Print
Category: Յուշատետր

alt16 Յու­նի­սի այս օ­րը, 120 տա­րի ա­ռաջ, Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տեց ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան պայ­քա­րի եր­կար ու ա­րիւ­նոտ ճամ­բուն վրայ։

Դաշ­նակ­ցու­թեան ֆե­տա­յա­կան սե­րուն­դի ռահ­վի­րա­նե­րէն ան­վե­հեր Պե­տո­յի (Ա­ղեք­սանդր Պետ­րո­սեան) գլխա­ւո­րու­թեամբ, Վա­նի յե­ղա­փո­խա­շունչ հա­յոր­դի­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին զի­նեալ ընդ­հա­րում­նե­րը ու­նե­ցան սուլ­թան Հա­մի­տի քիւրտ եւ թուրք՝ «­Հա­մի­տիէ» կո­չո­ւած հա­յա­կեր վոհ­մակ­նե­րուն հետ։

Վա­նը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գլխա­ւոր բնօր­րանն էր։ Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի ձեռ­նար­կած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քի օ­րե­րէն, Վա­նը ե­ղաւ օս­մա­նեան Թուր­քիոյ բռնա­կա­լա­կան եւ հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ հայ­կա­կան ըմ­բոս­տաց­ման գա­ղա­փա­րա­կան հնո­ցը։

Հոն ստեղ­ծո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ռա­ջին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, 1885ին։

Նաեւ՝ 1887ին հիմ­նո­ւած Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը Վաս­պու­րա­կա­նի վրայ կեդ­րո­նա­ցուց իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ Երկ­րի մէջ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ծա­ւա­լու­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն խա­րիս­խը։

1890ին կազ­մո­ւած Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւս, բնա­կա­նօ­րէն, դէ­պի Վան ուղ­ղեց քայ­լե­րը սահ­մա­նը հա­տող եւ Դէ­պի Եր­կիր զէնք հասց­նող իր ա­ռա­ջին գա­ղա­փա­րի մար­տիկ­նե­րուն։ Այս վեր­ջին­նե­րու շար­քին բախ­տո­րոշ ե­ղաւ, յատ­կա­պէ՛ս, Կար­սի ծնունդ Պե­տո­յի ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, 1892էն սկսեալ, Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի հայ ըմ­բոստ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ի մի խմբե­լու, յե­ղա­փո­խա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ միա­ձու­լե­լու, զի­նե­լու եւ զի­նո­ւո­րա­պէս պատ­րաս­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Խօսքն ու Գոր­ծը, իր անձ­նա­կան օ­րի­նա­կով, ա­ռա­ւե­լա­գոյն ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ պա­հող տի­պար յե­ղա­փո­խա­կանն էր Պե­տօ, որ ի վի­ճա­կի ե­ղաւ հա­մե­րաշ­խու­թեան հո­ղը մշա­կե­լու հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Ար­մե­նա­կանն ու հնչա­կեա­նը Պե­տո­յի հա­ւա­քագ­րած դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն մէջ տե­սան կռո­ւի միեւ­նոյն խրա­մին մէջ անձ­նո­ւէր պայ­քար մղող զէն­քի ու գա­ղա­փա­րի ի­րենց ըն­կեր­նե­րը։ Եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ Պե­տօ նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ար­մե­նա­կան ու հնչա­կեան Ա­ւե­տի­սեա­նի ու Մար­տի­կի հետ կողք-կող­քի, հա­րիւ­րա­ւոր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու 1896ին Վա­նէն հե­ռա­ցու­մը ա­ռաջ­նոր­դե­լու ժա­մա­նակ, քրտա­կան Մազ­րիկ ցե­ղին կող­մէ պա­շա­րո­ւե­լով եւ օր­հա­սա­կան կռիւ մղե­լով։

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ու­ժե­ղաց­ման, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հա­սու­նաց­ման եւ ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան ամ­րագր­ման ա­ռում­նե­րով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նշա­նա­կա­լից պա­հե­րէն մէ­կը ե­ղաւ 16 Յու­նիս 1895ը։

1894-1895ի Սաս­նոյ, Երզն­կա­յի եւ Կա­րի­նի մէջ ան­զէն հա­յու­թեան դէմ ծա­ւա­լած Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը ա­հա­զան­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Վաս­պու­րա­կա­նի հայ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար։ Հա­կա­ռակ Վա­նի նա­հան­գին մէջ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տո­սա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կեդ­րո­նա­ցու­մին եւ Հա­մի­տեան հա­յաս­պան քայ­լե­րուն դէմ ա­նոնց հա­յան­պաստ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն, Կար­միր Սուլ­թա­նը կ­’ո­րո­ճար Վա­նը եւս ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու դա­ւա­դիր ծրա­գիր­ներ։ Սաս­նոյ 1894-1895ի կո­տո­րած­նե­րը մեծ ընդվ­զում ա­ռա­ջա­ցու­ցած էին Եւ­րո­պա­յի ա­զա­տա­խոհ շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ո­րոնք ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րէն կը պա­հան­ջէին ա­րագ եւ ազ­դու մի­ջամ­տու­թիւն կա­տա­րել՝ սան­ձե­լու հա­մար Հա­մի­տի հա­յաջնջ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Այդ­պէ՛ս կեան­քի կո­չո­ւե­ցան, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ, 1895ի գար­նան մշա­կո­ւած հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու «­Րե­ֆոր­մի» (բա­րե­նո­րոգ­ման) ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք Սուլ­թա­նի հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նա­լէ ետք միայն կրնա­յին ի գործ դրո­ւիլ։

Պե­տո­յի եւ ընդ­հան­րա­պէս Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ինք­նա­խա­բէու­թեան հա­մա­զօր էր յոյս կա­պել եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մշա­կած այդ թուղ­թէ շե­րեփ­նե­րուն, ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ Խ­րի­մեան Հայ­րիկ բնու­թագ­րած էր Եւ­րո­պա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դին կը սպառ­նար դա­ժա­նա­գոյն ջար­դը, ե­թէ Հա­յը զէն­քը չվերց­նէր եւ սե­փա­կան ու­ժե­րով չպաշտ­պա­նո­ւէր թրքա­կան պե­տու­թեան օր­հա­սա­կան վտան­գին դէմ։

1880ա­կան­նե­րը բո­լո­րին սոր­վե­ցու­ցած էին, որ «միայն զէն­քով կայ հա­յոց փրկու­թիւն»։ Փաս­տօ­րէն, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րոգ­ման պա­հան­ջը մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ամ­րագ­րող 1878ի Պեր­լի­նի Դաշ­նա­գի­րէն ետք, սուլ­թա­նա­կան գա­հին նոր բարձ­րա­ցած ա­րիւ­նար­բու հրէ­շը, «­Հի­ւանդ Մարդ» հռչա­կո­ւած իր կայս­րու­թիւ­նը փրկե­լու յու­սա­հա­տա­կան վեր­ջին ճի­գով մը, յղա­ցած էր Ա­րե­ւե­լեան Հար­ցը իր ներ­քին, այլ հրա­տապ բա­ղադ­րի­չէն՝ Հայ­կա­կան Հար­ցէն «բեռ­նա­թա­փե­լու» ճի­ւա­ղա­յին ծրա­գի­րը։

Հա­յե­րէ «պար­պո­ւած» ու «մաք­րո­ւած» Հա­յաս­տա­նը, ո­րուն Հա­միտ ծրագ­րած էր հաս­նիլ հա­յաջն­ջու­մի իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վայ­րագ բե­մագ­րու­թեամբ, Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ պի­տի զրկէր կայս­րու­թեան ներ­քին հար­ցե­րուն մի­ջա­մուխ դառ­նա­լու «­Հայ­կա­կան Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու» պա­հան­ջի պատ­րո­ւա­կէն։

«Ա­ռանց հա­յե­րու Հա­յաս­տան» մը ու­նե­նա­լու Հա­մի­տեան ծրա­գի­րը նեն­գա­միտ էր, ո­րով­հե­տեւ իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն մէջ հե­տա­մուտ էր հա­յե­րու դէմ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան ճնշում­նե­րու սաստ­կա­ցու­մին՝ ա­րա­գաց­նե­լու հա­մար յատ­կա­պէս բուն Երկ­րի, գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ար­տա­գաղ­թը դէ­պի Պո­լիս ու Եւ­րո­պա (ա­րեւ­մուտ­քի ուղ­ղու­թեամբ, ինչ­պէս եւ դէ­պի Թիֆ­լիս ու Կով­կաս (ա­րե­ւել­քի ուղ­ղու­թեամբ)։

Հա­միտ ա­ռան­ձին չէր ա­ռանց հա­յե­րու Հա­յաս­տա­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ զայն իր կայս­րու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը դարձ­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։

Նոյն ա­խոր­ժակ­նե­րով կ­’օ­րօ­րո­ւէր, հեգ­նա­կա­նօ­րէն, Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մրցա­կի­ցը՝ Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը, որ իր կար­գին կայ­սե­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծած էր ա­ռանց հա­յե­րու Հա­յաս­տա­նի մը ձեռք­բեր­ման նպա­տա­կը, Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լով հա­յա­թափ­ման եւ ռու­սաց­ման ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում­նե­րու այս պաս­տա­ռին վրայ, 1896ի գար­նան Վան ժա­մա­նեց Հայ­կա­կան Նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Մա­յի­սեան Ծ­րագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան հսկող խառն Քն­նիչ Յանձ­նա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս կազ­մող եւ Հա­մի­տը ներ­կա­յաց­նող Ֆե­րիտ Սաա­տէդ­դին փա­շան, ա­ռանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու, գոր­ծի ան­ցաւ եւ շարժ­ման մէջ դրաւ Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին եւս ի­րա­կա­նաց­նե­լու ծա­նօթ բե­մագ­րու­թիւ­նը։

Մէկ կող­մէ՝ Վան քա­ղա­քին մէջ, հա­յոց ա­ռաջ­նորդ Սա­հակ վար­դա­պե­տին եւ ա­նոր շուրջ խմբո­ւած ազ­գա­յին ջո­ջե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րու շարք մը ու­նե­նա­լով, Ֆե­րիտ փա­շա­յի յանձ­նա­ժո­ղո­վը հե­տե­ւո­ղա­բար կրկնեց բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար իր ու­նե­ցած «միակ պայ­մա­նը», որ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը կամ Վա­նէն հե­ռա­ցումն էր (յատ­կա­պէս «դուր­սէն ե­կած­նե­րուն»)։ Վա­նի ֆրան­սա­կան, անգ­լիա­կան եւ ռու­սա­կան հիւ­պա­տոս­նե­րը ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին այդ պա­հան­ջին։

Միւս կող­մէ՝ Վա­նի շրջա­կայ գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ուր Ար­մե­նա­կան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կա­ռոյց ստեղ­ծած չէին, Հն­չա­կեան­նե­րը կազ­մա­կեր­պա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­լու յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցած չէին եւ միայն Դաշ­նակ­ցու­թիւնն էր, որ Նի­կոլ Դու­մա­նի, Պե­տո­յի (Ա­ղեք­սանդր Պետ­րո­սեան) եւ Վար­դա­նի (­Սար­գիս Մեհ­րա­պեան, հե­տա­գայ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը) խում­բե­րով նոր սկսած էր շար­ժում ա­ռա­ջաց­նել ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն ստեղ­ծել, Սաա­տէդ­դին փա­շան ան­ձամբ կապ հաս­տա­տեց քիւրտ ցե­ղա­պե­տե­րուն հետ՝ ա­նոնց կա­նաչ լոյս տա­լով, որ­պէս­զի ան­պաշտ­պան հա­յե­րուն դէմ թա­լա­նի ու կո­տո­րա­ծի ձեռ­նար­կեն, թրքա­կան զօր­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը խոս­տա­նա­լով ա­նոնց։

Այդ­պէ՛ս, մինչ Վա­նի հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը քննար­կէին Մա­յի­սի վեր­ջե­րուն Վան հա­սած Քն­նիչ Յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ տրո­ւած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու յանձ­նու­մին կամ հե­ռաց­ման պա­հանջ-նա­խա­պայ­մա­նը, Ֆե­րիտ Սաա­տէդ­դին փա­շա ա­րա­գա­ցուց բիրտ ու­ժով իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու դա­ւադ­րու­թեան ի­րա­գոր­ծու­մը։

Յու­նի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն սկսեալ հրա­հան­գեց ոս­տի­կա­նու­թեան, որ խու­զար­կեն հա­յա­հոծ Այ­գես­տա­նի բնա­կա­րան­նե­րը՝ թաք­նո­ւած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ եւ զի­նա­պա­հեստ­ներ գտնե­լու պատ­րո­ւա­կով։ Այդ խու­զար­կու­թեանց ըն­թաց­քին ոս­տի­կան­ներ դի­մե­ցին նաեւ գրգռիչ քայ­լե­րու, ո­րոնց ա­մէ­նէն աղմ­կա­յա­րոյ­ցը ե­ղաւ վա­նե­ցի ե­րի­տա­սարդ դաշ­նակ­ցա­կան Վազ­գէ­նի (­Տիգ­րան Տէ­րո­յեան) տան խու­զար­կու­թիւ­նը. Վազ­գէ­նը հոն չգտնե­լով, ոչ ալ ո­րե­ւէ զէն­քի ու զի­նամ­թեր­քի պա­հեստ գտնե­լով, թուրք ոս­տի­կան­նե­րը խոշ­տան­գե­ցին եւ ան­պա­տո­ւե­ցին Վազ­գէ­նի մայրն ու քոյ­րը՝ Զա­րու­հին, որ յար­գո­ւած ու­սուց­չու­հի էր եւ յե­ղա­փո­խա­շունչ հա­յու­հի։

Մի­ջա­դէ­պին ա­ռա­ջա­ցու­ցած ընդ­հա­նուր ընդվ­զու­մը դեռ չհան­դար­տած, Ֆե­րիտ Սաա­տէդ­դին փա­շա­յի դրդու­մով՝ Յու­նիս 15-16ի լուս­ցող գի­շե­րը թուրք գի­շե­րա­պահ զի­նո­ւոր­ներ կրա­կե­ցին Այ­գես­տա­նի մէջ հայ ե­րի­տարդ­նե­րու վրայ, ո­րոնք սա­կայն դի­մա­դար­ձե­ցին եւ եր­կու թուրք զի­նո­ւոր սպան­նե­ցին ու աս­տի­ճա­նա­ւոր մը ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րե­ցին։

Յու­նիս 16ի ա­ռա­ւօ­տեան թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ի­րենց եր­կու մե­ռել­նե­րը ցու­ցադ­րե­ցին շու­կա­յին կեդ­րո­նը՝ գրգռե­լով թուրք եւ քիւրտ ամ­բո­խին հա­կա­հայ մո­լուց­քը։

Հա­կա­ռակ ա­նոր որ Վա­նի հայ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ժո­ղո­վի մէջ էին Քն­նիչ յանձ­նա­ժո­ղո­վին, Եւ­րո­պա­ցի հիւ­պա­տոս­նե­րուն եւ Վա­նի կու­սա­կա­լին հետ, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 3ին թուրք զի­նո­ւած ամ­բո­խը, զօր­քի եօ­թը թնթա­նօթ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան տակ, ընդ­հա­նուր յար­ձա­կու­մի ան­ցաւ Այ­գես­տա­նի վրայ։

Այս­պէ՛ս սկսան Վա­նի հա­յու­թեան ա­ռա­ջին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի քան շա­բաթ մը տե­ւե­ցին՝ թրքա­կան զօր­քի եւ զի­նո­ւած ամ­բո­խի շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­նե­րը ետ մղե­լով եւ Վան-Այ­գես­տա­նի հա­յու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դի հա­մի­տեան ծրա­գի­րը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լով։

Թէեւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րը վերջ գտան ա­ւե­լի քան 500 հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու եւ ա­նոնց ըն­կե­րակ­ցող շուրջ 1500 հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու քա­ղա­քէն հե­ռա­ցու­մով ու, ճա­նա­պար­հին, քա­նի մը յաղ­թա­կան կռիւ­ներ մղե­լէ ետք՝ ա­նոնց մեծ մա­սին կո­տո­րա­ծով, բայց այդ­պի­սով վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կո­ւե­ցաւ Վա­նի հա­յու­թեան «օ­րի­նա­պահ»՝ ծա­ռա­յա­միտ հա­մա­կեր­պու­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։

Սկ­սաւ սե­փա­կան ու­ժե­րով ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պատ­րաս­տո­ւե­լու Վա­նի հա­յու­թեան եր­կա­րա­մեայ պայ­քա­րը, որ Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն պսակուե­ցաւ յաղ­թա­նա­կով։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով՝ 16 Յու­նիս 1896ը, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման պատ­մու­թեան մէջ, ե­ղաւ ճշմար­տու­թեան պա­տին առ­ջեւ կանգ­նե­լու օր­հա­սա­կան պահ մը։

Մէ­կան­գա­մընդ­միշտ հաս­տա­տեց, որ՝

1) Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը, ով որ ալ կանգ­նած ըլ­լայ ա­նոր ղե­կին, կա­տա­ղօ­րէն պի­տի փոր­ձէ թա­ղել Հայ­կա­կան Հար­ցը, ի հար­կին ցե­ղաս­պա­նու­թեան դի­մե­լով։

2) Եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ երբ յա­նուն մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց ու մեծ սկզբունք­նե­րու, զօ­րակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ հայ­կա­կան ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, գործ­նա­կա­նին մէջ եւ էա­պէս իր նեղ շա­հե­րէն ան­դին ոչ մէկ շա­հագրգ­ռու­թիւն ու­նի. միշտ պատ­րաստ է Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը զո­հա­բե­րե­լու իր մրցա­խա­ղե­րուն։

3) Միայն զէն­քով կայ հա­յոց փրկու­թիւն, որ­քան ալ բա­րե­փո­խո­ւին ժա­մա­նակ­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կիրթ ճա­նա­պար­հով ազ­գա­մի­ջեան վէ­ճե­րը հար­թե­լու կո­չեր հնչեն. պար­զա­պէս «կը քա­ղա­քակր­թո­ւին» զէն­քե­րու տե­սակ­ներն ու պա­տե­րազ­մի ռազ­մա­րո­ւես­տը...

4) Ա­ռաս­պել է հա­յոց ան­միու­թիւնն ու ան­միա­բա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին չեն պակ­սիր օր­հա­սա­կան վտան­գը միաս­նա­կան ճա­կա­տով դի­մագ­րա­ւե­լու վճռա­կա­նու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։

Վա­նի ա­ռա­ջին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րով ամ­րագ­րո­ւած հա­յու­թեան միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը խօ­սուն վկա­յու­թիւն է։

Ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան իր այս դա­սե­րուն հա­մար միշտ կը յի­շենք եւ կը յի­շեց­նենք 1896 թո­ւա­կա­նի Յու­նի­սի16ը։

Ն.