Յուլիս 18ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան անմահ տաղանդներէն Վահան Թոթովենցի։
Թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան արհաւիրքը ցմրուր ճաշակած այդ սերունդին դժուար է մեղադրել «պոլշեւիկեան այգաբաց»ին հաւատալու իր փորձութեան ու փութկոտութեան համար։ Մանաւանդ որ իր ճակատագրակիցներուն պէս, Թոթովենց իր կարգին շատ արագ հիասթափուեցաւ Կարմիր Յեղափոխութենէն, որ Նորը կառուցելու արնաներկ դրօշով, հակասականօրէն, աւելի շատ ուժ, եռանդ ու արիւն վատնեց Հինը քարուքանդ աւերելու, հայոց բազմադարեան հոգեմտաւոր հարստութիւնը հողմացրիւ կործանելու մոլորանքին ու մոլեռանդութեան վրայ։
Բայց խորհրդային եղեռնագործութիւնը չկրցաւ, հայ սերուցքի ֆիզիքական ոչնչացումով հանդերձ, մեր ժողովուրդի մտքէն ու հոգիէն արմատախիլ պոկել կենսատու ծառը ազգային մեր ինքնութեան ու ինքնաճանաչողութեան, խաղաղասիրութեան ու ազատատենչութեան, բարեպաշտութեան եւ արդարամտութեան, արարչագործութեան ու շինարարութեան։
Հայ ժողովուրդի անկորնչելի այդ արժէքներու վերանորոգման մէջ իր անզուգական ներդրումը ունեցաւ Վահան Թոթովենց, որ իր գրականութեամբ եւ մտածողութեամբ, իր արուեստով ու յուզաշխարհով՝ բազմերանգ խճանըկարը մարմնաւորեց նոր ժամանակներու հայութեան - արեւմտահայ թէ արեւելահայ, սփիւռքահայ թէ խորհըրդահայ իր ժառանգութեամբ։
Թոթովենցի արժէքն ու մեծութիւնը կը կայանան, ամէն բանէ վեր, իրա՛ւ արուեստագէտի եւ վաւերական բանաստեղծի իր տաղանդին մէջ, որ յատկապէս արձակագրութեան մէջ իր ուրոյն բարձունքը նուաճեց՝ համով ու հոտով, պարզ ու գեղեցիկ, խորաթափանց եւ սրտայոյզ պատումներով հայոց սերունդներուն փոխանցելով «Կեանքը՝ հին հռովմէական ճանապարհին»...
19րդ դարավերջին Խարբերդը կ’ապրէր աննախադէպ տնտեսական եւ մշակութային զարգացման փուլ։ Գաւառի տարածքին կը գործէր «Եփրատ» քոլէճը իր բարձրագոյն վարժարաններով, իսկ Թոթովենցի ծննդավայր Մեզրէի մէջ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը։ Պսակ վարդապետի, Երուխանի, Սիմոն Յակոբեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլ վաստակաւոր դէմքերու անձնուէր ջանքերով՝ Կեդրոնականը դարձած էր հռչակաւոր կրթութեան օճախ, ուր եւ Վահան ընդունուեցաւ 1897ին։ Թոթովենց կանուխ տարիքէն փարեցաւ հայերէնին ու հայ գրականութեան. սկսաւ գրել ոտանաւորներ, որոնք լոյս տեսան վարժարանի ձեռագիր ամսաթերթի էջերուն՝ մօրենական Գույումճեան ազգանուան տակ։ Վահանը իր ուսման վերջին տարին յաճախակի այցելեց Խարբերդ գտնուող Թլկատինցիի «Կարմիր դպրոց» անհատական վարժարանը, ուրկէ եւ ստացաւ իր գրական ուղղութիւնը։ Այս տարիքին Թոթովենց խորապէս տարուած էր Դուրեանի ու Մեծարենցի քնարով։
Աւարտելով տասնամեայ վարժարանը, 1908ին, Վահան կը մեկնի Պոլիս, ուր նոյն տարին լոյս կը տեսնէ իր «Աւերակ» գրքոյկը, իսկ տարի մը անց՝ «Սրինգ» ժողովածուն։ 1909ին Թոթովենց կ’ուղղուի Փարիզ, հոնկէ ալ՝ Նիւ Եորք, ուր 1912ին կ’ընդունուի Վիսքոնսինի համալսարանը եւ կը հետեւի գրականութեան, պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներու։ Կը սորվի նաեւ անգլերէն ու ֆրանսերէն՝ մօտէն ծանօթանալով համաշխարհային դասական գրականութեան հետ։ Ուսանողական տարիներուն, ապրուստը ապահովելու համար, ստիպուած կը կատարէ տարբեր բնոյթի բանուորական աշխատանքներ, ապրուստի հիմնական պարապմունքը գտնելով մօրեղբօր արեւելեան գորգի վաճառատան մէջ։
1915ին կը միանայ ամերիկահայ կամաւորականներու ջոկատին եւ կ’ուղեւորուի դէպի կովկասեան ռազմաճակատ, ուր Հայ Կամաւորական Շարժման միանալով՝ կը մասնակցի Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան կռիւներուն։ Աշխոյժ գործակիցը կը դառնայ Յովհաննէս Թումանեանի՝ ի նպաստ հայ գաղթականութեան պատսպարման եւ հոգատարութեան թափուած ճիգերուն մէջ։
1917-1918ին, Թիֆլիս, կը խմբագրէ «Հայաստան» թերթը։ Կը մասնակցի Անդրկովկասի, Կ. Պոլսոյ եւ հայաշատ այլ կեդրոններու մշակութային վերաշխուժացման աշխատանքներուն։
1916-1920ին Թոթովենց կը հրատարակէ «Իմ հօրաքոյրը» (1916) եւ «Տօնոն» (1917) ընկերային հիւսուածքով վիպակները, «Ողբ անմահութեան» (1916) եւ «Արեւելք» (1918) երկարաշունչ բանաստեղծութիւնները, «Դոկտոր Բուրբոնեան» (1918) երգիծական վէպը, արձակ բանաստեղծութիւններ, բանասիրական ու գրականագիտական յօդուածներ, որոնց մէջ արտայայտուած է Թոթովենցի մտահոգութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ճակատագրով։ Այդ շրջանին է, նաեւ, որ ի տես Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութեանց խոստմնադրուժ վարքագծին, Թոթովենց կը սկսի փայփայել պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի հայանպաստ քաղաքականութեան նկատմամբ անհիմն յոյսեր։ Այդ ամբողջը Թոթովենց խտացուցած է հեքիաթային պատումի հետեւեալ պատկերով.-
«Լինում է, չի լինում, մի փոքրաթիւ եւ հին ժողովուրդ է լինում, որ ապրում էր Վանայ ծովից մինչեւ Միջերկրականը, Բաղդադից մինչեւ Բիւզանդիոնը: Լինում է այդ հին ժողովուրդը հողագործ, աղքատ, արհեստաւոր, մտաւորական, վաճառական, կալուածատէր, բանկիր, պետական բարձր պաշտօնատար, փողոցների կեղտը հաւաքող, ծառայ, ճորտ եւ այլն: Այդ ժողովրդին սիրաբորբոք սիրում են իր հարուստ ցեղակիցները՝ նրա սահմաններից դուրս. սիրաբորբոք սիրում էին նրանց եւ արեւմտեան պետութիւնների մինիստրները, որովհետեւ այդ ժողովուրդն ունէր սեւ ու սիրուն աչքեր եւ տարածում էր կուլտուրա ողջ խաւար Արեւելքում: Սիրաբորբոք սիրուց մղուած՝ իր հարուստ ցեղակիցները եւ արեւմտեան մինիստրները հրում են այդ ժողովրդին դէպի կռիւ իր հարեւանների դէմ, հարեւաններ, որոնք տարբեր էին կրօնով, արիւնով եւ կուլտուրայով, ունէին սուրեր եւ զրահ, զօրք, ռազմատորմիղ եւ գերակշիռ թիւ: Լինում է, չի լինում, մեծ պատերազմ է լինում: Ողջ աշխարհը բռնում է վառօդի ծուխը, եւ արեան գետեր են հոսում: Հին այս ժողովրդի ականջին գոռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները. «Եկել է Ազատութեան ժամը, խփի՛ր քո հարեւանին, խփի՛ր նրա մահակին քո խաչով»: Հին այդ ժողովրդի սեւ ու սիրուն աչքերը փայլում են Ազատութեան տենչից, սկսւում է անհաւասար կռիւը, զարկում են, զարկւում. եւ հին այդ ժողովրդից մնում է միայն մի փշուր՝ իբրեւ կոշմարային յիշատակ: Ապա գերագոյն ու վսեմ ցինիզմով հռհռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները՝ ոսկորների եւ մոխիրների վրայ»:
1920ի Մայիսին Թոթովենց կը հեռանայ Կովկասէն, կը մեկնի Պոլիս։ Իր ինքնակենսագրականին մէջ, այդ մասին գրած է.- «Ապրեցի այնտեղ ընդամէնը մի քանի ամիս եւ ճանապարհ ընկայ դէպի Հարաւային Եւրոպայի կախարդական ափերը - Արշիպելագոսի կղզիներ»։ 1922ին վերադարձած է - արդէն Խորհրդային - Հայաստան։ Ճամբուն վրայ, Պոլսոյ մէջ, կը հրատարակէ «Փոթորիկին մէջ» (1922) վէպը, ուր կ’անդրադառնայ համաշխարհային-պատմական մեծ իրադարձութեանց եւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան վերիվայրումներուն։
1923ին, Երեւանի մէջ խմբագրած է «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը. 1924-1926ին աշխատած է Երեւանի համալսարանը, «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան մէջ։ Այս շրջանին լոյս կը տեսնեն Թոթովենցի «Մահուան բատալիոն» (1923), «Պողպատի ճաշ» (1924), «Նոր Բիւզանդիոն» (1925), «Սասմայ ծռեր» (1925), «Հրդեհ» (1927) տռամաթիք ստեղծագործութիւնները, վիպակները, ակնարկները, պատմուածքներն ու յօդուածները։
1929-1936 տարիները եղան Թոթովենցի ստեղծագործական կեանքի արգասաւոր շրջանը. լոյս տեսան «Ամերիկա» (1929) պատմուածաշարը, «Աղաւնիներ» (1934) եւ «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» (1935) պատմուածքները եւ շատ այլ գործեր։ Նաեւ՝ Անդրկովկասի տարածքին դարասկիզբի յեղափոխական իրադարձութիւնները ցոլացնող «Բաքու» (1930-1934) եռահատոր վէպը, որ կը յատկանշուի պարզ ժողովուրդի կեանքի լայն ընդգրկումով, պատմութեան, կենցաղի ու ազգային նկարագրի իրապաշտ պատկերացումով։
Թոթովենցի լաւագոյն գործերէն են «Կեանքը հին Հռոմէական ճանապարհի վրայ» (1933) ինքնակենսագրական վէպը, «Հրկիզուած թղթեր» (1934), «Յովնաթան որդի Երեմիայի» (1934) վիպակները, «Երկու սուր» (1930), «Բաքու-Լոնդոն», «Մոխրակոյտ» (1936) թատերգութիւնները։
Թոթովենցի նահատակութեան ու վախճանին մասին խորհրդահայ աղբիւրները լուռ մնացին մինչեւ վերջ. պարզապէս արձանագրեցին, որ Հայկեան Տաղանդին այս ճառագայթող դէմքը իր կարգին զոհ գնաց, 1937-1938 տարիներուն, «ստալինեան ռեպրեսիաներ»ուն՝ եղեռնագործ «ճնշումներուն»։
Վահան Թոթովենցի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը փակենք անոր «Մտածումի Շիթեր»ուն հետ, ուր այնքա՜ն վաւերական բաբախումով միաձուլուած են Մարդու եւ Հայու Թոթովենցի յուզաշխարհը.-
Երբ մարդ չի կրնար աշխատել՝ կա՛մ կը լռէ, կա՛մ կուլայ։ Լռութիւնը Անհունին կրկներեւոյթն է տիեզերքին վրայ։ Մարդ ընդհանրապէս կուլայ, որովհետեւ ամէն մարդ չի կրնար Անհունութեան շարունակութիւնն ըլլալ։
Լոյսի շարունակութիւնը, պատկերներու յաճախանքը, կեանքի խաւարակուռ անկիւնները թափանցելու Ուժը՝ դէպի գերեզման ստոյգ վազք մը կը նշանակէ։ Ընդհանրապէս բանաստեղծները շուտ կը մեռնին, որովհետեւ շուտ կը տեսնեն։
***
Պէտք է մեծ մարդոց ընկերանալ՝ ներշնչուելու համար անոնց մեծ պատկերէն։ Պզտիկութիւնը ամէնէն զզուելի բանն է Արեւին տակ։
***
Սափոր մը ջուրը ալիք չի կրնար կազմել եւ փրփուր չունի, ո՛չ ալ խաղաղ ծովերու աստուածային վեհութիւնը։
***
Ձեզմէ շատերը ընկերներ ունիք, որոնք կը պաշտպանեն ձեզ ձեր ստութեանը մէջ. բարոյական նուաճում մըն է այդ անոնց համար եւ ընկերային կուռ չարիք մը, որ մարմին կ’առնէ անմեղօրէն, բայց մեծ է այդ զոհողութիւնը անհատական բարոյական տեսակէտէն։
***
Մի՛ սիրէք Սահմանը։ Եթէ ըսէին ինձ, թէ քու սահմանդ պիտի ըլլայ մինչեւ անտեսանելի հորիզոնը՝ պիտի բողոքէի այդ անողոք կարգադրութեան հանդէպ։ Անսահմանութեան ըղձանքը անյագութիւն չէ։ Անյագութիւնը ծնունդ կ’առնէ «Ես»ի փառամոլութենէն։ Անսահմանութեան ըղձանքը աստուածային Սաղմն է մարդոց մէջ։
***
Գարնան, ձիւնհալի ժամանակ, երբ կը տեսնեմ լեռներու կողերէն դանդաղօրէն վազող ջուրերը, որոնք կուգան վարը, կը կազմեն մեծ առուներ եւ երթալով դէպի հովիտները կը միանան ուրիշ առուներու եւ կը հեղեղանան՝ կը զգամ, որ մարդուն հմտութիւնն ալ այդպէս դանդաղօրէն, կաթիլներով կը կազմուի եւ օր մըն ալ կը դառնայ անդիմադրելի, հզօր եւ տիրական։
Հոգեկան ուժն ալ, կեանքի զառիթափէն դարվար, կը կազմուի փոքրիկ կաթիլներով։
Արհամարհել փոքր բաները, կը նշանակէ գաղափար չունենալ մեծութեանց կառուցման մասին։
***
Հոգ չէ, թէ ուր դիմես, իմ փոքրի՛կ տղաս, դէպի մեծ ուրախութիւն կամ դէպի մեծ վիշտ, դէպի փոթորիկ եւ կամ դէպի մութ ատելութիւն․ գիտցի՛ր, որ քու քայլերդ պէտք է ըլլան պայծառ։ Երբ ոտքերդ կը զարնես գետին եւ անոնք չեն թնդար, ոչ մի տեղ չես հասնիր դուն՝ ի զուր է քու նպատակդ։
***
Աւելի լաւ է ըլլալ միամիտ, պարզ, ուրիշներու վստահող, զոհաբերող եւ ստեղծագործ, քան ըլլալ «իմաստուն», ամէն բանի մէջ յետինը մտածել, ամէն բանի մէջ «իմաստութեան» ուժով հեռատեսնել դժբախտութիւն, ինտրիգ, մթութիւն։
Այսպէս՝ իմաստութիւնը անարժէք է, անպէտ եւ մինչեւ անգամ վտանգաւոր՝ երբ մարդը կը հասցնէ անշարժ, անթռիչ փիլիսոփայութեան մը։
***
Պէտք է մտածել մարդուն մասին։
Պէտք է ջանալ մարդուն կարողութիւնները հասցնել իրենց բարձրագոյն կատարելութեան։
Աստուածայի՛նը չէ, որ մեզ առաւելապէս կը շահագրգռէ, այլ մարդկայինը։
Յեղափոխութիւնները կամաց֊կամաց մարդը մարդուն մէջ կը մխրճեն, մարդը կը մօտեցնեն մարդուն։
Աստուածներով զբաղիլը մեզ ոչ մի տեղ չի հասցներ։
Մարդը... իմ նպատա՜կն է։
Ն.