Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րու շար­քին փա­ռա­պանծ ու յա­ւեր­ժա­կան իր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան, ո­րուն մա­հո­ւան 92րդ տա­րե­լի­ցը կ­՚ո­գե­կո­չենք Ապ­րիլ 12ի օ­րը։

12 Ապ­րիլ 1973ին, այն­քա՜ն ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն եւ սար­սափ տե­սած իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Հա­յոց Նե­մե­սի­սի քա­ջա­սիրտ Ա­հա­բե­կի­չը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պա­տու­հա­սող դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­գործ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան կը հան­դի­սա­նայ ա՛յն իւ­րա­յա­տուկ դէմ­քը, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծեց։ Եւ բա­րա­ցու­ցա­կան է, որ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1965ին, Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս ըն­ծա­յած իր յու­շե­րը Շի­րա­կեան կո­չեց «Կ­տակն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն»։

Տար­բեր բնու­թագ­րում չէր կրնար ու­նե­նալ թուրք ջար­դա­րար­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւած մա­հա­պա­տի­ժը. սոս­կա­կան ա­հա­բե­կու­մէ մը շատ ա­ւե­լին էր ա­նի­կա. ըստ ա­մե­նայ­նի «Կ­տա՜կն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն»։

Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի կը պատ­կա­նի Նե­մե­սիս Գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին կա­տա­րո­ւած այն յստա­կա­ցու­մը, թէ «­Մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը չու­նէր մար­դաս­պա­նա­կան ո­րե­ւէ ծրա­գիր։ Ա­նի­կա պար­զա­պէս ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կեց ա՛յն յան­ցա­գործ­նե­րը, ո­րոնք ի բա­ցա­կա­յու­թեան դա­տո­ւած եւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած էին»։

Հայ ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կը ծնած էր 1900ին, Պո­լիս։ Ման­կու­թիւ­նը ան­ցուց 1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հե­տե­ւած պոլ­սա­հայ ա­զատ ու հո­գեմ­տա­ւոր ծաղ­կուն մթնո­լոր­տին մէջ։ Պա­տա­նի տա­րի­քէն ապ­րե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ 1915ին, երբ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, Շի­րա­կեան կո­չո­ւե­ցաւ պա­տա­նի սուր­հան­դա­կի ա­ռա­քե­լու­թեան, որ­պէս­զի հայ մատ­նիչ­նե­րու դա­ւա­ճա­նա­կան ցուց­մունք­նե­րուն դէմ զգու­շաց­նէ ընդ­յա­տակ կեան­քի ան­ցած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։

Մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւարտն ու զի­նա­դա­դա­րը, Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան ամ­բող­ջա­կան փա­րու­մով գոր­ծեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Պոլ­սոյ կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ Մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան Զի­նո­ւո­րա­կան Ա­տեա­նին կող­մէ Իթ­թի­հա­տի պա­րագ­լուխ­նե­րու (ի բա­ցա­կա­յու­թեան) դա­տա­վա­րու­թեան։ Վար­չա­պետ Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թա­լէա­թի եւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­ներ Պե­հաէտ­տին Շա­քի­րի, Ճե­մալ Ազ­միի, Նա­զը­մի եւ միւս­նե­րուն դէմ Ա­տեա­նի ար­ձա­կած մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ­նե­րը, մե­ռեալ տառ մնա­լու ճա­կա­տագ­րին դա­տա­պար­տո­ւե­լով, ընդվ­զու­մի եւ ցա­սու­մի կրա­կը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցին ե­րի­տա­սար­դու­թեան սե­մին կանգ­նած գոր­ծի­չին մէջ։

Երբ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած իր 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց, «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­լով, ի՛նք ի­րա­գոր­ծել թուրք ջար­դա­րար­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժը, Ար­շա­կիր Շի­րա­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ ներ­կա­յա­ցաւ «­Նե­մե­սիս»ի Պա­տաս­խա­նա­տու Մարմ­նին՝ հա­յո՛ւ իր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով։

Շի­րա­կեան կը լրաց­նէր անհ­րա­ժեշտ բո­լոր պայ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի նկա­տի առ­նո­ւէր «­Նե­մե­սիս»ի ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կիչ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։ Գա­ղա­փա­րա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս ու­նէր։ Կազ­մա­կեր­պա­կան ու­շագ­րաւ փորձ ու­նէր Պոլ­սոյ մէջ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան։ Մար­տա­կան գոր­ծի­չի խի­զա­խու­թեամբ եւ քա­ջա­սիրտ նկա­րագ­րով կը յատ­կան­շո­ւէր։

Չու­շա­ցաւ Շի­րա­կեա­նի ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նը։ Ք­սա­նա­մեայ հա­յոր­դիին վստա­հո­ւե­ցաւ թուրք ջար­դա­րար­նե­րու գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րէն Վա­հէ Իհ­սա­նի (Ե­սա­յեան) ա­հա­բե­կու­մը։ Իհ­սան ի՛նք կազ­մած էր ցու­ցա­կը Պոլ­սոյ այն հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք 24 Ապ­րիլ 1915ին զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան։

27 Մարտ 1920ին, Պոլ­սոյ մէջ, Շի­րա­կեան ի­րա­գոր­ծեց Իհ­սա­նի դէմ ար­ձա­կո­ւած Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը։

Շի­րա­կեան հե­ռա­ցաւ Պո­լի­սէն եւ ան­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի հետ նոր ա­ռա­քե­լու­թեան մը կո­չո­ւե­ցան։ Թիֆ­լի­սի մէջ ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ, եր­կուքն ալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան, բայց անհ­րա­ժեշտ ա­պա­ցոյց­նե­րու չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան։ Ար­շա­ւիր վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս, ուր­կէ 1921ի ա­մա­ռը նոր յանձ­նա­րա­րա­կա­նով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Հ­ռոմ։

Շի­րա­կեա­նի վստա­հո­ւած էր իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը։ Սա­յիտ Հա­լիմ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­մէ­նէն տա­րեցն էր, նաեւ՝ ա­մէ­նէն մե­ծա­հա­րուս­տը, որ ի վի­ճա­կի էր լա­ւա­գոյնս թաքց­նե­լու իր հետ­քե­րը։ Բայց «­Նե­մե­սիս»ի յան­դուգն հե­տա­խոյզ­նե­րը ի վի­ճա­կի ե­ղան գտնե­լու Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի թագս­տո­ցը եւ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան, 5 Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի փո­ղոց­նե­րուն վրայ գե­տին փռեց ցե­ղաս­պան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­տե­նի վար­չա­պե­տը։

Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը դար­ձեալ «մա­քուր» էր եւ հայ ա­հա­բե­կի­չը ա­ռանց հետք ձգե­լու հե­ռա­ցաւ ար­դա­րա­հա­տոյց գոր­ծո­ղու­թեան... բե­մէն։

Ա­հա՛ եւ նկա­րագ­րա­կա­նը՝ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի բա­ռե­րով, ար­տատ­պո­ւած «Կ­տակն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն» գոր­ծէն.

« Սա­յիտ Հա­լի­մի վեր­ջին օ­րը.

«1921, Դեկ­տեմ­բե­րի 5: Ա­ռա­ւօտ շատ կա­նուխ դուրս ե­լայ սե­նեա­կէս: Նա­խորդ գի­շե­րը մաք­րած էի ատր­ճա­նակս եւ փամ­փուշտ­ներն ալ համ­րած:

«­Թարմ-թարմ ա­ծի­լո­ւած էի եւ լո­գանք մը ա­ռած, ու ամ­բողջ կէս սրո­ւակ օ տը քո­լո­նիա­յով մար­մինս շփած էի: Ճեր­մա­կե­ղէն­նե­րէս մին­չեւ հա­գուստ­ներս եւ գլխարկս, ար­թիս­թի սեւ գլխարկս, նոփզ­նոր. ու­սա­նո­ղի կամ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի սեւ փող­կապ մը դրած էի. կար­ծես հարս­նի­քի եր­թա­յի: Վե­րար­կուս վրաս՝ գա­ցի փա­շա­յին դղեա­կին մօ­տե­րը, ա­ռանց Մ.ին հան­դի­պե­լու: Վճ­ռած էի այդ օրն իսկ գոր­ծը վեր­ջաց­նել՝ ա­ռանց այ­լեւս մտա­ծե­լու հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:

«­Ժա­մը ճիշդ 1ին ինք­նա­շարժ մը կե­ցաւ փա­շա­յին դրան առ­ջեւ. դուրս ե­լաւ Թեւ­ֆիք Ազ­մին եւ պա­յու­սակ մը թե­ւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փա­շա­յին հետ դուրս ե­լան եւ ա­ճա­պա­րան­քով մեկ­նե­ցան, շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի մը գա­ցող մար­դոց ե­րե­ւոյ­թով: Չմ­տա­հոգո­ւե­ցայ. այն­քան լաւ ու­սում­նա­սի­րած էի եր­թե­ւեկ­նե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլ­լար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետ­մի­ջօ­րէի պտոյ­տէն եւ ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նար: Տ­րա­մա­բա­նօ­րէն, առ­նո­ւազն եր­կու ժամ պի­տի ու­շա­նար: Փու­թա­ցի Վիլ­լա Բոր­գե­զէ, ուր յա­ճախ կառ­քով, եր­բեմն ալ քա­լե­լով կու գար ան: Նոյ­նիսկ, օր մը, հե­տապն­դու­միս ըն­թաց­քին տե­սայ, որ թիկ­նա­պա­հին գնել տո­ւաւ ափ մը խո­րո­ված շա­գա­նակ, փո­ղո­ցի վրայ նստող շա­գա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: Ժա­մը 12ին ա­տեն­նե­րը Մ. ե­կաւ ու հար­ցուց, թէ ին­չո՞ւ ճա­շի չէի գա­ցած մեր ու­սա­նող­նե­րուն ճա­շա­րա­նը, ուր կէ­սօր եւ ի­րի­կուն սո­վոր էինք հան­դի­պիլ:

«- Ո­րով­հե­տեւ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- վճռած եմ այ­սօր այս գոր­ծը գլուխ հա­նել, ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ եւ ա­մէն գնով: Ջ­ղայ­նա­ցած էի փա­շա­յին ու­շա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գ­րի­գո­րին ը­սի.- Ես տան կող­մե­րը կ­’եր­թամ: «Այո՛»,- ը­սաւ ու դուրս ե­լանք եւ քա­նի մը քայլ ա­ռի՝ դառ­նա­լու հա­մար հան­րա­կառ­քին փո­ղո­ցը:

«­Հա­սայ Վիա Նո­մեն­տա­նա, ուր հան­րա­կառ­քը կե­ցաւ. ի­ջայ եւ քա­լե­լով մտայ Օս­տա­կիօ փո­ղո­ցը: Յան­կարծ դէմս ցցոե­ցաւ Հե­լե­նան: Ոս­տի­կա­նի մը հան­դի­պու­մը այն­քան չպի­տի նե­ղէր զիս, որ­քան այդ սի­րուն աղջ­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այդ պա­հուն: Ջ­ղա­յին վի­ճա­կի մէջ պաղ վե­րա­բե­րում մը ցոյց տո­ւի: Մ­տե­րիմ­ներ դար­ձած էինք եւ աղ­ջի­կը կը զար­մա­նար իմ ա­նակն­կալ պաղ վե­րա­բե­րու­մէս: Տա­րօ­րի­նակ նա­յո­ւած­քով կը դի­տէր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամ զիս տե­սած ըլ­լար:

«Ան­պի­տան աղ­ջի­կը կա­տա­րեալ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսած էր եւ բաժ­նո­ւե­լու միտք չու­նէր: Ժա­մը 4ին կը մօ­տե­նար: Փո­ղո­ցին վա­րի կող­մը նոր շէն­քի մը շի­նու­թեան աշ­խա­տող բա­նո­ւոր­նե­րը աշ­խա­տան­քէ կ­’ար­ձա­կո­ւէին եւ, սո­վո­րա­բար, այդ ա­մա­յի ե­ղող փո­ղո­ցին մէջ բազ­մու­թիւն կար: Վայր­կեա­նէ վայր­կեան փա­շան կրնար հաս­նիլ: Փո­ղո­ցին խան­գա­րիչ եր­թե­ւե­կը չբա­ւէր կար­ծես, դեռ կար այս յա­մառ աղ­ջի­կը, որ ան­վերջ կը խօ­սէր ու կը ցրո­ւէր ու­շադ­րու­թիւնս:

«Եւ յան­կարծ վե­րէն լսո­ւե­ցաւ կառ­քի մը դղրդիւ­նը: Մէ­կէն մարմ­նէս ան­ծա­նօթ սար­սուռ մը ան­ցաւ, երբ տե­սայ հսկայ ձիե­րը, ո­րոնց բա­շե­րը հո­վէն կ’ա­լեծ­փէին: Կառ­քին մէջն էր Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շան՝ իր թիկ­նա­պա­հին հետ: Փո­ղո­ցին միւս ծայ­րը նա­յե­ցայ. Մ. դեռ հա­սած չէր: Վայր­կեա­նա­պէս «ցտե­սու­թիւն» ը­սի Հե­լե­նա­յին՝ պա­տո­ւի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քա­նի որ «հայրս» կու գար...

«Ան­մի­ջա­պէս քա­լե­ցի միւս մայ­թը, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն դիր­քով մը ա­հա­բե­կու­մը կա­տա­րեմ, բայց քա­նի մը ակըն­թարթ ու­շա­ցած ըլ­լա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վեր­ցու­ցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծա­ռա­ցան: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ա­րագ ոս­տու­մով մը ան­ցայ եւ ցատ­կե­ցի կառ­քին վրայ՝ կո­խե­լով ոտ­նա­տե­ղին: Մէկ ձեռ­քով բռնե­ցի կառ­քին յե­նա­րա­նը, քիչ մը ե­րե­րա­ցի, բայց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս կրցայ պա­հել: Մինչ թիկ­նա­պա­հը կա­ռա­պա­նին կը նա­յէր ու բա­ներ մը կ­’ը­սէր, ե­րե­ւի հասկ­նա­լու հա­մար ձիե­րուն խրտչի­լը, Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յին աչ­քե­րը հան­դի­պե­ցան աչ­քե­րուս: «Ե­րէն»,- ը­սաւ թիկ­նա­պա­հին: Այս ե­ղաւ սատ­րա­զա­մին վեր­ջին բա­ռը: Աչ­քե­րը սար­սա­փով լե­ցուն էին, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ուղ­ղե­ցի աջ քուն­քին եւ կրա­կե­ցի: Երկ­րորդ փամ­փուշ­տի մը հարկ չմնաց: Խռ­պոտ ձայն մը եւ փա­շան նստած տե­ղէն տա­պա­լե­ցաւ կառ­քին մէջ, գլու­խը իմ կողմս, գրե­թէ ոտ­քե­րուս տակ: Կառ­քը դեռ կ­’ար­շա­ւէր: Թեւ­ֆիք Ազ­մին, ա­ռա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատր­ճա­նակ մը հա­նեց ու կը պատ­րաստ­ուէր կրա­կել, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ա­նոր ալ ճակ­տին ուղ­ղե­լով, գո­ռա­ցի թուր­քե­րէ­նով.

«- Աթ ա­շա­ղա, կե­պեր­տի­րի­րըմ,- Նե­տէ՛ զէնքդ, կը սատ­կեց­նեմ...

«Հ­նա­զան­դե­ցաւ եւ ատր­ճա­նա­կը կառ­քէն դուրս նե­տեց, ա­հա­բեկ դէմ­քով: Ատր­ճա­նա­կիս կո­թո­վը այս ան­գամ սկսայ հա­րո­ւա­ծել կա­ռա­պա­նին կռնա­կին՝ պո­ռա­լով ի­տա­լե­րէն. «Աս­բե­տա, աս­բե­տա». «­Կե­ցի՛ր, կե­ցի՛ր»: Խեղճ կա­ռա­պա­նը վա­խէն կը դո­ղար եւ յու­սա­հա­տա­կան ճի­չե­րով զիս վկա­յու­թեան կը կան­չէր՝ ը­սել ու­զե­լով,- Տե՛ս, կեցնել կ­’ու­զեմ, բայց ձիե­րը չեն կե­նար:

Կա­ռա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեց­նել ձիե­րը, ո­րոնք վազ­քը շա­րու­նա­կե­ցին մին­չեւ փա­շա­յին տան առ­ջեւ եւ ինք­նա­բե­րա­բար կանգ ա­ռին: Դ­րան առ­ջեւ խափ­շիկ ծա­ռան մե­քե­նա­բար ձեռ­քը ճակ­տին տա­րաւ՝ «թե­մեն­նահ» ը­նե­լու ձե­ւով, բայց փա­շա­յին ին­կած գլու­խը տես­նե­լով՝ այդ դիր­քին մէջ քա­րա­ցած մնաց, ապ­շա­հար: Ա­ռանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ծա­ռա­յին՝ վար ցատ­կե­ցի կառ­քէն եւ ատր­ճա­նակս ցցած թե­ւովս լայն շար­ժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սար­սափ ձգե­լու եւ թէ՛ փա­խուս­տիս ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շե­լու հա­մար»...

Բայց Շի­րա­կեա­նի հայ ա­հա­բե­կի­չի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վերջ չգտաւ Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի մա­հա­պա­տի­ժով։ Հե­տե­ւե­ցաւ նոյն­քան յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւ­նը Պե­հաէտ­տին Շա­քի­րի եւ Ճե­մալ Ազ­միի ա­հա­բեկ­ման, որ վստա­հո­ւած էր Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան եր­կեա­կին։

Տխ­րահռ­չակ տոքթ. Պե­հաէտ­տին Շա­քիր հիմ­նա­դիրն էր ու ղե­կա­վա­րը իթ­թի­հա­տա­կան այն յա­տուկ զօ­րա­բաժ­նին, որ «յա­ռա­ջա­պահ»ի դեր խա­ղաց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ժա­մա­նակ։ Իսկ Ճե­մալ Ազ­մին ծա­նօթ էր իբ­րեւ «Տ­րա­պի­զո­նի հրէ­շը», որ ա­ւե­լի քան 15 հա­զար ան­զէն հա­յեր ծո­վա­մոյն ը­րաւ։

17 Ապ­րիլ 1922ին, Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան միա­ցեալ գրո­հով մը գե­տին փռե­ցին թուրք ջար­դա­րար զոյգ հրէշ­նե­րը։ Նա­խա­յար­ձա­կը Շի­րա­կեանն էր, որ ա­ռա­ջին գնդա­կով զգետ­նեց Ճե­մալ Ազ­միին, բայց միայն վի­րա­ւո­րել կրցաւ Շա­քի­րին։ Ա­րամ Եր­կա­նեան օգ­նու­թեան հա­սաւ եւ ու­ղիղ ճակ­տէն մէկ փամ­փուշ­տով վերջ տո­ւաւ Պե­հաէտ­տին Շա­քի­րի յան­ցա­գործ կեան­քին։

Պեր­լի­նի այդ գոր­ծո­ղու­թեամբ վերջ գտաւ Շի­րա­կեա­նի ար­դա­րա­հա­տոյց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Հայ հե­րո­սը վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. Նա­հանգ­ներ, ուր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Հ.Յ.Դ. Մ. Նա­հանգ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան կեան­քին ու աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու լռու­թե­նէն ետք, 1965ին, Շի­րա­կեան լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շե­րը՝ «Կ­տակն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն» խօ­սուն ա­նու­նը տա­լով իր յու­շագ­րու­թեան։

12 Ապ­րիլ 1973ին փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կին, ո­րուն ա­նու­նով այ­սօր կը կո­չո­ւին ե՛ւ դաշ­նակ­ցա­կան կո­մի­տէու­թիւն­ներ, ե՛ւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն մը։

Փո­թոր­կա­լի իր կեան­քով ու գոր­ծով, յատ­կա­պէս գա­ղա­փա­րի ան­վե­հեր մար­տի­կի իր կեր­պա­րով՝ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան կը շա­րու­նա­կէ ներշնչ­ման աղ­բիւր մնալ Հայ Դա­տի պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագ­րո ւած հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Ն.