Print
Category: Յուշատետր


Թէեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Օգոստոս 12ը հռչակած է իբրեւ Երիտասարդութեան Միջազգային Օր, որ իբրեւ այդպիսին պաշտօնապէս ճանչցուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, այսուհանդերձ՝ խորհրդային անցեալէն յամեցող սովորոյթի ուժով, այսօր ալ կը շարունակուի Նոյեմբեր 10ին, հայրենիքի մէջ, տօնել Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։

Հայաստանեան «Փաստ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, օրինակի համար, որ այսօր՝ Նոյեմբեր 10ին, Երեւանի «Յենարան» ակումբին մէջ, Երիտասարդութեան Համաշխարահային Օրուան առիթով, տեղի կþունենայ բազմաձայն ասուլիս մը՝ «Քաղաքականութիւնը որպէս երիտասարդութեան առաջխաղացման միջո՞ց» նիւթով։ Ասուլիսին կը մասնակցին «Երեւանի Պետական Համալսարանի Երիտասարդ Համալսարանականների Միաւորում» կազմակերպութեան, «Միասին» Երիտասարդական Շարժման, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութեան Երիտասարդական բաժնի ներկայացուցիչները:
Այս առումով ուշագրաւ է, որ Հ.Հ. Սպորտի եւ Երիտասարդական Հարցերի նախարարութիւնը վերջին տարիներուն, ամէն Նոյեմբեր 10ի առիթով, պաշտօնապէս կը ներկայանայ հանրային կարծիքին՝ դիտել տալու համար, որ 1999 թուի Դեկտեմբեր 17ի իր որոշումով, Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Համաժողովը Օգոստոս 12ն յայտարարած է Երիտասարդութեան Միջազգային Օր։ Մ.Ա.Կ.ի այդ որոշումը փաստօրէն կþընդառաջէր տարի մը առաջ, 1998ի Օգոստոս 8էն 12 Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդութեան հարցերով նախարարներու համաշխարհային խորհրդաժողովին որդեգրած առաջարկութեան։ Նմանօրինակ պաշտօնական ճշդում կատարելով հանդերձ՝ Հ.Հ. համապատասխան նախարարութեան ներկայացուցիչները չեն վարանիր ողջունելու նաեւ Նոյեմբեր 12ի նշումն ու այդ առիթով կազմակերպուած հրապարակային ձեռնարկները՝ «երիտասարդութեան իրազեկութեան բարձրացմանը նպաստելու նպատակով»։
Պատմական իրողութիւնը այն է, որ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին, 1945 թուականի Նոյեմբեր 10ին, Լոնտոնի մէջ գումարուած երիտասարդական միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, հիմը դրուեցաւ «Ժողովրդավարական Երիտասարդութեան Համաշխարհային Դաշնակցութիւն» (Ժ.Ե.Հ.Դ.) անունով ոչ¬կառավարական կազմակերպութեան մը: Նոյեմբեր 12ը Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օր հռչակած այդ համաժողովին նախաձեռնողը եղած էր Երիտասարդութեան Համաշխարհային Խորհուրդը, որ Երկրորդ Աշխարհամարտի ժամանակ կեանքի կոչուած էր Դաշնակից Ուժերուն կողմէ՝ ֆաշիզմի եւ ռասիզմի դէմ պայքարելու նպատակով: 
1945ի Լոնտոնեան Համաժողովին հետեւած եւ աւելի քան քառորդ դար աշխարհը երկփեղկած Պաղ Պատերազմի ամբողջ ժամանակաշրջանին, նախ նորաստեղծ Ժ.Ե.Հ.Դ. կազմակերպութիւնը ինք եւ, ապա, անոր ճամբով աշխարհով մէկ նշուող Նոյեմբեր 10ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը նոյնացուեցան Խորհրդային Միութեան ծաւալած «հակակայսերապաշտական» պայքարին հետ։ Այդ պատճառով ալ Արեւմտեան Աշխարհի երիտասարդական կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս հեռաւորութիւն պահեցին թէ՛ Ժ.Ե.Հ.Դ.էն, թէ՛ Նոյեմբեր 10ի առիթով կազմակերպուող միջազգային հանդիսութիւններէն եւ ելոյթներէն։ Նոյնիսկ Ընկերվարական եւ Ընկերվար¬Ժողովրդավար կուսակցութեանց երիտասարդական թեւերը հեռացան Ծայրայեղ Ձախի եւ խորհրդային Հինգերորդ Շարասիւնի հռչակ ստացած կազմակերպութենէն եւ հիմը դրին Ընկերվար Միջազգայնականի երիտասարդական ուրոյն կառոյցին ու համապատասխան կազմակերպութեան։
Այսուհանդերձ՝ Պաղ Պատերազմի ժամանակաշրջանին բնորոշ գաղափարական եւ քաղաքական նմանօրինակ բեւեռացումները արգելք չեղան, որպէսզի Մ.Ա.Կ.ը պաշտօնապէս ճանչնայ միջազգային երիտասարդական շարժման հակադիր բոլոր թեւերը՝ իբրեւ ոչ¬կառավարական կազմակերպութիւններու։
Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ յատկապէս խորհըրդայնամէտ Ժողովրդավարական Երիտասարդութեան Համաշխարհային Դաշնակցութեան կողմէ, ամէն Նոյեմբեր 10ին, տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած Երիտասարդներու եւ Ուսանողներու Համաշխարհային Փառատօնը գաղափարական մեծ խանդավառութիւն առաջացնելու առիթ մը եղաւ միջազգային երիտասարդութեան համար։
Խորհրդային Հայաստանը բացառութիւն չկազմեց եւ, հետեւաբար, մեր հայրենիքին վերանկախացումէն ետք ալ, Նոյեմբեր 10ը շարունակեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան իր խորհուրդը պահել՝ թէեւ ոչ¬պաշտօնական նշանակութեամբ այլեւս։
Ընդհանուր հաշուարկով, երկրագունտի բնակչութեան մինչեւ 25 տարեկանները կը պարզեն 3 միլիառի թուաքանակ մը։ Անոնց կէս միլիառը կþապրի աղքատութեան մէջ։ Սովի հետեւանքով՝ անոնց աւելի քան 30 հազարը կը մահանայ ամէն օր։ Մինչեւ 25 տարեկան աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 100 միլիոնը դպրոց չի յաճախեր
Իսկ Մ.Ա.Կ.ի հրապարակած «Աշխարհի երիտասարդութիւն» զեկոյցին համաձայն՝ երկրագունտի բնակչութեան 1,2 միլիառը երիտասարդներ են՝ 15էն 24 տարեկանի միջեւ: Ամբողջ աշխարհի աշխատունակ մարդոց մէկ երրորդը երիտասարդներն են: Մ.Ա.Կ.ի զեկոյցը նաեւ կը մատնանշէ, որ ժամանակակից երիտասարդութիւնը մարդկութեան ողջ պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի կրթեալ սերունդն է: Սակայն «մեծ կեանք» մտնելու պահուն այդ երիտասարդներու դիմագրաւած մեծագոյն խնդիրներն ու դժուարութիւնները կը շարունակեն մնալ աղքատութիւնն ու արժանապատիւ աշխատանք գտնելը։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի բնակչութեան երիտասարդ խաւին, մօտաւոր գնահատումով աւելի քան 900 հազար է թիւը 17էն 30 տարիքի մէջ գտնուողներուն։ Բայց Հ.Հ. կառավարութիւնը կը գտնէ, որ վիճակագրական անհրաժեշտ տուեալները կը պակսին՝ ըստ արժանւոյն գնահատելու համար մեր երիտասարդութեան պարզած վիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Այդ նպատակով ալ Հ.Հ. Սպորտի եւ Երիտասարդական Հարցերի նախարարութեան յանձնարարուած է, որ վիճակագրական ու վերլուծական սպառիչ ուսումնասիրութիւն մը կատարէ եւ, համապատասխան զեկոյցով, ձեռնամուխ ըլլայ երիտասարդութեան համար պետական յատուկ քաղաքականութեան մը ծրագրումին եւ մշակումին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաւաստիացումով՝ Հ.Հ. Երիտասարդութեան մասին այդ Զեկոյցը գրեթէ մօտեցած է իր աւարտին եւ հանրութեան պիտի ներկայացուի յառաջիկայ Դեկտեմբերին։

Ն.