-Դժոխք եւ Վահան զոհուած էին։ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ եւ Սասնոյ լեռներու անպարտելի միւս բոլոր հերոսները, աւելի քան 20 հազար տեղահան դարձած մեր ժողովուրդին գլուխն անցած, նահանջի դիմած էին թրքական եւ քրտական անհամեմատօրէն գերակշիռ զօրքերու յարձակման ու ճնշման տակ։ Իջած էին Մշոյ դաշտ, ուր եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական միջամտութիւնները համեմատաբար աւելի ազդու էին եւ որոշ չափով կը սանձէին Համիտի ջարդարար ախորժակները՝ փրկելով տեղահան անզէն հայութիւնը ստոյգ բնաջնջման վտանգէն։ Իսկ ֆետայական ուժերն ու անոնց միացած բազմահարիւր հայ զինեալ երիտասարդները կը շարունակէին կռիւը՝ հայոց յեղափոխական ուժը ի սպառ ջլատելու քաղաքականութեան ծառայող թրքական զօրքերու եւ քրտական հրոսակախումբերու դէմ։
Սասնոյ դէմ Համիտի նախաձեռնած ընդհանուր յարձակողականը որոշ չափով քաջալերուած էր ցարական իշխանութեանց հայահալած քաղաքականութեան սաստկացումէն, որուն բարձրակէտը եղաւ 1903ին հրապարակուած հայոց եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու ցարական հրամանագիրը։ Այն ապահովութեամբ՝ որ ցարական իշխանութիւնը այս անգամ պիտի չուզէ խոչընդոտել հայոց յեղափոխական ողնաշարը փշրելու իր քայլերը, Համիտ շուրջ 20 հազար զօրք եւ քրտական հրոսակներ արձակեց Սասնոյ քաջարի հայորդիներուն եւ ֆետայիներուն վրայ։ Միաժամանակ շարժման մէջ դրաւ Վասպուրական աշխարհի տարածքին իր ուժերը, որպէսզի նաեւ կարենայ կանխել Վանի Դաշնակցութեան մարտական ուժին օգնութիւնը պաշարուած Սասունին։
Ահա՛ այս խորապատկերին վրայ՝ «Որսկան» խումբին ողբերգութիւնը, իր ամբողջական տարողութեամբ, տեսանելի եւ հասկնալի կը դառնայ։
Արշաւախումբին կազմութիւնը փաստօրէն կ’արտայայտէր ամբողջ կովկասահայութիւնը համակած յեղափոխական վճռականութեան ալեկոծումը։ Հայոց ազատագրական շարժման միջնաբերդը՝ Սասունը վտանգուած էր եւ անհրաժեշտ էր փութալ դէպի պաշարուած արծուեբոյնը։ Հայ երիտասարդութիւնը ոտքի ելած էր՝ Անդրանիկին օգնութեան հասնելու...
Արշաւախումբին նախաձեռնողները վստահ էին, որ 61 մարտիկներով պիտի կարենային յաղթահարել սահմանը անցնելու ճամբուն թրքական եւ քրտական խոչընդոտները, որովհետեւ 1903ի վերջերուն, «Որսկան» խումբի երկու ղեկավարներէն Թորգոմը (Թուման Թումեանց) յաջողած էր, իր «Մրրիկ» խումբով, կտրել միեւնոյն ճամբան եւ առանց կորուստի՝ կռիւ մղելով հասնիլ Սասուն, ընդհանուր խանդավառութեան ու ինքնավստահութեան ալիք բարձրացնելով հաւասարապէս թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ ֆետայիներուն մօտ։
«Որսկան» Խումբի հայդուկները ոչ միայն լաւապէս զինուած էին, այլեւ՝ իրենց հետ Սասուն կը տանէին մեծաքանակ փամփուշտ։ Արշաւախումբը բաժնուած էր երկու մեծ խումբի։ Առաջինին հրամանատարն էր Թորգոմ, իսկ երկրորդինը՝ Որսորդ (Գէորգ)։ Երկուքն ալ երիտասարդ, զինուորական պատրաստութեան տէր եւ ֆետայական կռուի մէջ փորձառու մարտիկներ էին։ Արշաւախումբին մաս կը կազմէին նաեւ երկու բժիշկ ու Տէր Ղազար յիսնամեայ քահանան։
Փաստօրէն արշաւախումբը ամբողջապէս պատրաստ էր դիմագրաւելու սահմանին թրքական կողմը իրեն սպասող դժուարութեանց եւ վտանգներուն։ Նախատեսուած չէր, սակայն, ռուսական դաւադրութեան եւ մեղսակցութեան գործօնը։ Եւ ճիշդ կռնակէն ստացուած այդ հարուածն էր, որ աւելիով ծանրակշիռ դարձուց «Որսկան»ի հերոսական ֆետայիներուն վիճակուած ողբերգութիւնը։
Թէ՛ Միքայէլ Վարանդեան, թէ՛ Սիմոն Վրացեան եւ թէ Արամ, «Որսկան» արշաւախումբի ողբերգութեան անդրադարձող իրենց վկայութեանց կամ յուշերուն մէջ, առանձին շեշտով եւ մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն ռուս սահմանապահ ուժերու հրանատարին՝ Պէքոֆի հրահանգով կոզակներու գործած կատաղի յարձակումը հայ ֆետայիներուն վրայ։ Թուրք եւ քիւրտ զօրքին դէմ խիզախօրէն կռուող հայ յեղափոխականները անակնկալօրէն կրակի տակ ինկան նաեւ իրենց թիկունքէն։ Ռուս զօրքին վրայ կրակելու վարանեցան՝ յուսալով եւ սպասելով, որ ռուս սահմանապահ հրամանատարը կ’անդրադառնայ իր սխալին ու կը դադրեցնէ թուրքերու եւ քիւրտերու դէմ կռուող հայ մարտիկները այդպէս դաւադրաբար կռնակէն դաշունահարելու մեղսակցութիւնը։
Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը։ Որքան ֆետայիները իրենց կռիւը կեդրոնացուցին թուրքերուն ուղղութեամբ, այնքան «համարձակ» դարձան ռուս սահմանապահները։ Թորգոմ երեք անգամ բանագնաց, վերջինը՝ Տէր Ղազարը ուղարկեց ռուս հրամանատար Պէքոֆին, որպէսզի ռուս զօրքին նկատմամբ հայ յեղափոխականներուն ունեցած համակրանքը փոխանցէ եւ ռուսներու չէզոքութիւնը ապահովէ թրքական զօրքի հետ բռնկած կռուի ընթացքին։ Բայց ոչ միայն բանագնացները ետ չդարձան (սպաննուեցան), այլեւ մինչեւ ուշ երեկոյ տեւած կռիւներէն արդէն ուժասպառ դարձած հայ մարտիկները, երբ Թորգոմի առաջնորդութեամբ ճերմակ դրօշ բարձրացնելով սկսան յառաջանալ դէպի ռուս սահմանապահները, Պէքոֆ հրահանգեց անխնայ կրակել անձնատուութեան դրօշ բարձրացուցած հայ մարտիկներուն վրայ։
Այդպէ՛ս, ռուս կոզակներու կրակին տակ զոհուեցան Թորգոմ եւ իր 10-12 ընկերները, որոնք չուզեցին հաւատալ, թէ ռուսը մեղսակից էր թուրքին...
Արշաւախումբին մէջ գտնուեցան նաեւ մարտիկներ, որոնք կռիւ մղելով՝ կրցան ճեղքել թուրք-ռուսական պաշարումը եւ փրկուիլ։
Բայց Դաշնակցութեան «Որսկան» արշաւախումբը մեծ մասով կոտորուեցաւ, երբ երեկոյեան ժամը 7ին ռուսեւթուրք զօրքերը միացեալ գրոհով մը յարձակեցան հայոց դիրքերուն վրայ։
Հարուածը ծանր եղաւ։
Ցնցուեցաւ ողջ հայութիւնը։
Ամէն կողմէ բարձրացան «վրէժ» պահանջող ձայներ։
Հ.Յ.Դ. Կարսի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով, շատ ժամանակ չանցած, 1904ի Օգոստոս 31ին, Օլթիի մէջ իր արդար պատիժը ստացաւ եւ ահաբեկուեցաւ Պէքոֆ՝ դաշնակցական ահաբեկիչ Համօ Ջամփոլատեանի արձակած ատրճանակի երեք փամփուշտներով։
Անշուշտ մեծ էր ռուս հրամանատարին՝ Պէքոֆի անձնական պատասխանատուութեան բաժինը, բայց շատ աւելի ծանրակշիռ էր եւ հեռահար հետեւանքներ ունեցաւ Ցարական Ռուսաստանի շրջադարձը դէպի հակահայ քաղաքականութիւն, որ 1909ին յանգեցաւ Դաշնակցութեան «մաքրագործման» փորձին՝ արեւելահայ մտաւորականութեան եւ ազգային-քաղաքական գործիչներու սերուցքը բանտերը նետելով...
Իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ Որսկան խումբի սպանդին միացեալ ուժերով ձեռնարկող ռուսեւթուրք սահմանապահ զօրքերու «գործակցութիւն»ը նախադէպ ստեղծեց 1920 թուականի Լենին-Քեմալ միացեալ գրոհին համար, որ երկու կրակի մէջ առնելով կործանեց Հայաստանի անկախութիւնը։
Մինչեւ մեր օրերը կը թեւածէ ռուսեւթուրք այդ հակահայ մեղսակցութեան ուրուականը եւ հայ քաղաքական միտքը իր մեծագոյն անտեսումներէն մէկը կը գործէ, երբ մտահան կ’ընէ 1904ի Յուլիսին պաշարուած Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» խումբին դէմ սպանդով սկսած եւ, հետագային, պետական յստակ քաղաքականութեան վերածուած թուրքեւռուս «գործակցութեան» արիւնալի դասերը։
Ն.