Print
Category: Յուշատետր

Հայաստանի անկախութեան Սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն է պատմագէտ, ընկերաբան եւ գաղափարներու տեսաբան Գառնիկ Գիւզալեան, որուն մահուան 57րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 8ի այս օրը։
Քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակին կազմաւորուած սերունդին կը պատկանի հայ քաղաքական մտքի այս ներհուն տեսաբանը, որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն փոթորկալի ժամանակաշրջանին։
Գառնիկ Գիւզալեան ոչ միայն ապրեցաւ ու կազմաւորուեցաւ Հայաստանի եւ հայութեան համար անկիւնադարձային վերիվայրումներու՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի անկախացման ժամանակաշրջանին, ոչ միայն իր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը իմաստաւորեց Հայաստանն ու հայութիւնը օսմանեան թէ ցարական բռնատիրութեանց լուծէն ազատագրելու պայքարով, այլեւ հայոց հետագայ սերունդներուն կտակեց հայ ազգային¬ազատագրական շարժման խորքին խմորուած գաղափարներու աշխարհը ամփոփող ու վերծանող տեսաբանական անփոխարինելի ժառանգութիւն մը։
Գիտական մտքի եւ մշակումի տէր մարդն է Գիւզալեան, որ հրապարակագրական ասպարէզի մէջ անգամ հետեւողականօրէն եղաւ գիտելիք ջամբող, վերլուծումի ուղիներ բացող եւ տեսական ընդհանրացումներու հոգեմտաւոր հիմք փոխանցող պատմագէտը, ընկերաբանը եւ գաղափարախօսը։
Եւ բառին մտաւորական կարգապահութեան իմաստով յանձնառու գաղափարախօսն է Գիւզալեան, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ գտաւ հայ քաղաքական մտքի եւ հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարի գաղափարական ակունքներն ու աւանդները մարմնաւորող հոսանքը։ Իբրեւ այդպիսին փարեցաւ Դաշնակցութեան եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը, Համազգայինի Ճեմարանին մէջ ուսուցչական իր աշխատանքով եւ գաղափարագրական ուսումնասիրութիւններով, Գիւզալեան սերունդ հասցուց Դաշնակցութեան գաղափարական շունչով։
1958ի Ապրիլ 8ին, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Անկախութեան Սերունդին արժանաւոր այս ներկայացուցիչը, որ մեր ազգային յիշողութեան մէջ կ՚ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի պատմաբանն ու գաղափարախօսը։
Պատմագիտական հիմնաւոր պատրաստութեամբ եւ գաղափարաբանական լայն հորիզոնի տէր մտաւորականն է Գառնիկ Գիւզալեան։ Պարբերական մամուլի էջերուն եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած իր ուսումնասիրութիւններով՝ ան հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքական զարգացումին ազգային գաղափարաբանութիւնը մշակելու եւ հունաւորելու գործին մէջ։ Յատկապէս խորհրդային նորահաստատ կարգերու օրօք թափ առած պատմական նենգափոխումներու գաղափարական եւ գիտական դիմագրաւման ճակատին վրայ, Գառնիկ Գիւզալեան բառին բուն իմաստով արթուն պահակը հանդիսացաւ հայ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ վերաթարմացման։
Ծնած էր 1893ին Փարպի, Արագածոտնի մարզ։ Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր։ Ուսանեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ պատանի տարիքէն փարեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն՝ Հ.Յ.Դ. աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով։
1914ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ հանրային¬հասարակական գործունէութեան։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ Հայ Կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան ճամբով։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցաւ Թաւրիզ, ապա՝ Պալքաններ։ Ուսումը շարունակելու նպատակով՝ հետեւեցաւ Փրակայի համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղին, որմէ վկայուեցաւ 1928ին։ Փրակայի ուսման տարիները օգնեցին, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ քսաներորդ դարու 20ականներու Եւրոպայի քաղաքական¬գաղափարական բարդ խմորումներուն խորքային ճանաչողութիւնը։ Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարստացած իր մտաւորական պաշարով՝ Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի տեսաբանական պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան մատուցանելու գործին մէջ։
1932ին հրաւիրուեցաւ Պէյրութ՝ նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանը, իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ։ Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործեց Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին՝ հայ ազգային¬քաղաքական յիշողութեան էատարրերը փոխանցեց եւ սորվեցուց տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն։
Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարեց հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային¬քաղաքական ու հասարակական¬գաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ։
Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի, «Հայրենիք Ամսագիր»ի, «Վէմ»ի եւ «Ակօս»ի էջերուն լոյս տեսած, կամ՝ առանձին հատորով հրատարակուած իր աշխատասիրութիւններով, «Հայ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը» (1927), «Ն. Ադոնցը՝ որպէս պատմաբան» (1943), «Հայաստանի պատմութեան շրջանները» (1946), «Հինգերորդ դարի կրօնական եւ քաղաքական շարժումները» (1947), «Հայոց Յեղափոխութիւնից առաջ» (1950), «Պատմութիւն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի» (1951), «Հայոց Պատմութիւն» (1953) եւ միւս գործերով, Գառնիկ Գիւզալեան գլխաւոր երկու առաջադրանք իրագործեց։
Առաջինը մերկացումն էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան դիտանկիւնին հպատակեցնելու խեղաթիւրման փորձերուն, որոնք կը սպառնային հայ ժողովուրդը զրկել իր ազգային յիշողութեան ակունքէն։ Պետական հրահանգներով եւ վարչական ճնշամիջոցներով՝ խորհրդահայ պատմագրութիւնը լծուած էր հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը ազգային ինքնահաստատման իր միջուկէն պարպելու եւ սոսկ դասակարգային կռուի պատմութեան նուազեցնելու վտանգաւոր գործին։ Գառնիկ Գիւզալեան պատմագիտական իր պատրաստութիւնն ու պաշարը ի սպաս դրաւ հայութեան նորահաստատ սերունդներու գաղափարական զինումին՝ նման վտանգի դէմ պաշտպանուելու համար։
Երկրորդը հիմնաւորումն ու այժմէականացումն էր գաղափարական այն աւանդին, որ նուաճուեցաւ սերունդներու գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ Հայ Ազգային¬Ազատագրական Պայքարի ճանապարհին։ 19րդ դարու Ազգային Զարթօնքով զէնք բարձրացուցած, հայ ազգային կուսակցութիւններու առաջացումով իր պայքարը ամրագրած եւ Մեծ Եղեռնի ծանրագոյն հարուածէն Մայիսեան հրաշքով վերականգնած Հայաստանը Անկախ, Ազատ եւ Միացեալ տեսնելու երազին գիտուն պատգամաբերը եղաւ Գիւզալեան։ Հրապարակախօսական բանավէճերու սահմանափակումէն վեր բարձրացուց եւ պատմագիտական հարթութեան վրայ մերկացուց Լենինի ու Քեմալի մեղսակցութեամբ գործուած Հայաստանի Հանրապետութեան խորտակման մեծագոյն ոճիրը։ Եւ սերունդներուն փոխանցեց Հայաստանի անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ ամբողջականութիւնը վերականգնելու հանգանակին տեսաբանական հաստատուն վէմը։
Հայ քաղաքական մտքի նորագոյն շրջանի ուսումնասիրութեան եւ արժեւորման համար հիմնական նշանակութիւն ունի ներդրումը Գառնիկ Գիւզալեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայոց ազգային¬քաղաքական յիշողութեան արթուն պահակը եւ որուն անկորնչելի պատգամն է՝
«Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային¬քաղաքական յեղափոխութեամբ»։

Ն.