19 Մայիսը, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջազգային օրն է։
Հելլէնական հինաւուրց քաղաքակրթութեան վերապրող վկան էր Սեւ Ծովու հարաւ-արեւելեան ափունքին տարածուած յունական Պոնտոսը, որ մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը կը հանդիսանար, իր նաւահանգիստ-քաղաք Տրապիզոնով, Փոքր Ասիոյ առեւտրական ամէնէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը։
Բայց թուրք պետական մտածողութիւնը, անկումի եւ փլուզման իր վախճանական փուլին գտնուող Օսմանեան Կայսրութիւնը իբր թէ փրկելու ազգանամոլական քաղաքականութեամբ, յղացաւ եւ Ա. Աշխարհամարտի ընձեռած «յարմար պահուն» գործադրութեան դրաւ թրքական տիրապետութեան տակ ապրող ազգային միաւորները՝ ինչպէս հայ, նոյնպէս եւ յոյն ու ասորի ժողովուրդները բնաջնջելու ցեղասպանական հրէշային ծրագիրը։
1914էն 1923, թէ՛ իթթիհատական եւ թէ՛ քեմալական իշխանութեանց օրով, յաջորդական տեղահանութիւններով ու կոտորածներով, թրքական պետութիւնը ամբողջապէս յունաթափ դարձուց Պոնտոսը։
Ինչպէս որ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մ. Նահանգներու ատենի դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթաու գրեց օրին, «Հայերը Թուրքիոյ ենթակայ միակ ժողովուրդը չէին, որ տառապեցան Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Հայերու մասին իմ պատմած վկայութիւնները, որոշ պատշաճեցումներով, ես կրնամ կրկնել նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն համար»։
Աւելի քան կէս միլիոն պոնտոսցի յոյն զոհ գնաց թրքական իշխանութեանց պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բնորոշ բեմագրութեամբ եւ վայրագրութեամբ ի կատար ածուեցաւ։
- 1914ին սկսաւ զինուորագրումը այսպէս կոչուած Օսմանեան Կայսրութեան «քրիստոնեայ» քաղաքացիներու երիտասարդ տղամարդոց, որոնք դաւադրաբար խմբուեցան «աշխատանքի ջոկատներու» մէջ եւ հետեւողականօրէն կոտորուեցան։
- Այնուհետեւ, իբր թէ պատերազմական գօտիներէն «քրիստոնեայ բնակչութիւնը» ապահով վայրեր փոխադրելու համար, թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին զանգուածային տարագրութեանց՝ օրերով հետիոտն քալելու պարտադրանքին տակ դնելով կիներն ու մանուկները, տարեցներն ու անկարները։
- Ինչ որ «բնական մահը» արագացնող խժդուժ պայմանները չկրցան ընել, յատկապէս այս նպատակով զինուած հրոսակային ջոկատները «կատարեցին»՝ կիները բռնաբարումի տակ սպաննելով, մանուկներն ու ծերերը մորթելով եւ դեռատիները սեփական հարէմները տանելով...
Պոնտոսի յոյներուն դէմ կրկնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ ցեղասպանական «բեմագրութեան» քեմալական փուլը, յար ու նման հայկականին, երբ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Դաշնակիցներու ձեռնածալ վերաբերումէն քաջալերուած, այսօրուան Թուրքիոյ հիմնադիրը կոտորեց եւ տարագրեց Պոնտոսի յոյներուն վերապրող վերջին բեկորները՝ ամբողջապէս յունաթափ ընելով Սեւ Ծովու հարաւ-արեւելեան ափերը։
Պատմական զուգահեռը պահպանուեցաւ նաեւ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեանց նկատմամբ մեծապետական ուժերու դրսեւորած քաղաքական ամօթալի վերաբերումի ճակատին վրայ։
Թէեւ 1920ի Սեւրի դաշնագիրը ամրագրեց ինչպէս հայերուն, նոյնպէս եւ պոնտոսցի յոյներուն ու ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչնալու եւ դատապարտելու, այլեւ արդար հատուցում իրագործելու միջազգային օրինական պարտաւորութիւնը, այդուհանդերձ՝ 1923ի Լօզանի դաշնագրով այդ ամէնը ուրացումի ենթարկուեցաւ եւ Մուսթաֆա Քեմալ «առօք-փառօք» հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու գերեզմանումին վրայ հաստատեց իր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը»։
Երկար տասնամեակներ ողջ աշխարհին կողմէ մոռացութեան մատնուեցաւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը։ Նոյնինքն Յունաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակի պէտք ունեցաւ, որպէսզի պաշտօնապէս կարենայ, 1994ին, իր խորհրդարանով որոշում կայացնելու Մայիս 19ը Յունական Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման Օր հռչակելու մասին։
Աւելի քան բնական ու հասկնալի է, հետեւաբար, պատմական այս զուգահեռներու լոյսին տակ, որ մեր օրերուն միասնաբար եւ ձեռք-ձեռքի տուած յառաջ կþընթանան Հայոց, Պոնտոսի Յունաց եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեանց միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման քայլերը։ Այդ առումով վճռորոշ նշանակութիւն ունեցաւ 2011ին Շուէտի խորհրդարանին որդեգրած ծանօթ որոշումը, որ իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչցաւ եւ դատապարտեց ինչպէս հայ ժողովուրդին, նոյնպէս եւ պոնտոսի յոյներուն ու Փոքր ասիոյ ասորիներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած ազգային բնաջնջման ոճիրները։
Այնուհետեւ տարուէ տարի կþաւելնայ Պոնտոսի Յոյներուն Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող միջազգային կազմակերպութեանց ու առանձին պետութեանց թիւը։
Իր կարգին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յատկապէս Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան հետեւողական ճիգերուն ու դիմումներուն ընդառաջելով եւ արձագանգելով, 2015 թուականի Մարտ 24ի Ազգային Ժողովի նիստին, միաձայնութեամբ՝ 117 քուէով որդեգրեց հետեւեալ զօրակցական բանաձեւը.- «Առաջնորդուելով Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովի 1946 թուականի Դեկտեմբերի 11ին ընդունուած 96 (1) բանաձեւով եւ 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ի Մ.Ա.Կ.ի «Ցեղասպանութեան նախազգուշացման եւ դրա համար նախատեսուած պատժի», ինչպէս նաեւ 1968 թուականի Նոյեմբերի 26ի «Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնների եւ ռազմական յանցագործութիւնների վաղեմութեան ժամկէտի անընդունելիութեան» մասին Ուխտերով ու Մարդու Իրաւունքների մասին բոլոր այլ միջազգային Աքթերի դրոյթներով ու սկզբունքներով, հաշուի առնելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդների` դարերից բխող բարեկամական յարաբերութիւնները` Հայաստանի Ազգային Ժողովը յայտարարում է, որ դատապարտում է Օսմանեան Կայսրութիւնում իրականացուած յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը»:
Հայերու, Պոնտոսի Յոյներու եւ Ասորիներու պայքարը տակաւին երկար ճամբայ ունի, մինչեւ որ թրքական ցեղասպան պետութիւնը դատաստանի առջեւ հանուի, արդար պատիժ կրէ եւ հատուցում կատարէ նահատակուած երեք ազգերուն։
Կարեւորը միացեալ ուժերով այդ պայքարը յառաջ մղելու վճռակամութիւնն է, որ այսօր վարակած է նահատակ ծնողներուն մարտունակ զաւակները։
Քանի մը տարի առաջ, միասնական այդ պայքարը առաջնորդող զօրակցական ոգին արտայայտելով՝ վաղամեռիկ մեր ընկերը՝ ատենի Հ.Յ.Դ. Պատգամաւորական Խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Ապրիլ 23ին հետեւեալը կը յայտարարէր Հ.Հ. Ազգային Ժողովին մէջ կայացած հանդիպման մը ժամանակ, որուն կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները.-
«1915-1922թթ. տեղահանուեցին եւ կոտորուեցին Փոքր Ասիայի տարածքում բնակուող 2,5 միլիոն քրիստոնեաներ - 1,5 միլիոն հայ, 600 հազար յոյն եւ շուրջ 400 հազար ասորի, եզիդի եւ այլ ազգային փոքրամասնություններ զոհ գնացինփ թուրքական կառավարութեան կազմակերպած ոճիրի հետեւանքով։
«Այսօր հայերին, յոյներին, ասորիներին եւ ցեղասպանուած միւս ժողովուրդներին համախմբում են ընդհանուր ցաւն ու պայքարը»։
Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար միացեալ պայքարի այդ պատգամը փոխանցող օրն է Մայիս 19ը։
Ն.