Print
Category: Յուշատետր

Յու­նիս 11ի այս օ­րը, 73 տա­րի ա­ռաջ, Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը՝ Չե­լիա­բինս­կի քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը, աք­սո­րի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք գիտ­նա­կա­նը՝ հայ­կա­կան հնա­գի­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն վաս­տա­կա­շատ հա­յա­գէտ Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թա­րը։

Ս­տա­լի­նեան «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն» մեծ զո­հե­րէն է հա­յա­գի­տու­թեան այս ե­րախ­տա­ւո­րը, ո­րուն կեն­սագ­րու­թիւ­նը ըստ ար­ժան­ւոյն եւ սպա­ռիչ կեր­պով դեռ ներ­կա­յա­ցո­ւած չէ, իսկ կա­տա­րած տի­տա­նա­կան գործն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը միայն վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն է, որ լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րո­ւին, կը վե­րար­ժե­ւո­րո­ւին։

Միայն վեր­ջերս՝ 2005ի Դեկ­տեմ­բե­րին էր, որ նոր մտա­ծո­ւե­ցաւ յու­շա­տախ­տակ դնե­լու Ե­րե­ւա­նի Տէ­րեան փո­ղո­ցի թիւ 62 տան պա­տին՝ սե­րունդ­նե­րուն վկա­յե­լու հա­մար, որ «հա­յա­գէտ, հնա­գէտ, պատ­մա­բան Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թա­րը 1935-38 թթ. ապ­րել է այս տա­նը»:

Նոյն­պէս վեր­ջերս, միայն 2007ին, Հ.Հ. Գի­տու­թիւն­նե­րի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ Ա. Քա­լան­թա­րի կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րէն «­Հա­յաս­տան Քա­րէ դա­րից Միջ­նա­դար» ա­նու­նը կրող ստո­ւա­րա­ծա­ւալ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը։ Նոյն այս գոր­ծը, Քա­լան­թա­րի «­Վանս­տա­նի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» եւ «­Նիւ­թեր հայ­կա­կան եւ Ու­րար­տա­կան պատ­մու­թիւ­նից» ա­նուն աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց հետ, անգ­լե­րէ­նով եւ ե­րեք պատ­կա­ռե­լի հա­տոր­նե­րով, վեր­ջերս հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան Փա­րի­զի մէջ՝ «­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րը» հե­ղի­նա­կա­ւոր մա­տե­նա­շա­րով, ար­ժա­նա­նա­լով եւ­րո­պա­կան ու ա­մե­րի­կեան մաս­նա­գէտ­նե­րու բարձր գնա­հա­տան­քին։

Այդ ա­ռի­թով Հ­ռո­մի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր, նշա­նա­ւոր ու­րար­տա­գէտ Սալ­վի­նի գրեց, որ «­Քա­լան­թա­րի գիր­քին հրա­տա­րա­կու­մով՝ գի­տու­թեան հա­մար լիա­կա­տար ոչն­չա­ցու­մէ փաս­տօ­րէն կը փրկո­ւին Վա­նի ու­րար­տա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեանց մէկ հա­տո­ւա­ծը»:

Իսկ Շի­կա­քո­յի հա­մալ­սա­րա­նի պրո­ֆե­սոր, հնա­գէտ Ա­դամ Ս­միթ գրեց, թէ «­Քա­լան­թա­րի կեանքն ու գոր­ծը կը բա­ցա­յայ­տեն այն մնա­յուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ Հայ­կա­կան Լեռ­նաշ­խար­հը ու­նի հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մէջ»:

Նոյն­պէս «Ա­մե­րի­կեան Հ­նա­գի­տա­կան Հան­դէս»ը, Ա. Քա­լան­թա­րի գոր­ծե­րուն փա­րի­զեան հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին հա­տո­րին նո­ւի­րո­ւած իր գրա­խո­սա­կա­նին մէջ, գրեց.- «Ե­թէ մին­չեւ հի­մա Լե­ման-­Հաուպտն ու Մա­ռը կը հա­մա­րո­ւէին Հա­րա­ւա­յին Անդր­կով­կա­սի վաղ պատ­մու­թեան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը, ա­պա այս հա­տո­րը հա­մո­զիչ կեր­պով ցոյց կու տայ, որ ոչ այլ ոք, քան Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թարն է ե­ղած Հայ­կա­կան Բարձ­րա­ւան­դա­կի հնա­գի­տու­թեան ման­րակր­կիտ հիմ­նա­դի­րը»:

Այս­պի­սի՛ տա­րո­ղու­թեան եւ մե­ծու­թեան ար­ժէք է Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թար, որ ծնած է 1884ի Փետ­րուար 11ին, Լո­ռիի Ար­դո­ւին գիւ­ղը։ Լո­ռիս-­Մե­լի­ք­նե­րու նշա­նա­ւոր գեր­դաս­տա­նէն սե­րած է ան: Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան դպրո­ցին մէջ իր ստա­ցած նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած եւ ամ­բող­ջա­ցու­ցած է Սան Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

Հ­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է կա­նու­խէն՝ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նէն, 1907ին մաս­նակ­ցե­լով իր ու­սու­ցի­չին՝ Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռի ղե­կա­վա­րած Ա­նիի պե­ղում­նե­րուն: Ա­ւե­լի ուշ, Լո­ռիի հա­րուստ վի­մագ­րա­կան եւ հնա­գի­տա­կան՝ իր հե­տա­զօ­տած նի­թե­րուն մա­սին զե­կու­ցու­մով հան­դէս ե­կած է Սան Փե­թերս­պուր­կի մէջ։ Իսկ 1914ին, Ա­նիի 13րդ հ­նա­գի­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վա­րու­մը Մա­ռը վստա­հած է, իր բա­ցա­կա­յու­թեան, Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թա­րի:

Այդ աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քով՝ Ա­նիէն 6000 հնա­գի­տա­կան ի­րեր տե­ղա­փո­խո­ւած են Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տան ու փրկո­ւած ոչն­չաց­ման այն ստոյգ վտան­գէն, որ թրքա­կան ձե­ռամբ հե­տա­գա­յին բա­ժին հանուե­ցաւ Ա­նիին։

Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թար Սան Փե­թերս­պուր­կի Հ­նա­գի­տու­թեան Ինս­տի­տու­տի ան­դամ էր, Ռու­սաս­տա­նի Կայ­սե­րա­կան Հ­նա­գի­տա­կան Ըն­կե­րու­թեան ան­դամ: Եւ երբ հռչա­կո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը, Ա. Քա­լան­թար ա­ռա­ջին ար­ձա­գան­գող­նե­րէն ե­ղաւ հա­յոց Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նը հիմ­նե­լու Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Ե­կաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի հնա­գի­տու­թեան բաժ­նի հիմ­նա­դի­րը դառ­նա­լով եւ այդ նիւ­թով հա­յե­րէն ա­ռա­ջին դա­սա­գիր­քը պատ­րաս­տե­լով։

Ինչ­պէս որ մշա­կու­թա­բան եւ պատ­մա­բան Գ­րի­գոր Կա­րա­խա­նեան կը վկա­յէ՝ «Ա. Քա­լան­թա­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ա­մե­նա-ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կող­մը, որ ա­ւե­լի ուշ թե­րեւս ճա­կա­տագ­րա­կան ե­ղաւ, մաս­նակ­ցու­թիւնն է հայ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­մա­նը: 1915ին նա մտնում է զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կի կա­մա­ւո­րա­կան գունդ՝ մաս­նակ­ցե­լով ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին եւ դառ­նում Անդ­րա­նի­կի թարգ­մա­նիչ-խորհր­դա­կա­նը»:

Ա. Քա­լան­թա­րի վաս­տա­կը վճռո­րոշ ե­ղաւ հայ հնա­գի­տա­կան դպրո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան մէջ: Ան դա­սա­խօ­սա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րեց, սկիզ­բը, Թիֆ­լի­սի Անդր­կով­կա­սեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Ա­պա՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ, շուրջ եր­կու տաս­նա­մեակ։ Խորհր­դա­յին կար­գե­րու պար­տադր­ման խու­ժա­նա­յին տա­րի­նե­րուն, Քա­լան­թար ե­ղաւ նաեւ հայ ազ­գա­յին այն քա­ջա­րի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, որ ամ­բողջ հա­սա­կով ծա­ռա­ցաւ եւ պայ­քա­րե­ցաւ հայ մշա­կոյ­թի եւ հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան նիւ­թե­ղէն ժա­ռան­գու­թիւ­նը քան­դե­լու, ա­ւե­րե­լու կամ փո­շիաց­նե­լու պոլ­շե­ւի­կեան բար­բա­րո­սու­թեան դէմ։

Ա. Քա­լան­թար՝ Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նի եւ Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Յով­սէ­փեա­նի հետ՝ դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ «Հ­նու­թիւն­նե­րի Պահ­պա­նու­թեան Կո­մի­տէ»ի ստեղծ­ման։ Այդ կեդ­րո­նին շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­ցան Մար­տի­րոս Սա­րեան, Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեան, Գա­րե­գին Յով­սէ­փեան եւ Թո­րոս Թո­րա­մա­նեան. իսկ Քա­լան­թար ե­ղաւ կեդ­րո­նի գի­տա­կան քար­տու­ղա­րը:

Այդ հան­գա­ման­քով իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեամբ, Քա­լան­թար անգ­նա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցեց հայ նիւ­թե­ղէն, յու­շար­ձա­նա­յին մշա­կոյ­թի ոչ միայն ու­սում­նա­սի­րու­թեան, այ­լեւ պահ­պա­նու­մին: Յայտ­նի են ա­նոր ջան­քե­րը, Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նի հետ միա­սին, Ե­րե­ւա­նի միջ­նա­դա­րեան հո­գե­ւոր եր­կու հրա­շա­լի յու­շար­ձան­նե­րուն` Սբ. Պօ­ղոս-­Պետ­րոս եւ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պոլ­շե­ւի­կեան քան­դու­մը կան­խե­լու եւ կա­սեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Բայց ա­նոնց բազ­մա­թիւ դի­մում­ներն ու յոր­դոր­նե­րը՝ այդ կա­ռոյց­նե­րը որ­պէս ճար­տա­րա­պե­տա­կան բա­ցա­ռիկ ար­ժէք­ներ պահ­պա­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ­՝ա­պար­դիւն ան­ցան. հայ մշա­կոյ­թի այդ նիւ­թե­ղէն հարս­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի չե­ղաւ քան­դու­մէ փրկել, բա­ցա­ռու­թեամբ Կա­թո­ղի­կէէն մնա­ցած ներ­կայ հա­տո­ւա­ծին։

Հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման ի խնդիր իր մղած այդ բուռն պայ­քա­րին հա­մար, Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թար... վճա­րեց շատ ծանր գին։ 1938ին բան­տար­կո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ու­րա­լեան շրջա­նը, ուր եւ 1942ի յու­նի­սեան այս­պի­սի օր մը առ­յա­ւէտ փա­կեց՝ Քա­րէ դա­րէն մին­չեւ Միջ­նա­դար հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան նիւ­թե­ղէն նո­ւա­ճում­նե­րով հմա­յո­ւած իր խո­րա­թա­փանց եւ հմուտ գիտ­նա­կա­նի աչ­քե­րը։

Ա. Քա­լան­թար հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց ա­ւե­լի քան 80 մե­ծար­ժէք աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ հա­շո­ւող պատ­կա­ռե­լի ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն մեծ մա­սը տա­կա­ւին ան­տիպ կը մնայ։

Մե­ծար­ժէք այդ գի­տա­հե­տա­զօ­տու­թեանց շար­քին ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ­ներն են՝

- Միջ­նա­դա­րեան վա­նա­կան հա­մա­լիր Վանս­տա­նի մէջ, 1912-1913ին եւ 1914ին, հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րու զոյգ ար­շա­ւա­խում­բե­րու ըն­թաց­քին, Ա. Քա­լան­թա­րի հա­ւա­քած վի­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը,

- 1917ին Վա­նի գի­տար­շա­ւի ժա­մա­նակ հա­ւա­քո­ւած ու­րար­տա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը,

- 1920ին Կար­սի նա­հան­գին մէջ ա­նոր ղե­կա­վա­րած խմբար­շա­ւի ըն­թաց­քին հա­շո­ւա­ռո­ւած բո­լոր յու­շար­ձան­նե­րը, հա­ւա­քո­ւած վի­մա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, գիտ­նա­կա­նի օ­րա­գիր­նե­րուն մէջ ամ­փո­փո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը տո­ւեալ տա­րած­քի հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ըստ էու­թեան դար­ձած վեր­ջին ներ­կա­յա­ցում­նե­րը` ա­նոնց թուր­քե­րու կող­մէ հե­տա­գա­յին բար­բա­րո­սա­բար ոչն­չա­ցո­ւե­լու պատ­ճա­ռով:

Ա­ռան­ձին գի­տա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նի նիւ­թեր են 1920-30ա­կան­նե­րուն Ա. Քա­լան­թա­րի կա­տա­րած դաշ­տա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւնք` հին եւ միջ­նա­դա­րեան Հա­յաս­տա­նի նիւ­թե­ղէն մշա­կոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ գոր­ծե­րը` «­Քա­րէ դա­րը Հա­յաս­տա­նում», «­Հին Վա­ղար­շա­պա­տի պե­ղում­նե­րը», «­Մի հնա­գոյն ջրա­բաշ­խա­կան հա­մա­կարգ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նում», «Ա­րա­գա­ծը պատ­մու­թեան մէջ», «Ե­րե­ւա­նի Կա­թո­ղի­կէի պատ­մահ­նա­գի­տա­կան ար­ժէ­քը» եւ այլն:

Հայ­կա­կան Հ­նա­գի­տու­թեան մե­ծա­վաս­տակ ռահ­վի­րա­յին թոռ­ներն են նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կան, ֆի­զի­կա­մա­թե­մա­տի­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր Վա­հագն Գուր­զա­դեան եւ Աշ­խարհ­բեկ Քա­լան­թար-կրտսեր։

Ն.