Print
Category: Յուշատետր

Մայիսի առաջին օրերը, 95 տարի առաջ, պատմական բախտորոշ նշանակութեամբ տագնապալի եւ դաժան օրեր եղան Հայաստանի մէջ՝ վճռական անդրադարձ ունենալով 1918ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ, մինչեւ մեր օրերը հասնող հոլովոյթին վրայ։
Ողջ աշխարհը այդ օրերուն ցաւատանջ երկունքի մէջ էր։ Առաջին Աշխարհամարտը քանդած էր «հին աշխարհը», իսկ «նոր աշխարհի» ծնունդը տեղի կþունենար սուր ցաւերու պայմաններուն մէջ։
Յաղթական Դաշնակիցները, գաղթատիրական իրենց ախորժակները սրած, պատերազմական աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու խօլ մրցապայքարի մէջ էին։ Դաշնակիցներու շարքէն դուրս եկած եւ աշխարհէն մեկուսացած Ռուսաստանը գլխիվայր նետուած էր «պոլշեւիզմ կառուցելու» ոլորապտոյտին մէջ։ Իսկ Աշխարհամարտէն անփառունակ պարտութեամբ դուրս եկած թրքական պետութիւնը յուսահատական իր վերջին մաքառումները կþընէր՝ փլուզուած Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն տակէն Թուրքիան «փրկելու» համար։
Ահա՛ միջազգային նման պայմաններու մէջ, անկախ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական պարագլուխները, իրենց ազգակից ու գաղափարակից թուրք ազգայնականներ Մուսաթաֆա Քեմալի եւ Քեազիմ Քարապեքիրի օգնութեամբ եւ խորհուրդներով, 28 Ապրիլ 1920ին որոշեցին ատրպէյճանական դրօշը փոխարինել պոլշեւիկեան Կարմիր Դրօշով եւ, իբրեւ Խորհրդային Ռուսաստանի զինակից, կարմիր համազգեստով կռուի դաշտ նետուեցան Հայաստանի դէմ՝ արեւմուտքէն արշաւող քեմալական զօրքին հետ ձեռք¬ձեռքի տուած իրականացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան կործանման ծրագիրը, Լենին¬Քեմալ մեծ դաւադրութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ...
Այդպէ՛ս էր, որ Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օր-ւան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։
Խորհրդայնացած Ատրպէյճանի կարմիր իշխանութիւնները, Ապրիլ 30ին, վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ։
Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, կառավարական¬պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր իր կառավարութեան պատասխանին։ Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պէտք չէ լքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ պարտաւոր էր ամէն գնով պաշտպանել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։
Բայց Ատրպէյճանի սպառնալիքը... ազերիական չէր միայն, արդէն Կարմիր Ռուսաստանի անունով տրուած էր Հայաստանին ուղղուած վերջնագիրը։
Արտաքին սպառնալիքին վրայ գումարուեցաւ ներքին չարիքը, երբ Երեւան հաւաքուած ու Աշխատանքի եւ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ, բայց խռովարար խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին, նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին...
Մայիս 1ի երեւանեան հաւաքը, անտեսելով պոլշեւիկեան կոչերը, մինչեւ իսկ արհամարհելով զանոնք, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ ատրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ, ապա՝ կը դիմէր Կարմիր Ռուսաստանին, որ ընթացք չտայ ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն դուրս եկան։ Քեմալի հետ գաղտնի գործարքի եւ զինակցութեան մէջ մտած պոլշեւիկեան Ռուսաստանը ոչ միայն ընթացք տուաւ ատրպէյճանական գրգռութիւններուն, այլեւ՝ ուղղակիօրէն ինք նախաձեռնարկ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կարմիր բանակայիններու գրոհին։ Իսկ մինչ այդ ատրպէյճանական հալածանքէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած հայ պոլշեւիկները Անդրկովկասի համայնավար ղեկավարութենէն հրահանգ ստացան խռովութիւններ առաջացնելու եւ Հայաստանի խորհրդայնացման «պայքար»ը սկսելու...
Թէեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մեր ժողովուրդը հաստատակամ կանգնեցաւ իր կառավարութեան կողքին եւ պահանջեց դիմագրաւել թէ՛ կարմիր բանակի Զանգեզուրի ուղղութեամբ ներխուժումը, թէ՛ հայ պոլշեւիկներու ապստամբական գրգռութիւնները, այսուհանդերձ՝ երեւանէն դուրս, յատկապէս Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմու Գիւմրին), Մայիս 1էն սկսեալ պոլշեւիկեան խռովութիւնները թափ առին։
Ալեքսանդրապոլը յառաջապահը դարձաւ Մայիսեան խռովութեանց յատկապէս այն պատճառով, որ հոն տեղակայուած հայկական բանակի զրահապատ «Վարդան Զօրավար» գնացքին հրամանատարը՝ զօրավար Մուսայէլեան միացաւ խռովարարներուն, ըմբոստացաւ իր իսկ կառավարութեան դէմ եւ հռչակեց ստեղծումը Հայաստանի Ռազմայեղափոխական Կոմիտէի մը, որուն ինքնակոչ նախագահն ու ռազմական կոմիսարը եղաւ ինք՝ զինակից ունենալով Աւիս Նուրիջանեանն ու Արտաշէս Մելքոնեանը, իբրեւ արտաքին եւ ներքին գործերու կոմիսարներ...
Ալեքսանդրապոլի ապստամբութիւնը բնականաբար անպատասխան չմնաց։ Մայիս 3ին Հայաստանի խորհրդարանը գումարեց արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան կողմէ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զեկուցեց Խորհրդային Ատրպէյճանէն ստացուած վերջնագրին, անոր ետին կանգնած Լենին¬Քեմալ գաղտնի բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ անոր ընկերացող Հայաստանի ներքին խռովութեանց ետին արտաքին ուժերու սադրիչ գործունէութեան եւ հրահրումին մասին։
Ծայր աստիճան բուռն քննարկումներ կատարուեցան. խորհրդարանի անդամ սոցիալիստ¬յեղափոխական եւ սոցիալ¬դեմոկրատ պատգամաւորները հանդէս եկան Կարմիր Ռուսաստանը պաշտպանողի դիրքերէ՝ պնդելով, որ Կարմիր Բանակը չþերթար Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու քայլին։ Նոյն պատգամաւորներուն կողմէ եղան նաեւ արտայայտութիւններ, որոնք Մայիս 1ի եւ անոր հետեւող օրերու ընթացքին տեղի ունեցած խռովութեանց արդարացում կը փորձէին գտնել, զանոնք նկատելով հայ աշխատաւորներու ընկերային արդար դժգոհութեանց դրսեւորումներ։ Բայց Հայաստանի խորհրդարանը ընդհանրապէս կողմնակից գտնուեցաւ աւելի վճռական քայլերու թէ ներխուժող զօրքերուն եւ թէ ներքին խռովարարներուն դէմ։
Այդ մթնոլորտին մէջ, ահա՛, Մայիս 4ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան դաշնակցական նախարարներուն, Հայաստանի Խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիայի պատասխանատուներուն եւ Հ.Յ.Դ. մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Օրակարգի միակ նիւթը դիմագրաւումն էր Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան սպառնացող օրհասական վտանգին։ Վարչապետ Ալ. Խատիսեանի համախոհական (կոալիսիոն) կառավարութիւնը սպառած էր հաշտարար ու խաղաղ լուծման մը յանգելու իր հնարաւորութիւնները եւ եկած էր պատմական պահը վճռական դիրքորոշումի եւ համապատասխան քայլերու։
Հ.Յ.Դ. խորհրդակցութիւնը յանգեցաւ միահամուռ այն եզրակացութեան, որ նախ հարկ էր պոլշեւիկեան ներքին խռովութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդել, ապա՝ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութեանց մէջ մտնելով հանդերձ, բոլոր ուժերով զօրացնել Հայոց Բանակին դիմադրութիւնը ատրպէյճանական կարմիր համազգեստաւորներու հակահայ արշաւանքին դէմ։
Մանաւանդ որ պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր¬Մինասեանի հրահանգով Զանգեզուրը, Յունուարէն սկսեալ, օգնական ուժ կը հասցնէր Արցախին, ուր նախ մուսաւաթական, ապա՝ կարմիր ազերիներու արշաւանքները դադար չունէին։ Գարեգին Նժդեհ արդէն ուղարկուած էր Զանգեզուր, հայկական բանակը լծուած էր արեւելեան եւ հիւսիս¬արեւելեան ճակատներու ամրապնդման զօրաշարժին եւ Ժամանակն էր, որ իրեն պարտադրուած պատերազմի մէջ յայտնուած Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմէր համպատասխան քայլերու։
Այդպէ՛ս առնուեցաւ, Մայիս 4ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ իշխանութիւնը դաշնակցական Բիւրօ¬կառավարութեան ձեռքը կեդրոնացնելու պատմական որոշումը։
Բայց Բիւրօ¬կառավարութեան եւ անոր ձեռնարկած քայլերուն մասին կþարժէ խօսիլ առանձին՝ յուշատետրի Մայիս 5ի էջով։
Հոս անմիջականօրէն շեշտադրումի արժանի է այն իրողութիւնը, որ 1920ի Մայիս 1էն 4 պատահած խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը եղան հայ քաղաքական մտքի ճակտին։
Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւադրական խռովութեանց դիմեցին հայ քաղաքական գործիչներ՝ կարմիր բանակայիններու եւ թուրք¬ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալելու համար հայոց պետականութիւնը։
Սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման փորձ հազուադէպ պատահած է ազգերու պատմութեան մէջ։ Հայ պոլշեւիկները նմանօրինակ «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն։
Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխելու ազգային¬պետական առումով ծանրագոյն՝ հայրենադաւութեան այդ յանցագործութիւնը։
1920ի Մայիսեան խռովութեանց դատապարտումը պատգամն է ոչ միայն Դաշնակցական Մտքին, այլեւ Հայաստանի նորաստեղծ անկախութեան վրայ դողացող հայ ժողովուրդի ազգային՝ հոգեւորական թէ քաղաքական բոլոր առաջնորդ ուժերուն, որոնք պատմական այդ օրերուն հանդէս եկան դատապարտանքի հատու յայտարարութիւններով։
Այդպիսի՛ն եղաւ պատգամը, յատկապէ՛ս, օրուան երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսին, որ հետեւեալ յորդորը ուղղեց մեր ժողովուրդին.¬
«Նոքա, որոնք վտանգ չեն տեսնում արեւելքից եւ արեւմուտքից, նոքա, որոնք չտեսնողս են ձեւանում, որ մեր տան մէջ դաւեր են լարւում՝ պայթեցնելու անկախ Հայաստանի գաղափարը, նոքա, որոնք չեն տեսնում հայաջինջ ծրագիրների քայլ առ քայլ եւ հետեւողական իրագործումը, զգո՞ւմ են, թէ ի՛նչ պատասխանատուութիւն է ծանրանում նոցա հանդէպ պատմութեան առաջ։ Այս րոպէիս, երբ ամէնքիս պարտականութիւնն է համախմբուել ո՛չ միայն հայրենիքի պահպանութեան եւ վերաշինութեան գործի շուրջը, այլ, նամանաւանդ, հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու դժուարին աշխատանքի շուրջը, ցաւալի է տեսնել ներքին երկպառակութիւնները։
«Մենք, ինչպէս եւ մեր երջանկայիշատակ նախնիքները, որ աշխատանք ենք թափել տաճկահայ դատի համար լաւ օրերի յոյսի ակնկալութեամբ, չենք կարող անտարբեր մնալ այս նեղ րոպէներին, եւ երբ վտանգուած ենք տեսնում հայրենիքի միութեան գործը, բայց, նամանաւանդ, հայ ազգի ֆիզիքական գոյութեան ճգնաժամային գործը, իբր ընդհանրական հայրապետ, մեր սրբազան պարտքն ենք համարում այս ծանր, կþասենք օրհասական րոպէներին հայրական խրատով դիմել բոլորին եւ զգաստութեան կոչ անել.¬
«Հայ ժողովուրդ, համախմբուի՛ր քո հայրենի հանրապետութեան պահպանութեան գործի շուրջը. դա՛ է քո հայրենիքի փրկութեան միակ ճանապարհը... Վտանգը եւ խիստ ծանր վտանգը քո դռանն է, հայ ժողովուրդ, զգոյշ եղիր եւ պատմութեան առաջ ծանր պատասխանատուութեան բեռի տակ մի ընկնիր»։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամէն անհամեմատօրէն բուռն եւ խարանող եղաւ ատենի Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան հրապարակած յայտարարութիւնը, որ «եղբայրադաւ եւ հայրենադաւ ոճիր» որակեց հայ պոլշեւիկներու հրահրած Մայիսեան Խռովութիւնները՝ դիտել տալով, որ՝
«... Այդ խելագարները ո՛չ միայն չմտածեցին, որ այդ կերպով վերջին անբուժելի հարուածը կու տան լուծման օրերու մէջ գտնուող (կþակնարկէ Սեւրի Դաշնագրի մշակումին ¬ Ն.) Հայկական Հարցին, այլ մինչեւ անգամ հոգ չըրին, որ երկրի սահմանները կը բանան եւ կը հրաւիրեն տաճիկ¬ազրբէջանեան գառնազգեստ գայլերը (կþակնարկէ Կարմիր Բանակը համալրած թուրք¬թաթարներուն), որպէսզի մնացեալ հայութեան դիակներու վրայէն երթան ու միանան մեր դարաւոր թշնամիին՝ Էնվերի ու Թալէաթի հարազատ յաջորդ Մուսթաֆա Քեմալին»։
Նման պատգամներով յատկանշուեցաւ 4 Մայիսը, 1920 թուականին, հայ ժողովուրդի սերունդներուն համար։

Ն.