Print
Category: Յուշատետր

 Մա­յիս 14ի օ­րը Հա­յոց Յու­շա­տետ­րին մէջ կը յատ­կան­շո­ւի հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ազ­գա­յին-պե­տա­կան կա­ռոյ­ցը կեան­քի կո­չե­լու պատ­մա­կան քայ­լով։

Ար­դա­րեւ, 23 տա­րի ա­ռաջ, Մա­յիս ամ­սու այս օ­րը, գործ­նա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տեց «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը, որ կեան­քի կո­չո­ւած էր իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մազ­գա­յին ու ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան՝ ազ­գա­յին-պե­տա­կան գլխա­ւոր կա­ռոյ­ցը։ Կա­ռոյց՝ որ կո­չո­ւած էր ծա­ռա­յե­լու Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան զար­գաց­ման եւ բա­րե­լաւ­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը միաս­նա­կան ու­ժե­րով նո­ւա­ճե­լու նպա­տա­կին։

1992ի Մա­յիս 14ին, վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ նո­րաս­տեղծ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի Հո­գա­բար­ձում­նե­րու Խոր­հուր­դին ա­ռա­ջին լիա­կա­տար նիս­տին։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, 23 Սեպ­տեմ­բեր 1991ի Հան­րա­քո­ւէով, վե­րա­կանգ­նեց իր ան­կա­խու­թիւնն ու ա­զա­տու­թիւ­նը, իսկ վեց ա­միս ետք՝ 1992ի Մարտ 3ին, Հ.Հ. անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի պաշ­տօ­նա­կան հրա­մա­նագ­րով՝ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը (Հ.Հ.Հ.)։

Հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման պե­տա­կան ո­րո­շու­մը ի­րա­գործ­ման հու­նի մէջ մտաւ 14 Մա­յի­սին, երբ հա­մա­հայ­կա­կան պե­տա­կան, հո­գե­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան հի­մուն­քով կազ­մո­ւած Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դը գու­մա­րեց իր անդ­րա­նիկ նիս­տը։

Պատ­մա­կան փաստ է, որ հայ­րե­նի­քին, երկ­րի հա­յու­թեան եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան օգ­նու­թեան փու­թա­լու գա­ղա­փա­րը միշտ ալ վառ ե­ղած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման օ­րե­րուն իսկ, 1919 թո­ւա­կա­նին, Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած ա­րեւմտա­հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր մէջ բա­ւա­րար ուժ գտաւ, որ­պէս­զի Պոլ­սոյ մէջ նա­խա­ձեռ­նէր Հա­յաս­տա­նի օգ­նու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց մը ստեղ­ծե­լու քայ­լին։

Այդ քայ­լին ան­վե­րա­պա­հօ­րէն եւ ան­մի­ջա­պէս ըն­դա­ռա­ջեց ու տէր կանգ­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։

Իսկ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք, խորհր­դա­յին­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս չա­րա­շա­հել փոր­ձե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան այդ վառ ապ­րում­նե­րը...

Հա­յաս­տա­նին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու նշա­նա­բա­նին տակ, Կար­միր Ե­րե­ւա­նը հե­տա­մուտ դար­ձաւ, սփիւռ­քի տա­րած­քին ի­րեն հար­կա­տու կա­ռոյց­նե­րու սեր­մա­նու­մով, խորհր­դա­յին հա­մայ­նա­վա­րու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծե­լու այ­լա­սե­րիչ նպա­տա­կին ի­րա­կա­նաց­ման։

Ան­շուշտ յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան է­ջը տե­ղը չէ անդ­րա­դառ­նա­լու - «­Հա­յաս­տա­նի Օգ­նու­թեան Կո­մի­տէ» եւ «­Հայ­րե­նի­քի Օգ­նու­թեան Ֆոնտ» ա­նուն­նե­րու տակ - խորհր­դա­յին­նե­րուն կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած «հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­ներ»ու դառն ու տխուր պատ­մու­թեան, այ­լեւ՝ ազ­գը պա­ռակ­տող ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան։

Այ­սօր տա­րե­դարձն է մեր ժա­մա­նակ­նե­րու «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին, որ իր շուրջ հա­մախմ­բած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը եւ, իր ի­րա­գոր­ծած ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող ծրա­գիր­նե­րով, հպար­տու­թեամբ լե­ցու­ցած է հա­յոց սե­րունդ­նե­րը։

Ան­մի­ջա­պէս պէտք է ընդգ­ծել, որ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի նո­ւա­ճած ազ­գա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան հպար­տա­ռիթ ու­ղին այն­քան ալ հե­զա­սահ չե­ղաւ։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հար­թո­ւե­ցաւ ծանր փոր­ձու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լու եւ քա­ղա­քա­կան խո­չըն­դոտ­ներ վնա­սա­զեր­ծե­լու գնով։

Մեր սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին կը յա­մե­նան վե­րապ­րուկ­նե­րը քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան պա­ռակտ­ման այն հեղ­ձու­ցիչ մթնո­լոր­տին, որ Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն, յատ­կա­պէս մին­չեւ Լե­ւոն Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րու­մը, հե­տե­ւե­ցաւ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի քայ­լե­րուն։

Վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­ռա­ջին իշ­խա­նու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն փոր­ձեց եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի «քա­ղա­քա­կա­նաց­նէ» եւ սե­փա­կան իշ­խա­նու­թեան հա­շիւ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նէ հա­մազ­գա­յին այն­քա՜ն կեն­սա­կան այս կա­ռոյ­ցը եւս...

Քա­ղա­քա­կան այդ պա­ռակ­տիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լիով շեշ­տե­լու ծա­ռա­յե­ցին Հիմ­նադ­րա­մի ա­տե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան գոր­ծած նիւ­թա­կան չա­րա­շա­հում­նե­րը՝ հան­գա­նա­կո­ւած նո­ւի­րա­տո­ւու­թեանց ըստ կամս եւ ի սպաս անձ­նա­կան իւ­րա­ցում­նե­րու մսխում­նե­րը։

Այդ բո­լո­րը մեր ե­տին են եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը այ­սօր հպար­տու­թեամբ կ­’ար­ժե­ւո­րէ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ըստ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի կա­նո­նադ­րու­թեան՝ Հ.Հ.Հ.ի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար մար­մի­նը Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուրդն է, ո­րուն նա­խա­գա­հը ի պաշ­տօ­նէ Հ.Հ. նա­խա­գահն է։

Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դը կը բաղ­կաց­նեն Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քը, Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պետ­նե­րը, Հ.Հ. Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի եւ Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան նա­խա­գահ­նե­րը, Հ.Հ. նա­խա­րար­ներ, հա­մա­հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թեանց՝ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան, Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան եւ Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան լիա­զօ­րած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, հան­րա­ծա­նօթ ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ Ս­փիւռ­քէն։

Հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն եւ մեծ ներդ­րում ու­նին հա­մա­հայ­կա­կան այս կա­ռոյ­ցին ա­ռա­ջա­ցու­ցած տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու (­Լոս Ան­ճե­լըս եւ Նիւ Եորք), Ֆ­րան­սա­յի, Քա­նա­տա­յի (­Թո­րոն­թօ եւ Մոն­րէալ), Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Գեր­մա­նիոյ, Հո­լան­տա­յի, Զո­ւի­ցե­րիոյ, Աւստ­րիա­յի, Շո­ւէ­տի, Լի­բա­նա­նի, Աւստ­րա­լիոյ, Պ­րա­զի­լիա­յի, Ար­ժան­թի­նի (­Պո­ւէ­նոս Այ­րէս եւ Քոր­տո­պա), Յու­նաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Սու­րիոյ, Ու­րու­կո­ւէ­յի, Ռու­մա­նիոյ, Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան, Ի­րա­նի, Ի­տա­լիոյ եւ Քո­ւէյ­թի մէջ։

Տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դի նիս­տե­րուն։

Հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ցարդ հա­ւա­քո­ւած է ա­ւե­լի քան 320 մի­լիոն տո­լար։

Հիմ­նադ­րա­մը ար­դէն թե­ւա­կո­խած է նոր փուլ, ուր հա­մա­հայ­կա­կան իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լիար­ժէք եւ ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու ճամ­բուն վրայ, ան լայն բա­ցած է իր գոր­ծու­նէու­թեան աշ­խար­հագ­րա­կան կար­կի­նը, նե­րա­ռած է նաեւ սփիւռ­քեան գօ­տիի այն հա­յօ­ճախ­նե­րը եւ կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնք ա­ղէ­տա­հար են ի­րենց կար­գին կամ ծանր տագ­նապ կը դի­մագ­րա­ւեն՝ ի­րենց հա­յա­պահ­պան­ման եւ ազ­գա­կերտ­ման գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։

Ն.