Print
Category: Յուշատետր

­«Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Կով­կա­սեան Բ. Կ. Կո­մի­տէի ո­րոշ­մամբ՝ Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան Նա­կա­շի­ձէ, փետ­րո­ւա­րեան ե­ղեռ­նի գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը, Մա­յի­սի 11/24ին են­թար­կո­ւեց տե­ռո­րի՝ ռում­բի մի­ջո­ցաւ։ Նա­հան­գա­պե­տը սպան­նո­ւեց տեղ­նու­ տե­ղը։ Տե­ռո­րիս­տը ա­զատ է»...

Այդ­պէ՛ս, հե­ռագ­րա­լու­րի մը պէս խիտ եւ մե­ծա­տառ ու մա­հավ­ճի­ռի մը նման հա­տու եւ ա­հազ­դու, վե­րե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ճա­կա­տը Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի Յու­նիս 1905ի հա­մա­րին ա­ռա­ջին է­ջին։

Սոսկ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը չե­ղաւ «Դ­րօ­շակ»ի այդ ազ­դը, այլ՝ ա­րիւ­նա­լի ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ե՛ւ ող­բեր­գա­կան, ե՛ւ դիւ­ցազ­նա­կան խոր­հուր­դը փո­խան­ցեց հա­յոց պատ­մու­թեան ու մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու լի­նե­լու­թեան ա­հեղ կռո­ւի ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն մէ­կը ե­ղաւ 11 Մա­յիս 1905ին Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։

Ու­սա­նե­լի գլխա­ւոր դա­սը, ան­շուշտ, Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի հա­կա­հայ դա­ւադ­րու­թեան մեր­կա­ցումն էր։ Ինչ­պէս որ ա­հա­բեկ­ման ազ­դին հե­տե­ւող եւ «­Հա­մի­դա­կա­նու­թիւ­նը Կով­կա­սում» խո­րագ­րո­ւած իր խմբագ­րա­կա­նով «Դ­րօ­շակ» կ­þընդգ­ծէր օ­րին, 1905ի Փետ­րո­ւա­րին Բա­գո­ւի մէջ սկսած եւ այ­նու­հե­տեւ, ա­ւե­լի քան տա­րի մը, ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին պար­բե­րա­բար կրկնո­ւած հա­կա­հայ ջար­դե­րը ոճ­րա­յին մտայ­ղա­ցումն էին Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց։ Թիֆ­լի­սի մէջ փո­խար­քայ իշ­խան Գո­լի­ցի­նը եւ Բա­գո­ւի մէջ նա­հան­գա­պետ իշ­խան Նա­կա­շի­ձէն, Ցա­րա­կան ար­քու­նի­քի հրա­հանգ­նե­րը գոր­ծադ­րե­լով, ի­րե՛նք զի­նե­ցին Անդր­կով­կա­սի թուրք¬թա­թար ամ­բո­խը եւ... զայն ար­ձա­կե­ցին ան­զէն ու ան­մեղ հա­յու­թեան դէմ։

Ցա­րիզ­մի նպա­տա­կը մէկ ու միակ էր. ինչ­պէս որ Սուլ­թա­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու մտօք, ձեռ­նար­կեց հա­րիւր¬հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին, միեւ­նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ Ցա­րը, Անդր­կով­կա­սի մէջ իր բռնա­տի­րու­թեան դէմ ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը ճզմե­լու հա­շո­ւար­կով, ո­րո­շեց ազ­գա­մի­ջեան ընդ­հա­րում­ներ հրահ­րել եւ թուրք¬թա­թար մահ­մե­տա­կան ամ­բո­խը իբ­րեւ սան­ձիչ մտրակ գոր­ծա­ծել հայ եւ վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ըմ­բոս­տաց­ման խմո­րում­նե­րուն դէմ։ Նաեւ ա­ւե­լի՛ն. երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րած հայ­կա­կան ու­ժեղ դի­մադ­րու­թեան, երբ թուրք¬թա­թար հրո­սա­կա­խում­բե­րը չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրե­ցին Ղա­րա­բա­ղէն մին­չեւ Ե­րե­ւան ու Նա­խի­ջե­ւան, Ցա­րի կա­մա­կա­տար­նե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղան այս ան­գամ հա­յեւվ­րա­ցա­կան ազ­գա­մի­ջեան գրգռու­թեանց հրահ­րու­մին... բայց ա­տի­կա ար­դէն ա­ռան­ձին քննար­կում պա­հան­ջող յու­շա­տետ­րի էջ է...

Ու­սա­նե­լի միւս կա­րե­ւոր դա­սը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մար­տու­նա­կու­թեան եւ հե­րո­սա­կան սխրան­քի ըն­դու­նա­կու­թեան ամ­րագ­րումն էր։

Հա­կա­ռակ իր փոքր ա­ծո­ւի հան­գա­ման­քին եւ, դա­րա­ւոր գե­րու­թեան հե­տե­ւան­քով, ազ­գա­յին¬պե­տա­կան ու­ժի տար­րա­կան կռո­ւան­նե­րէն զրկո­ւած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ իր ծո­ցէն ստեղ­ծել եւ իր ազ­գա­յին շուն­չով սնու­ցա­նել յե­ղա­փո­խա­կան այն­պի­սի՛ ու­ժեղ շար­ժում, որ ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ժա­մա­նա­կի եր­կու ա­մէ­նէն բիրտ կայս­րու­թեանց՝ սուլ­թա­նա­կան եւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեանց դէմ ոտ­քի հա­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին Ի­րա­ւունք ու Ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող հուժ­կու բա­զու­կը։

Այդ ա­ռու­մով՝ ջար­դա­րար ռուս իշ­խա­նա­ւո­րին, Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տին ա­հա­բե­կու­մը հա­տու ազ­դա­րա­րու­թիւն մը ե­ղաւ։

110 տա­րի ա­ռաջ, Մա­յի­սի այս օ­րը, ցե­րե­կո­ւան բա­նուկ մէկ պա­հուն, Բա­գո­ւի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն Պա­րա­պե­տի վրայ, ուր­կէ դէ­պի նա­հան­գա­պե­տա­րան, իր ա­մէ­նօ­րեայ ճամ­բով, սրըն­թաց կ­þանց­նէր զի­նեալ պա­հակ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած Նա­կա­շի­ձէի կառ­քը, ե­րի­տա­սարդ մը յան­կար­ծա­կի վա­զեց կառ­քին ուղ­ղու­թեամբ եւ ձեռ­քի ռում­բը նե­տեց նա­հան­գա­պե­տին վրայ։ Ռում­բը ա­հար­կու էր. Նա­կա­շի­ձէ տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցաւ... Մար­դա­շատ փո­ղո­ցին մէջ ի­րա­րան­ցում ա­ռա­ջա­ցաւ. ա­հա­բե­կի­չը խառ­նո­ւե­ցաւ խու­ճա­պա­հար բազ­մու­թեան եւ... ան­հե­տա­ցաւ։

Ե­րի­տա­սարդ ա­հա­բե­կի­չը հայ ժո­ղո­վուր­դի մրրկա­ծին հե­րոս՝ ան­զու­գա­կան Դ­րոն էր, որ հա­զիւ 21 տա­րե­կա­նին այդ­պէ՛ս, օր¬ցե­րե­կով եւ հա­մար­ձա­կօ­րէն, ի գործ դրաւ Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի (­Բա­գո­ւի) Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէին ո­րո­շու­մը։

Իշ­խան Նա­կա­շի­ձէ ծան­րա­գոյն այդ պա­տի­ժին են­թար­կո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ նաեւ անձ­նա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեամբ փաս­տօ­րէն «գե­րա­կա­տա­րեց» Բա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ազ­գա­յին հո­ղի վրայ պա­ռակ­տե­լու եւ ջլա­տե­լու ցա­րա­կան դա­ւա­դիր հրա­հան­գը։

Ձա­րա­կան սադ­րան­քին յա­ջո­ղու­թեան ի խնդիր՝ Նա­կա­շի­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս հրահ­րեց թուրք¬թա­թար զան­գո­ւա­ծին, իր բա­նո­ւո­րու­թեամբ հան­դերձ, խա­ւա­րա­միտ ու կրօ­նա­մոլ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը... Ուղ­ղա­կի իւղ թա­փեց հայ¬թա­թա­րա­կան մրցակ­ցու­թեանց, հա­կադ­րու­թեանց ու վէ­ճե­րու կայ­ծե­րուն վրայ՝ գաղտ­նա­բար զի­նե­լով թա­թար ազ­գայ­նա­մո­լա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւո­րու­թեամբ 6 Փետ­րո­ւար 1905ին, Բա­գո­ւի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ, թա­թար խու­ժա­նը յար­ձա­կե­ցաւ հա­յե­րու եւ ա­նոնց խա­նութ­նե­րուն ու հաս­տա­տու­թեանց վրայ՝ քան­դե­լով, կո­ղոպ­տե­լով եւ սպան­նե­լով...

Փետ­րո­ւար 1905ի այդ ող­բեր­գա­կան օ­րե­րուն, թուրք¬թա­թար ամ­բո­խին կա­տա­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ե­րեք օր։ Ա­ռա­ջին օ­րե­րուն ա­նակն­կա­լի ե­կած հա­յու­թիւ­նը շատ ա­րագ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի դի­մեց՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր յաղթ կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող հայ­դու­կա­պետ Նի­կոլ Դու­մա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Թէեւ թուրք¬թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց սանձ դրո­ւե­ցաւ, բայց եր­կուս­տեք հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր ու վի­րա­ւոր­ներ ին­կան եւ նիւ­թա­կան հսկա­յա­կան կո­րուստ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ։

Այս աս­տի­ճան ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր նա­հան­գա­պետ Նա­կա­շի­ձէն։

Ա­նոր սադ­րան­քը ան­պա­տիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյ­նինքն յան­ցա­գոր­ծը ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մար, թէ՛ նման սադ­րանք­նե­րու եւ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց կրկնու­մը կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով։

Նա­հան­գա­պե­տին դէմ մա­հա­պա­տիժ ո­րո­շեց ոչ միայն Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ յան­ձին Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. Կո­մի­տէի, այ­լեւ՝ ռուս ըն­կեր­վա­րա­կան¬յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին մա­հա­պա­տի­ժի ար­ժա­նի գտան նա­հան­գա­պետ Նա­կա­շի­ձէն։

Մին­չեւ ան­գամ Ռուս Սո­ցիա­լիստ¬­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ­պէս­զի ինք գոր­ծադ­րէ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը վա­յե­լող մա­հա­պատ­ժի այդ ո­րո­շու­մը։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջեց Ռուս Սո­ցիա­լիստ¬­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան դի­մու­մին, բայց այս վեր­ջի­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման ա­ռա­ջին փոր­ձը ան­յա­ջող ան­ցաւ։

Ձա­րիզ­մի նենգ պաշ­տօ­նա­տա­րը ան­պայ­ման պէտք է պատ­ժո­ւէր եւ ի վեր­ջոյ պատ­ժո­ւե­ցա՛ւ Դ­րո­յի ձե­ռամբ։

Դ­րօ այդ շրջա­նին կը ծա­ռա­յէր ռու­սա­կան բա­նա­կին, բայց հա­զիւ լսած Փետ­րո­ւար 6ի թուրք¬թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց լու­րը՝ փու­թաց Բա­գու ու ինք­զինք տրա­մադ­րեց Նի­կոլ Դու­մա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. Կո­մի­տէին։ Դ­րօ նաեւ կա­մա­ւոր իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մի գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար, երբ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին փոր­ձը ձա­խո­ղե­ցաւ։

Եւ Դու­ման իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւաւ։

Եւ 11 Մա­յիս 1905ին Նա­կա­շի­ձէ ստա­ցաւ իր ար­ժա­նի պա­տի­ժը։

Ան­շուշտ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի հա­մար զգաս­տա­ցան ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, նոյն­պէս եւ թուրք¬թա­թար ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժում­նե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Բայց հրձի­գու­թիւ­նը գոր­ծո­ւած էր ար­դէն եւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու թշնա­ման­քը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ սան­ձա­զեր­ծո­ւած էին...

Փոքր ազ­գե­րը պէտք է զո­հա­բե­րո­ւէին, իբ­րեւ պարզ խա­ղա­քա­րեր, մե­ծա­պե­տա­կան ինչ¬ինչ շա­հե­րու ձեռք­բեր­ման եւ ի սպաս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու կար­գա­ւոր­ման... քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

1905¬1906 թո­ւա­կան­նե­րու հայ¬թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը պատ­մու­թեան առ­ջեւ մեր­կա­ցու­ցին ոչ միայն Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի հա­կա­հայ սադ­րանք­նե­րը, այ­լեւ՝ ցե­ղաս­պան էու­թիւ­նը հա­մաթր­քա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը Դա­մոկ­լեան Սու­րի պէս կը սպառ­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին¬պե­տա­կան լիար­ժէք վե­րա­կանգ­նու­մին։

11 Մա­յիս 1905ին Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը հան­դի­սա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին վճռա­կամ պա­տաս­խա­նը՝ թէ՛ փոքր ազ­գե­րը զո­հա­բե­րե­լու պատ­րաստ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու սադ­րան­քին, թէ՛ ա­նոնց ձեռ­քը կոյր գոր­ծի­քի վե­րա­ծո­ւած թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեա­ն։

Ն.