Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, երբ աշխարհով մէկ կը յիշենք մեր նահատակները ու ազգային¬քաղաքական հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն, յատուկ յիշատակութեան արժանի են այն օտարները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցան հայութեան Բողոքի եւ Ցասումի ձայնը, այլեւ Իրաւունքի եւ Արդարութեան պահանջը հանուր մարդկութեան լսելի դարձնելու եւ յառաջ մղելու պայքարին մէջ։
Հայասէր ու Հայ Դատի պաշտպան այդ օտարներու շարքին անպայման իր լուսաւոր տեը ունի ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ Անաթոլ Ֆրանս։
Անաթոլ Ֆրանս լոյս աշխարհ եկած է Փարիզի մէջ Ապրիլ 16ի օրը, 171 տարի առաջ։ Իրաւազրկեալ հայ ժողովուրդին եւ մեր արդար դատին ի սպաս իր բերած անգնահատելի ծառայութեանց համար, ֆրանսացի մեծարժէք այս մտաւորականը յատուկ տեղ գրաւեց մեր ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ՝ իրաւամբ արժանանալով հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի եւ Հայ Դատի մարտունակ պաշտպանի անմահ պատուանդանին։
Աւազանի անունով Francois-Anatole Thibault, Անաթոլ Ֆրանս ամէն բանէ առաջ մեծատաղանդ գրող է, որ իր ստեղծած բարձրարժէք վէպերուն, պատմուածքներուն, բանաստեղծութիւններուն եւ թատերախաղերուն համար 1921ին արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի։
Անաթոլ Ֆրանս միաժամանակ հանդիսացաւ ֆրանսական ազատախոհութեան վաւերական ներկայացուցիչներէն մէկը, որ իր քաղաքական եւ հասարակական մարտունակ գործունէութեամբ, 19րդ դարավերջին ու 20րդ դարասկիզբին, մարմնաւորեց արդար դատերու ջերմեռանդ եւ բարձրաձայն պաշտպանի առինքնող կերպարը։
Անաթոլ Ֆրանս անխոնջ պայքար մղեց յատկապէս ի խնդիր բազմաչարչար հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Երկար տարիներ, աւելի քան երկու տասնամեակ, Ա. Ֆրանս հանդէս եկաւ Օսմանեան Կայսրութեան արիւնալի լուծին տակ մեռնող հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան դիրքերէ։ Նախաձեռնեց եւ մղում տուաւ բազում հասարակական եւ քաղաքական քայլերու, որոնց նպատակն էր Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի լայն հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել արեւմտահայութեան նկատմամբ իրականացուող կամայականութեանց, բռնութեանց եւ կրկնուող ջարդերուն մասին։
Ապտիւլ Համիտի կողմէ 1894-96 թուականներուն կազմակերպուած հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներուն ժամանակ, Ա. Ֆրանս ֆրանսական խորհրդարանէն ներս բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց թրքական իշխանութեանց դէմ, նաեւ՝ կազմակերպեց եւ անձամբ մասնակցեցաւ հայ որբերուն ի նպաստ հանգանակութեան մեծ արշաւին։
Այնուհետեւ, Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Քրիստափորի ջանքերով կեանքի կոչուած Հայ Դատի բարեկամներու շարժման միանալով, Ժան Ժորէսի եւ Ֆրեդերիք տը Փրեսանսէի հետ, Ա. Ֆրանս  եղաւ Փարիզ հրատարակուող «Pro Armenia» ամսագրի խմբագրութեան անդամ։
1897ի Մարտ 9ին, Փարիզի Աշխարհագրական Ընկերութեան գումարած մէկ նիստին, Ա. Ֆրանս հայութեան մասին կատարեց պատմական իր յայտարարութիւններէն մէկը.-
«Մենք պէտք է ընդունինք, որ այս ժողովուրդը խելացի եւ հերոսական է... իր հանճարի եւ իր անօրինակ դժբախտութեանց պատճառով իրաւունք ունի վայելելու արդարութեան և ազատութեան համար մարտնչող ժողովուրդներու համակրանքը...»։
Իսկ 1903-04 թուականներուն, Սասնոյ առաջին ապստամբութեան շրջանին, Ա. Ֆրանս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուած հայութեան եւ անոր իրաւունքներուն ի նպաստ դատապաշտպանութեան հանրահաւաքներու, բողոքի ցոյցերու եւ քաղաքական-պետական բարձր մակարդակի խորհրդաժողովներու։
Հռոմի մէջ, 1903ի Մայիս 24ին, բողոքի հանրահաւաքի մը ժամանակ, Ա. Ֆրանս իր ելոյթով ընդգծեց.-
«Սուլթան Աբտիւլ Համիտ Բ.ը հրէշ է, որ մշտապէս կը դողայ իր խղճուկ ամենազօրութեան մէջ եւ, սարսափելով իր ոճիրներէն, ինքզինք կը հանգստացնէ նորանոր յանցագործութիւններ կատարելով. 1893-96ին ան կախած եւ վառած է 300 հազար հայեր եւ այդ ժամանակէն սկսած, նողկալի զգուշաւորութեամբ, զբաղուած է որբացած ժողովուրդի հետեւողական ոչնչացմամբ...»։
Իսկ Մեծ Եղեռնի օրերուն եւ այնուհետեւ, Ա. Ֆրանս հետեւողականօրէն բողոքի ու ցասումի ալիք բարձրացուց հայ ժողովուրդին նկատմամբ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան դէմ։
1916 թուի Ապրիլ 9ին, Սորպոնի մէջ Մեծ Եղեռնին նուիրուած սգահանդէսի ընթացքին իր ունեցած հռչակաւոր ելոյթով, Ա. Ֆրանս յայտարարեց.-
«Երիտթուրքերը, տիրանալով իշխանութեան, իրենց դաժանութեամբ գերազանցեցին Աբտիւլ Համիտին՝ կազմակերպելով Ատանայի կոտորածը... Մեզ սիրող այդ ժողովուրդին բնաջնջելու որոշումը ընդունուած է թրքական կառավարութեան խորհրդակցութեանց ընթացքին... Արեան այն փոքր քանակութիւնը, որ հայ ժողովուրդը տակաւին կը պահպանէ իր մէջ, թանկագին արիւն է, որմէ հերոսական սերունդ է ծնունդ առնելու: Ժողովուրդ մը, որ մեռնել չþուզեր, երբեք չի՛ մեռնիր»։
Անաթոլ Ֆրանս վախճանեցաւ 1924ին, Հոկտեմբերի 12ին, Սէն Սիր-Սիւր Լուարի մէջ, նուաճելով գրական-գեղարուեստական մեծարժէք վաստակ մը եւ ազատախոհ մտաւորականի ու քաղաքական գործիչի արժանաւոր հռչակ։
Անաթոլ Ֆրանս իրաւամբ արժանի է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի եւ Հայ Դատի ջերմ պաշտպանի պատուանդանին։

Ն.